ՏԵՆԻ ԱՏԼԷՐ ԹՈՓՈՒԶՕՂԼՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, ծանօթացուեցաւ Տենի Ատլէր Թոփուզօղլուի առաջին գիրքը, որ կը բաղկանայ բանաստեղծութիւններէ։ «Քիւլտէն Նեշէթ» կը կոչուի այս գիրքը, զոր լոյս ընծայած է «Հայալ» հրատարակչութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան գրասէրներ, ինչպէս նաեւ հեղինակին ընտանիքն ու բարեկամները։
Շնորհանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան։ Տենի Ատլէր Թոփուզօղլու ներկաներուն համար մակագրեց գիրքերը եւ այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ անոնց կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Թոփուզօղլու գեղարուեստի բնագաւառէն ներս կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Ան 1985 թուականին ծնած է քաղաքիս մէջ։ Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ վերջ յաճախած է Սեն-Փիւլշերի ֆրանսական վարժարանը։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզի մէջ, ուր աւարտած է «Փիէռ Մարի Քիւրի» համալսարանի կենսաբանութեան բաժինը։ Աւելի վերջ «Մարմարա» համալսարանէն ներս աւարտած է ֆրանսերէնի ուսուցչութեան բաժինը։ Դաշնամուրի դասընթացքներու հետեւած է Փարիզի երաժշտանոցէն ներս։ «Միւժտաթ Կեզէն» գեղարուեստի կեդրոնէն ներս ալ թատրոնի ուսում ստացած է։ Նկարչութեան եւ գրականութեան հետ միշտ սերտ աղերս ունեցած է Տենի Ատլէր Թոփուզօղլու, որու գրքի գինեձօնին զուգահեռ ներկայացուեցան իր կողմէ ստեղծագործուած Մայքըլ Ճեքսընի պաստառները։ Յառաջիկայ շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ Մայքըլ Ճեքսընի մօր պիտի նուիրուի եզակի ալպոմ մը։ Զանազան անձերու կողմէ ստեղծագործուած Մայքըլ Ճեքսընի նկարները տեղ պիտի առնեն այդ ալպոմին մէջ։ Տենի Ատլէր Թոփուզօղլուի համար ալ յատկացուած է 7 էջ, ուր պիտի ներկայացուին իր 15 ստեղծագործութիւնները՝ Մայքըլ Ճեքսընի մասին։
Ընկերամշակութային
- 03/01/2025