ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԼԻԱՐԺԷՔՕՐԷՆ ԿԻՐԱՌԵԼԻ՞
Ժողովուրդի ինքնակառավարումը՝ այսինքն ժողովրդավարութիւնը գրեթէ անկիրառելի քաղաքական վարչակարգ մըն է։ Ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեամբ քաղաքական վարչակազմ մը երբեք կատարելագործուած ձեւով չի կրնար բանիլ։ Արդարեւ, իսկական ժողովրդավարութիւնը երազային է։
Պատմութեան ընթացքին ժողովուրդի ինքնակառավարման իմաստով իշխանութեան օրինակ մը չէ եղած։ Նոյնիսկ այսօր, երբ տեղեկատուական եւ հաղորդակցական թեքնոլոժիները կը զարգանան անհաւատալի արագութեամբ, թէեւ ներկայիս կան հնարաւորութիւններ՝ անհատներու քաղաքականութեան մասնակցութեան, սակայն որեւէ ժողովուրդի անդամներու մօտ դեռ գոյութիւն չունի ինքնակառավարութիւն։ Ապագային նման յաջողութեան հասնիլը դժուար կը թուի: Ամփոփ խօսքով՝ պէտք է ընդունիլ ժողովրդավարութեան անհնարութիւնը։ Բոլոր այն քաղաքական վարչակարգերը, որոնք մենք այսօր կ՚անուանենք «ժամանակակից ժողովրդավարութիւն», հեռու են իրական ժողովրդավարութենէն։ Ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները բազմաթիւ թերութիւններ ու ձախողումներ ունին։
Ժողովրդավարութեան անհնարութեան պատճառներէն մին թերի տեղեկատուութիւնն է։ Ընտրողները զանազան պատճառներով լիարժէք տեղեկատուութիւն չեն ունենար թեկնածուներու, քաղաքական կուսակցութիւններու, կառավարութեան քաղաքականութեան եւ որդեգրուած քաղաքականութեան արդիւնքներուն մասին: Ցաւօք, չկան միջոցներ, որոնք կրնան ամբողջութեամբ վերացնել տեղեկատուութեան պակասի, ապատեղեկատուութեան կամ քաղաքական անտեղեակութեան խնդիրները։ Այս բոլորը ամբողջութեամբ վերացնել հնարաւոր չէ, քանի որ թերի կամ պակաս տեղեկատուութիւնը մասամբ պայմանաւորուած է ընտրողներու տեղեկատուութիւն ստանալու չկամութեան պատճառով։
Ժողովրդավարութեան անհնարութեան այլ պատճառներէն մին քաղաքական անտարբերութիւնն է։ Արդեօք ընտրողները քաղաքականութեան մասին տեղեկատուութիւն հաւաքելու դրդապատճառ չունի՞ն։ Անոնք կը կարծեն, թէ իրենց որոշումները բաւական ազդեցութիւն չեն գործեր ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Քաղաքական անտարբերութիւնը ընտրողներու համար չափաւոր հիմնաւորումներ ունի։ Նման իրավիճակի մէջ ընտրողները կրնան անտարբեր ըլլալ՝ չբարձրաձայնելով իրենց նախապատուութիւնները քաղաքական որոշումներու կայացման գործընթացէն ներս։
Արդարեւ, եթէ մէկդի թողենք այլ պատճառներ, ապա միայն քաղաքական տգիտութեան եւ քաղաքական անտարբերութեան գործօնները համոզիչ կերպով ցոյց կու տան ժողովրդավարութեան լիարժէքօրէն անկիրառելիութիւնը։
Փոքրամասնութիւններու կառավարումը տարրական նշանակութիւն ունի ժողովրդավարական երկիրներու մէջ՝ անկախ կիրառուած կանոններէն ու ձեւէն: Այսօր, ժամանակակից ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ինքնիշխանութիւնը ո՛չ թէ ժողովուրդինն է, այլ հասարակութեան մէջ իշխանութիւն եւ գերակայութիւն ունեցող ընկերային խաւերուն։ Ըստ տեսաբան Ֆրիտրիխ Ա. Ֆոն Հայէքի, ժողովրդավարութիւնը, իրականութեան մէջ, ընկերային դասակարգերու, վերնախաւերու կամ շահագրգիռ խումբերու գերիշխանութիւնն է:
Ժամանակակից ժողովրդավարութիւններու մէջ քաղաքական ուժերու իշխանութիւնը յաճախ տրամաբանօրէն սահմանափակուած չէ: Քաղաքական ուժերը իրենց իշխանութիւնը կրնան օգտագործել ո՛չ թէ ի շահ ժողովուրդի, այլ հակառակը՝ ի վնաս անոնց։ Հայէք եւ Պուքանան այն երկու մտածողներն են, որոնք կը պաշտպանեն այս հանգամանքը՝ ունենալով շատ հիմնաւորուած փաստեր: Երկու մտածողներն ալ կը նշեն, թէ ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները անսահմանափակ են եւ արդիւնքին ժողովուրդի ազատութիւնը կը նեղնայ քաղաքական վարչակազմերու կողմէ։
Այլեւս կարելի չէ անտեսել մտածող մարդոց մօտ ժողովրդավարութեան նկատմամբ վստահութեան աստիճանական կորուստը։ Երբեմն ժողովրդավարութեան անուան տակ յառաջ քշուած պահանջները այնքան վտանգաւոր կ՚ըլլան, որ իւրաքանչիւր ողջամիտ, զգօն քաղաքացի կ՚արձագանգէ ժողովրդավարութեան դէմ։ Այս տեսանկիւնէն եւս յայտնի կը դառնայ, թէ ժողովրդավարութիւնը կատարեալ քաղաքական վարչակարգ մը չէ:
Ժողովրդավարութիւնը, որպէս հասկացութիւն, միշտ ենթարկուած է իմաստի փոփոխութեան, նաեւ ապականման եւ մեկնաբանութեան ուռճացման։ Ուստի, իւրաքանչիւր անհատ, որ կը խօսի եւ կը գրէ ժողովրդավարութեան մասին, նախ պէտք է մտածէ ժողովրդավարութեան բուն իմաստին մասին։ Ըստ ֆրանսացի քաղաքագէտ Ալեքսիս տը Թոքեւիլի, «ժողովրդավարութիւն» եւ «ժողովրդավարական պետութիւն» սահմանումներու օգտագործման պակաս կայ, որովհետեւ դեռ այս բառերը յստակ չեն սահմանուած եւ անոնց իմաստները չեն համաձայնեցուած։ Ժողովրդավարութիւնը վերածուած է համակարգի մը, որ կը ներկայացնէ փոքրամասնութեան մը անսահմանափակ իշխանութիւնը։ Դիմումի կամ սահմանափակ պետական համակարգի պարագային գերագոյն իշխանութիւնը ժողովուրդի կարծիքն է, այլ ոչ թէ ժողովուրդի կամքը։
Մեծամասնութեան կամքը կրնայ ճնշել այլ մարդոց վրայ։ Պէտք է կանխել մեծամասնութեան կողմէ իշխանութեան չարաշահումը։ Քաղաքականութեան մէջ մեծամասնութեան իշխանութիւնը հիմնաւորելը բարոյապէս չ՚արդարացներ ժողովրդավարութիւնը։ Փոքրամասնութեան կողմէ մեծամասնութեան կառավարումը բռնակալութիւն է։ Մեծամասնութեան կողմէ փոքրամասնութեան կառավարումը նոյնպէս բռնակալութիւն է։ Երկու պարագային ալ կը գործէ «դուք մեր ուզածը կ՚ընէք, ոչ թէ ձեր ուզածը» կանոնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ