ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՍԿԱԾԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած «ճիշդը» միայն ժամանակի մը համար ճիշդ է, իսկ իրականութիւնը ճշմարիտ է՝ մինչեւ որ մենք գտնենք աւելի ճշմարիտը: Բոլոր գիտելիքները գոյութիւն ունին՝ մինչեւ որ փոխարինուին նորերու հետ։ Կրթական միջավայրէն ներս մատուցուող գիտելիքը անոնցմէ անկախ չէ։ Կրթութիւնը միշտ կը ներառէ ցանկեր: Բոլոր ժամանակներու համար վաւերացուած, անկասկածելի եւ ընդունելի կրթութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այնուամենայնիւ, «սեփական ճշմարտութիւնը փնտռելու եւ գտնելու» ուղղորդող կրթութիւնը կրնայ աւելի մշտական ըլլալ՝ սերմանելով հետաքրքրասիրութիւն, հասկնալու ցանկութիւն եւ մշտական կասկածամտութիւն:
Ոչ մէկ գաղափարախօսութիւն, կարծիք, համոզում կամ գիտելիք, իրականութեան մէջ, վաւերական չէ: Վաւերականութիւնը ձեւով մը գործընկերութիւն կը նշանակէ եւ, ընդհանուր առմամբ, այդ գործընկերութեան վրայ իրականութիւն կարելի չէ հաստատել:
Գրեթէ իւրաքանչիւրիս ուղեղը լուացուած է։ Գրեթէ իւրաքանչիւրս կապուած ենք յօրինուածքի մը, անհեթեթութեան մը հետ։ Մեր դատարկ կեանքը լեցուած է մտացածին յերիւրածոներով։ Գաղափարախօսութիւն մը, կարծիք մը, համոզում մը, նոյնիսկ գիտելիք մը հնարելն ու անոնց կառչիլը մեր ամենամեծ գործունէութիւնն է, կարծէք: Ո՛ր կեղծիքի մէջ ալ իյնանք, հիմնականին կը ձեւաւորուի մեր միջավայրով: Հետեւաբար, այս տեսանկիւնէն, կրթութիւնը ամենամեծ «շարժումն» է, որ կը ստանանք շրջակայ միջավայրէն:
Թէեւ կրթութիւնը հեռու է անձնականէն եւ ենթակայ՝ ընկերային վերահսկողութեան, սակայն այդ մէկը յաճախ կ՚օգտագործուի որպէս ուղեղի լուացման, կաղապարման, ներուժի սահմանափակման եւ մտքի հորիզոնի նեղացման միջոց մը: Կարելի է ըսել, որ այս իրավիճակէն հնարաւոր չէ խուսափիլ:
Ինչ որ ալ ստանանք կամ տանք, մարդկային է։ Տիեզերքի մնացեալ մասը չի նկատեր մեր «ստոյգ» ճշմարտութիւնները։ Նոյնիսկ կենդանիները կ՚անիծեն մարդոց գերարժէքները։ Մենք կ՚ապրինք այսպիսի անցողիկ, անփոյթ կեանք մը։
Կարճաժամկէտ հեռանկարով ձեռնտու է կրթութեամբ կամ ուսումնական որեւէ գործունէութեամբ ճշմարտութիւններ մատուցելը: Ներկայիս զանգուածի մը ընդհանրութիւնը կարելի է ապահովել, բայց սա նաեւ ապագային կը յառաջացնէ պարտութիւններ, նաեւ կը խոչընդոտէ գիտելիքի եւ այլ անհատներու/հասարակութեան փոփոխութիւնը կամ զարգացումը։ Ամբողջական կասկածամտութիւնն ալ աւելի կը մեծցնէ հասարակութեան մէջ ընդհանրութիւնը, միեւնոյն ժամանակ՝ իրարանցումը։ Ուստի բոլորին պէտք է տալ հարցնելու, զարմանալու, նաեւ ամէն ինչ կասկածի տակ դնելու հնարաւորութիւնը։ Քիչ են միայն անոնք, որոնք կը կասկածին եւ անոնք պէտք է դիտարկել՝ որպէս հասարակութեան գոյատեւման աղբիւրները։ Պէտք է աջակցիլ այն մարդոց, որոնք ճշմարտութեան հասնելու հարցով հասարակութեան մը ամենամեծ օգնականն են։
Մարդիկ պէտք չէ վարանին կասկածիլ եւ կրթել իրենց շրջապատը։ Որովհետեւ հասարակութիւններու մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս փտած, սուտերու մէջ կամաւորաբար ընկղմած են եւ այդ սուտերու գերեզմանէն ելք փնտռելու համար նոյնիսկ չնչին ջանք չեն թափեր։ Այս վիճակը կը տիրէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ հետաքրքրութեան կարիքը ամենաբարձր մակարդակի վրայ է ներկայիս։ Ամենամեծ նուէրն է ձեր սիրելիները զարմացնելը եւ զանոնք խորհելու մղելը։ Լաւագոյն նուէրը, որ կրնաք տալ մարդոց, հարցման նշանն է։ Մարդոց իրենց սեփական ճշմարտութիւնը գտնելու ուղղութեամբ օգնելը մեծագոյն բարիքն է: Ամենամեծ ու ամենակատարեալ կրթութիւնը՝ հարցնելը, հետաքրքրուիլը եւ կասկածիլը սորվեցնելն է:
Լաւագոյն ջանքերը իմաստները համադրելն է, լաւագոյն զրոյցը իմաստները կասկածի տակ դնելն է, լաւագոյն նպատակը անիմաստութիւնը ընդգծելն է:
Կրթութեան, սորվելու ու նոյնիսկ կեանքի ամենամեծ նպաստողը կասկածիլն է…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ