ՀՆԱՄԵՆԻ ԹԻՖԼԻԶԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծումի առթած յոյզերը, ապրումները կը շարունակեն տարածուիլ եւ փոխանցուիլ: Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրած հինգ նոր եպիսկոպոսներէն երեքը անցնող օրերուն իրենց զգացումները բաժնած էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ. անոնք բոլորը արդէն վերադարձած են Հայաստանէն, իրենց թեմերէն եւ աթոռներէն ներս արդէն կատարած են պատարագներ, ընդունած են շնորհաւորական այցելութիւններ եւ նոր պատասխանատուութեամբ լծուած աշխատանքի:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան վերադառնալէ ետք կրկին Հայաստան ժամանած էր՝ վիրահայերու կողմէ օգնութիւն մը բերելով Հայաստանի մէջ հանգրուանած աւելի քան 40 արցախցի ընտանիքներու: Արցախէն գաղթածներն ու անոնց առօրեան հայութեան թիւ մէկ օրակարգն են այսօր, իսկ բնական է, որ Հայաստանին ամենամօտ գտնուող արտասահմանեան թեմէն առաջին օգնութիւնները չեն ուշացած, տեղեկացանք նաեւ, որ այն շարունակական պիտի ըլլայ: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը նաեւ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
-Սրբազան Հա՛յր, ի՞նչ զգացումներ ունիք ձեռնադրման եւ օծումի առթիւ:
-Ուրախալի զգացողութիւններ են, որ արժանացանք այս կոչումին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ, իսկ երկրորդը, որ շատ աւելի կարեւոր է՝ պատասխանատուութեան զգացումն է, որով պէտք է շարունակեմ յետագայ ծառայութիւնս: Ճիշդ է՝ հայութեան համար դժուար, տագնապալի օրեր էին ձեռնադրութեան եւ օծումի օրերը, եւ այդ տագնապը տակաւին կը շարունակուի, բայց կը կարծեմ, որ այդ մէկը ա՛լ աւելի պէտք է զօրացնէ մեզ հոգեւոր տեսակէտէն, ձեռնադրութիւնը ինքնին հոգեւոր զօրացում է:
-Վիրահայոց թեմի գլխաւոր դժուարութիւնը ո՞րն է այսօր եւ ի՞նչ քայլեր կ՚առնուին՝ յաղթահարելու համար զանոնք:
-Թեմի գլխաւոր դժուարութիւնը այսօր կրկին Հայաստանին կ՚առընչուի: Իւրաքանչիւր հայ, հայ եկեղեցի յաճախող իւրաքանչիւր ոք այս պահուն տագնապած է եւ բոլորին միտքերը Արցախի ու Հայաստանի, Արցախէն տարհանուած ժողովուրդին հետ է: Մենք ալ, որպէս հոգեւորականներ, կը փորձենք մխիթարել զանոնք եւ կը քաջալերենք մեր ժողովրդը, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր կրցածին չափով դիւրացնէ այդ մարդոց կեանքը՝ գիտակցելով հանդերձ, որ չենք կրնար զիրենք վերադարձնել իրենց նախկին կեանքին, բայց քիչ մը դիւրացնել անոնց կեանքը՝ կարո՛ղ ենք եւ պարտաւո՛ր ենք:
-Յուսահատութիւն կը նկատէ՞ք արցախցիներուն մէջ:
-Հայաստան գալու առաջին օրերուն կարծես թէ կը նկատուէր այդ յուսահատութիւնը, բայց հիմա աւելի յոյս կը տեսնեմ անոնց մէջ եւ իմ մէջս ալ աւելի շատ յոյս կայ հիմա: Քիչ մը փոխուած են հիմա անոնք, այդպէ՛ս կը տեսնեմ, բայց անշուշտ ատիկա իմ կարծիքս ու զգացողութիւնս է:
-Ամէն անգամ երբ Հայաստանի մէջ իրավիճակը կը ծանրանայ, սփիւռքի մեր հայրենակիցներն ալ իրենց կարգին կ՚ապրին այդ ծանրութիւնը՝ յուսահատութեան մէջ յայտնուելով իրենք ալ: Թեմերէն ներս ի՞նչ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի սփիւռքահայերը հոգեպէս ամուր մնան:
-Անպայման պէտք է տարուի աշխատանք, որպէսզի մարդիկ ոչ թէ յուսահատին, այլ կրեն պատասխանատուութիւն, որ իրենք այդ պահուն պէտք է աւելի ամուր կեցած ըլլան Հայաստանի կողքին: Այդ աշխատանքը տարուած է թէ՛ քառօրեայ, թէ՛ 44-օրեայ պատերազմներու, թէ՛ Սեպտեմբերի այս պատերազմի ժամանակ եւ թէ այս վերջին դէպքերու ժամանակ ու կը շարունակուի: Ճիշդ է՝ նշուած այս բոլոր ժամանակներուն ես Վրաստան չեմ ծառայած, բայց ուր որ ծառայած եմ, նոյնը ըսած եմ՝ այս պահուն պէտք է աւելիո՛վ ըլլանք Հայաստանի կողքին: Նոյնիսկ մարդիկ, որոնք այս դէպքերուն հետ կապուած չեղարկեցին իրենց թռիչքները դէպի Հայաստան, որոնք միշտ կու գային հանգստանալու կամ ուղղակի տարեկան իրենց այցելութիւնը կը կատարէին հայրենիք, անոնց միշտ կ՚ըսէինք, որ եթէ դուն կը վախնաս կամ կը վարանիս գնալու քու հայրենիքդ, այդ պարագային ինչպէ՞ս դուն քեզ հայ կը կոչես: Անշուշտ, չենք ըսեր, թէ զէնքը վերցուր սահման գնա՛, բայց հայրենիք այցելելով, կարիքաւորներուն համար բան մը ընելով արդէն հայրենիքիդ կողքին եղած կ՚ըլլաս: Մանաւանդ երիտասարդութեան մասին կ՚ըսեմ այս մէկը: Տարեցները միշտ ա՛յլ կարծիքի են, անոնք ունին քիչ մը կաղապարուած մօտեցում, ինչ որ փոխել դժուար է, բայց երիտասարդութեան մօտեցումը կարելի է փոխել եւ պէտք է փոխել եւ անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ աւելի լաւ աշխատիլ: Պէտք է անոնք վերադարձնել մեր հայրերու Աստուծոյ:
Թէ՛ իմ ուխտիս պատարագին եւ թէ Թիֆլիզի մէջ իմ առաջին եպիսկոպոսական պատարագին պատգամս այն եղած է, որ աւելի մօտենանք մեր Աստուծոյ: Մեր այս վիճակին մէջ գտնուելու պատճառը այն է, որ մենք հեռացած ենք մեր Աստուծմէ: Եւ այնպէս պիտի ընենք, որպէսզի իւրաքանչիւրը գիտակցի այդ մէկը: Ժամանակին մեր հայրերը, պապերը, մեր նախնիները, երբ կ՚երթային պատերազմի, ծառայութեան, զինուորութեան, առաջինը կ՚երթային եկեղեցի… Իսկ հիմա ինչքա՜ն բան փոխուած է… միայն գաւաթները կը բարձրացնեն եւ երկար ճառեր կ՚ըսեն եւ ատորով կը վերջանայ, նոյնն ալ հայրենասիրութեան պարագային է: Երբ մենք կրկին մօտենանք Աստու-ծոյ, շատ բան ա՛յլ կերպ կ՚ըլլայ:
-Վիրահայոց թեմին համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը, որուն արժանացաւ թեմի առաջնորդը:
-Նախ եւ առաջ մեր հաւատացեալներուն քով ակնյայտ է իրենց ուրախութիւնը, գոհունակութիւնը… Բազմաթիւներ անոնցմէ՝ թէ՛ երիտասարդներ, թէ՛ տարեցներ եկած հասած էին Սուրբ Էջմիածին այս առիթով: Երկրորդն այն է, որ առաջնորդական գահին երբ եպիսկոպոս է, բնականաբար բոլորովին այլ վերաբերմունք է թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ այստեղ գտնուող միւս եկեղեցիներու, թէ՛ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ:
-Վիրահայերը աշխարհագրօրէն ամենամօտն են Հայաստանին, այդ առումով նաեւ վերաբերմո՞ւնքն ալ տարբեր է Հայաստանի հանդէպ՝ առաջիններէն մէկը հայրենիքի խնդիրներուն արձագանգելու առումով:
-Միշտ արձագանգած են եւ առհասարակ դրական է վերաբերմունքը հայրենիքի հանդէպ: Ընդհանրապէս, այս ընթացքին ինչքան որ կոչ եղած է աջակցելու հայրենիքին, բոլորն ալ մեծ խանդավառութեամբ ու անմիջապէս ընդգրկուած են այդ գործին մէջ:
-Դուք ուխտի ձեր պատարագը մատուցեցիք Ս. Շողակաթ եկեղեցիին մէջ: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի այդ եկեղեցին ձեզի համար:
-Ինծի համար շատ-շատ մեծ երջանկութիւն էր Ս. Շողակաթի մէջ ուխտի պատարագս մատուցելը, քանի որ Սուրբ Էջմիածնի բոլոր վանքերուն մէջ ես մատուցած էի պատարագ, իսկ Սուրբ Շողակաթին մէջ չէի մատուցած, բոլորովին այլ զգացողութիւն էր: Եւ խորհրդանշական էր, որ եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագս հոն էր, ուր հնամենի, աղօթքներով սրբագործուած պատմութիւն կայ, նաեւ ընդհանրապէս մեր բոլոր վանքերն են այդպիսին…
-Ի՞նչ ըսելիք ունիք ձեր օծակից եղբայրներուն:
-Անոնք արդէն վերադարձած են, ամէն մէկը իր երկիրը, ամէն տեղ կան դժուարութիւններ, ամէն տեղ իւրովի են ատոնք, բայց այսօր ես կը կարծեմ, որ ամենադժուարը իմ օծակից եղբայրներէս Թէոդորոս եւ Կորիւն Սրբազաններու համար է, որոնք կը գտնուին Երուսաղէմի մէջ: Ամենածանր իրավիճակը այս պահուն թերեւս Երուսաղէմի մէջ է. կ՚աղօթենք անոնց համար, կ՚աղօթենք, որ անփորձանք մնայ Երուսաղէմի մեր պատրիարքութիւնը:
ՀԱՅ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ
Գերշ. Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան, աւազանի անունով Գէորգ, ծնած է 1982 թուականին՝ Վրաստանի մայրաքաղաքը Թիֆլիզի մէջ:
1989-1999 թուականներուն ուսանած է քաղաքի թիւ 104 միջնակարգ դպրոցին մէջ:
1999-2004 թուականներուն ուսանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը:
2004 թուականի դեկտեմբերի 25-ին՝ Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին, ձեռամբ Հարաւային Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս Եպսկ. Ներսիսեանի, ստացած է սարկաւագական աստիճան:
2005 թուականի նոյեմբերին պաշտպանած է աւարտաճառ՝ «Հայ-վրացական եկեղեցական բաժանման վաւերագրերը» նիւթով:
2005-2006 թուականին աշխատած է Մայր Աթոռի «Գարեգին Ա.» աստուածաբանական հայագիտական կեդրոնէն ներս:
2005 թուականի փետրուարի 5-ին, ձեռամբ Տ. Եզրաս Եպսկ. Ներսիսեանի, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ՝ վերակոչուելով Կիրակոս աբեղայ:
2005-2008 թուականներուն ծառայութեան կոչուած է Վիրահայոց թեմէն ներս՝ որպէս Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
2008-2012 թուականներուն սպասաւորած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմին մէջ, որպէս Մելպուռնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
2013-2015 թուականներուն որպէս փոխ-առաջնորդ, ծառայած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմին մէջ:
2015-2019 թուականներուն ծառայած է Հայ Առաքելական Եկեղոցւոյ Գեղարքունիքի թեմին մէջ, իբրեւ առաջնորդական տեղապահ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ 2015 թուականին, Տ․ Կիրակոս Աբեղայ Դաւթեան բարեյաջող պաշտպանելով «Հայկական եւ ռուսական եկեղեցական տօներու ժողովրդական արարողութիւններու համեմատական քննութիւնը» վերտառութեամբ վարդապետական թեզը՝ ստացած է մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։
2019 թուականի յունիսի 18-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան ազատուելով Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնէն, նշանակուած է Վիրահայոց թեմին մէջ որպէս առաջնորդական տեղապահ:
2022 թուականի յունիսի 1-էն սկսեալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան նշանակուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ ԱՐԴԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Պատմական աղբիւրներու համաձայն, Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին Վրաստանի մէջ որպէս զատ եկեղեցական միաւոր, գործած է Ե. դարէն սկսեալ: Այդ մասին կը վկայէ Ժ. դարու պատմիչ Ուխտանէսը՝ իր «Պատմութիւն հայոց» պատմագրքին մէջ: ԺԱ. դարու պատմիչ Մատթէոս Ուռհայեցիի պատմութեան համաձայն, վրաց նշանաւոր թագաւոր Դաւիթ Շինարարի (1089-1125) կողմէ Վրաստանի մէջ Հայոց Եկեղեցիի ներկայացուցչութեան կը տրուի այն ժամանակներու բարձրագոյն կարգավիճակը՝ վարչական կեդրոն ունենալով Թիֆլիզը: Կ՚ենթադրուի, որ թեմը հիմնուած է ԺԲ. դարուն։ Առաջնորդանիստը եղած է Տփղիս (Թիֆլիզ) քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին (ԺԳ. դարէն)։ Թեմակալ առաջնորդներու մասին ամենահին յիշատակութիւնը կը վերաբերի ԺԲ. դարու 70-ական թուականներուն։ Կը յիշուի Բարսեղ (Բասիլիոս) արքեպիսկոպոսը, որ 1178-ին մասնակցած է Հռոմկլայի եկեղեցական ժողովին։
Նախքան թեմի հիմնուիլը, տակաւին Է. դարուն վիրահայ համայնքը ղեկավարած են հայ եպիսկոպոսներն ու քահանաները, հայերը ունեցած են իրենց եկեղեցիներն ու մատուռները։ 754 թուականին Տփղիսի մէջ կառուցուած է հայկական Հրեշտակապետաց եկեղեցին (1593-ին աւերուած եւ հիմնովին վերակառուցուած է 1781-ին եւ վերջնականապէս քանդուած 1937-ին)։ Պատմիչ Ուխտանէսի վկայութեամբ, 850-ական թուականներուն Տփղիսի մէջ գործած է հայ Կիրակոս Քահանան, որ գերազանց տիրապետած է վրաց գիրին ու գիտութեանը։ 931 թուականին կառուցուած է Հարանց վանքը (վերանորոգուած է 1430 թուականին, 1715 թուականին, իսկ 1900 թուականին՝ հայ մեծահարուստ բարերար Մանթաշովի միջոցներով)։
Դարերու ընթացքին Տփղիսի մէջ կառուցուած են բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ՝ Մուղնիի Ս. Գէորգը, Նորաշէնի Ս. Աստուածածինը եւ այլն: Վերջինիս ներսը պահպանուած են ԺԸ. դարու պալատական նկարիչ Յովնաթան Յովնաթանեանի որմնանկարները։ Յիշատակութեան արժանի են նաեւ Թիֆլիզի Բեթղեհէմի Ս. Աստուածածինը (ներկայիս վերածուած է վրացական եկեղեցիի՝ վրացականացուած է), Կուսանաց Ս. Ստեփանոսը, Ս. Նշան Նիկողայոսը, Խոջիվանքի գերեզմանատան եկեղեցին։
Վիրահայոց թեմի առաջնորդներէն շատեր եղած են ականաւոր հոգեւորականներ, մտաւորականներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ, որոնք ազգանուէր աշխատանք կատարած են ո՛չ միայն Վրաստանի, այլեւ՝ համայն հայութեան կեանքին մէջ: Անոնցմէ Սարգիս Դ. Վրաստանցին, Յովհաննէս Ը. Կարբեցին, Ներսէս Ե. Աշտարակեցին, Մակար Ա. Թեղուտցին, Գէորգ Ե. Սուրենեանցը, Գէորգ Զ. Չէօրեքճեանը յետագային օծուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Յովսէփեանը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս։ Վիրահայոց թեմի առաջնորդներ եղած են բանաստեղծ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ Յարութիւն Վրդ. Ալամտարեանը, Ստեփանոս Արք. Արղութեանը, որու օրօք Թիֆլիզի մէջ կառուցուած է թեմի եռայարկ առաջնորդարանը։ 1824 թուականին Ներսէս Արք. Աշտարակեցին հիմնած է Ներսիսեան դպրոցը, որ նշանակալից դեր ունեցած է հայ կրթամշակութային ու հոգեւոր կեանքին մէջ։
Վիրահայոց թեմին մէջ իր գործունէութեամբ ակնառու էր մանաւանդ Կարապետ Արք. Բագրատունին։ Անոր առաջնորդութեան 20 տարիներու ընթացքին կառուցուած են շուրջ 60 եկեղեցի, բազմաթիւ հայկական դպրոցներ, որոնցմէ նշանաւոր են նոր Կարապետեան վարժարանը Ախալցխայի մէջ եւ Մեսրոպեան արական դպրոցը՝ Ախալքալաքի մէջ։
1837 թուականին Վրաստանի մէջ կը համրուէր 198 հայկական եկեղեցի, վանք ու մատուռ, իսկ 1903 թուականին, ներառեալ Արտուին-Արտանուշ շրջանը, եկեղեցիներու թիւը հասած է 256-ի։
Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն ծաւալուած բռնութիւններու եւ հալածանքներու հետեւանքով գոցուած են թեմի տարածքին գործող գրեթէ բոլոր եկեղեցիներն ու վանքերը։ Թիֆլիզի մէջ քանդուած են Կուկիայի Ս. Գրիգոր եկեղեցին, Հաւլապարի Ս. Կարապետը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Խարփուխի Ս. Սարգիս եկեղեցին, Հարանց վանքը, Հրեշտակապետաց եկեղեցին, Մետեխիի Ս. Վարդան եկեղեցին, Ջիգրաշէնի Աւետեաց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Նաւթլուղի Ս. Գէորգը, Խոջիվանքի եւ այլ եկեղեցիներ, վանքեր ու մատուռներ։ Վրաստանի մէջ Է.-Ի. դարերուն կառուցուած շուրջ 650 հայկական եկեղեցիներէն այսօր կանգուն են միայն 320-ը։
Վիրահայոց թեմի կազմին մէջ այսօր կը մտնեն Թիֆլիզի, Ջաւախքի, Աջարիայի, Քւեմօ Քարթլիի տարածաշրջաններու մէջ գտնուող հայ համայնքները, գործող եւ չգործող, խոնարհուած ու կանգուն եկեղեցիները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024