ՏԱՃԱՏ ՐԷԻՍԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ԴԻՄԵՆՔ ԴԷՊԻ ՄԱՐՄԱՐԱՅԻ ԲԱՑԵՐԸ
Երէկուան մեր րըբօրթաժին մէջ Գումգաբուի ամենէն հին ձկնորսներէն Գրիգոր րէիսի խօսքը ըրած էինք: Այս ազգասէր եւ բարեսիրտ անձը օրինակելի զաւակներ պարգեւած է համայնքիս: Ոչ միայն Գումգաբուի այլեւ բովանդակ Իսթանպուլի հայութիւնը կը ճանչնայ Յուսիկ րէիսը, որ զաւակն է Գրիգոր րէիսի:
Յուսիկ րէիս իր բարեգործութիւններով ծանօթ է ամէնուն, անձայն անշշուկ կ՚օժանդակէ Ազգային Հիւանդանոցին, որբանոցներուն, եկեղեցիներուն եւ վերջապէս բոլոր բարենպատակ հաստատութեանց:
Տիար Յուսիկ Քիւչիւքեան եղած է Գումգաբուի Դրսի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամ, ուրկէ վերջերս հրաժարեցաւ իր բազմազբաղ վիճակին բերմամբ: Յուսիկ րէիս ազգին պարգեւած է նաեւ պատուաբեր զաւակ մը՝ երիտասարդ բժիշկ Միսաք Քիւչիւքեանը, որ չվարանիր բոլորովին ձրի դարմանումներ ընելու Գումգաբուի եւ շրջակայ թաղերուն աղքատիկ հիւանդներուն:
Մեր երէկի րըբօրթաժին մէջ ցաւալի վրիպումով մը Գրիգոր րէիսին համար ըսուած էր թէ միշտ օղի կը խմէ: Ասիկա կը վերաբերի ձկնորսներու օգնական Գրիգորի, որ օղի չի գտնելու պարագային՝ պարզ ալքօլով գոհացում կու տայ իր ըմպելու փափաքին:
* * *
Օր մը պիտի գայ քի մէկ հատ մը հայ պալըխճի չպիտի մնայ, հալպուքի Գումգաբուցի հայ ըսիր մի, մարդուս միտքը պալըխճի կուգայ: Ամա արթըխ ատիկա ալ ըսածիս պէս մեռաւ: Մենք ալ օրին մէկը աչքերնիս խըբ տիյէ եթէ գոցենք, հայերուն ձեռքէն գնաց պալըխճիութիւնը մէմլէքէթին մէջ: Ի՞նչ ընեմ, շիտակը զուրցելու է, եթէ մանչ մը ունենայի ես ալ չէի ուզեր որ մեզի պէս խապզիմալ ըսուած մարդերուն ձեռքը խաղալիք ըլլար զաւակս:
-Ձկնորսները մինչեւ քանի՞ տարի կ՚աշխատին:
-Հիչ յայտնի չ՚ըլլար: Ամա օրթա հէսապով 45-50 էն վերջ ըսքարթա կը սեպուին: Ատիկա ըսել է քի ատկէ վերջ սիւրիւնմիւշ պիտի ըլլայ:
-Էհ, այն ատեն ի՞նչ կ՚ընէ:
-Ընելիք մէկ պան մը ունի: Եա կը նստի քէօշէն եւ կնիկներուն պէս աղ կը շինէ, եա չէ նէ սիւրիւնմիւշ կ՚ըլլայ ֆախիրանէներուն քէօշէները: Աս է սօներնիս:
Անդիէն ծերուկ մը խօսքի խառնուեցաւ: Անունը հարցուցի:
-Իմ անունս Յուսիկ Քիւչիւքեան է, ըսաւ եւ շարունակեց. Ազգային Հիւանդանոց մը ունինք ամա անանկ կը կարծեմ քի բէք մեզի եարար չպիտի ըլլայ: Ամա ազգին տունն է ան: Իքիտէ պիր, մեզմէ ով քի ձուկի վօլի մը զարնէ, քիլօներով ձուկ կը ղրկենք հիւանդանոց: Աստուած մեր խըսմէթը թող չկտրէ թէ մենք ալ ամէն օր սէբէթներով ձուկ ղրկենք հոն: Ինտոր է նէ հոն է սօներնիս:
Տաճատ րէիսին դառնալով հարցուցի.
-Ձեզմէ վերջի համար րէիս մը պիտի հասցնէ՞ք:
-Օղլում, ըսի ա, աս սօն մարդիկն են որ կը տեսնաս հայ պալըխճի տէյի: Լմնցաւ արթըխ: Մեզմէ կնաց պալըխճիութիւնը:
Տաճատ րէիս եւ զիս շրջապատող բոլոր րէիսները յուզուած էին նախատեսելով այս իրականութիւնը, սակայն ի վերջոյ ընդունիլ ու տոկալ պէտք էր եղելութիւններուն: Այս մարդիկը այս բոլորը լաւ հասկցած էին: Ամէն վայրկեան վարժուած էին գլուխ ծռելու եւ կամ քմծիծաղով մը պատասխանելու բոլոր իրաւացի կամ անիրաւ իրականութիւններուն: Այսպէս գրուած էր իրենց ճակատագիրը:
Տաճատ րէիս լռութեան յանկարծ վերջ տալով խօսքի սկսկաւ եւ ըսաւ.
-Պարապ տուէք պէ, Աստուած ինչ գրած է նէ ան կ՚ըլլայ:
Եւ ինծի դառնալով շարունակեց.
-Օղլում, եթէ կ՚ուզես մեր ծովուն վրայի սէֆալէթը տեսնալ, նայէ հիմա ծովէն եկայ եւ քիչ վերջ նորէն ծով պիտի բացուիմ, դուն ալ հետս եկուր:
* * *
-Իսա, հօբ... Իսա, հօբ...
-Ուշադրութիւն, կըրկըրները չի սախտեն...
-Րէիս, մենք բացը ձեզի կը սպասենք:
Մէկ քանի րոպէի մէջ ամէն բան պատրաստուեցաւ:
Տաճատ րէիս իր շուրջը հաւաքեց իր բոլոր մարդիկը եւ ըսաւ.
-Երէկուան հովը կտրած է: Կը կարծեմ որ թօրիքները վօլի վօլի պտտելու ելած են: Հիմա բացերը պիտի երթանք, ճամբանին կտրելու համար: Հայտէ ձեզի տեսնեմ թայֆաներ:
Տաճատ րէիս ոտքի ելաւ եւ ուռկաններով լեցուն ննջարանին բաց դռնէն ելլելով անհետացաւ մութին մէջ:
Գիշեր էր, կայուն գիշեր մը... Ասդին անդին վազվզող ձկնորսներուն ոտնաձայներէն զատ ոչ մէկ ձայն կը լսուէր: Սեւ ներկուած ուռկանները գրեթէ աննշմար էին մթութեան մէջ: Ննջարանին դրանը մօտ կեցած էի եւ կը դիտէի այս բոլորը: Ներսը լիւքսով մը կը լուսաւորուէր, որ յաճախ կը պլպլար իր դեղնորակ փայլով՝ եւ անցնող դարձող ձկնորսներուն մերկ ստուերները կը պտտցնէր տախտակէ պատերուն վրայ: Ոմանք քունէն նոր արթնցած, գուլպայ կամ ձկնորսութեան յատուկ զգեստներ կը հագնէին:
Դուրս ելայ սենեակէն:
Ծովեզերքի բոլոր տուներուն առջեւը տուներուն բարձրութեամբ բարձրահասակ կայմեր կային, որոնց վրայէն կախուած էին առաւօտեան որսին գործածուող թաց ուռկանները: Աջ թեւովս մէկդի առնելով ուռկանները, տախտակի մը վրայէն մօտեցայ Տաճատ րէիսին կարաւանին: Կարծես թէ գիշերային թռչուն մը ըլլար, այդ մթութեան մէջ ճանչցաւ թէ ես էի եւ պոռաց.
-Հէյ, հոս ենք, էկուր:
Նեղ տախտակէն յառաջանալով մօթօռ մտայ: Տակաւին պատրաստութեան վրայ էին: Տաճատ րէիս, ուսիս զարնելով ըսաւ.
-Իշտէ տեսա՞ր մի: Արթըխ պալըխճիութիւն ըսածդ սօն տարիներն է որ կ՚ապրի: Քու փնտռած պալըխճիներդ հինէն էին: Նայէ հարըս ատանկ էր իշտէ: Եալընայախ, առտուընէ մինչեւ կէս գիշեր չիֆթ քիւրէկով ծով կ՚ելլէին: Հիմա անա՞նկ է մի եա: Մօթօռ կայ տակերնիս, տիւյմէն կոխեցիր մի, թամամ, վըզ կ՚ընէ կ՚երթայ տակէդ: Անանկ էղաւ ամա, համն ալ հոտն ալ փախաւ արթըխ մեր գործին:
Զոյգ մը նաւակ, որոնք իրենց խօսքով Տաճատ րէիսին կըրկըրներն էին, անցած էին ալեբեկը եւ թիավարելով կ՚երթային դէպի բացերը:
Տաճատ րէիս գլուխը բարձրացուց եւ մթութեան մէջ դէպի այդ կողմերը նայեցաւ, յետոյ յանկարծ պոռաց.
-Հայտէ պէ, կըրկըրները չէյրէք սիւրաթ տալկախըրանը անցան, աճէլէ ըրէք պէ...
Յետոյ շուրջը նայեցաւ, բաներ մը փնտռեց, ի վերջոյ ահարկու ձայնով մը հայհոյանք մը արձակեց.
-Մօթօռճի՜, հէյ մօթօռճի, նէրտէսի՞ն պէ...
-Հոս եմ րէիս...
-Հայտէ օղլում:
Լռութեան մէջ մօթօռի մը աղմուկը սկսաւ լսուիլ:
Մինչեւ այդ պահը անշարժ էին մեր շուրջի բոլոր կայմերը ու միւս մօթօռները: Սակայն այդ հրամանէն վերջ բոլոր ատոնք դանդաղօրէն շարժիլ սկսան: Ճամբայ ելած էինք:
Մօթօռին քիթը ալեբեկին մէջի սեւ ու աղտոտ ջուրերը ալեկոծել սկսած էր: Մօթօռը դէպի ցամաք զուգահեռաբար յառաջանալ սկսաւ: Րէիսը նաւուն քիթն էր, ձեռքը ելեկտրական լապտեր մը բռնած:
Այդ լապտերը շարունակ աջ ու ձախ կը շարժէր: Հասկցայ թէ այսպէսով մօթօռճիին ղեկը կառավարելու համար հրամաններ կ՚ընէր: Տաճատ րէիս, մութին չափ սոսկալի լռութեան մէջ վերջին անգամ ըլլալով իր ձեռքի լոյսը աջ կողմը երկարեց եւ պահ մը այդպէս մնաց: Ղեկը աջ ծռեցաւ, մեր գտնուած մօթօռը դէպի աջ դարձաւ եւ վերջապէս րէիսին կուռ ձայնը անգամ մը եւս լսուեցաւ.
-Թամամ... թամ եօլ...
Սկսանք արագօրէն մօտենալ բացերը գտնուող կըրկըրներուն:
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024