ՃԻՈՐՃԻՕ ԱՐՄԱՆԻԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Իտալացի ձեւագէտ եւ նորաձեւութեան տան հիմնադիր սեփականատէր Ճիորճիօ Արմանի հրաժարած է բնական մորթ օգտագործելէ իր նոր հաւաքածոյի ստեղծման ժամանակ: Նման աշխարհահռչակ ձեւագծողներ դէմ կ՚արտայայտուին կենդանիներու հետ դաժան վերաբերմունքին: Ըստ Ճորճիօ Արմանիի, նոր փորձագիտութիւններու շնորհիւ կարելի է այլընտրանք գտնել։
«Ես ուրախ եմ յայտարարելով այն մասին, թէ Armani Group-ը մտադրած է հրաժարիլ իր հաւաքածոներուն մէջ կենդանիներու մորթը օգտագործելէ», յայտարարած է Ճորճիօ Արմանի:
Giorgio Armani ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1975 թուականին, իտալացի ձեւագէտ Ճիորճիօ Արմանիի եւ գործարար Սերճիօ Կալիոտիի կողմէ: Իր անունով առաջին հաւաքածոն աշխարհա-հըռչակ իտալացին՝ Արմանին ներկայացուցած է 1974 թուականին: Ան Իտալիոյ ամենահարուստ անձերէն մին է: