ԴՐԱՄԸ ՄԱՐԴՈՒ ՀՈԳՒՈՅՆ ՑՈԼԱՐՁԱԿՈՒՄՆ Է

Վերջերս անդադար ուղեղիս մէջ կը դառնայ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Պոէտն ու մուսան» երգիծական բանաստեղծութեան հետեւալ տողերը.

Փողի քսա՜կը, փողի քսակը,
Բարձրացնում է մարդու հասակը։
Գեղեցկացնում է հրէշ-տգեղին,
Սրբագործում է գարշն ու աղտեղին…

Յիրաւի, փողի քսակը ընդունակ է հրաշքներ գործելու։ Ան կը նմանի կախարդական փայտիկի մը, որու շնորհիւ մարդ կրնայ ձեռք բերել այն, ինչ որ կ՚ուզէ։

Մեծաւ մասամբ «հրաշագործ դրամի» միջոցաւ մենք դիւրութեամբ կը տիրանանք մեր իսկ՝ մարդու ստեղծած ամէ՜ն, ամէն ինչի. առանձնատուն, ինքնաշարժ, գոհարեղէն, նոյնիսկ քաղաքներ կամ տիեզերանաւեր։ Սակայն փողի քսակը միշտ եւ ամէնուր չի կրնար գործել հրաշքներ։ Երբ գործը կը հասնի զգացումներուն, առողջութեան ու բնութեան, փողի քսակը կ՚անսարքանայ կամ լաւագոյն պարագային՝ կ՚աշխատի մասամբ։ Կը մէջբերեմ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծական տողերը՝

Փողով կարող ես մահճակալ գնել, եւ ոչ հանգիստ։
Փողով կարող ես մարմին գնել, եւ ոչ սէր։
Փողով կարող ես պալատներ գնել, եւ ոչ ընտանիք…

Վստահաբար դրամը այսօր շատերու կողմէ վերածուած է մեծարանքի։ Մարդկութիւնը անոր առջեւ գլուխ կը խոնարհի, յանուն անոր՝ պատրաստ է նոյնիսկ զոհաբերելու իր ընտանիքն ու կեանքը… Բաց աստի, կան նաեւ մարդիկ, որոնք բնաւ չեն սիրեր դրամը, զայն կը համարեն ձեռքի կեղտ ու կ՚ըսեմ. «Գիտէք, ես բնաւ չեմ սիրեր դրամը, պարզապէս այդ մէկը անհրաժեշտ է մեր հանապազօրեայ հացը հոգալու, մեր կեանքը ձեւով մը գունաւոր ու գեղեցիկ դարձնելու համար։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ՝ պարտաւոր եմ դրամ շահելու»։

Յաճախ մարդիկ կ՚ըսեն, թէ դրամը կեղտ է։ Ան առարկան է գայթակղութեան, որ կը փճացնէ մարդը, կը խորտակէ ճակատագրեր, երկրի երեսէն ի սպառ կը փոշիացնէ ազգեր ու պետութիւններ…

Ես բնաւ համամիտ չեմ այս կարծրատիպին հետ։ Ըստ իս, մարդիկ կը սխալին դրամը մեղադրելով իրենց կատարած չարագործութիւններու, տկարութիւններու մէջ։ Քանզի դրամը՝ այդ թուղթի կտորը յանցաւոր չէ։ Ան պարզապէս մէջտեղ կը հանէ մարդոց իրական դէմքերը։ Ո՛չ թէ դրամը կը փճացնէ մարդը, այլ անոր գոյութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ արատներու երեւան գալուն։ Կրնանք ըսել, թէ կախարդական հայելի մըն է դրամը, որու դիմաց մարդ կը ճանչնայ ինքզինք… Խորաթափանց կը տեսնէ իր սիրտն ու հոգին։

Դրամը միշտ չի ծառայեր չարին։ Պատկերը, աշխարհը կը փոխուի, երբ ան յայտնուի բարի մարդոց՝ բարեգործներու ձեռքը։ Մեր շուրջը կը սկսի ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ։ Այդ իսկ պատճառաւ, պէտք չէ փնովել ու քարկոծել դրամը։ Բոլոր բացթողումները պէտք է փնտռել մեր մէջ ու աղօթել, որպէսզի դրամը աւելի շատ յայտնուի բարեսիրտներու ձեռքին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023