ԾԱԳՈՒՄՈՎ ԱԿՆԵՑԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Ակնը՝ հայ գրչութեան նշանաւոր կեդրոններէն մէկը, այսօր իր յիշատակները կը պարզէ գիրքերու էջերէն: Հայոց կորսուած աշխարհներէն է Ակնը, իրմէ անբաժան են հայոց պատմութեան նշանակալի դրուագներ, հռչակաւոր անուններ եւ իրադարձութիւններ: Ըստ պատմական տեղեկութիւններու, Ակնը հիմնած են Սեբաստիա տեղափոխուած Արծրունիները՝ 1022-ին։ Սկիզբը կոչուած է Մարընտունիկ։ Ակն անունը հաւանաբար ծագած է քաղաքի մէջտեղէն հոսող Ակնաղբիւրի անունէն։ ԺԱ. դարուն Արծրունիները Ակնի մէջ կառուցած են Նարեկայ (Ռշտունիքի Նարեկայ վանքի անունով), իսկ աւելի ուշ՝ Սուրբ Նշան վանքերը (Վասպուրականի Վարագայ Սուրբ Նշան վանքի անունով)։

1300-1321-ին Անիէն այստեղ գաղթած հայերը հիմնադրած են իրենց թաղամասը՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիով։ Ակնի մէջ եղած է նաեւ Անի անունով բերդ մը։ ԺԶ. դարու սկիզբին Ակնը կը գրաւուի: 1880-ին քաղաքը ունէր շուրջ 10 հազար բնակիչ, որուն շուրջ 5500-ը հայեր էին։ Տուները քարաշէն էին, երկու, երեք, չորս յարկանի։ Քաղաքը մաքուր էր, բարեկարգ, սալայատակուած փողոցներով։ Ակնցիք վարպետ արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին։ Կարեւոր զբաղմունք էր շերամապահութիւնը։ Արհեստներէն տարածուած էին դերձակութիւնը, ջուլհակութիւնը, կօշկակարութիւնը, դարբնութիւնը, երկաթագործութիւնը, մանածագործութիւնը եւ այլն։

ԺԹ. դարու վերջերը Ակնի մէջ կը գործէին երկսեռ դպրոցներ՝ (Նարեկեան եւ Ներսէսեան), եկեղեցիներ՝ (Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գէորգ), ազգային ընկերութիւններ՝ (Ազգասիրական, Ուսումնասիրական, Արամեան եւ Նարեկեան)։ 1870 թուականին Ակնի մէջ լոյս տեսած են՝ «Ծաղիկ», «Եփրատ», «Մտրակ» թերթերը։ 1873-ին այդտեղ ներկայացուած է «Սուրբ Մեծն Ներսէս» թատրերգութիւնը։

Քաղաքէն ելած են գրչի ու մտքի բազմաթիւ ականաւոր մշակներ՝ բժիշկներ եւ ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, իրաւաբաններ, ազգային գործիչներ, բայց նաեւ՝ հոգեւորականներ։

Նշանաւոր գրող, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Թորոս Ազատեան իր «Ակն եւ ակնցիք» աշխատութեան մէջ տալով նշանաւոր ակնեցիներու անուններ՝ զատ բաժնով կը ներկայացնէ նաեւ ակնեցի հոգեւորականները: Ազատեան նաեւ մէկ տողով կը նշէ անոնց անունները, որոնք առաջնորդ եղած են եւ առընչութիւն ունին Ակնայ անցեալին հետ: Եկեղեցական այդ դէմքերն են՝ Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանց, Գալուստ Եպսկ., Ղազար Եպսկ., Միքայէլ Եպսկ., Մկրտիչ Եպսկ. (հրաշագործ), Յակոբոս Եպսկ. Ճգնաւորեան, Յովհաննէս Եպսկ. Զմիւռնիացի, Աստուածատուր Վրդ., Կիւրեղ Վրդ. Պահլաւունի, Պետրոս Վրդ. եւ Յակոբ Վրդ., որոնք պաշտօնավարած են զանազան շրջաններու մէջ:

Ակնեցի հոգեւորականներու անունները Թորոս Ազատեան կու տայ աւելի մանրամասն նկարագրութեամբ:

Ալիքսանեան Հ. Զաքարիա Վրդ.- Ծնած է Ակն, 1711-ին: Նախակրթութիւնը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ վերջ մեկնած է Վենետիկ եւ հոն կատարելագործած իր ուսումը: Հոգեւորական ասպարէզին հետեւելով 1735-ին վարդապետ ձեռնադրուած է: Աշխատակցած է «Բազմավէպ»ին: Իր գլխաւոր հրատարակութիւնները եղած են՝ «Կշիռ ժամանակի» (1750), «Բիլարմինոսի քրիստոնէական»ը (1760), որ բազմաթիւ տպագրութիւններու արժանացած է, «Գիրք հրաշից Ս. Աստուածածնի» (1772) եւ «Աստուածաշունչ գրոց յատուկ անուանց» բառգիրքը: Վախճանած է 1793 դեկտ. 31-ին՝ Վենետիկի մէջ (Ս. Ղազար):

Ամիրենց Յովհաննէս Աւ. Քհնյ.- Ծնած է 1872-ին՝ Ակնայ մէջ: Իր նախակրթութիւնը ստացած է Նարեկեան վարժարանը:

1888-ին եկած է Իսթանպուլ եւ մշակած երգիծական գրականութիւն՝ աշխատակցելով տեղական թերթերու: 1910-ին հրատարակած է «Ծիծաղներ» կատակերգութիւնը՝ Ակնայ գաւառաբարբառով: Երկու մասէ բաղկացող այս գործը կը ներկայացնէ դրուագներ բնատոհմիկ գաւառական կեանքէ: 1915-1926 հրատարակած է «Անկուտիներու տարեցոյցը», 1926-ին լոյս ընծայած է «Հաճի աղային արկածները» քրքջալիր վէպը: Խմբագրած է «Կուկուկ» եւ «Զուռնայ» զաւեշտաթերթերը:

Ամիրենց հոգեւորական ասպարէզը ընդգրկելով՝ 1927-ին մեկնած է Պուէնոս-Այրէս եւ ստանձնած տեղւոյն հոգեւոր հովուի պաշտօնը: Կրօնաբարոյական եւ այլ յօդուածներով աշխատակցած է «Եկեղեցի Հայաստանեայց» հանդէսին եւ այլ պարբերականներու:

Արսլանեան Գէորգ Արքեպսկ.- Ծնած է Բինկեան, 1867-ին: Աշխարհական անունն է Գարեգին: Ծննդավայրին Մեսրոպեան վարժարանին տեսչութիւնը ատեն մը վարելէ վերջ եկած է Իսթանպուլ եւ 1890-ին եղբօրը հետ հիմնած է ֆանէլայի եւ գուլպայի գործարան մը, որուն համար պատուանշան տրուած է:

1899-էն սկսեալ նուիրուած է եկեղեցական ասպարէզին: Տեսուչ Տիվրիկի (1898) եւ Սվասի (1900) որբանոցներուն: Յաջորդաբար առաջնորդութեան պաշտօններ վարած է Թոքատ, Ակն, Մալաթիա, Խարբերդ, Թէքիրտաղ, Ատանա: Անդամակցած է Կրօն. ժողովին: 1922-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է եւ նոյն տարին կոչուած Իսթանպուլի Պատրիարքական տեղապահութեան պաշտօնին:

1928-ին ուղեւորուած է Եթովպիա, Ատիսապապայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ օծման առթիւ եւ Հապէշ կայսեր կողմէ ստացած երկրին ամենաբարձր պատուանշանը: 1890-ական թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է «Բազմավէպ»ի, «Ա. Մամուլ»ի, «Հ. Կոչնակ»ի, «Անահիտ»ի, «Բիւզանդիոն»ի, «Եփրատ»ի, «Արեւելք»ի, «Գիւղատնտես»ի, «Տաճար»ի, «Հայ Խօսնակ»ի, «Նոր Լուր»ի: Իր գլխաւոր հեղինակութիւններն են՝ «Ժիրայր», «Հովուի խօսքեր», «Հայ զինուորին», «Հայ պանդուխտին», «Գեղեցիկ ասացուածք (Ա.-Գ.)», «Կեանքի դասեր», «Աղուհացից եօթնեակը», «Ուղեւորութիւն յԵթովպիա», «Գիւղական պատկերներ» եւ այլն:

Արսլանեան Վարդան Քհնյ.- 1863-ին ծնած է Բինկեանի մէջ: Տեղւոյն վարժարանին ընթացքը աւարտելէ յետոյ եկած է Իսթանպուլ եւ զբաղած առեւտուրով: Աշխարհականութեան ատեն եւ վերջը ուսուցչութեան պաշտօն վարած է ծննդավայրին եւ Զիմարայի դպրոցներուն մէջ: Քահանայագործած է մինչեւ իր վախճանումը (1914) Խարբերդ:

Վարդան Քհնյ. կանուխէն աշխատակիցը եղած է «Հայրենիք», «Արեւելք», «Մ. Էֆքեար», «Բիւզանդիոն» օրաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Ար. Մամուլ»ի եւ «Տաճար»ի՝ ստորագրելով պատմական, կրօնական, քննադատական եւ ուսումնասիրական հմտալից յօդուածներ:

Շահեկան են մասնաւորապէս իր հայեացքները Օկիւսթ Քոնթի, Պիւխնէրի, Լիտրէի եւ այլ վարդապետութիւններու մասին:

Հեղինակած է կրօնի ուսման դասագրքերու շարք մը:

Արփիարեան Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Կաթողիկոս-պատրիարք.- Ծնած է 1856-ին, Ակնայ Ապուչեխ գիւղը: Նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, 16 տարեկանին նուիրուած է եկեղեցական կոչման: Իսթանպուլ գալով 1884-ին Լեւոնեան կղերանոցին ընթացքը աւարտած եւ քահանայ ձեռնադրուած է: Փոխ-տեսուչ եղած է նոյն հաստատութեան: 1885-ին իր ծննդավայրը դարձած է, յետոյ Խարբերդ ուղեւորուելով 1890-ին եպիսկոպոս ընտրուած է:

1888-1905 պատրիարքական փոխանորդ եղած է Իսթանպուլի մէջ: 1911-ին Մարաշի թեմական առաջնորդութիւնը վարած է մինչեւ 1922 թուականը: Յաջորդ տարի Պէյրութ հրաւիրուած է իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ, իսկ 1027-ին՝ թեմական առաջնորդ:

Արփիարեան, Գերապայծառ Թէրզեանի մահէն յետոյ, 1933-ին Սուրիոյ Տան Կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուած է՝ Աւետիս Պետրոս ԺԴ. անունը առնելով:

1933-ին Հռոմ այցելութենէն յետոյ, դարձին, 1934-ին իր յիսնամեայ յոբելեանը տօնուած է եւ իր ջանքերով բացուած պատրիարքական նորակերտ շէնքը: Վախճանած է 1937-ին:

Բարիազենց Մատթէոս Վրդ.- Ծնած է Ապուչեխի Չերազ թաղը: Միաբան Երուսաղէմի եւ տեսուչ Ս. Փրկչի եկեղեցիին: 1791-ին ընդօրինակած եւ յիշատակ տուած է Ս. Յակոբի վանքին «Մեկնութիւն Եսայեայ մարգարէին» գիրքը, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Տաթեւացիին «Քաղուածոյ մեկնութիւն Սաղմոսացը»՝ 1785-ին եւ թափօրի տետրակ մը՝ 1808-ին:

Մատթէոս Վարդապետ իր տեսչութեան օրով (1794) Ս. Փրկչի եկեղեցին «չինի»ով զարդարած է եւ գրած է յիշատակարան մը նոյն եկեղեցիին հարաւային պատին վրայ:

Մատթէոս Վրդ. Չերազցի վարած է նաեւ Ս. Գերեզմանին լուսահանութեան պաշտօնը եւ վախճանած է 1845-ին:

Գասեան Պետրոս Աւ. Քհնյ.- Ծնած է Բինկեան: Աշխարհական անունով՝ Զարեհ: Տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանին ընթացքը աւարտելէ յետոյ, զբաղած է ուսուցչութեամբ: Յետոյ ընդգրկած՝ եկեղեցական ասպարէզը: Քահանայագործութեան հետ շարունակած է ծառայել կրթական ասպարէզին: Կոչուած է Ակնայ առաջնորդական տեղապահի պաշտօնին եւ այդ շրջանին գլխաւոր դասախօսներէն ու վարիչներէն մէկը եղած է Նարեկեան Կեդրոնական վարժարանին (1912-1914): Իր օրով զարկ տրուած է Ակնայ եւ արուարձաններու կրթական կեանքին: Իր մահը տեղի ունեցած է 1915-ին:

Գրիգոր Վարդապետ.- Ծնած է Ակն: Շղթայակիր Գրիգոր Պատրիարքի օրով Երուսաղէմի վանքին միաբաններէն եղած է, նաեւ՝ խոստովանահայր: Նուիրատուութիւններ ըրած է Ս. Յակոբայ վանքին:

Եփրեմ Վարդապետ.- Ծնած է Ակն, Երուսաղէմի վանքին միաբաններէն: Եղած է նուիրակ Ակնայ՝ 1774-ին եւ նուիրակ Գաղատիոյ՝ 1777-ին:

Իգնատոսեան Պատուելի Մարտիրոս.- Ծնած է Ակն՝ 1842-ին: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Ներսէսեան եւ Նարեկեան վարժարաններուն մէջ: 1858-ին գացած է Խարբերդ, ուր հետեւած է թրքերէնի: 1863-ին Ասիամանի մէջ ընդունած է բողոքականութիւնը: 1866-ին առեւտրական գործով անցած է Մալաթիա եւ հոն ուսուցչութեամբ ալ զբաղած: 1868-ին աշակերտած է Խարբերդի Աստուածաբանական ճեմարանին:

1869-ին դարձած է իր ծննդավայրը եւ 1875-ին ձեռնադրուած բողոքական երէց: 1889-ին ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է Խարբերդի գոլէճին մէջ: Իսկ 1882-ին վերջնականապէս հաստատուած է Այնթապ, ուր Ամերիկեան գոլէճին մէջ իբր դասախօս պաշտօն վարած է տարիներ:

Մանավեան Վեր. Կ. Մ.- Ծնած է 1866-ին՝ Ակն: Տեղւոյն Ներսէսեան եւ բողոքականաց վարժարաններուն մէջ ուսումը ստանալէ յետոյ աւարտած է Եփրատ գոլէճի շրջանը: Ուսուցչական պաշտօններ վարած է Մալաթիոյ եւ Իզմիրի մէջ: 1891-ին մեկնած է Ամերիկա եւ Շիքակոյի Աստուածաբանական ճեմարանի ընթացքը աւարտելէ վերջ, հետեւած է Լէյքֆորէսթի համալսարանի հոգեբանութեան ու փիլիսոփայութեան դասերուն: 1897-էն սկսեալ հոգեւոր հովուութեան պաշտօններ վարած է ամերիկեան ժողովական եկեղեցիներուն մէջ:

Վեր. Մանավեան աշխատակից եւ խմբագիր եղած է «Հ. Կոչնակ» շաբաթաթերին, որուն համար թարգմանած է Սթոքըրի «Վարք Յիսուսին»:

Մինաս Ա. Կաթողիկոս Ակնեցի.- Ծննդեան որոշ թուականը եւ ծննդավայրին մէջ անցուցած պատանեկութեան կեանքը՝ մինչեւ եկեղեցական ասպարէզին նուիրուիլը՝ անծանօթ կը մնան:

Աշակերտած է Ամրտոլցի Վարդան վարդապետին: Յետոյ Գլակայ Ս. Կարապետի առաջնորդութիւնը վարած է: 1711-ին եւ 1743-ին ուխտաւորութեամբ այցելած է Երուսաղէմ: Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած է 1749-ին եւ երկու տարի պաշտօնավարելէ յետոյ Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան աթոռը բարձրացած է 1751-ին: Հաշտարար ու խոհական հայրապետ մը եղած է, վերջ տալով ներքին պառակտումներու ու թշնամութեանց: Վախճանած է 1753-ին:

Յովհաննէս Վրդ. Ապուչեխցի.- Եղած է խոստովանահայր եւ միաբան Ս. Երուսաղէմ վանքին:

Նալեան Յակոբ Պատրիարք.- Ծնած է Ակնայ Զմմարա գիւղը: Կոլոտի աշակերտը եւ ձեռնասունը եղած է: Իբր գրագէտ, լեզուագէտ եւ աստուածաբան առաջին տեղը գրաւած է ժամանակակից հոգեւորականներուն մէջ: Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ձեռնհասօրէն վարած է 1741-1749-ին եւ 1752-1764-ին: Վերջին օրերը անցուցած է Սկիւտարի վանքը, ուր վախճանած է 1746-ին:

Նալեան Պատրիարքը հեղինակած ու հրատարակած է «Վէմ հաւատոյ», «Քրիստոնէական, մեկնութիւն Նարեկի (ստուար ուսումնասիրութիւն)», «Հոգեշահ», «Ճրագ ճշմարտութեան», «Զէն հոգեւոր», «Գանձարան ծանուցմանց», «Գիրք աղօթից» եւ այլ գործեր:

Քաջ թրքագէտ ըլլալով արտադրած է թրքերէն երկեր ու բանաստեղծութիւններ «Նիհատի» ծածկանունով: Հայերէնի թարգմանած է Քեաթիպ Չէլէպիի «Ճիհաննիւմա» ընդարձակ աշխարհագրութիւնը, որ կը մնայ անտիպ:

Պօղոս Արքեպիսկոպոս.- Ծնած է Ակն եւ ապրած ԺԸ. դարերուն: Իր ծննդավայրին պատմական անցեալը երեւան բերելու համար, երկար տարիներ հետազօտութիւններ կատարած է հին տոմարներու, յիշատակարաններու եւ առաջնորդական արխիւներու մէջ: Եղած է առաջնորդ Ակնայ:

Պօղոս Արքեպիսկոպոսի յամառ պրպտումներուն շնորհիւ, 1750-ին երեւան բերուած է մասնաւորապէս Տատեան համբաւաւոր գերդաստանին ծագման վաւերագիրը, ուր մի առ մի կ՚երեւան 14 սերունդի պատկանող ներկայացուցիչները նախկին Պերոզեան (յետոյ Տատեան) ազնուական ընտանիքին: Այս ճիւղագրութիւնը անկորուստ կը մնայ: Իր մասին կենսագրական տեղեկութիւնները կը պակսին:

Տրդատ Աւ. Քհնյ. Պոյաճեան.- Ծնած է Ակն՝ 1868-ին: 1893-ին Իսթանպուլ եկած է եւ առեւտրական գործերով զբաղած է մինչեւ հոգեւորական ասպարէզին նուիրուիլը: 1895-ին քահանայ ձեռնադրուած է Գումգաբու: 1905-էն ի վեր Պատրիարքարանի ամուսնութեան եւ նշանախօսութեան դիւանապետի պաշտօնը վարած եւ երկար տարիներ փոխանորդ եղած է մէկէ աւելի պատրիարքներու:

1908-էն ի վեր անդամակցած է Ազգ. Ընդհ. ժողովին ու Դատաստ. խորհուրդին: Որպէս կաթողիկոսական պատուիրակ իր ծննդավայրէն ուղեւորուած է Էջմիածին:

1911-ին աւագերէց կարգուած է Մայր եկեղեցիին, ուր ծառայած է մինչեւ իր մահը (1931) եւ ստացած՝ լանջախաչ ու ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն:

Սահակ Պատրիարք Ապուչեխցի.- 1650-ական թուականներուն Ապուչեխ ծնած է: Իր մանկութեան եւ ինչ պարագաներու տակ հոգեւորական ասպարէզին նուիրուելու մասին տեղեկութիւնները կը պակսին:

1707-ին Սահակ Ապուչեխցի Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած է եւ ինն ամիս պաշտօնավարելէ յետոյ հրաժարած է: Երկրորդ անգամ պատրիարք ընտրուած է 1708-ին, նոյն ատեն վարելով Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը:

Խաղաղ պաշտօնավարութիւն մը ունեցած է, օգտակար հանդիսանալով պատրիարքական զոյգ հաստատութիւններուն: Ընդօրինակած է Գէորգ Սկեւռացիին «Եսայեայ մեկնութեան» գիրքը եւ ընծայած Ս. Յակոբայ վանքին:

Սահակ Ապուչեխցիի պաշտօնավարութիւնը տեւած է մինչեւ 1714-ը, իր վախճանման թուականը:

Սիւրմէեան Արտավազդ Արք.- Ծնած է Ակն՝ 1889-ին: Աշխարհիկ անունով՝ Տիգրան: Եօթը տարեկանին եկած է Իսթանպուլ: Նախնական ուսումը առած է Գատըքէօյի Արամեան վարժարանը: Յաճախած է Կեդրոնական, յետոյ՝ Պէրպէրեան, որուն շրջանը աւարտած է 1908-ին: Կանուխէն նուիրուած է ուսուցչական ու գրական ասպարէզներուն: Տեսչական պաշտօններ վարած է գաւառի եւ Իսթանպուլի ազգ. վարժարաններուն մէջ:

1918-ին ընդգրկած է եկեղեցական ասպարէզը եւ քարոզչական ու առաջնորդական շարք մը պաշտօնավարութիւններ ունեցած է: Անդամակցած է Կրօն. ժողովին, Վանօրէից խորհուրդին եւ Ազգ. խնամատարութեան: 1924-ին կոչուած է Հալէպի առաջնորդութեան պաշտօնին, զոր վարած է տարիներ: Այժմ առաջնորդ է Պէյրութի: Իր գրական աշխատութիւններն են՝ «Էրթօղրուշ», «Նկարագիրն Օշին թագաւորի ձեռագիր ժամագրքին», «Պատմ. Հալէպի ազգ. գերեզմանատան» եւ այլն, «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Հալէպի (Ա.-Բ.)» եւ այլն:

Հրատարակած է «Հայրենիքի քնար», «Սասուն», «Հայ Խօսնակ» պարբերականները եւ «Տաթեւ» տարեգիրքը (1925-1930): Ունի չհրատարակուած 16 ուրիշ երկեր:

Սրբուհի Մայրապետ Ապուչեխցի.- 1801-ին Ս. Յակովբայ վանքին նուիրած է մարգարտայեռ սեւ թաւիշէ գեղեցիկ սաղաւարտ մը:

Փափազեան Անանիա Աւ. Քհնյ.- Ծնած է Կամարակապ գիւղը եւ աւարտած տեղւոյն Արամեան վարժարանը: Շատ կանուխէն նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին: Յետոյ ընդգրկած է եկեղեցական ասպարէզը եւ քահանայ ձեռնադրուած է Ապուչեխի Ս. Նշան եկեղեցիին վրայ: Ուսուցչական ասպարէզը չէ ձգած մինչեւ իր կեանքին վերջը: Անդամակցած է Ակնայ Կրօն. եւ Գաւառ. ընդհ. ժողովներուն:

Նախագահած է տեղին թաղային խորհուրդին եւ իր շրջանին բարեկարգ վիճակ մը ստացած են եկեղեցական ու կրթական գործերը Ապուչեխի մէջ: Իր վախճանումը տեղի ունեցած է 1915-ին:

Քէօմիւրճեանց Կոմիտաս Քհնյ.- 1600-ին Ակնէն գաղթած Քէօմիւրճեան Սարգիսի շառաւիղներէն է Կոմիտաս Քհնյ. եւ եղբայրը՝ Երեմիա Չէլէպի: Ծնած է 1656-ին: Եկեղեցական ասպարէզը ընդգրկելու ատեն լուսաւորչական էր, յետոյ յարած է կաթոլիկութեան: Կրօնական վէճերու եւ հալածանքներու առիթով խոյս տուած է Երուսաղէմ: Յետոյ Իսթանպուլ դարձին թշնամութեանց նշաւակ դարձած եւ բանտարկուելով ունեցած է ճակատագրական վախճան մը՝ 1707-ին: Կոմիտաս Քհնյ. Քէօմիւրճեան 1705-ին հրատարակած է կրօնական ոտանաւորներու գրքոյկ մը: Ոտանաւորի վերածած է նաեւ «Գործք Առաքելոց»ը: Իրեն նուիրուած են կենսագրական մէկէ աւելի հատորներ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024