ԲՌՆԱԿԱԼԱԿԱՆ ԿԱՐԳԻ ԳՈՐԾԱՐԿՈՒՄԸ (Բ.)

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները բռնակալութեան եւ բռնակալական համակարգերու հասարակական ազդեցութիւններու եւ գործարկման մասին։

Բռնակալութիւնը կը ծագի այն վայրերէն, ուր ընկերատնտեսական պայմանները թոյլ են. այստեղ կրնանք որպէս օրինակ բերել Եւրոպան Առաջին աշխարհամարտէն յետոյ եւ Ճաբոնը՝ Երկրորդ աշխարհամարտէն վերջ: Առաջին աշխարհամարտին պարտութիւն կրած պետութիւնները յետպատերազմեան շրջանին շատ տուժած են։ Օրինակ՝ միջին դասակարգը, որ կը կազմէ Գերմանիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը, մեծապէս զգաց այդ դժուարութիւնները։ Այդ ժամանակ բռնակալ առաջնորդները կ՚ըսէին, որ ժողովուրդը կը փրկեն այս խցանումէն եւ պետութեան կու տան նախկին գերազանցութիւնը։ Գերմանացի ժողովուրդին պէտք էր լսել բռնակալ առաջնորդներու խոստումները։ Ժողովուրդը կ՚ուզէր վերադառնալ իր գերակայութեան եւ այս բանի միակ ճանապարհը բռնակալութիւնն էր։

Բայց այստեղ կարեւորը հետեւեալն է. բռնակալութեան մէջ գերազանցութիւնը միշտ կը պատկանի պետութեան, առանց բացառութեան։ Անհատը կարեւոր կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ կապուած է պետութեան հետ: Այդ իսկ պատճառով 18-րդ դարու եւրոպական լուսաւորութենէն բխող ժողովրդավարութեան եւ համայնավարութեան սկզբունքները կանգնեցան պետական իշխանութեան ճանապարհին։ Որովհետեւ բռնակալական կառավարութիւններու մէջ կը կարծուէր, որ անհատականութեան վրայ հիմնուած միտումները, հաւասարութիւնը եւ սեփական շահը կը կանխեն միասնութեան զարգացումը եւ կը նուազեցնեն հասարակական նորութեան մը համար անհրաժեշտ աջակցութիւնը: Մուսոլինին այս նիւթով գրած է 1932 թուականին. «Բռնակալութիւնը կը մերժէ քաղաքական հաւասարութեան անհեթեթութիւնը, «երջանկութեան» եւ անորոշութեան առասպելը»։

Բռնակալական պետութիւնը մարդիկը կը ստիպէ ընդունիլ այն, ինչ որ «լաւ է»։ Մարդիկ այլեւս չեն կրնար առանց թոյլտուութեան հաւաքուիլ կամ որեւէ բացասական բան ըսել պետութեան դէմ։ Փոխարէնը անոնք ողողուած են ազգային եւ էթնիք միասնութեան ծայրայեղ «եռանդով»։ Այդ իսկ պատճառով քաղաքական երիտասարդական խումբերը իրենց մէջ կը միաւորեն հասարակութեան ամենաերիտասարդ անդամները. անոնց կը սորվեցնեն պետութեան հայեցակարգը եւ պետութեան իշխանութեան շարունակականութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։ Բռնակալութիւնը միշտ կը փառաբանէ երիտասարդութեան եւ ամենաուժեղներու գոյատեւման իտէալները կ՚օրինականացնեն այս գաղափարները. երիտասարդները ամենաուժեղն են:

Պետութեան տրամադրած միջոցներով տեղի ունեցող հանրահաւաքներն ու շքերթները կարեւոր տեղ կը գրաւեն հասարակական կեանքէն ներս։ Օրացոյցները լի են ազգային դրօշներով, վեհաշուք յուշարձաններով եւ տօներով: Այս խորհրդանշաններու եւ տօնակատարութիւններու նպատակն է դիւրացնել մարդոց պետութեան հաւատալը: Որովհետեւ բռնակալութիւնը դէմ է բոլոր համոզումներուն, բացի ազգայնականութենէն:

Բռնակալութեան նպատակն է հասարակութեան համարկում միասնութեան-համերաշխութեան, ազգային արժէքներու, պատմական գիտակցութեան, հայրենիք-դրօշ-պետութիւն եռեակի, ամբոխավարութեան նման հասկացութիւններու ներքեւ։

Բռնակալութեան մէջ պարտադիր կը յայտարարուի ընկերային կեանքի բոլոր ոլորտները ընդգրկող միասնական գաղափարախօսութիւնը։ Ան կը կազմակերպուի եւ կ՚որոշուի թէ՛ պետութեան, թէ՛ կառավարութեան աշխարհայեացքի եւ առաջնորդութեան սկզբունքի համաձայն։ Մամուլը եւ հեռարձակող կազմակերպութիւնները ստիպուած են հրապարակումներ կատարել այդ գաղափարախօսութեան համահունչ։ Գերիշխող տեսակէտին հակառակ միտքերը եւ հակադիր ձայներու յառաջացումը կը կանխուի ճնշման զանազան տարրերով։ Հակառակ հրապարակումներ կատարողները գրաքննութեան կ՚ենթարկուին այլ միջոցներով։ Այդպէսով կը կանխուի գերիշխող մտքի դէմ տարբեր մտածումներու ի յայտ գալը եւ հասարակութեան մէջ գերիշխող կը դառնայ մտքի մէկ տեսակ։ Բռնակալութեան չափը համեմատական է այս պայմաններու կիրառման հետ:

Բռնակալութիւնը կը դիմէ բռնութեան, քանի որ բռնութիւնը իր մենատիրական բնոյթը պահպանելու ամենակարեւոր հիմքն է։ Ան չի կրնար հանդուրժել տարբերութիւններուն հասարակութեան մէջ, ուր կը տիրապետէ եւ կ՚ենթադրէ, որ բոլորը պէտք է տեղաւորուին որոշ կաղապարի մէջ։ Բռնակալական համակարգը ունի ռազմական տեսք եւ սա իր գերիշխող կողմն է։ Նման համակարգի մը մէջ մարդիկը կը փորձեն կառավարել զինուորական տրամաբանութեամբ։ Բռնակալական վարչակարգը կամ անոր ենթակայ հասարակութիւնը իր էութեամբ կը վախնայ փոփոխութիւններէն: Այս վախկոտութեան պատճառած անկարգութիւններու հետեւանքով ան կը դառնայ ակրեսիւ եւ կը դիմէ բռնութեան։

Եթէ գրեթէ բոլորը զգացումներու եւ մտքերու զոյգերէն ընտրեն բացասականը կամ իյնան նման յոյզերու կամ մտածումներու ազդեցութեան տակ, կարելի է բռնակալական միտում յառաջանալ։ Օրինակ՝ երբ մէկը կը սրբացնէ իր ապրած հասարակութեան մէջ գերիշխող գաղափարական կառուցուածքը, կը կարծէ, որ կեանքի մասին բոլոր ճշմարտութիւնները պէտք է որոշուին միայն այդ գաղափարախօսութեան համաձայն, կը պաշտպանէ, որ միայն տուեալ գաղափարախօսութիւնը պէտք է որոշէ, թէ ինչպէս պէտք է ըլլան մարդիկ եւ նոյնիսկ կը կիրառէ բազմաթիւ մեթոտներ, ներառեալ բռնութիւնը, այս համոզումներն ու մտքերը հաստատելու համար: Կարելի չէ մոռնալ, որ կան բազմաթիւ մարդասիրական արտաքինով բռնակալներ, որոնք կը դիմեն այս ճանապարհին: Այսինքն՝ բռնակալական վերաբերմունք կարելի է համարել նաեւ այն մարդոց վերաբերմունքը, որոնք կ՚արհամարհեն իրենց ապրած հասարակութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկեն։ Իրականութեան մէջ բռնութիւն կը նշանակէ անձի կամ քաղաքացիներու խումբի ֆիզիքական ժխտում՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շար. Բ. եւ վերջ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024