ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԳՈՐԾԱԿԻՑ ԸԼԼԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇԱՀԱՐԿԵԼՈՎ ԱՆՈՐ ՄԵԶԻ ՁՐԻԱԲԱՐ ՏՈՒԱԾ ՇՆՈՐՀՔՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐԸ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 3.16-4.1:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 1.25-30:
Մատթէոսի Աւետարանէն 18.10-14:
Պօղոս առաքեալին վերոյիշեալ հատուածին մէջ կը կարդանք.
«Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային որեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն։
Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց։ Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով։ Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները։ Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած Ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. “Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ”»:
Արհեստագիտութեան եւ արուեստագիտութեան այս դարուն, Աստուծոյ, աստուածային զօրութեան, Սուրբ Խաչին, Սուրբ Խաչի ունեցած հզօր ներգործութեան, սուրբերու եւ անոնց ունեցած կեանքի ու հոգեւոր փորձառութեան մասին խօսիլը տեսակ մը «ժամանակավրէպ» երեւոյթի վերածուած է, եւ անոնք որոնք այս նիւթերու մասին կը խօսին, կը բարձրաձայնեն այս նիւթերուն եւ իրողութիւններուն յաւիտենական արժէքներ ըլլալու հանգամանքը, շատերու կողմէ՝ չըսելու համար մեծամասնութեան կողմէ տգէտ, յետամնաց, հին ուղեղ, միջանադարի մէջ ապրող կը համարուին:
Այդպէ՞ս է արդեօք: Հարցումին պատասխանը Պօղոս առաքեալ ի՛նք տուած է Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, ուր կը կարդանք. «Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը որ Յոյներ յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային որեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն» (Ա.Կր 1.25): Պարզ եւ յստակ պատասխան մը բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդոց համար: Պօղոս առաքեալին ժամանակ ապրող յոյներն ու հրեաները առանց վարանելու կրնանք համեմատել այսօրուան արհեստագիտութեան եւ արուեստագիտութեան ջատագովներուն հետ, իրողութիւնը նո՛յնն է, թիրախը Նո՛յնն է, պարզապէս դերակատարները փոխուած են:
Պատմութիւնը, յատկապէս վերջին աւելի քան երկու հազար տարիներու պատմութիւնը կը վկայէ Առաքեալին վերոնշեալ հաստատումին մասին: Դարերու ընթացքին յաճախ յայտնուեցան մարդիկ, որոնք այսօրուան նման անարգանքով ու անյարգալից վերաբերմունք ունեցան Աստուծոյ ու աստուածայինին, Խաչին ու այլ արժէքներու մասին, ոմանք նոյնիսկ համարձակութիւնն ունեցան մտածելու ոտնակոխ ընելու եւ ընդմիշտ վերացնելու այդ գաղափարները, աւելի ճիշդ այդ ճշմարտութիւնները, բայց այսօր, մարդկութիւնը անոնց մասին չի՛ յիշեր իսկ, իսկ երբեմն-երբեմն երբ յիշէ, պատմութեան հսկայ աղբամանին մէջ կը փնտռէ ու կը փնտռէ, մինչեւ նշոյլ մը կարենայ գտնել, մինչ Աստուծոյ ու աստուածային զօրութեան, Խաչին ու անոր ներգործութեան մասին մարդիկ ո՛չ թէ միայն պատմութեան գիրքերուն մէջէն կը կարդան, այլ՝ առօրեայ կերպով կ՚ապրին, կը զգան, իրենց աչքերով կը տեսնեն ու իրենց ականջներով կը լսեն, մէկ խօսքով կեանքի ամէնօրեայ փորձառութիւն է, որ ցանկացողը կրնայ ձրիաբար ունենալ ու այդ փորձառութեամբ կրնայ դէպի յաւիտենականութիւն մէկ անգամ ընդմիշտ անցագիր վերցնէ:
Այսօրուան արհեստագիտութեան ու արուեստագիտութեան «ջատագով»ները ապաւինելով իրենց ձեռք բերած յաջողութիւններուն, վստահելով իրենց սեփական ուժին եւ տրամաբանութեան, կը կարծեն, թէ արդէն իրենք հասած են բարձունքի մը, ուրկէ անդին իրենցմէ զատ ո՛չ ոք կրցած է անցնիլ, եւ իրենց ունեցած այդ յաջողութիւնները իրենց իսկ անձերուն համար գայթակղութիւն կը դառնան, որով իյնալով հպարտութեան մեղքին մէջ, կը սկսին իրենք զիրենք փառաբանել ու ուրիշներէն մեծարանքի ու գնահատանքի խօսքեր կը սպասեն:
Դարձեալ դիմենք Պօղոս առաքեալին, ու լսենք թէ ան ի՛նչ կ՚ըսէ. «Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց։ Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով։ Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները։ Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած Ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. “Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ”» (Ա.Կր 1.26-31):
Այսօրուան ջատագովները պահ մը թող կարդան այս տողերը, եւ իրենք իրենց հարցնեն, թէ արդեօք իրենք ուրկէ՞ ձեռք բերին այդքան գիտութիւն եւ հմտութիւն, որով յաջողեցան հասնիլ այն աստիճանին կամ մակարդակին, ուր որ են հիմա…:
Աստուծոյ գործելաոճը ոմանք տարօրինակ կամ անբնական կը համարեն, խորքին մէջ սակայն ճիշդ հակառակն է, որովհետեւ Աստուծոյ գործելաոճը դաստիարակիչ բնոյթ ունի իր մէջ, իսկ ցանկացած դաստիարակիչ բնոյթ ունեցող հանգամանք, ուղղութիւն կամ ոճ չե՛ն կրնար տարօրինակ կամ անբնական ըլլալ:
Արդարեւ, Աստուած աշխարհին յիմար, տկար, անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն նկատած բաները ընտրելով ու անոնցմով գործելով կ՚ուզէ սորվեցնել մեզի, որ առանց Իրեն, առանց Իր պարգեւած իմաստութեան ու գիտութեան մարդ ո՛չինչի կրնայ հասնիլ: Աստուած մարդը ստեղծած է ինքնիշխան եւ անոր տուած է բանականութիւն, որպէսզի զայն օգտագործելով ապրի ու արարէ: Եթէ պատմութեան ընթացքը ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք աստիճանական զարգացումը մարդուն: Ոմանք այս հանգամանքը պատճառաբանելով, կ՚ըսեն թէ նախամարդիկ այսքան բանականութիւն չունէին, կամ նախամարդիկ տրամաբանելու, մտածելու կարողութենէ զուրկ էին, կամ այն կարողութիւնը որ այսօրուան մարդը ունի, անոնք չունէին: Նման մօտեցում մը պարզապէս հակաստուածային է, որովհետեւ նման գաղափար մը առաջին հերթին հակառակիլ է Աստուծոյ եւ կասկածիլ է Անոր ամենակարողութեան վրայ:
Աստուած մարդուն ի սկզբանէ ինքնիշխան ստեղծեց եւ անոր շնորհեց բանականութիւն, պարզապէս նախամարդիկ չունէին այսօրուան հնարաւորութիւնները, այլ մարդ կամաց-կամաց իրենց տրուած հնարաւորութիւնները օգտագործելով հասած է այսօրուան վիճակին:
Միւս կողմէ այսօրուան զարգացած աշխարհը՝ եթէ կարելի է այդպէս որակել, շատ յաճախ մղոններով ետ կը մնայ նախամարդէն, միջնամարդէն: Շատ հեռուները չերթանք, մեր երկիրը՝ Հայաստան աշխարհը մեր աչքին առջեւ ունենանք: Սուրբ Գեղարդի վանքը, Գառնի հեթանոսական տաճարը, Արագածոտնի մարզին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածընկալը, Տաթեւի վանքը, Նորավանքը, Հաղբատի ու Սանահինի վանքերը, Ախթալայի Սուրբ Աստուածածին վանքը, Գանձասարի վանքը, Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին եւ այլ բազմաթիւ ճարտարապետական կառոյցներ մէկ-մէկ ճարտարապետական գլուխ գործոցներ են, որ այսօրուան այսպէս կոչուած զարգացած աշխարհը իր բոլոր հնարաւորութիւններով ու կարելիութիւններով ի վիճակի չէ նման գեղեցիկ, մշակուած եւ նրբաճաշակ քանդակներով գլուխ գործոցներ տալ, որոնց ի տես մարդ զմայլի ու կարենայ իրապէս վայելել ու ճաշակել այդ բոլորի խորհուրդը եւ պարգեւած հմայքը:
Անցնինք դէպի Եւրոպա, ուր Միջնադարուն կառուցուած վանքերն ու տաճարները եւս մէկական գլուխգործոցներ են, որոնք վկայութիւն են մարդուն ունեցած տաղանդին ու ձիրքին:
Երթանք դէպի Եգիպտոսի բուրգերը…
Շարքը կարելի է երկարել: Այսքանով բաւարարուինք եւ մենք մեզի հարցնենք, այս բոլորը մարդ ինչպէ՞ս յաջողած է արարել, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ մարդ այսօրուան հնարաւորութիւնները չունէր… Պատասխանը շա՜տ պարզ է. Աստուծոյ պարգեւած իմաստութեամբ ու բանականութեամբ: Որոշ թեթեւամիտներ կրնան ըսել, Աստուած ի՞նչ գործ ունի եգիպտացիներուն հետ… այդպիսիները կը մոռնան, որ Աստուած ամբողջ մարդկութեան Ստեղծիչն է, հրեայ եւ ոչ հրեայ, քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ, եւ բոլորին նոյն կարողութիւններով օժտած է: Այստեղ չենք խօսիր մարդուն ընտրութեան ու որոշումին մասին…:
Հետեւաբար, այն բոլոր ձեռքբերումները կամ նուաճումները որ մարդ այսօր եւս կ՚ունենայ, ո՛չ թէ լոկ իրն են, այլ՝ Աստուծոյ իրեն ձրիաբար պարգեւած իմաստութեան արդիւնքն են: Իսկ այդ արդիւնքին հասած է, որովհետեւ իրեն տրուած ձիրքը, տաղանդն ու շնորհքը յաջողած է լաւագոյնս օգտագործել: Այստեղ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք այն կէտին, թէ մարդոցմէ շատեր իրենց տրուած շնորհքը արդիւնաւորած են, սակայն ոմանք արդիւնքի հասնելէ ետք սատանային ծուղակն իյնալով՝ հպարտացած են, որով իրենց ձեռք ձգած արդիւնքը իրենց համար ո՛չ թէ վարձատրութեան պատճառ պիտի ըլլայ, այլեւ՝ դատապարտութեան: Իսկ բոլոր անոնք որոնք արդիւնաւորած են եւ մնացած են իրենց համեստութեան ու պարզութեան մէջ, ապա ատոնցմէ շատերը այն մարդիկն են, որոնք գիտակցութիւնը ունին, որ իրենց տրուած այդ կարողութիւնն ու ձիրքը Աստուծմէ է եւ իրենց յաջողութիւնը արդարեւ՝ Աստուծոյ շնորհքով է նախ եւ առաջ, նոր միայն իրենց գործով:
Վերջիններուս պարագային միասնաբար կարդանք Տէր Յիսուսի պատմած Սերմնացանին առակը եւ այդ առակին մեկնութիւնը.
«Սերմանող մը սերմ ցանելու ելաւ։ Սերմանած ատեն հատիկներէն ոմանք ինկան ճամբուն եզերքը եւ թռչունները եկան եւ կերան զանոնք։ Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, ուր շատ հող չկար, եւ քանի հողը խորունկ չէր՝ անմիջապէս բուսան. բայց երբ արեւը ելաւ՝ այրեցան, եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ չորցան։ Ոմանք ինկան փուշերու մէջ, եւ փուշերը ելան եւ խեղդեցին զանոնք։ Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ հողի մէջ եւ պտուղ տուին, ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ՝ վաթսուն եւ կամ երեսուն։ Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մտ 13.4-9):
Եւ մեկնութիւնը. «Դուք, ուրեմն, լսեցէք թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէ սերմնացանին առակը։ Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը, ուր կ՚իյնայ սերմը, կը նմանի այն մարդուն՝ որ Աստուծոյ Արքայութեան քարոզութիւնը կը լսէ եւ սակայն չի հասկնար. չարը կու գայ եւ կը յափշտակէ անոր սիրտին մէջ ցանուածը։ Ժայռոտ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ հազիւ Աստուծոյ խօսքը լսած՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունի զայն։ Սակայն սերմը արմատ չունի իր մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատայ, եւ երբ նեղութեան եւ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուի՝ անմիջապէս հաւատքը կը կորսնցնէ։ Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդուն, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը եւ հա-րըստութեան հրապոյրը կը խեղդեն Աստուծոյ խօսքը, որ անպտուղ կը դառնայ իր մէջ։ Իսկ լաւ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ կը լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ կը հասկնայ ու պտուղ կու տայ, մէկի փոխրէն հարիւր, ուրիշ մը՝ վաթսուն եւ ուրիշ մը՝ երեսուն» (Մտ 13.18-23):
Սերմնացանի առակին ու այդ առակին մեկնութենէն շատ դասեր կրնանք քաղել, բայց այսօրուան մեր նիւթին առընչուած կրնանք հետեւեալ եզրակացութիւնը ունենալ, որ իւրաքանչիւր մարդ արդէն իսկ իր մէջ սերմանուած ունի Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը, այդ պատկերին ու նմանութեան վրայ կու գայ աւելնալու Աստուծոյ խօսքը, այսինքն՝ Աստուածաշունչի քարոզութիւնը, որու լոյսին տակ մարդ կը գիտակցի իր վիճակին ու հասկնայ իր ինչութիւնը, որմէ ետք կու գայ մարդուն որոշումն ու ընտրութիւնը դառնալու պտղաբե՞ր, թէ՞ փորձութիւններու ու նեղութիւններու ընթացքին շուտով սպիտակ դրօշակ պարզող ու յանձնուող:
Ընտրութիւնը քո՛ւկդ է սիրելի քոյր եւ եղբայր: Իսկ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար դիմենք Աստուծոյ ու խնդրենք.
- Տէ՜ր, լուսաւորէ մեր միտքերն ու հոգիները, որպէսզի գիտակցինք մեր կոչումին՝ մեր մա՛րդ կոչումին, ըմբռնենք մեզի ձրիաբար տուած պարգեւներուդ կարեւորութիւնն ու անոնց մեզի ընձեռած հնարաւորութիւնները, եւ մեր կեանքի իւրաքանչիւր քայլը կամ գործը որ կը կատարենք, կատարենք Քու Սուրբ Անուանդ եւ փառքիդ համար: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
16 յուլիս 2023, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024