«ԿՌՈՒՆԿ»Ի ԹԵՒԱԾՈՒՄԸ

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­յաթ Նո­վա երգ­չա­խում­բին հա­մեր­գը։ «Կռունկ» ա­նուան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած էր այս հա­մեր­գը, ո­րու ըն­թաց­քին սա­յաթ­նո­վա­ցի­նե­րը ունկն­դիր­նե­րուն փո­խան­ցե­ցին «Խապ­րիկ մը մեր աշ­խար­հէն…»։

Խմբա­վար Մե­լիք­ճան Զա­մա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ երգ­չա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ ճոխ եր­գա­ցան­կով մը։ Ե­րէց­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նով վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուած երգ­չա­խում­բի կազ­մը ար­ձա­նագ­րեց իս­կա­պէս ու­շագ­րաւ յա­ջո­ղու­թիւն եւ հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար իս­կա­պէս հա­ճե­լի ե­ղաւ ունկնդ­րու­թիւ­նը։ Եր­գե­րուն զու­գա­հեռ ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան պար­քո­վի­զիո­նի մի­ջո­ցաւ ներ­կա­յա­ցուե­ցան հայ գրա­կա­նու­թեան կա­րե­ւոր հե­ղի­նակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն նմոյշ­ներ, ինչ որ իր հեր­թին վառ տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց դահ­լի­ճին վրայ։

Երգ­չա­խում­բի մե­ներ­գիչ­ներն էին՝ Դա­լար Շի­լէ­լեան, Նա­րօտ Էր­քոլ, Նա­րեկ Պոյ­նու­քա­լըն, Մա­սիս Թա­շը, Օն­նիկ Սէլ­վիօղ­լու, Ա­ռէն Սէլ­վիօղ­լու, Շի­րակ Էր­քոլ, Վար­դան Էս­դու­գեան, Մա­րալ Ուս­թա-Պալ եւ Սի­րեմ Ար­թուչ։ Բաց աս­տի, Սա­յաթ Նո­վա երգ­չա­խում­բին հետ նոյ­նա­ցած ա­նուն մը՝ մե­ներգ­չու­հի Շու­շան Գա­լա­թաշն ալ ստանձ­նած էր իր բա­ժի­նը յայ­տագ­րին մէջ եւ ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նուե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին երգ­չա­խում­բը կա­տա­րեց նաեւ «Տէր ո­ղոր­մեա»ի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը, մինչ բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան խմբա­վար Մե­լիք­ճան Զա­ման, մե­նա­կա­տար­նե­րը, նաեւ երգ­չա­խում­բի ու նուա­գա­խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րը։ Այս խան­դա­վառ մթնո­լոր­տին մէջ Շու­շան Գա­լա­թաշ յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նեց խմբա­վար Մե­լիք­ճան Զա­մա­նին։

Սայաթնովացիները այս համերգը ձօնած էին 1915-ի սուրբ զոհերու յիշատակին։

 

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015