ԿԱՄԱՒՈՐ ՊԱՀՔԵՐԸ ՀԱՅՈՑ ՄԷՋ
Մեր եկեղեցին ահա կրկին բացած է քառասնօրեայ շրջանը Մեծ Պահքի, որ հոգեւոր հայրերը սահմանած են իբրեւ ինքնամաքրման, ինքնաճանաչման, հոգեւոր պատրաստութեան եւս մէկ առիթ: Մեր եկեղեցւոյ, նաեւ ժողովուրդին կողմէ սահմանուած պահեցողութիւններէն Մեծ Պահքը ամենասպասուածն է հաւատացեալին համար, որ անգամ մը եւս կը ջանայ ինքզինք վերագտնել եւ պայծառ հոգիով ու առողջ մարմինով դիմաւորել Սուրբ Յարութեան տօնը:
Հայոց մէջ եղած են նաեւ կամաւոր պահքեր, որոնք նոյնպէս իմաստալից եղած են, եւ հայ մարդը, ինքն իրեն համար սահմանելով ուրիշ պահոց օրեր՝ առանձնակի բովանդակութիւն դրած է այդ գաղափարին մէջ ալ եւ նոյնքան ջերմեռանդ վարած է այդ օրերը. ինչպէս՝ Մեծ Պահքի խորհրդաւոր շրջանը:
Հայրենի երիտասարդ ազգագրագէտ, աստուածաբան, պատմաբան Յասմիկ Աբրահամեան ուշագրաւ ուսումնասիրութիւն մը կատարած է «Կամաւոր պահքերը հայոց մէջ» խորագրով, որուն մէջ հանգամանօրէն ներկայացուցած է մեր ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցած բոլոր այն պահքերը, որոնք զատ եղած են եկեղեցական գրաւոր կանոններով սահմանուած պահքերէն:
Կամաւոր պահքերուն մասին յիշատակութիւններ կան գրաւոր աղբիւրներուն մէջ, սակայն իբրեւ ամբողջական ուսումնասիրութիւն, Յասմիկ Աբրահամեանի հետազօտութիւնը առաջինն է, որ վեր կը հանէ միջնադարէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը հայոց մէջ տարածուած կամաւոր պահքերը, ատոնց տեւողութիւնը, նաեւ այն նպատակները, որոնք իրականացնելու համար հաւատացեալ հայերը ազատ կամքով մտած են պահեցողութեան մէջ: Օրինակ, Սուրբ Սարգիսի պահքի (Սուրբ Սարգսի տօնին նախորդող Առաջաւորաց պահք) շաբթուայ շաբաթ օրը պահք պահողները կը հաւատային, որ այլեւս խոլինջ (կռանկի ցաւ) պիտի չունենան:
Յասմիկ Աբրահամեան կը նշէ, որ մեր նախնիք կամաւոր կերպով պահած են ինչպէս օրապահքեր, այնպէս ալ եռօրեայ, շաբթական, եօթնօրեայ եւ քառասնօրեայ պահքեր: Ինչ կը վերաբերի օրապահքերուն, ապա ատոնք, եղած են թէ՛ օրացոյցով պահքէն ազատ յայտարարուած չորեքշաբթին եւ ուրբաթը, թէ՛ շաբթուայ մէկ ուրիշ օր: Նոյնը կը վերաբերի քառասնօրեայ պահքին, որ, ըստ Յասմիկ Աբրահամեանի ուսումնասիրութեան, անձը կրնար կամաւոր կերպով պահել թէ՛ Սուրբ Ծնունդին, թէ՛ Վարդավառին նախորդող շրջանին եւ թէ տարուան որեւէ ժամանակ: Այսպիսի պահքի մը ան հանդիպած է 6-րդ դարուն վերաբերող յիշատակութեան մը մէջ: Վարդ Պատրիկի կողմէ կառուցուելիք եկեղեցւոյ մէջ Ստեփանոս Նախավկային մասունքը տեղադրելու նպատակով Երուսաղէմ մեկնած Սիմէոն Միայնակեաց սուրբին մասունքը ստանալէն յետոյ քառասուն օր պահք պահած է: Ուսումնասիրողը կը մատնանշէ ազգագրական, մատենագրական եւ կանոնագիտական հարուստ սկզբնաղբիւրներ, ուր շատ վկայութիւններ կան կամաւոր օրապահքերուն մասին:
Հայոց մէջ հանդիպուող գիտակցաբար ընտրուած օրապահք եղած է Համբարձման տօնին նախորդող չորեքշաբթի օրուան պահքը, որ կը պահէին հիմնականը կիներ, որպէսզի երեխաները այլեւս ծաղիկ հիւանդութեամբ չվարակուին։ Յասմիկ Աբրահամեան կը նկատէ, որ այս պահքին նպատակը տրամաբանական բացատրութիւն ունի։ «Այսպէս. Համբարձման տօնի ժողովրդական ծիսաշարին մաս կազմող խաչաձեւ ծաղկեփունջը կը կոչուի Ծաղկամայր, իսկ տօնը յայտնի է նաեւ Ծաղկամօր տօն անունով: Ազգագրագէտ Վարդ Բդոյեան Համբարձման Ծաղկամայրը կը նոյնացնէ Վարվառա կոյսին հետ, որ բարեպաշտ աղջիկ մը եղած է եւ քրիստոնէութիւն ընդունելու համար իր հօր կողմէն հալածուած ու ապաստանած է Արայի լերան փէշին գտնուող քարայրին մէջ։ Սակայն հովիւները մատնած են կոյսին տեղը: Նահատակուելէն առաջ կոյսը անիծած է հովիւները եւ Աստուծմէ խնդրած, որ ծաղիկ հիւանդութիւն ունեցողները իր անունով բժշկուին։ Ատկէ ետք քարայրը կոչուած է Ծաղկեվանքի կամ Վարվառա կոյսի քարայր, որ ուխտավայր դարձած է: Հետեւաբար՝ մայրերը Ծաղկամօր տօնին պահք բռնած են՝ իրենց զաւակները ծաղիկ հիւանդութենէն զերծ պահելու ակնկալիքով», այսպէս կը բացատրէ Յասմիկ Աբրահամեան Համբարձման տօնի կամաւոր պահքին խորհուրդը, աւելցնելով, որ նոյն պահեցողութեան մէջ մտած մայրերը նաեւ քանի մը տարի շարունակ կամաւոր պահք պահած են շաբթուայ որոշակի՝ ոչ պահոց օրերուն. օրինակ՝ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի՝ փափաքելով, որ նախախնամութիւնը պահպանէ եւ շնորհք տայ իրենց որդւոյն:
Աբրահամեան իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նկատէ, որ որոշ բնակավայրերու մէջ Համբարձման տօնէն ետք նոյնպէս եղած է յօժարակամ պահքի շրջան, որ յայտնի եղած է «Համբարձման», «Սուրբ Հոգիի» կամ «Ինը դաս հրեշտակի պահք» եւ զայն բռնած են Հոգեգալուստէն ութ օր առաջ։ Ազգագրագէտը ուսումնասիրած է, որ այս պահքը կապուած է հետեւեալ աւանդութեան հետ. ըստ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական աւանդութեան՝ Քրիստոս համբառնալու ժամանակ ինն օր ճանապարհին մնացած է՝ ամէն օր հրեշտակի մը մօտ հիւրընկալուելով: Մինչ Գրիգոր Լուսաւորիչ գտնուած է Խոր վիրապի մէջ, անոր ամէն օր հրեշտակ մը այցելած է։ Համբարձման չորրորդ օրը հրեշտակը չէ այցելած, եւ երբ յաջորդ օրը Գրիգոր Լուսաւորիչ հարցուցած է բացակայութեան պատճառը, ըսած է, որ Քրիստոսի Համբարձման առիթով հրեշտակներուն ինը դասերը յաջորդաբար տօնախմբութիւն կազմակերպած են։ Բացակայած օրը եղած է չորրորդ դասինը, ուստի չէ այցելած։ Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Տաթեւացիի եւ ուրիշներու հաղորդած տեղեկութիւններուն յենլով, ազգագրագէտը կը նշէ, որ մինչեւ 15-րդ դարուն կէսերը այդ պահքը գոյութիւն ունեցած է, իսկ յետոյ ձգուած է անհատի կամքին։ Այս պահքը բռնած են մասնաւորապէս Մարաշ, Համշէն, Նոր-Պայազիտ եւ այլ բնակավայրերու մէջ:
Յասմիկ Աբրահամեան կը նկատէ, որ, հաւատացեալները յաճախ որեւէ ուտիքի օր (պահքէ դուրս օրեր, երբ կերակուրի սահմանափակումներ չկան) պահած են կամաւոր պահք, որ վանեցիները կոչած են «բըռնողաց-չբըռնողաց»։ Այս պահքը «ապաղաս» բռնած են, որ կը նշանակէ թեթեւ, փափուկ եւ կամովին լուծելի պահք:
Ըստ Աբրահամեանի ուսումնասիրութեան, երեք կամ հինգ օր տեւողութեամբ պահք պահած են նշանուած կամ նշանուելիք աղջիկները՝ ճէյիզը (օժիտը) աւելցնելու եւ հարստանալու նպատակով։
Կամաւոր շաբաթապահքերուն մէջ ազգագրագէտը կը յիշատակէ նաեւ Աթոռ(ք) կամ Փոխ կոչուող պահքերը, որոնք սովորաբար բռնած են տարիքը առած կիներ՝ տօներուն նախորդող շաբաթապահքերէն առաջ: Այդպիսի պահքերէն ան կը նշէ Սուրբ Սարգիսի, Աստուածածնի, Խոտհունձի, Եղիական փոխերը, Սուրբ Յակոբի Աթոռը, Խաչվերացի, Վարդավառի Փոխը կամ Աթոռը եւ այլն։
Ինչո՞ւ «Փոխ» եւ «Աթոռ» անուանումները: Յասմիկ Աբրահամեան այսպէս կը բացատրէ. «Ենթադրելի է, որ պահքի Աթոռ անուանումը այս պարագային կը նշանակէ գլխաւոր եւ կը խորհրդանշէ անհատին համար տուեալ տօնը կարեւոր ըլլալուն հանգամանքը: Հետեւաբար՝ ատկէ սպասուող ակնկալիքները կատարուած տեսնելու նպատակով անհատը եւս մէկ շաբաթ կամաւոր ինքնազրկումի կը դիմէ: Այս համատեքստին մէջ հասկնալի կը դառնայ նաեւ պահքի Փոխ անուանումը, երբ մարդ ինքզինք յաւելեալ շաբաթ մը ինչ-որ բաներէ զրկելով, «կը նուիրէ» տուեալ տօնին կամ սուրբին՝ իր խնդրանքը ստանալու ակնկալիքով: Այսպէսով, պարզ կը դառնայ, որ կան կամաւոր պահքեր, որոնք սովորոյթի ուժով աւանդական կենցաղին մէջ դարձած են ամենամեայ. օրինակ՝ Վարդավառին Աթոռքը»: Մասնագէտի ուսումնասիրութենէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ տղաներուն եւս յորդորած են պահել այս պահքը՝ սուրբ Կարապետէն շնորհք եւ իմաստութիւն ստանալու ակնկալիքով։
Վարդավառին նախորդող Մեծ պահքը կապուած եղած է Յովհաննէս Մկրտիչի անուան հետ, որ, ըստ աւանդութեան, իր անունի պահքը պահողներուն շնորհած է իմաստութիւն, լարախաղացներուն՝ ճարպիկութիւն, աշուղներուն՝ միտքի թռիչք եւ այլն։
Յասմիկ Աբրահամեան կը նշէ, որ աթոռքները, թէեւ տօնացոյցին մէջ չեն ամրագրուած, սակայն ընդհուպ մինչեւ մեր օրերը կը պահուին եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մօտ կանգնած հաւատացեալներու շրջանակէն ներս:
Աւանդական կենցաղին մէջ եղած են նաեւ ուխատագնացութեան պահքեր. շատեր ուխտի երթալէ առաջ մէկ շաբաթ պահք պահած են:
Եւս մէկ կամաւոր պահք, որուն մասին իր ուսումնասիրութեան մէջ կը յիշատակէ Յասմիկ Աբրահամեան՝ կենտապաս, որ պահած են Երեւանի մէջ եւ որը, ըստ էութեան, շաբաթապահք է: Ան կը նկատէ, որ կենտապասը որպէս շաբաթապահք կը բացատրեն նաեւ լեզուաբաններ Աճառեանը, Սուքիասեանը՝ իբրեւ կենտապասի հոմանիշ ունենալով նաեւ չորապասը, որ նոյնպէս շաբաթապաս է: Ստեփան Մալխասեան կենտապասը կը բացատրէ որպէս շաբթուայ կենտ օրերուն պահուող պահք: Ուստի մասնագէտը կենտապասը կը բացատրէ նաեւ թէ՛ որպէս կենտ օրերուն պահուող պաս, թէ՛ որպէս շաբաթկան պահք:
Աւանդոյթ մը պահպանուած է այն մասին, որ Ղարաբաղի մէջ եղած է պահքատօն, որ, ըստ Յասմիկ Աբրահամեանի, որեւէ շաբթուայ ընթացքին պահուող պահքն էր:
Ան, իր ուսումնասիրութիւններու ընթացքին նաեւ եզակի պահքի դէպքի ականջալուր եղած է, որ բռնած են Դարալագեազի (Վայոց Ձոր) Կորատիզի, Սերսի եւ այլ գիւղերու մէջ. հարսնիքէն յետոյ փեսան եօթը օր պահք պահած է՝ եօթը արու զաւակ ունենալու նպատակով:
Նմանապէս, կամաւոր պահքեր եղած են Կեսարիոյ որոշ բնակավայրերուն մէջ (Չոմախլուի եւ գաւառի միւս բոլոր աւաններուն եւ քաղաքներուն մէջ): Աբրահամեան մասնաւորապէս կը նշէ հիւանդներուն առողջութեան եւ բազմապիսի այլ իղձերու համար բռնուած պահքերը, որոնք ուխտ էին ի վերջոյ։
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՀՔ
Ազգագրագէտ Յասմիկ Աբրահամեան իր ուսումնասիրութեան մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ ի յիշատակ Վարդանանց նահատակներուն պահուող հնգօրեայ պահքին մասին: Վարդանանց նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս յայտնի է, կը տօնուի Բուն Բարեկենդանին նախորդող հինգշաբթի օրը, հետեւաբար՝ տօնին նախորդող պահքը կ՚ըլլայ Առաջաւորաց պահքէն մինչեւ Մեծ պահք երկարող երկշաբաթեայ շրջանի երկրորդ շաբթուան ընթացքին: Հակառակ որ այդ ընթացքին Եկեղեցական տօնացոյցը երբեւէ պահք չէ սահմանած եւ այդ երկու շաբաթները կերուխումի ու զուարճանքներու բարեկենդանեան շրջան եղած է, կամաւոր պահք պահողները երկրորդ շաբաթէն հրաժարած են: Եւ Մեծ պահքը անոնց համար ոչ թէ եօթ, այլ ութ շաբաթ տեւած է: Սուրբ Վարդանի պահք կոչուած այդ արարողութիւնը աւարտած է շաբաթ օրը դէպի Ալափարսի Սուրբ Վարդանի վանք ուխտագնացութեամբ։ Կը նշուի նաեւ, որ այդ պահքը բռնած են մանաւանդ յօդացաւ ունեցողները՝ Սուրբ Վարդանի վանքէն բժշկութիւն հայցելու յոյսով:
Իբրեւ կամաւոր պահքի հետաքրքրական դրսեւորում մը Յասմիկ Աբրահամաեան կը նշէ սգաւորներուն պահքը: Մերձաւորի մահուան պարագային հանգուցեալի ազգականները սուգի
ողջ ընթացքին կամաւոր կերպով հրաժարած են փափուկ կերակուրներէ։ Ան կը վկայաբերէ Աստուածաշունչը, ուր նոյնպէս յիշատակում կայ սգապահքին մասին. Սաւուղի մահուան առթիւ հրեաները եօթը օր պահք պահած են: Վկայակոչելով հայկական աղբիւրները, ազգագրագէտը կը նշէ, որ Եղիշէն եւ Ղազար Փարպեցին նոյնպէս ակնարկներ կատարած են սգապահքին մասին, նկարագրելով, որ պատերազմի ժամանակ ամուսինները կորսնցուցած կիները, «իբրեւ այրիք սգաւորք», հրաժարած են ճաշի սպասաւորումներէն, լուացումներէն, օծումներէն եւ ազնիւ հանդերձներէն։ Անոնք սնանած են կորեկհատով, բանջարեղէնով եւ միայն ջուր խմած են: Տաթեւացիին յղում ընելով, ուսումնասիրողը կը գրէ, որ հայերը սուգը անցուցած են «ի սով եւ ի ծարաւ»։
Այսպէսով, Յասմիկ Աբրահամեան այն եզրակացութեան կու գայ, որ կամաւոր պահքերը ոչ տօնացուցային պահքերն են, որոնք կը պահուին անհատի ցանկութեամբ, հիմնականը որեւէ նպատակի իրականացման համար եւ կը դրսեւորուին սնունդէն եւ կենցաղի ինչ-ինչ օրէնքներէ, կարգերէ՝ որոշակի ժամանակով ամբողջովին կամ մասամբ հրաժարուելով:
Ատոնք ունեցած են զանազան տեւողութիւններ (մէկօրեայ, եռօրեայ, շաբթական, եօթնօրեայ, քառասնորդական), եւ ունեցած են զանազան նպատակներ՝ ամուսնութիւն, որդեծնութիւն, բժշկութիւն, դժբախտութենէ ազատում, սուրբի բարեխօսութեան արժանացում, հանգուցեալի յիշատակի յարգում, ուխտագնացութեան նախապատրաստում եւ այլն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 05/14/2025