ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԻՆ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մահը գոյութեան կեդրոնն է՝ որպէս մարդկային ճակատագրի ամենամեծ հանելուկը, որ աւելի կը բարդանայ, երբ կը փորձուի լուծել զայն: Մահուան մասին խօսիլը, փիլիսոփայական թէ կրօնական համատեսքով, կը նմանի անորոշութեան շրջանակին, մթութեան մէջ խօսելուն:

Իւրաքանչիւր մարդ մահկանացու է: Մահը երեւոյթ մըն է, որ վաղ թէ ուշ կը պատահի բոլորին։ Կեանքը առանց մահուան հնարաւոր չէ։ Բոլորս ալ գիտենք, որ օր մը դատապարտուած ենք մեռնելու։ Բոլորս մեր հոգիներու խորքին կը վախնանք, որ մահը օր մը կը թակէ մեր դուռը։ Բայց եւ այնպէս, մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մահը առասպել ըլլալ կը թուի մեզի:

Իրականութեան մէջ մահն է, որ կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը ապրելու արժանի կը դարձնէ։ Եթէ ​​մահը չըլլար, չէր ըլլար նաեւ ապրելու արժանի կեանք մը։

Երբեմն մարդիկ կը վախնան մահէն, երբեմն ալ կը տխրին, երբ կը մահանան իրենց սիրելիները։ Մարդիկ կը վախնան մահէն, քանի որ շատ կը գնահատեն կեանքը եւ չեն գիտեր, թէ ինչ կու գայ մահէն յետոյ։ Մահուան վախը մեզ կը մղէ տեսնելու եւ զգալու կեանքի գեղեցիկ երեսակները: Որովհետեւ մենք գիտենք, որ մահը հաստատ է եւ որեւէ պահուն կրնայ իյնալ մեր վրայ: Ուրեմն ինչո՞ւ չզգանք աշխարհի բոլոր լաւութիւնները նախքան մահանալը:

Երբ կը մահանանք, մեր մարմինն է, որ կը հեռանայ: Մարդու հոգին միշտ կենդանի կը մնայ։ Ան կը շարունակէ փոխել չափերը, ինչպէս հագուստը: Հոգին կը լքէ մարմինը: Ի հարկէ, կեանքը առանց հոգիի հնարաւոր չէ։ Հոգին նման է մեր մարմնի վառելիքին: Մեր անհոգի մարմինը արիւնէն եւ ոսկորներէն բաղկացած անշունչ կառոյց մըն է:

Մահը ճանապարհորդութիւն մըն է: Բայց այդ մէկը սովորական ճամբորդութիւն մը չէ. ճամբորդը չի հաւաքեր ճամպրուկ, չի ներկայացներ կամ ցոյց չի տար իր անձը հաստատող փաստաթուղթ, չի խնդրեր վիզա եւ չի փնտռեր փոխադրամիջոց։ Սա ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կու գայ յանկարծակի: Երբ գայ այդ պահը, միւսները կը բաւարարեն ճանապարհորդի կարիքները: Մահը հակասութիւններու գագաթնակէտն է՝ ընդհանրականի ու մասնաւորի։ Որովհետեւ հաստատ է, որ մահը կը բռնէ բոլոր մարդիկը։ Սակայն ամէն մէկը իր մահով կը մահանայ եւ ոչ ոք իրաւունք ունի մեռնիլ ուրիշի մը փոխարէն։ Սա իրականութիւն է, որ աշխարհի վրայ ոչ ոք կրնայ հերքել։

Անհնար է յետաձգել մահը. ան միշտ կը յիշուի, բայց նաեւ կը փորձուի մոռնալ: Չէ՞ որ մահը ամենաարդարն է երկրագունդի վրայ՝ անկախ մարդոց դիրքէն, ազգութենէն, տարիքէն… Ոչ ոք կը ժխտէ, որ մենք այցելութիւնը կը փոխանակենք մահուան հետ։ Բայց ան մեզի միայն անգամ մը կ՚այցելէ։

Մենք կը հանդիպինք մահուան ամէն անգամ, երբ ան այցելէ մեզի: Մենք մահուան կը հանդիպինք բազմաթիւ հանգրուաններու վրայ։ Մենք անոր կը հանդիպինք, երբ ան գաղտնի կ՚այցելէ մեր տուները։ Ան մեզմէ կը խլէ մեր ընտանիքը, սիրելիները կամ ընկերները:

Մահուան մասին մեր տեսակէտը կ՚ազդէ կեանքի մասին մեր ըմբռնման վրայ։ Եթէ ​​կեանքը ընկալենք որպէս անակնկալ, նուէր, ապա մահը կը դադրի արմատական ըլլալէ: Որովհետեւ թէ՛ կեանքը եւ թէ մահը աւելի մեծ էակի եւ արարչութեան առեղծուածային կողմերն են: Այսպիսով, մահը պարզապէս մարդու վերջը չէ։ Սա սկիզբ մըն է:

Մահը դաժան է, անգութ, անվերջ վիշտի աղբիւր։ Մեր առաջին արձագանգը զարմանքն է։ Մենք կը դառնանք շփոթած եւ հոգեպէս աւերուած, լքուած: Աստիճանաբար մեր սարսափի զգացման կը յաջորդէ առեղծուածի զգացումը: Յանկարծ ամբողջ կեանք մը կը պատուի առեղծուածով: Մեր խօսքը կանգ կ՚առնէ, մեր ըմբռնումը կը ձախողի։ Մահուան ներկայութեամբ միայն լռութիւն կը տիրէ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2023