ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑԸ՝ ՆԱԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ

Իր մահէն երկու տարի առաջ արեւմտահայ անուանի գրող Միսաք Մեծարենց սկսած է թարգմանութիւններ կատարել: Սակայն անոր գործունէութեան այս կարեւոր մասը այնքան չէ լուսաբանուած, որքան որ հռչակուած է անոր գրականութիւնը:

Հակառակ որ Մեծարենց արեւմտահայ շատ մը գրողներու պէս կը տիրապետէր ֆրանսերէնին, սակայն ան թարգմանութիւններ կատարած է անգլերէնէ:

Գրողը ֆրանսերէնէ միայն մէկ գործ թարգմանած է, իսկ իր թարգմանական տաղանդը հիմնականը դրսեւորած է անկլօ-ամերիկեան գրականութենէն ընտիր արեւմտահայերէնի թարգմանելով հռչակաւոր գործեր:

Իր կենսագիր Թորոս Ազատեան կը գրէ, որ հայերէնէ առաջ ան կը կարդար անգլերէնով տպուած հետաքրքրական վէպեր, թատերական եւ բանաստեղծական երկեր եւ կը փորձէր նաեւ թարգմանել զանոնք: Մեծարենցին առաջին թարգմանական գործերը կը տպագրուին ժամանակի մանկապատանեկան մամուլին մէջ, որոնցմէ էր «Ծաղիկ տղոց» շաբաթաթերթը, որ տեղ տուած էր ամերիկեան գրականութենէն Մեծարենցի մէկ թարգմանութեան: Գրողը կը գրաւէին՝ մա՛նաւանդ զգացական, տպաւորապաշտ, հոգեբանական զարգացումներով հարուստ ստեղծագործութիւնները եւ ան իր սեփական գործերու պէս կը ջանար գեղեցիկ ոճով փոխանցել զանոնք հայ ընթերցողին:

1906-1907 թուականներուն ան կատարած է իր թարգմանութիւններու հիմնական մասը եւ զանոնք տպագրուած տեսած է: 1908 թուականին գրողը կը մահանայ…

Միսաք Մեծարենցի արձակ թարգմանութիւններուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի անգլիացի նշանաւոր գրող Ժոզըֆ Ռատիըրտ Քիփլինկի «Պեռթրան եւ Պիմի» պատմուածքի թարգմանութիւնը: Այս թարգմանութիւնը Մեծարենց խորագրած է. «Պիմի (Կապիկի մը պատմութիւնը)»: Քիփլինկ առաջին անգլիացի գրողն էր, որուն Նոպելեան մրցանակ շնորհուեցաւ 1907 թուականին:

Պատմութիւնը կենդանիի մասին է, իսկ Մեծարենց, իր դասընկերներու վկայութեամբ, սէր ունէր կենդանիներու հանդէպ, կը հետաքրքրուէր, նոյնիսկ կը հասկնար զանազան կենդանիներու հետ վարուելու կերպը:

Կապիկի մասին այս պատմութիւնը թարգմանելով՝ Մեծարենց զայն առաջին անգամ տպագրած է «Սուրհանդակ»ին մէջ եւ գրած. «Հայացուց Միսաք Մեծարենց»:

Իսկ Քիփլինկի այդ պատմուածքը օրանկութան տեսակի կապիկի եւ անոր տէրերուն մասին է, որ կը գրաւէ ընթերցողը:

ՊԻՄԻ
(Կապիկի մը պատմութիւնը)

ԺՈԶԸՖ ՌԱՏԻԸՐՏ ՔԻՓԼԻՆԿ

Օրանկութանը ոչխարներու գոմին կապուած վանդակին մէջ սկսաւ ոգորիլ. գիշերը հեղձուցիչ տաք էր. ու մինչ Հանս Պռայթմանին հետ մեր անկողինները նաւին յառաջակողմը տանելու համար իր առջեւէն կ՚անցնէինք, ոտքի ելաւ կապիկը ու սկսաւ ակռաները կրճտել։ Մալայեան արշիպեղագոսին կղզիներէն մէկուն մէջ բռնած էին զինքը եւ Անգլիա կը տանէին մէկ շիլինով ցուցադրութեան հանելու համար։ Չորս օր ամբողջ մաքառած ու կաղկանձած էր հոն եւ անդադար իր վանդակին երկաթ ձողերը կը ծեծէր ու քիչ մնացեր էր որ մեռցնէր նաւաստի մը, որ անզգոյշ՝ անոր խոշոր մազոտ ճիրանին տակ ինկեր էր։

«Քեզի համար շատ շա՛տ լաւ պիտի ըլլար, բարեկամս, եթէ քիչ մը ծովախտէ բռնուած ըլլայիր», ըսաւ Հանս Պռայթման, վանդակին քովը կենալով. «Քու Տիեզերքիդ մէջ խի՛ստ շատ Ես ունիս»։

Օրանկութանին բազուկը անփութօրէն դուրս սահեցաւ ձողերուն մէջտեղէն. ոչ ոք պիտի հաւատար, թէ կապիկը օձի մը պէս յանկարծուստ գերմանացիին կուրծքին պիտի խոյանար։ Գիշերազգեստին բարակ մետաքսը պատռտեցաւ: Հանս անտարբեր ետ եկաւ, նաւակի մը ճիշդ քովէն կախուած պանանայի խուրձէն ճիւղ մը փրցնելու համար։

«Խի՜ստ շատ Ես…», ըսաւ Պռայթման պտուղը կեղեւելով ու կենդանիին տալով, մինչ ան մետաքսը կը փեթռտէր։

Մեր խշտեակները տարինք նաւին յառաջակողմը, քնացող նաւաստիներուն քով, հովին բերանը։ Ծովը ծխալից իւղի պէս էր, բացի նաւին յառաջամասէն, ուր կը հրավառէր ան, ու դարձեալ կը շրջշրջէր կ՚երթար խաւարին մէջ, տժգոյն բոցի բիծերով։

Քանի մը մղոն ասդին փոթորիկ կար, փայլակին շողիւնը կը տեսնէինք։ Նաւին կովը, կապիկին արտադրած գոլէն ու հոտէն անհանգիստ, ատեն ատեն տառապագին կը բառաչէր, ճիշդ ինչպէս գիշերապահը կը պատասխանէր կամրջակէն եղած կոչերուն. մեքենաներու ճռինչը որոշակի կը լսուէր։

Հանս քովս երկնցաւ ու գիշեր-բարիի սիկառ մը վառեց. ասիկա խօսակցութեան մը սկսելու նշան էր բնականաբար. ծովին ձայնին պէս հանդարտեցուցիչ ձայն մը ու ծովածաւալ փորձառութիւն ունէր ան. որովհետեւ իր գործն էր աշխարհի չորս դին պտտիլ, միաբլթակ տունկեր, վայրի կենդանիներ ու ազգագրական նմոյշներ ժողվել՝ գերման ու ամերիկացի վաճառականներու համար:

Ես կը դիտէի իր սիկառին լուսափայլ ծայրը, որ կը ծաւալէր կամ կը հատնէր մութին մէջ՝ խօսքերուն ելեւէջին համեմատ. ու այսպէս գրեթէ քունս տարաւ: Օրանկութանը, իր արձակ անտառներուն երազներէն խռովուած, սկսաւ քաւարանի հոգիի մը պէս կաղկանձել ու մոլեգին՝ վանդակին ձողերը քաշկռտել։

«Եթէ թող տրուէր հիմակ, մենէ քիչեր պիտի կրնային ողջ մնալ հոսկէ», ըսաւ Հանս յուլօրէն, «աղէ՛կ կը ճչէ, տե՛ս թէ հիմակ ի՛նչպէս պիտի խելօքցնեմ զինքը, երբ հանդարտի»:

Աղմուկը դադրեցաւ, եւ Հանս օձի պէս սուլել սկսաւ. նմանութիւնը այնքա՛ն կատարեալ էր, որ տեղէս վեր ցատկեցի, անդուլ մահացու ձայնը սահեցաւ գնաց կամրջակին վրայէն ու կապիկը դադրեցաւ վանդակը ճանկռոտելէ. կենդանին արհաւիրքի նոպայի մը մէջ կը դողդղար։

«Ձայնէս էր որ կանգ առաւ», ըսաւ Հանս. «Այս խաղը սորվեցայ Մոկունկ Թանճոնկի մէջ, ուր փոքրիկ կապիկներ կը հաւաքէի Պերլին ղրկելու համար. աշխարհի վրայ ամէն ոք կապիկէն կը վախնայ, բացի օձէն, ուստի կապիկներու հանդէպ օձ կը ձեւանամ ու զանոնք բոլորովին կը հանդարտեմ. չափազանց եսասէր են անոնք, իրենց գէշ սովորութիւնն է այդ։ Կը քնանա՞ս թէ ոչ. արթո՞ւն ես. կամ մտիկ կ՚ընե՞ս եթէ քեզի անհաւատալի պատմութիւն մը ընեմ»։

-Ամբողջ աշխարհի վրայ ինծի համար անհաւատալի պատմութիւն չկայ, ըսի իրեն։

-Լա՛ւ, եթէ հաւատալ գիտես ուրեմն բան գիտես. հիմա փորձեմ հաւատքդ։ Երբ այս պզտիկ կապիկները կը ժողվէի, 79-81-ի ատեններն էր, ու ես Արշիպեղագոսի կղզիներուն մէջ կը գտնուէի. հոն, հո՛ն, մութի՛ն մէջ. - ու Նոր Կինէայի հարաւակողմը ցոյց կու տար.

-Մայն Կոթ, (Աստուած իմ ) քիչ մնաց, որ կեանքս վրայ տայի այդ կապիկները բռնել ուզելով. այդ կենդանիները եթէ մատներդ չխածնեն չփրցնեն՝ անպատճառ հայրենաբաղձութենէ կը մեռնին. որովհետեւ անոնց հոգին անկատար մնացած է ու Եսը չափազանց զօրացած, գրեթէ ամբողջ տարի մը հոն կեցած էի, ու Պեռթրան անունով մէկը գտայ հոն. բարի ֆրանսացի մը՝ մինչեւ ոսկորներուն ծուծը բնապատում. կ՚ըսէին թէ փախստեայ յանցապարտ մըն էր, բայց լաւ բնապատում էր, ու այդքանը հերիք էր ինծի. անիկա կենդանիները անտառներէն կը կանչէր, ու անոնք կու գային իրեն ու կ՚ըսէի իրեն, թէ ինքը Ս. Ֆրանչիսկոս մըն էր. կը խնդար ու կը պատասխանէր, թէ երբեք ձուկերուն քարոզած չունէր։

«Եւ այդ մարդը, որ կենդանիներ ընտելացնելու մասին անզուգական էր, իր տունին մէջ ճիշդ այս վանդակի օրանկութանին պէս հատ մը ունէր, զայն պզտիկուց ձեռք ձգած էր, եւ անիկա Պեռթրանին համար զաւակ, եղբայր, օփերա-քոմիք, ամէն ինչ էր. տունին մէջ յատուկ սենեակը ունէր- վանդակ չէ՛, սենեակ-անկողինով ու սաւաններով. գիշերը հոն կը քնանար ու երբ առտուն արթննար, սիկառը կը ծխէր Պեռթրանին հետ ու կը ճաշէր. յետոյ թեւթեւի պտոյտի կ՚ելլէին, ինչ որ ամենէն սոսկալին էր։ Հեռ Կոթ, (Տէ՜ր Աստուած ) տեսած եմ այդ կենդանին, որ աթոռին մէջ ետ ընկրկելով կը խնդար երբ Պեռթրան կէս-կատակներ կ՚ընէր ինծի. անիկա անասուն չէր, մա՛րդ էր. Պեռթրանին կը խօսէր ու ան կը հասկնար, աչքովս տեսեր եմ, ու միշտ ինծի հանդէպ քաղաքավար էր, բացի երբ խիստ շատ խօսակցէի Պեռթրանին հետ ու իրեն բնաւ բան մը չըսէի. այն ատեն զիս մէկդի կը քաշէր -այո, այդ մեծ սեւ սատանը, իր ահագին թաթերով, -ճիշդ տղու մը պէս, անիկա անասուն չէր՝ մա՛րդ էր. այս բանը հասկցայ դեռ երեք ամիսը չլրացած, Պեռթրան ալ գիտէր. եւ Պիմին ինքն ալ կիսովին կը հասկնար մեզ, սիկառը կապոյտ լինտերուն ու խոշոր շնատամներուն միջեւ։

«Հոն տարի մը մնացի, երբեմն կապիկներ ու մերթ ալ թիթեռնիկներ ու միաբլթակներ ժողվելու. անգամ մը Պեռթրան ըսաւ ինծի, թէ կ՚ուզէր կարգուիլ, որովհետեւ յարմար աղջիկ մը գտած էր, եւ հարցուց ինծի, թէ աղէկ կ՚ընէ՞ր. յետոյ շարունակեց գովել աղջիկը - կէս-ֆրանսացի աղջիկ մը. - շատ աղուոր է, օ՜ շատ աղուոր, կ՚ըսէր ան. մինակ թէ, կ՚ըսեմ իրեն, Պիմին մտածեցի՞ր. եթէ զիս մէկդի կը քաշէ քեզի խօսած պահուս, ուրեմն ի՛նչ պիտի ընէ կնոջդ. բզիկ բզիկ պիտի ընէ զայն. եթէ քու տեղդ ըլլայի, Պեռթրա՛ն, կնոջս իբրեւ հարսանեկան նուէր Պիմիին յարդալիր դիակը պիտի տայի ապահովաբար. այդ ժամանակներուն կապիկներու բարքին լա՛ւ գիտակ էի։ Զարնե՞մ, ըսաւ Պեռթրան. կենդանին քուկդ է, ըսի, բայց եթէ իմս ըլլար զարնուած պիտի ըլլար արդէն։

«Այն ատեն վզիս վրայ Պիմիին մատները զգացի. Մա՜յն Կոթ. կը վստահեցնեմ թէ այդ մատներով կը խօսէր ան. անոնք խուլ-համրի այբուբենն էին. ամբողջակա՛ն. իր մազոտ բազուկը պարանոցիս շուրջ սահեցուց, դունչս վեր վերցուց ու երեսս նայեցաւ, ճշդիւ տեսնելու համար, թէ կը հասկնայի՞ զինքը, ինչպէս ինքը զիս կը հասկնար։

«Տե՛ս, տե՛ս, ըսաւ Պեռթրան, եւ դուն պիտի զարնէի՜ր զինքը, մինչ ան քեզ կը գգուէ. ատիկա տեւտոնեան ապերախտութիւն է։

«Բայց ես գիտէի, թէ մշտակայ թշնամիս ըրած էի Պիմին, որովհետեւ իր մատները պարանոցիս մէջէն մահը գուշակել կու տային. յաջորդ անգամ որ տեսայ Պիմին, մէջքս ատրճանակ մը կար, որուն երկարեց թաթը, ես ալ բացի զէնքը՝ ցոյց տալու համար, թէ լեցուն էր. անտառներու մէջ տեսած էր պզտիկ կապիկներու զարնուիլը, ու հասկցաւ։

«Այսպէս, Պեռթրան ամուսնացաւ ու բոլորովին մոռցաւ Պիմին, որ իր կուրծքին տակ կէս-մարդկային սիրտ մը կը կրէր. կը տեսնէի զինքը, որ կը ցատկռտէր ու մեծ ճիւղ մը առնելով աւազը կը փորճկէր, մինչեւ որ գերեզմանի պէս մը բանար, ու կ՚ըսէի Պեռթրանին, ի՛նչ կ՚ընես ըրէ, Պիմին մեռցուր, որովհետեւ նախանձէն խենթ կտրած է։ Իսկ Պեռթրան կ՚ըսէր.

-Բնաւ խենթ չէ ան, անիկա կինս կը սիրէ ու կը հնազանդի անոր, ու երբ հրամայէ հողաթափները կը բերէ ու սենեակին ընդմէջէն կը նայէր իր կնոջ՝ որ շատ գեղանի էր։

«Այն ատեն ըսի իրեն. կը կարծե՞ս թէ կը ճանչնաս կապիկները, եւ այս կենդանին, որ աւազին վրայ մոլեգին ինքզինքը կ՚ուտէ. երբոր տուն գայ՝ մեռցուր զայն, որովհետեւ իր աչքերուն մէջ լոյս մը կայ՝ որուն իմաստն է մեռցնե՜լ, մեռցնե՛լ։

Պիմին տուն եկաւ, բայց աչքերուն մէջ լոյս չկար, ամբողջովին մարած էր, խորամանկ, շա՛տ խորամանկ էր ան, ու անխռով հողաթափները բերաւ. Պեռթրան ինծի դարձաւ ըսաւ, ի՞նչ, դուն ինը ամսուան մէջ աւելի լա՞ւ կը ճանչնաս զինքը քան ես տասներկու տարիէ ի վեր. զաւակ մը իր հայրը կը վշտացնէ՞ միթէ. ես զինքը կերակրած եմ, ինք ինծի տղայ եղած է, այդ ոչնչաբանութիւնները կնոջս կամ ինծի անգամ մըն ալ չընես։

«Հետեւեալ օրը Պեռթրան ինծի եկաւ որ միասին նմոյշի համար փայտէ տուփեր շինենք, ու ըսաւ թէ կինը քիչ մը ժամանակի համար Պիմիին հետ պարտէզը թողած էր. յետոյ պատով տուփեր շինեցի եւ ըսի. եկուր տունդ երթանք ու բան մը խմենք. խնդաց ու ըսաւ. երթա՛նք , մարդուկս։

«Կինը պարտէզը չկար, ու Պիմին չեկաւ երբ Պեռթրան ձայնեց։ Կինն ալ չեկաւ. ննջասենեակին դուռը զարկաւ Պեռթրան, բայց ան ալ ամուր փակուած էր. այն ատեն ինծի նայեցաւ՝ երեսը ճեփ ճերմակ. ուսերովս դուռը վեր վերցուցի, ու ձեղունին վրայ խոշոր ծակ մը բացուած տեսանք, ուրկէ արեւը կ՚իջնէր տախտակամածին վրայ։ Զամբիւղը նետուած թուղթեր, կամ սեղանին վրայ ցրուած խաղի քարտեր տեսա՞ծ ես երբեք. կինը մէջտեղ չկար, ու կ՚ըսեմ քեզի, թէ ոչինչ կար այդ սենեակին մէջ կնոջ նմանող. տախտակամածին վրայ բզկտուքներ կային, ու այդքան անոնց նայեցայ ու չափազանց անհանգիստ եղայ. բայց Պեռթրան քիչ մը աւելի նայեցաւ տախտակամածին, պատին ու ծակին վրայ գտնուած բաներուն, յետոյ սկսաւ խնդալ, մեղմ կամ բարձրաձայն, ու ես հասկցայ։ Փա՜ռք Աստուծոյ, խենթեցեր էր. բնաւ չլացաւ, ոչ ալ աղօթեց, դուռին մէջ անշարժ կեցաւ, ու շարունակեց խնդալ. յետոյ յարեց. կինս այս սենեակին մէջ առանձնացեր է, ու Պիմին ձեղունը ծակեր իջեր է. օ՜ն, ուրեմն, այս այսպէս է. ծակը գոցենք ու Պիմիին սպասենք, անպատճառ պիտի գայ։

«Սենեակը կարգադրելէ վերջ տասը օր սպասեցինք այդ տունին մէջ. ու մէկ քանի անգամ Պիմին երեւցաւ, որ քիչ մը անտառէն դուրս կու գար, բայց կը վախնար, որովհետեւ գիտէր իր յանցանքը. տասներորդ օրը երբ դարձեալ եկաւ, Պեռթրան զայն կանչեց, ու Պիմի եկաւ ծովեզերքէն՝ ոստոստուն ու աղմկոտ. ձեռքին մէջ սեւ մազի երկայն գիսակ մը կար. Պեռթրան խնդաց ու ըսաւ. օ՛ն, օ՜ն. ճիշդ որպէս թէ սեղանին վրայ հայելի մը լոկ կոտրած ըլլար. ու Պիմի աւելի մօտեցաւ. Պեռթրանին ձայնը մեղրի պէս քաղցր էր, ու կը խնդար. այսպէս երեք օր սիրով վարուեցաւ անոր հետ, որովհետեւ Պիմի իր վրայ ձեռք դպցնել չէր տար. այն ատեն Պիմի վերջապէս ճաշի եկաւ մեզի հետ. ձեռքի մազը արիւնէն բոլորովին սեւացած ու թանձրացած էր. Պեռթրան անոր համեմաւոր գինի խմցուց, մինչեւ որ բոլորովին գինովցաւ, ու յետոյ…

Հանս կանգ առաւ հոս, սիկառը քաշելու համար.

-Ու յետո՞յ, ըսի իրեն.

«Ու յետոյ, Պեռթրան զայն իր իսկ ձեռքով սպաննեց, ու ես գացի ծովափը ժուռ գալու, որովհետեւ խնդիրը Պեռթրանին կը վերաբերէր. երբ վերադարձայ կապիկը մեռած էր, ու Պեռթրան ալ մեռնելու վրայ. բայց դեռ բարձրաձայն կը խնդար, բոլորովին գոհունակ»։

«Հիմակ, գիտես օրանկութանի ուժին տարազը-մարդուն հետ համեմատելով մէկի դէմ եօթը-բայց Պեռթրան զայն մեռցուց բնատուր զէնքերով , հո՛տ է հրաշքը»։

Վանդակին մէջ դժոխային դղորդը սկսաւ։ «Օհօ՜, մեր այդ բարեկամը տակաւին խիստ շատ Ես ունի իր Տիեզերքին մէջ. օ՜ն, հանդա՜րտ կեցիր»։

Ու Հանս սկսաւ սուլել, երկարաձիգ ու թունալից. կրնայինք լսել հսկայ անասունին վանդակին մէջ դողալը։

-Բայց ինչո՞ւ, հարցուցի ես, Պեռթրանին չօգնեցիր, փոխան թողելու որ մեռնի։

«Բարեկամս, ըսաւ Հանս ընկողմանելով, նոյնիսկ ինծի համար աղէկ բան մը չէր ապրիլ այդ սենեակը ձեղունին բացուածքովը տեսնելէ վերջ. ու Պեռթրան ամուսինն էր… բարի գիշեր ու բարի քուն»։

Հայացուց՝ Միսաք Մեծարենց

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024