ԿՈ­ՄԻԱՍ­ՏԻ ՀՄԱՅ­ՔԸ

Կո­մի­տա՜ս…

Հայ բազ­մա­դա­րեան մշա­կոյ­թի ան­պա­րա­գիծ մե­ծու­թիւ­նը։

Կո­մի­տա՜ս…

Հայ ե­րաժշ­տու­թեան ո­գե­ղէն տա­ճա­րը եւ հայ հո­գիի խորհր­դա­նի­շը։

Կո­մի­տա՜ս…

Հայ ժո­ղո­վուր­դի նուի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ հպար­տու­թիւ­նը։

Հա­րա­զատ երկ­րին սի­րա­հար՝ Կո­մի­տաս ե­ղաւ լու­սա­ւոր եւ ե­զա­կան այն դէմ­քը, որ ա­նի­մա­նա­լի յայտ­նա­տե­սու­թեամբ մը, ա­նոր ըն­դերք­նե­րէն լոյս աշ­խար­հի բե­րաւ հայ եր­գը՝ ինք­նաս­տեղծ եւ ինք­նա­տիպ, վեր հա­նեց ա­նոր ան­պա­ճոյճ ա­նա­պա­կա­նու­թիւ­նը, եւ իր ստեղ­ծա­գործ հան­ճա­րին ու­ժով զայն բարձ­րա­ցուց հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րաժշտա­կան ա­րուես­տի գա­գաթ­նե­րուն։

Որ­պէս հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան նոր դպրո­ցի հիմ­նա­դիր՝ մեծ է Կո­մի­տա­սի կա­տա­րած դե­րը եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի։

Հայ եր­գի ան­զու­գա­կան պատ­գա­մա­բե­րը՝ իր խղճա­միտ ձայ­նագ­րում­նե­րով, ե­րաժշ­տա­կան-տե­սա­կան բա­նի­մաց ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով, հմտա­լից դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով, բարձ­րա­րուեստ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մշա­կում­նե­րով եւ հա­մեր­գա­յին-կա­տա­րո­ղա­կան նուա­ճում­նե­րով, ընդ­միշտ լռե­ցուց այն ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը, ո­րոնք կը մեր­ժէին հայ ինք­նու­րոյն ե­րաժշտու­թեան մը գո­յու­թիւ­նը եւ միա­ժա­մա­նակ հա­յուն տուաւ իր սե­փա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նե­րուն գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Կո­մի­տաս իր ողջ էու­թեամբ եւ ան­բա­սիր ա­րուես­տով մարմ­նա­ւո­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի խո­հե­րուն, յոյ­զե­րուն, սրտի թրթիռ­նե­րուն եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ապ­րում­նե­րուն ամ­բողջ ստեղ­նա­շա­րը։

Որ­պէս հա­սա­րա­կա­կան ե­ռան­դուն գոր­ծիչ՝ ան նպաս­տեց նաեւ հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու ապ­րող վտա­րան­դի հա­յուն ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան բա­ցա­յայ­տու­մին եւ ա­նոր հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րուն  հրահ­րու­մին։

Շնոր­հիւ Կո­մի­տա­սի՝ հա­յը կը ճանչ­նար ինք­զին­քը, եւ օ­տա­րը՝ հա­յու­թիւ­նը։

Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ այդ եր­գե­րը՝ այ­սօր, սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձած են ո՛չ միայն իր հա­րա­զատ ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ ա­ռա­ջա­ւոր մարդ­կու­թեան։

Հայ մշա­կոյ­թի ան­խոնջ նիւ­րեա­լը գոր­ծեց եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց պատ­մա­կան այն մռայլ եւ տա­րա­պայ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը ձգտէր խա­ղաղ եւ ան­կաշ­կանդ կեան­քի մը՝ ա­զատ երկ­նա­կա­մա­րի մը տակ։

Եւ այ­սօր, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դի բաղ­ձանք­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցած են, կո­մի­տա­սեան եր­գը կը հնչէ ա­ւե­լի հզօր, ա­ւե­լի շքեղ, որ­պէս հայ ստեղ­ծա­գործ հան­ճա­րին յաղ­թեր­գը պան­ծա­լի։

Տա­րի­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ, Կո­մի­տա­սի հմայ­քը կը շա­րու­նա­կէ ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի խո­րա­նալ ու ար­մա­տա­նալ ա­մէն հայ սրտէ ներս, քան­դե­լով այ­լա­մերժ հա­մո­զում­նե­րու եւ գա­ղա­փար­նե­րու բո­լոր պա­տուար­նե­րը եւ ներ­դաշ­նակ լոյ­սով մը ո­ղո­ղե­լով բո­լոր հո­գի­նե­րը։

Կո­մի­տաս ապ­րե­ցաւ իր ժո­ղո­վուր­դին ցա­ւե­րով, աշ­խա­տե­ցաւ ա­նոր հա­մար, եւ իր կեանքն ու հան­ճա­րեղ միտ­քը զո­հա­բե­րեց ա­նոր վեհ գա­ղա­փար­նե­րուն ար­ծար­ծու­մին եւ յաղ­թա­նա­կին հա­մար։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին նման՝ հայ եր­գին հետ յա­ւէտ պի­տի ապ­րի իր ա­նու­նը։

Փա՜ռք իր յի­շա­տա­կին եւ Փա՜ռք իր ան­վախ­ճան գոր­ծին։

Ե­ԴՈ­ՒԱՐԴ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Գա­հի­րէ

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2015