ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ ԳՐՈՂԻ «ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ» ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Լիբանանահայ տաղանդաւոր եւ վաղամեռիկ գրող Պետիկ Հերկելեան Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն սկսած է ճանաչում գտնել:

Մինչ այդ՝ գրական ընտրանի խաւ մը միայն գիտէր հեռաւոր Լիբանանի մէջ կարճ կեանք ունեցած, բայց բուռն ստեղծագործած այս գրողին մասին, որուն գործերը զանազան ճանապարհներով կը հասնէին Հայաստան եւ մանաւանդ կը տարածուէին ճաշակաւոր գրականութիւն գնահատողներու շրջանակէն ներս:

2020 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Պետիկ Հերկելեանի ստեղծագործութիւններու գրեթէ ամբողջական ժողովածոն՝ «Ընտրանի» խորագրով, գրականագէտ Ալեքսանտր Թոփչեանի նախաձեռնութեամբ եւ խմբագրութեամբ: Անուանի գրանականագէտը նաեւ գրած է ժողովածոյի յառաջաբանը՝ տալով Պետիկ Հերկելեանի դիմագծի ուրուագիծը: Ալեքսանտր Թոփչեան նոյն տարին հեռացած է կեանքէն, պատերազմի եւ այլ պատճառներով գիրքի շնորհանդէսը տեղի չէր ունեցած: Օրերս Հայաստանի Գրողներու միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտրանի»ի շնորհանդէսը, հրատարակուած էր նաեւ «Յուշապսակ» խորագրով գրքոյկ մը՝ նուիրուած Պետիկ Հերկելեանի 70-ամեակին, որ լրացաւ այս տարի: Այս ձեռնարկը Պետիկ Հերկելեանը ա՛լ աւելի մօտեցուց հայրենի ընթերցողին, մանաւանդ՝ հայրենիքին, որու գաղափարը մշտամնայ ներկայ է Պետիկի ստեղծագործութիւններուն մէջ:

«Յուշապսակ» խորագրով գրքոյկին մէջ զետեղուած են գրողներու, գրականագէտներու, Պետիկ Հերկելեանի մտերիմներու, ընտանիքի անդամներու գրութիւնները, գնահատականները՝ տաղանդաւոր գրողի մասին, լուսանկարներ անոր մանկութենէն, պատանեկութենէն, խմբագրական գործունէութենէն եւ այլն: Ան կեանքէն հեռացած է 33 տարեկանին, բայց ապրած է բովանդակալից, ստեղծագործական կեանք մը, որ լի էր սիրով, կարօտով, արկածներով եւ մանաւանդ՝ ճանաչումով, որ Պետիկ ձեռք բերած է օրին՝ Լիբանանի մէջ, դառնալով իր եւ իրմէ պզտիկ սերունդի համար ոգեշնչման լուսաւոր կէտ մը: Այդ լոյսի հետագիծը կ՚երկարի տարիներու վրայ եւ այսօր շատեր կը խոստովանին, որ գրական, մտաւորական կեանք մտած են՝ Պետիկէն ներշնչուելով եւ անկէ ճառագած ուժի շնորհիւ:

Ինքն ալ միշտ քաջալերած է շնորհք եւ տաղանդ ունեցող նորերը, հակառակ որ Լիբանանի աւանդական միջավայրին մէջ նորութիւնը, նորարարութիւնը միշտ գրկաբաց չէ ընդունուած: Պետիկ Հերկեալեան չէ ամուսնացած, ընտանիք չէ կազմած, իր «զաւակները» ձեւով մը իր գիրքերն են, որոնք այսօր կը խօսին հայերէնին նուիրուած, իր հայերէնը ստեղծած գրողին մասին:

ՅՈՒՇԱՊՍԱԿ

«Ընտրանի» գիրքի շնորհանդէսին եւ գրողի 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան նշեց, որ Պետիկ Հերկելեանի գրողական աշխարհին ծանօթացած է տարիներ առաջ եւ զինք գրաւած է բանաստեղծութիւններու մէջ ժամանակակից քերթողութեան ոգիին յարիր լեզուամտածողութիւնը, պատկերաշարը, նիւթերու բազմազանութիւնը: Ան ըսաւ, որ բարեբախտութիւն ունեցած է ըլլալու գրողի ծննդավայր Այնճար գիւղին մէջ՝ անոր բանաստեղծական օրրանը, իսկ անոր քերթուածները ընթերցելու ընթացքին միշտ զգացած է այդ միջավայրը, որուն հարազատ մնացած է գրողը՝ իր գրականութեան մէջ:

Միլիտոնեան նշեց, որ Պետիկ Հերկելեանի քաղաքական երգիծանքի, ինքնաերգիծանքի ժանրով գրուած գործերը յաջողութեամբ կարելի է դասել արեւմտահայ, սփիւռքահայ երգիծագիրներու գործերու կարգին, բայց միաժամանակ ան ստեղծած է իր ուրոյն ձեռագիրը, որ ոչ մէկ գրողի ձեռագրին հետ կարելի է շփոթել:

Իսկ կարգին, բանաստեղծ Հենրիկ Էտոյեան, գնահատելով Պետիկ Հերկելեանի գրական ժառանգութիւնը՝ նշեց, որ Հերկելեանին բնորոշ է ժանրային բազմազանութիւնը՝ քնարերգութիւն, արձակ, գրականագիտութիւն: Պետիկ Հերկելեան իբրեւ գրանակագէտ անդրադարձած է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ՝ Հայաստանի ժամանակակից գրական շարժումներուն, ակնյայտ է, որ ան իր հայեացքը սեւեռած է հայրենիքի վրայ եւ ոչ մէկ գրող, լաւ գրական գործ դուրս մնացած է իր ուշադրութենէն:

Ապա հանդէս եկաւ Գրող Վահան Զանոյեան, որ նոյնպէս ծնունդով Լիբանանի Այնճար գիւղէն է, ըսաւ, որ թէեւ իր հայրենակից Պետիկ Հերկելեանը չէ ճանչցած, սակայն անոր գրածները ամբողջական ճանաչում կու տան գրողի մասին, որու գրականութեան մէջ, Զանոյեանի բնորոշմամբ՝ չարչարուած, յոգնած բառեր չկան: Ան նաեւ մատնանշեց այնճարցիին բնորոշ այն լաւագոյն յատկանիշները, որոնք կը կրէր Պետիկ Հերկելեան եւ որոնք արտայայտուած են անոր գործերու տողատակերուն եւ շեշտը դրաւ ատոնցմէ մանաւանդ հողի պաշտամունքին վրայ։ Ան ըսաւ, որ գրողի արծարծած տիեզերական, համամարդկային հարցերէն բացի, հողի այդ պաշտամունքը ամենաայժմէական գիծն է, որ կայ իր գրականութեան մէջ:

Ելոյթ ունեցողները հիմնականը կը նշէին այն ափսոսանքը, որ կենդանութեան օրօք չեն ճանչցած երիտասարդ տաղանդաւոր գրողը, իսկ «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան նախագահը՝ Պերճ Ղազարեան Պետիկ Հերկելեանը յետմահու պարգեւատրեց «Մուսալեռ» յուշամետայլով եւ պատուոյ գիրով՝ անոր ունեցած բեղուն գրական գործունէութեան համար: Յուշամետայլը յանձնուեցաւ Պետիկ Հերկելեանի եղբօր՝ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանին, որու ընտանիքի ջանքերով ալ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած է Պետիկ Հերկելեանի հայրենիք «վերադարձը»:

*

Պետրոս Հերեան (աւազանի անունով՝ Պետիկ Հերկելեան) ծնած է Լիբանանի Այնճար գիւղը՝ 1954 թուականին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, փոխադրուած է Պէյրութ եւ հետեւած՝ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն կաճառի դասընթացքներուն։

Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը ընդհատուած է, սակայն ան յետագային յաջողած է շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ կաճառէն շրջանաւարտ եղած է 1985 թուականին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը։

1976 թուականին գործուղուած է Յունաստան եւ երկու տարի վարած՝ «Ազատ օր» օրաթերթին խմբագիրի պաշտօնը։

1978 թուականին վերադարձած է Լիբանան եւ միացած՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան:

Պետիկ Հերկելեան իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած է դպրոցական գրասեղաններուն վրայ: 1973 թուականին լոյս ընծայած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն դուրս», որուն էջերուն մէջ ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները։ 1983 թուականին կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը, 1985 թուականին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր պագանեմ» խորագրով իր երրորդ քերթողագիրքը։

1986 թուականին լոյս տեսած է իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը։ Նոյն տարին խմբագրած եւ մամուլին յանձնած է Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քերթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր կեանքիս գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը։

Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Լիբանանի Ճիպէյլ շրջանի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ հասած է եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքառումներէ ետք, մահացած է 1987 թուականի մարտի 10-ին։

1992 թուականին, յետմահու, բանաստեղծին հարազատները հրատարակած են անոր «Գրական վերլուծական էջեր» խորագիրը կրող հատորեակը, որ կ՚ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները։

2004-ին, խմբագրութեամբ Սոնիա Թաշճեանի, Հայաստանի մէջ հրատարակուած է նաեւ Պետիկ Հերկելեանի ստեղծագործութիւններէն կազմուած ժողովածոյ մը՝ «Հատընտիր» խորագրով: Այս հրատարակութեամբ Հերկելեանի գրականութիւնը առաջին անգամ տպագիր տեսքով կը ներկայանար Հայաստանի ընթերցողին: Իսկ Ալեքսանտր Թոփչեանի հրատարակած «Ընտրանի» ժողովածոն ցայսօր լոյս տեսածներէն առաւել ամբողջականն է, կ՚ընդգրկէ հեղինակի կենդանութեան օրօք եւ մահուընէ ետք լոյս տեսած անոր բոլոր գիրքերը: Այս գիրքին մէջ Պետիկ Հերկելեան ընթեցողին կը ներկայանայ իբրեւ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրականագէտ: «Ընտրանի»ն լոյս տեսած է բանաստեղծի ընկերներուն մեկենասութեամբ։ Հատորի կողքին զետեղուած է լիբանանահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի «Պետրոս Հերեան յանձնառու բանաստեղծը» դիմանկարը եւ հեղինակէն տասնաբանեայ խոհեր, իսկ հատորին մէջ ընթերցողը կը գտնէ Կիրակոսեանի «Բանաստեղծը» խորագրեալ իւղաներկի պատճէնը։

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

(Գրուած Պետիկ Հերկելեանի «Եուհու» երգիծավէպի ընթերցումէն յետոյ՝ ոգեշնչուած այդ ստեղծագործութեամբ):

Խորհրդային Միութեան մէջ, այսպէս կոչուած, ձիւնհալէն ետքը, ինծի ալ, Մոսկուա, սկսան, խստին գրաքննութենէն ճողոպրելով, հասնիլ յատկապէս Պէյրութէն գիրքեր ու ամսագրեր, որոնց ամբողջութիւնը մերթ ընդ մերթ կը ստուգուէր տեղւոյն վրայ, կամ ալ կը տարուէր կեդրոն ներքին գործոց նախարարութեան տգէտ աշխատակիցներուն կողմէ, որովհետեւ վտանգաւորը քու կարդալդ չէր այնքան, որքան զանոնք ուրիշին տալը: Ահա այսպիսի գաղտնապահութեամբ է, որ ութսունական թուականներուն, կը յիշեմ, «Բագին»ի թիւերուն մէկուն մէջ հանդիպեցայ քաղաքական բովանդակութեամբ բանաստեղծութեա՞ն մը, թէ՞ բանաստեղծութիւններու տակ Պետիկ Հերկելեան ստորագրութեան: Միտքս մնացած է ինչ-ինչ այլ գրութիւններու մէջ աչք ծակող լեզուական լղրճումներէն ետքը, բանաստեղծին մաքուր, անխառն արեւմտահայերէնէն կրած տպաւորութիւնս նաեւ:

Օրերս աւելի քան հաստատեցի զայն, ծանօթանալով անոր բանաստեղծական ժողովածուներուն ու մանաւանդ արձակ գործերուն:

Պետիկ Հերկելեան դասական տաղաչափութենէն գրեթէ ոչինչ կը պահէ իր բանաստեղծութիւններուն մէջ՝ ո՛չ յանգ, ո՛չ չափ, ո՛չ իսկ կանոնաւոր հատուած, սակայն կը ջանայ չդաւաճանել մեր աւանդական քերթութեան ընդհանուր պատկերային համակարգին…

Բանաստեղծութեան նման ըմբռնումն ու յատկապէս «Եւ Երկիր պագանեմ» քերթողագիրքին ծանրութեան կեդրոնը կազմող ինչ-ինչ արձականման կտորներ, ինչպէս «Փոխան ծիծաղի» եւ այլն, այնքան ալ հեռու չեն արձակագիր Պետիկ Հերկելեանի վերջին «Եուհու» վերնագիրով երգիծական ստեղծագործութենէն, ուր հեղինակը կրցած է ըստ բաւականին աշխոյժ մթնոլորտ եւ քանի մը յաջող կերպարներ ստեղծել:

Պատումը, եթէ կարելի է այսպէս կոչել՝ երկի զարգացման ուղղակի զսպանակը, կը սկսի այսպէս. անծանօթ մոլորակէ մը Եուհու անսովոր անունով անձնաւորութիւն մը օդապարիկով կ՚իջնէ Լիբանան, որ կը տուայտի քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքներուն մէջ: Ապա սկիզբ կ՚առնեն անոր այցելութիւնները զանազան տուներ, լրիւ սանձարձակութեան կոչով զեկուցումները իգական եւ արական սեռերու ազատութեան եւ բամբասանքի մասին, յետոյ մանր-մունր դէպքեր եւ հանդիպումներ եւ հուսկ ապա նոյն միջոցով ու ճամբով անոր վերադարձը:

Մեր հերոսը ոչ այլ ոք է, քան գոռոզ, իգամոլ եւ յանձնապաստան մէկը, որ կոչուած է կարծես աւելի աղճատելու քաղաքացիներու, ի մասնաւորի՝ կիներու աւանդական բարքերը, քան բարւոքելու զանոնք իր օրինակով: Միշտ աննկատելի, խորհրդաւոր քմծիծաղ մը կայ իր դէմքին վրայ եւ երկիմաստութիւն՝ բառերուն մէջ: Այս իմաստով տիպական է իր վերջին կցկտուր խօսակցութիւնը իրեն սիրահարած եւ ամուսինը տունէն վտարած կնոջ հետ:

Արդարեւ, մեր բանաստեղծ-արձակագիրին ակներեւ յաջողութիւնն է Եուհուի կերպարը, որով կը մեկնաբանուի գրեթէ բոլոր «գործող անձանց» իսկութիւնը: Ստեղծագործութեան աւարտին ոչ ոք կը հարցնէ իւրովի, թէ ինչո՞ւ եկաւ եւ ինչո՞ւ մեկնեցաւ այդ մարդը:

Անկարելի է չընդգծել նաեւ հեղինակին կենդանի պատմելաձեւն ու որոշ հերոսներու, շատ յաճախ իրենց միամտութեամբ սրամիտ երկխօսութիւնները:

Եւ վերջապէս, Պետիկ Հերկելեանի մշակած գրականութիւնն ալ, ինչպէս Վահէ Օշականինը, որուն գրելաձեւին նմանողութեամբ քերթուած մը կայ «Եուհու»ին մէջ, այո՛, մեր հեղինակին մշակած գրականութիւնն ալ, այսպէս կոչուած, բաց գրականութիւնն է, որ, ինչո՞ւ չէ, իրաւունք ունէր եւ ունի գոյութիւն ունենալու այս ամէն ինչով լայնաբաց աշխարհին մէջ:

Ինծի կը թուի, թէ «Եուհու»ի տաղանդաւոր հեղինակը կը շարունակէր յետագային ալ հաւատարիմ մնալ նոյն գրականութեան…

«Կամար», Պէյրութ, թիւ 23, 2015թ.

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024