Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը կը նախաձեռնէ «Տատիս սնդուկը» թեմայով ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ցուցադրուին ընտանիքներու մէջ կամ անհատներու մօտ նախորդ սերունդներէն պահպանուած ձեռագործ աշխատանքներ եւ կենցաղային իրեր:
Այն անձերը, որոնք տան մէջ ունին հին ձեռագործեր` գորգ, կարպետ, անկողնապարկ, խուրջին, ասեղնագործ, ինչպէս նաեւ հին խեցեղէն, փայտէ եւ մետաղէ գեղարուեստական իրեր, հին տարազ կամ տարազի բաղադրիչներ, ուստի կրնան մասնակցիլ վերոնշեալ ցուցահանդէսին, որ պիտի կայանայ Մայիսի 18-ին՝ Թանգարաններու միջազգային օրը, Ստեփանակերտի մէջ:
Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016