ԴՐԱՄԸ ՄԻՇՏ ԿԸ ՅԱՂԹԷ՞. ՄԵԾ ԳՈՒՄԱՐ, ՄԵԾ ԳՐԱՒՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական վերջին ընտրութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթը ծախսուած, աւելի ճիշդը մսխուած աստղաբաշխական գումարներն են (անշուշտ խօսքը յայտարարուած ծախսերուն մասին է…): Թէ որքանո՞վ արդարացուած են այդ վատնուած գումարները՝ միշտ վիճելի, ոմանց համար անընդունելի պիտի մնայ: «OpenSecrets»ը ծախսուած գումարներուն մասին վերլուծում մը հրապարակած է:

*

2024 թուականին նախագահական ընտրութիւնը պատմական պահ մը կը նշէ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան մէջ՝ ոչ միայն թեկնածուներու, այլ նաեւ մրցանիշային գումարներու առումով, որոնք ծախսուած են քաղաքական արշաւներու եւ քուէաթերթիկներու համար ամբողջ երկրին մէջ:

Ընտրութեան օրուան ընդառաջ միլիառաւոր տոլարներ ծախսուեցան քուէարկողները կողմնորոշելու համար:

Կարգ մը քարոզարշաւներու եւ նախընտրական հաւաքներու համար ծախսուած գումարներու քանակը տակաւին յստակ չէ, բայց բան մը հաստատ է. 2024-ի ընտրութիւնը հեղհեղեցին աննախընթաց գումարներ:

1.- Ընտրութեան արժէքը կը կազմէ 20 միլիառ տոլար, բայց դրամը միշտ չի յաղթեր։ Ընտրութիւններու ծախսերուն ընդհանուր գումարը 2023-2024-ի կը գերազանցէ 20 միլիառ տոլարը:

Շուրջ 16 միլիառ տոլարը յատկացուեցաւ դաշնակցային ընտրութեան վրայ ազդելուն, 4.5 միլիառ տոլար եւս հանգանակուեցաւ նահանգային թեկնածուներու, կուսակցական յանձնախումբերու, 2023 եւ 2024 թուականներու ընտրութիւններու համար քուէաթերթիկները ստուգող յանձնախումբերու կողմէ:

Բայց մեծ գումարը միշտ չեն առաջնորդեր յաղթանակի:

Հակառակ անոր որ փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսի նախընտրական արշաւին եւ արտաքին խումբերուն գումարը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներով կը գերազանցէին նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրական մեքենայինը, բայց եւ այնպէս, Ուիսքոնսընի մէջ նախկին նախագահին յաղթանակը գերազանցեց 270 ընտրական քուէի շեմը, որ անհրաժեշտ էր նախագահի պաշտօնին տիրանալու համար:

Դաշնակցային ընտրական յանձնախումբերու վերջին փաստաթուղթերուն վերաբերեալ վերլուծումը ցոյց տուած է, որ Հարիսի քարոզարշաւը հանգանակած է աւելի քան 1 միլիառ տոլար մինչեւ հոկտեմբերի կէսերը, ինչ որ գրեթէ երեք անգամ կը գերազանցէ նոյն ժամանակահատուածին նորընտիր ընտրեալ-նախագահի նախընտրական արշաւի հանգանակած 382 միլիոնը:

Արտաքին ծախսերը շատ աւելի մօտ են. արդարեւ, Թրամփին աջակցող խումբերը կը յայտնեն, որ մօտ 1 միլիառ տոլար ծախսած են ընտրութեան օրուան ընթացքին, մինչ Հարիսին զօրակցող խումբերը կը յայտարարեն, որ 1.5 միլիառ տոլար ծախսած են մրցավազքին:

2.- Աննախընթաց արտաքին ծախսեր, որոնք մրցանիշային են՝ մօտ 4.5 միլիառ: Անոր հիմնական մասը եկած է անկախ ծախսերու, դրամի տեսքով, որ ծախսուած է գնելու համար այնպիսի բաներ, ինչպէս՝ ծանուցումներ եւ պաստառներ, որոնք բացայայտօրէն կը պաշտպանեն թեկնածուին ընտրութիւնը կամ պարտութիւնը։ Անհատ նուիրատուները, կազմակերպութիւնները եւ աշխատաւորական միութիւնները կրնան անսահման գումար ներդրել այս տեսակի ծախսերու վրայ՝ օգնելու ազդել ընտրողներուն վրայ:

Պահպանողական քաղաքական յանձնախումբերը այս հոլովոյթին մէջ ծախսած են աւելի քան 2.2 միլիառ տոլար, մինչ ազատական քաղաքական յանձնախումբերը յայտնած են, որ ծախսած են 1.7 միլիառ տոլար:

«Future Forward USA»ը հոլովոյթի առաջին արտաքին ծախսերը ընողն է:

Դեմոկրատականները յայտնած են, որ աւելի քան 517 միլիոն տոլար յատկացուցած է արտաքին ծախսերու համար, որոնց մեծ մասը տրամադրուած է նախկին նախագահ Թրամփին դէմ կամ Հարիսի արշաւին աջակցելու համար:

Արտաքին ծախսերու յառաջատար պահպանողական խումբը՝ «Ամերիկան կրկին մեծագոյն դարձնել», այս շրջանին ծախսած է աւելի քան 364 միլիոն տոլար՝ աջակցելու Թրամփին եւ յարձակելու անոր հակառակորդներուն վրայ:

Անկէ աւելի քան 251 միլիոն տոլարը ծախսուած է Հարիսի եւ անկէ առաջ Պայտընի դէմ յարձակումներու արշաւ-ծանուցումի վրայ: «Super PAC»ը (Political Action Committees) ծախսած է այդ գումարին միայն մէկ քառորդը՝ մօտաւորապէս 58 միլիոն տոլար, ուղղակի աջակցելով Թրամփին:

3.- Լաւագոյն նուիրատուները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են։ Երկու հիմնական թեկնածուները միլիոնաւոր տոլարներ ներգրաւած են միլիառատէր նուիրատուներէն:

Թրամփին աջակցելու համար հաւաքուած ամբողջ գումարին շուրջ 44 առ հարիւրը ստացուած է միայն 10 անհատ մեծ նուիրատուներէ: Ընտրեալ-նախագահը եւ յարակից արտաքին խումբերը աւելի քան 481 միլիոն տոլար ստացած են 10 անձերէ, ներառեալ՝ 118 միլիոն տոլարէն քիչ մը աւելին՝ Իլոն Մասքէն:

Միւս նուիրատուներուն մէջն է պահպանողական միլիառատէր Թիմոթի Մելըն, որ 150 միլիոն տոլար տուած է Թրամփին աջակցող արտաքին խումբերուն:

Լաս Վեկասի մէջ բնակող միլիառատէր եւ «Las Vegas Review-Journal»ի սեփականատէր Միրիամ Ատելսըն երրորդ ամենէն մեծ նուիրատուն էր՝ 100 միլիոն տոլարէն քիչ մը աւելի յատկացնելով Թրամփին աջակցելու համար:

Ատելսըն եղած է նախկին նախագահին ամենէն մեծ նուիրատուներէն մէկը եւ նոյնիսկ օգնած է տնտեսել Թրամփի իրաւական պայքարը 2016-ի ընտրութեան վերաբերեալ յատուկ դատախազ Ռոպերթ Միւլլերի հետաքննութեան դէմ:

Պարզուած է, որ Մելընի, Մասկի եւ Ատելսընի ներդրումները կը կազմեն Թրամփի գումարին մէկ երրորդը:

Քամալա Հարիսը ընտրելու լաւագոյն 10 նուիրատուները կը կազմէին անոր քարոզարշաւի եւ արտաքին խումբերու ընդհանուր ներդրումներու գրեթէ 8 առ հարիւրը: Հարիսի գլխաւոր աջակիցը Դիմատետրի համահիմնադիր Տասթին Մոսկովիցն էր, որ 38 միլիոն տոլար նուիրած էր: Միլիառատէր եւ տեղեկատուական ցանցերու սեփականատէր Մայքըլ Պլումպերկ, Հարիսի լաւագոյն նուիրատուներու ցուցակին մէջ երկրորդն է՝ 19 միլիոն տոլար յատկացնելով փոխ-նախագահին աջակցելու համար:

Հարիսի ընտրական մեքենան հանգանակած է Թրամփի ստացած գումարին միայն մէկ քառորդէն քիչ մը աւելին:

Նախագահական երկու թեկնածուներու նախընտրական յանձնախումբերը նոյնպէս փորձած են դիմել ժողովրդական աջակիցներուն:

Հարիսի նախընտրական յանձնախումբը իր հանգանակած գումարին 42 առ հարիւրը (429 միլիոն տոլար) ստացած է 200-ական տոլար յատկացնող փոքր նուիրատուներէն, մինչ Թրամփի նախընտրական արշաւը իր գումարներուն 30 առ հարիւրը հանգանակած է փոքր նուիրատուներէն:

4.- 1 միլիառ տոլարի մութ դրամ։ Իսկ մութ դրամները կը կազմեն աւելի քան 1 միլիառ տոլար ընդհանուր ներդրումներ անկախ խումբերուն: Մութ դրամը կը վերաբերի անյայտ աղբիւրներէն ստացուող գումարներու, հիմնականին մէջ քաղաքականապէս գործող 501 ոչ շահաբեր խումբերէն, որոնք չեն բացայայտեր իրենց նուիրատուները կամ քօղարկուած ընկերութիւնները:

Թէեւ «super PAC»ներէն կը պահանջուի բացայայտել իրենց ներդրողները, բայց ոչ շահաբեր բազմաթիւ կազմակերպութիւններ ատիկա չեն ըներ եւ առիթ կու տան քաղաքական կողմերուն թաքցնել իրենց տնտեսման վերջնական աղբիւրը:

5.- Քուէաթուղթերու միջոցները կը հաստատեն մրցանիշեր։ 2023-2024 ընտրական հոլովոյթի ընթացքին քուէաթուղթերը հաշուող յանձնախումբերը 1.5 միլիառ տոլար հանգանակած են:

Նահանգէ նահանգ, այս հոլովոյթը քուէաթուղթերու տարբեր միջոցառումներուն աջակցելու կամ տապալելուն ուղղուած ներդրումները արդէն քանի մը մրցանիշ հաստատած են:

Ֆլորիտայի օրէնքի բարեփոխումը, որ մարիկուանայի գործածումը կ՚օրինականացնէր հանգստութեան նպատակով՝ 21 տարեկանէն վեր անհատներուն համար, ներգրաւեց աւելի քան 179 միլիոն տոլար, դառնալով այդ հոլովոյթի ամենէն սուղ միջոցը՝ աւելի շատ, քան մարիկուանայի կապուած բոլոր այլ միջոցները միասին:

Այդ աննախընթաց գումարին մեծ մասը ուղղուեցաւ ձախողած փոփոխութեան աջակցելու համար, որմէ 125 միլիոն տոլարը մէկ ընկերութենէ եկած էր:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

(Յապաւուած)

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024