ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

​Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 14.3-17:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 10.18-11.10:
Մարկոսի Աւետարանէն 10.1-12:

Մարկոսի Աւետարանին յիշուած հատուածին մէջ կը կարդանք ապահարզանի՝ ամուսնալուծութեան մասին հետեւեալը.

Յիսուս հոնկէ ելլելով՝ եկաւ Հրէաստանի սահմանները, Յորդանան գետին դիմացի կողմը եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք Իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ՚ուսուցանէր։

Փարիսեցիերը Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան Անոր եւ հարցուցին.

-Մեր օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու։

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի։

Անոնք պատասխանեցին.

-Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն։

Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց։ Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց։

Տան մէջ աշակերտները դարձեալ նոյն նիւթին շուրջ հարցուցին Յիսուսի։ Անիկա պատասխանեց.

-Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ առաջինին դէմ։ Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէ ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ։

Ապահարզանի՝ ամուսնալուծութեան հարցը ինչպէս անցեալին, ներկայիս նաեւ կը շարունակէ մնալ մարդու առօրեան չարչրկող ամենէն աւերիչ գործօններէն մէկը: Անցեալին, յստակ օրէնքները կային այս ուղղութեամբ եւ մարդիկ այսպէս կամ այնպէս այդ օրէնքներով կ՚առաջնորդուէին: Ներկայիս, հակառակ այն իրողութեան, որ դարձեալ օրէնքներ՝ աւելի բարոյական օրէնքներ կան այս ուղղութեամբ, սակայն նկատի ունենալով մարդուն արժէնքերէ դատարկուած ըլլալու իրողութիւնը եւ կամաւորաբար ու գիտակցաբար նիւթի ու նիւթականի տիրապետութեան գերի դառնալուն հանգամանքը, ո՛չ միայն բարոյական օրէնքները չեն գործեր, այլեւ իրաւական օրէնքներն ալ, որով մարդուն ներկայի կեանքը վերածուած է կենդանաբանական այգիի մը, ուր իւրաքանչիւր ոք կ՚ապրի, կը շարժի ու կը գործէ իր ուզածին պէս, իր հասկցածին ու ըմբռնածին համաձայն: Իսկ այդ կենդանաբանական այգիին տէրն ու տիրականը, թագաւորն ու արքան սատանան է:

Աւետարանական վերոնշեալ հատուածին մէջ կը տեսնենք, թէ հրեաները կը մօտենան Յիսուսի, որպէսզի փորձեն զԻնք այս հարցին վերաբերալ: Կը հարցնեն Անոր, թէ մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու: Յիսուսի առաջին արձագանը կ՚ըլլայ, թէ ձեր Օրէնքով՝ Մովսէսի տուած օրէնքով ի՞նչ թելադրուած է ձեզի: Անոնք կը պատասխանեն, թէ Մովսէս արտօնած է իրենց: Յիսուսի պատասխանը շշմեցուցիչ կ՚ըլլայ.

-Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Իր խօսքին ազդեցութիւնը աւելի զօրաւոր դարձնելու համար ալ, դարձեալ Մովսէսի գրած գիրքէն՝ Ծննդոցէն հետեւեալ երկու մէջբերումները կը կատարաէ.

ա. Աստուած արու եւ էգ ստեղծեց մարդը (տե՛ս Ծն 1.27, 5.2):

բ. Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան (Ծն 2.24):

Այս երկու հաստատումներով Տէր Յիսուս կու գայ անոնց եւ անոնց միջոցով ամբողջ մարդկութեան բացատրելու, թէ Աստուած մարդը արու եւ էգ ստեղծեց, որպէսզի մէկը միւսը ամբողջացնէ, մէկը միւսով ամբողջանան, իրարու նեցուկ, համերաշխ, տէր ու պահապան ըլլալով: Որովհետեւ, այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, որով մէկ մարմին՝ մէկ ամբողջութիւն պիտի ըլլան: Պարզ ու յստակ է ըսուածը:

Յետագային սակայն, երբ մարդ մեղքի կեանքին մէջ օր օրի սկսաւ խորանալ, ի շարս այլ մեղքերու, երեւան եկաւ նաեւ ընտանեկան անհաւատարմութեան ախտը, այսինքն՝ դաւաճանութիւնը, որով ամուսիններէն մէկն ու մէկը անհաւատարիմ գտնուելով իրենց միութեան ուխտին՝ -քանի որ ամուսնութիւնը խորքին մէջ ուխտ մըն է, եւ իւրաքանչիւր խեղաթիւրուած ու չգործադրուած ուխտ մեղք է եւ դատապարտութեան արժանի արարք-, կը պղծէր իրենց այդ միութիւնը ուրիշի մը հետ կենակցելով:

Արդարեւ, երբ այս երեւոյթը կը սկսի տարածուիլ եւ մնայուն կերպով խնդիրներ յառաջացնել՝ խաթարելով հրեայ ժողովուրդին առօրեայ կեանքը, Աստուած Մովսէսին միջոցով անոնց յստակ օրէնքներ կու տայ այս մասին: Բ. Օրինացին մէջ, օրինակ կը կարդանք. «Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ: Երբ կինը անոր տունէն ելլելով երթայ ուրիշի մը հետ ամուսնանայ, եթէ երկրորդ այրն ալ զանիկա ատելով արձակման թուղթ մը գրէ ու անոր ձեռքը տալով՝ իր տունէն ճամբէ, կամ եթէ երկրորդ ամուսինը մեռնի, առաջին ամուսինը, որ զանիկա ճամբեր էր, պէտք չէ դարձեալ անոր հետ ամուսնանայ, անոր պղծուելէն ետքը. քանզի Տիրոջը առջեւ պղծութիւն է այս բանը» (Բ. Օր 24.1-4):

Այստեղ անարգութեան բան մը գտնելուն համար արտայայտութիւնը յարաբերական է, որովհետեւ յստակ մատնանշում մը չկայ, թէ ի՛նչ են այդ անարգութեան չափանիշերը, կամ ո՞ր երեւոյթներն են որ անարգութեան նշան կրնան համարուիլ: Աւելին, ինչպէ՞ս պիտի փաստուի այդ անարգութեան հանգամանքը: Յստակ է սակայն, որ արձակուած կին մը առնելը այդքան ալ ընդունելի չէր, որովհետեւ արձակման թուղթը անբարոյականութեան համահաւասար ուժգնութիւն ունէր: Հետաքրքրական կէտ մըն ալ կայ այստեղ, երբ կ՚ըսէ, թէ եթէ կին մը իր ամուսինէն բաժնուելով երկրորդի մը հետ ամուսնանայ, եւ եթէ երկրորդ ամուսինը մեռնի, առաջին ամուսինը պէտք չէ անոր հետ ամուսնանայ, քանի որ պղծութիւն է այդ Տիրոջ առջեւ, որովհետեւ կինը իր երկրորդ ամուսնութեամբ պղծուած կը համարուի իր առաջին ամուսինին համար:

Ընթերցողը պիտի տեսնէ, թէ ի՜նչ խրթին հարց մըն է ամուսնալուծութեան այս հարցը եւ թէ ինչու Տէր Յիսուս կ՚ըսէ, թէ Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով տուաւ այս օրէնքն ու նմանատիպ այլ օրէնքներ: Տեղափոխուինք մեր առօրեայ եւ մենք մեզի հարցնենք.

-Այսօր մենք եւս խստասիրտ չե՞նք բարոյականութեան նկատմամբ, Աստուծոյ օրէնքներուն նկատմամբ.

Խստասրտութիւն մը, որ մեզ անբարոյ սանձարձակութեան տարած է,

Խստասրտութիւն մը, որ մեզի հաճելի թուացող ամէն ինչ արտօնած է մեզի:

Խստասրտութիւն մը, որ գոցած է մեր հոգիին աչքերը եւ մարմինի կոյր աչքերը՝ առաջնորդ դարձուցած մեզի:

Խստասրտութիւն մը, որ մեր եսը վերածած է բացարձակ իշխողն ու կառավարողը մեր կեանքին, մեր այս պանդխտութեան:

Պահ մը մտաբերենք, թէ այսօր ինչքա՜ն շատցած է ամուսնալուծութիւններուն թիւը:

Պահ մը մտաբերենք, թէ այսօր ինչքա՜ն շատցած է թիւը պայմանական ամուսնութիւններուն:

Պահ մը մտաբերենք, թէ այսօր ինչքա՜ն շատցած է թիւը երկրորդ, երրորդ, չորրորդ ամուսնութիւններուն:

Պահ մը մտաբերենք, թէ այսօր ինչքա՜ն շատցած է թիւը ամուսնացած զոյգերուն սիրային «քաջագործութիւնները» իրենց ամուսնացած վիճակով իսկ, երբեմն եւ շատ յաճախ նոյնիսկ զաւակներու առկայութեան պարագային:

Մէկ խօսքով, այսօր մեր ընկերութիւնը կ՚ապրի բարոյականութենէ եւ սրբութիւններէ, արժէքներէ դատարկուած ժամանակաշրջան մը, ուր կ՚իշխեն նիւթն ու նիւթական՝ կենդանաբանակ այգիի թագաւորին գլխաւորութեամբ:

Այսօրուան ամուսնալուծութեան գլխաւորագոյն պարագաներէն մէկը այն է, որ երիտասարդ զոյգ մը ամուսնանալէ ետք, յանկարծ ամուսինը կը յայտնաբերէ, թէ իր կինը կոյս չէ (չնայած այսօրուան գիտութիւնը այդ հարցին եւս «լուծում» տուած է), եւ կամ որոշ ժամանակ մը միասին ապրելէ ետք կը յայտնաբերէ թէ իր կինը սիրեկան ունի, եւ այլն… արդի՞ւնքը… ամուսնալուծութիւն, որովհետեւ այսօրուան ընկերութեան համար ամուսնալուծութիւնը կօշիկ հանելու կամ կօշիկ մը փոխելու մակարդակին հասած է: (Վերը կնոջ անհաւատարմութեան պարագան ներկայացուցի, բայց նոյնը եւ աւելի կը վերաբերի ամուսինին, չնայած մեր արեւելեան մտածելակերպի ախտագին դրուածքը ամուսինը վերածած է անձեռնմխելի «սրբութեան» մը, որ ամէն ինչ կրնայ ընել, որովհետեւ ատիկա իր «իրաւունքն» է: Սա մեր հասարակութեան ուղեղին վրայ եկած մեծ ՊԱԼԱՐ մըն է, որ ըստ իս մեր հասարակութեան բարոյազրկման գլխաւոր պատճառն է):

Այսօրուան մեր ընկերութեան մէկ այլ պախարակելի երեւոյթներէն մէկը նախամուսնական շրջանին մարմնական յարաբերութիւն ունենալն է, որ արդէն իսկ բնական երեւոյթի վերածուած է՝ ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններով, ֆիզիքական առողջութենէ սկսած հասնելով մինչեւ հոգեբանական խնդիրներու…: Պարզապէս յիմարութիւն եւ մեղքը մեղքով ծածկելու ապարդիւն փորձ: Խորքին մէջ այս երեւոյթը ո՛չ միայն խոցելի կէտ մըն է, այլեւ անառողջ յարաբերութիւններու արմատն ու ծնունդը, միւս կողմէ բազմաթիւ երիտասարդ աղջիկներու եւ տղաներու դժբախտութեան եւ կեանքէն յուսահատելու պատճառ: Արդարեւ «եթէ կինը շնութիւն ըրած է մէկու մը հետ, որու հետ կ՚ապրի եւ որուն հետ յետոյ պիտի ամուսնանայ, այսինքն՝ շնութեան ենթական եւ երկրորդ ամուսինը նոյն անձն է, այդ կապը կամ ամուսնութիւնը շնութի՞ւն կը կոչուի: Այո՛, որովհետեւ նոյն այդ յարաբերութիւնը կը շարունակուի, կ՚օրինականանայ կամ կը պաշտօնականանայ, բայց՝ կը մնայ: Կարեւոր չէ թէ երկրորդ անձը ով է, որովհետեւ ան ով ալ ըլլայ, այդ յարաբերութիւնը միշտ ալ կը մնայ շնութիւն» («Հնգամատեանի մեկնութիւն», Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Երեւան 2019, էջ 565-566): Եթէ իւրաքանչիւր ոք որ առանց պսակուելու յարաբերութեան կ՚երթայ, պահ մը մտածէ, որ ինք այդպիսով ինքզինք շունի կը վերածէ, վստահաբար, այդ քայլին պիտի չերթար: Աւելին, եթէ ամուսնութեան պատրաստուող զոյգը ականջ տալով զիրենք շրջապատող մարդոց, կամ չդիմանալով իրենց կիրքերուն որոշեն յարաբերութիւն ունենալ, պահ մը մտածեն, որ այդպիսով իրենց ամբողջ կեանքը շուներու վերածուած պիտի ապրին, ապա վստահաբար կը շտապէին եկեղեցի, կը ծնկէին Աստուծոյ դիմաց եւ իմաստութիւն ու առաջնորդութիւն կը խնդրէին, որպէսզի իրենց միութիւնը սուրբ եւ մաքուր ըլլայ:

Վերը անդրադարձանք, որ եթէ կին մը իր ամուսինէն բաժնուած է եւ ուրիշի մը հետ ամուսնացած, որոշ ժամանակ ետք երկրորդ ամուսինը մահացած է, ապա առաջին ամուսինը պէտք չէ վերստին ամուսնանայ իր կնոջ հետ: Արդարեւ, «Օրէնքը ինչո՞ւ կ՚արգիլէ տղամարդուն վերադարձը իր նախորդ կնոջ՝ զայն շնութիւն կոչելով: Եկեղեցին նոյնը կ՚արգիլէ՞, թէ՞ չ՚արգիլեր: Եթէ Աստուած պատրաստ է բոլոր մեղքերը ներելու եւ կ՚ուզէ մեզի եւս այդ բացարձակ ներողամտութիւնը սորվեցնել, ինչո՞ւ ամուսնական կապի պարագային Իր օրէնքը կ՚ըսէ, թէ իրենց նախկին դրութեան վերադառնալը շնութիւն է: Եկեղեցին ներկայիս պէ՛տք է հետեւի նոյն սկզբունքին, ա՛յդ է Քրիստոսի ալ դրած սկզբունքը, թէեւ բոլոր առաջնորդները իրենց որոշումները չեն կայացներ Աստուածաշունչի սկզբունքին հետեւելով:

Մեզի համար էականը այն է, որ Քրիստոս Հին կտակարանի այս սկզբունքէն տարբեր բացատրութիւն մը չի տար: Երկրորդ, հաւանաբար անոր մէջ կը տեսնէ մարմնաւոր տուեալ մը. մարդ այնքան ատեն որ այս մարմինին մէջ է, այնքան ատեն որ այս մարմնաւոր տաճարը պղծուած է ու այդ յարաբերութիւնը՝ խախտած, իր առաջին կնոջ վերստին դառնալով երկրորդ յանցանք մը գործած պիտի ըլլայ, անհաւատարմութեան վրայ նոր անհաւատարմութիւն մը գործած պիտի ըլլայ. այլապէս՝ ներողամտութիւնը պէտք է առաջնորդէր, որ առաջինին հետ կենակցութիւնը թոյլատրուէր: Եթէ արձակուած կինը ուրիշի մը հետ կապ ունեցած չէ եւ անոր հետ ամուսնացած չէ, այդ պարագային կը թոյլատրէ նախկին ամուսիններու կենակցութիւնը, զայն շնութիւն չի նկատեր, որովհետեւ միջանկեալ ուրիշ կապ մը գոյութիւն չունի» («Հնգամատեանի մեկնութիւն», Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Երեւան 2019, էջ 566):

Մարկոսի Աւետարանին վերոնշեալ հատուածին մէջ կարդացինք. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ առաջինին դէմ։ Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէ ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ»: Ինչպէ՞ս հասկնալ: Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ.

Նախ ըսեմ, որ պոռնկութիւնը սեռային մարմնաւոր անհաւատարմութիւնն է: Շնութիւնը՝ սեռային հոգեկան անհաւատարմութիւնը: Երկուքն ալ մահացու մեղանչումներ են:

Այս առիթով, Յիսուսի միտք բանին այն է, թէ ամէն ամուսնացեալ զոյգ Աստուծոյ միացուցածն է. անոնք երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Թէ՛ այրը եւ թէ՛ կինը իրենց ուխտին կատարելապէս հաւատարիմ պէտք է ըլլան («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ 2016, էջ 355):

Վերը անդրադարձանք ամուսնական հաւատարմութեան մասին, որ այր ու կինի միութեան հիմնասիւնն է, եւ՝ «այդ միութեան պահպանման համար կարեւոր պայման է հաւատարմութիւնը: Որպէսզի զոյգ մը միացած մնայ՝ փոխադարձաբար հաւատարիմ պէտք է ըլլան այրը եւ կինը: Առանց հաւատարմութեան՝ ամուսնական միութիւնը չի պահպանուիր:

Անոր պահպանման համար այլ պայման է հնազանդութիւնը: Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ այս կոչը ըրած է այրերուն եւ կիներուն. “Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկառանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով”(Եփ 5.21): Ուրեմն, միաւորուած զոյգի մը փոխադարձ հնազանդութիւնը՝ պատկառանքի արտայայտութիւն է Աստուծոյ Որդիին, հետեւաբար նաեւ Անոր՝ որ զԱյն առաքեց:

Արդ, այս ծիրէն դիտելով՝ ի՞նչ է շնութիւնը:

Շնութիւնը խախտումն է հաւատարմութեան: Հին հասկացողութեամբ՝ շնութիւնը մարմնական մոլորութիւն էր: Այսինքն՝ երբ հիները շնութիւն կ՚ըսէին՝ կը հասկնային միաւորեալ զոյգի մը մէկ անդամին մարմնական ցանկութեան յագեցումը՝ իր կողակիցէն զատ ուրիշի մը հետ:

Յիսուս կու գայ ըսելու, թէ շնութիւնը միայն մարմնական այն մոլորութիւնը չէ: Երբ մէկը անհաւատարմութեան աչքով կը նայի ուրիշի մը կնոջ կամ այրին՝ արդէն իսկ շնացած կ՚ըլլայ…» («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ 2016, էջ 100):

Աւարտելու համար ըսենք, թէ ամուսնալուծութեան առաջնորդող, ամուսնալուծութեան գլխաւոր պատճառ հանդիսացող «շնութիւնը մարդիկը անսրբութեան կ՚առաջնորդէ: Զայն պէտք է արմատախիլ ընել զոյգի մը կեանքէն, որպէսզի ընտանիքը մաքուր մնայ: Մաքուր ընտանիքն է, որ Աստուծոյ տեսութենէն չի զրկուիր» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան): Հետեւաբար, մաքո՛ւր պահենք մենք մեզ նախ եւ առաջ, մեր ընտանիքները, մեր ամուսնական միութիւնը, որպէսզի այդ մաքրութեամբ կարենանք զԱստուած տեսնել եւ զԱստուած ընդունիլ մեր յարկերէն ներս: Եւ որպէսզի մեր օրերուն աստուածատեսութեան հասնինք, պէտք է գիտակցութիւն ձեռք բերենք ու դուրս գանք կենդանաբանական այգիէն ու անոր պարտադրած իրավիճակներէն, կառչինք Աստուծոյ, քանի որ մենք Աստուծոյ անդաստանին արժանի՛ ենք եւ ո՛չ թէ կենդանաբանական այգիին: Ամուր պահենք մեր ամուսնական կեանքը՝ Աստուծոյ օրհնութեան եւ առաջնորդութեան ներքեւ, որպէսզի հասնինք ու արժանի ըլլանք Յաւիտենական Ընտանիքին անդամներ դառնալու եւ յաւիտեանս փառաբանելու այդ Ընտանիքին զարդն ու պսակը՝ Սուրբ Երրոդրութիւնը, Որուն փառք յաւիտեանս: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2023