ԳՆԱՀԱՏԱԳԻՐ
Հոկտեմբեր 4, 2024
Մեծայարգ Տիար Արա Գօչունեան
Գլխաւոր խմբագիր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ համացանցի ճամբով կ՚ընթերցենք՝ 28 հոկտեմբեր 1908-ին հիմնուած եւ ամբողջ հայաշխարհի հնագոյն օրաթերթ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ լոյս տեսած Ձեր յօդուածները։ Արդարեւ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ իր հիմնադրութենէն այսօր անընդհատ կը հրատարակուի, կը պահէ իր ինքնուրոյն տեղը հայ մամլոյ պատմութեան մէջ, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն՝ պահած է իր յարատեւութիւնն ու շարունակականութիւնը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հիմնադրութեան օրէն իսկ գտնուեցաւ Գօչունեան գերդաստանի տնօրինութեան ներքեւ։ Ձեր նախահայրերը մեծանուն հիմնադիրները հանդիսացան օրաթերթին, որուն աշխատակցեցան ժամանակի յայտնի բազմաթիւ հայ մտաւորականներ ու լրագրողներ։ Թերթը հիմնադրութենէն ասդին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, կրթականէ, մինչեւ կրօնական կեանքի բոլոր բնագաւառները՝ հարուստ ու համապարփակ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ եւ արխիւային արժէք կը ներկայացնէ՝ լայնօրէն լուսաբանելով անցեալի հայաշատ ու հեռաւոր գաւառներու իրադարձութիւնները։
Հայաստանեան իրադարձութիւնները միշտ ալ ներկայ եղան թերթի սիւնակներուն մէջ, խնդիրները լուսաբանուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ։ Թերթը հանդիսացած է հայապահպանութեան եւ արեւմտահայերէնի գործածութեան կարեւոր կռուան մը եւ նոյն առաքելութիւնը այսօր կը շարունակէ թէ՛ տպագիր տարբերակով եւ թէ ելեկտրոնային, պաշտօնական կայքէջի կամ ընկերային ցանցերու ճամբով՝ առաւելագոյն չափով հասանելի դառնալով աշխարհի ողջ հայութեան։
Սիրելի Տիար Արա Գօչունեան,
Ուշագրաւ էր Ձեր անցնող շաբաթներու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարեդարձին եւ զուգահեռաբար Հայաստանի մէջ գումարուած Համաշխարհային հայկական Բ. գագաթաժողովին ձօնուած յօդուածը։ Այնտեղ անդրադարձ կը կատարէք հայ իրականութենէն ներս արդիւնաւէտութեան մակարդակի բարձրացման, մասնագիտական ներուժի արժեւորման եւ յաւակնոտ ու մրցունակ ներդրումային միջավայրի մը ստեղծման առանցքային կարեւորութեան՝ կոչ ուղղելով առարկայական հիմքերու վրայ եւ յստակ բանաձեւումներով մեկնարկել նոր գործընթացի մը հնարաւորութեանց։
Մեծապէս ուշագրաւ էին եւ մանաւանդ այժմէական՝ գագաթաժողովին արծարծուած Հայաստանի անվտանգութեան խնդրի քննարկումներուն շուրջ կատարած Ձեր խորհրդածութիւնները։ Հայաստանի անվտանգութիւնը առաջնահերթօրէն կը հետաքրքրէ նաեւ սփիւռքը՝ Հայաստանն ու ողջ հայութիւնը հրաւիրելով գործնական տեսակէտէ մարդուժի եւ մանաւանդ՝ մշակութային ոլորտէ ներս միջազգային բեմի վրայ մեծ կշիռով գործելու՝ յօգուտ մեր հայրենիքի ու հայրենի մեր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ բարօր կեանքին։
Վստահ ենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Տիրոջ օգնականութեամբ եւ բոլորի հաւաքական ճիգով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ պահապանը մնալով մեր հայկական ժառանգութեանց եւ կարեւոր գործօն ու ներշնչման աղբիւր՝ մեր գոյատեւումին ու յառաջխաղացքին։
Օրհնութեամբ՝
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Առաջնորդ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի