ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐԸ ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒԵՑԱՆ ԱՂԹԱՄԱՐ ԿՂԶԻԻ ՎՐԱՅ
Դաշնակահար Տիգրան Համասեան եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը նախընթաց իրիկուն պատմական համերգ մը սարքեցին Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ զանգակատան ներքոյ։ Համերգի ներկաներուն կարգին գտնուած է նաեւ տաղանդաւոր գրիչ մը Եքթա Քոփան, որ իր տպաւորութիւնները այսօր հրապարակած էր «Րատիքալ» օրաթերթին մէջ։
Յօդուածը կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Կարելի՞ է հաշուեփակի ենթարկել 1915-ը։
Կարելի՞ է առերեսուիլ 1915-ին հետ։
Կարելի՞ է քալել պատմութեան դէմ՝ առա՛նց անուշ ածականներու ապաւինելու եւ առա՛նց զայն շրջանցելու։
Երկու հասարակութիւնները կրնա՞ն նայիլ իրարու աչքերու մէջ։
Առանց «ով որ աչքը նախ փակէ՝ կը կորսնցնէ» ըսող քաղաքագէտներու ներկայութեան, կրնա՞ն հանդիպիլ կամուրջի մը վրայ ու փաթթուիլ իրարու։
Այդ կամուրջը պիտի կառուցուի արուեստի միջոցով։
Արտօնել կամ ոչ…
Կը մտածեմ այս բաները, երբ ամէն անգամուն Տիգրան Համասեան, գրեթէ պաշտամունք կատարելու նման, կը հակի իր դաշնամուրին վրայ։
Վանի մէջ ենք՝ դառնալու համար մէկ մասնիկը Տիգրան Համասեանի դէպի իր արմատները կատարած ճանապարհորդութեան։
«Լոյս ի լուսոյ» խորագրուած եւ հայկական աւանդական երաժշտութիւնը մեկնաբանած համերգաշարին Թուրքիոյ երկրորդ փուլը կայացաւ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այսպէսով Կարսի Անիի աւերակներուն մէջ կայացած համերգէն ետք Համասեան քայլ մը եւս նետեց իր երազանքներու ճանապարհին։
Նախ մտածումներու մէջ խորասուզուեցանք, երբ արեւը կը գտնուէր ճիշդ զենիթին, իսկ մենք՝ վերանորոգումը աւարտած եկեղեցւոյ զովութեան մէջ։ «Ա՛լ խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն կ՚ուզենք» նախադասութիւնները դարձան մեր ուղեղին մէջ, որոնք օրուան ընթացքին հնչած էին Վանի մէջ։ Համասեանի այս նախագիծը նշանահրթիռ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ կարելի է իրականանայ այս մաղթանքը։
«Լոյս ի լուսոյ» ուխտի նախագիծ մըն է, որու ընթացքին Տիգրան Համասեան ընդհանուր առմամբ հարիւր եկեղեցիներու մէջ համերգներ պիտի սարքէ, Թուրքիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Պելժիոյ, Զուիցերիոյ, Չեխիոյ, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ։ Այս համերգաշարի ընթացքին վարպետ դաշնակահարին կ՚ընկերանայ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը՝ Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ։ Համասեան մինչեւ Յունիս 30-ը համերգներ պիտի սարքէ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ։ Վերջին կայանը պիտի ըլլայ Պոլիսը, ուր 30 Յունիս Երեքշաբթի, Այա Իրինիի թանգարանին մէջ պիտի իրականանայ իր համերգը, Իսթանպուլի 22-րդ ճազի փառատօնի շրջագծով։
Յուլիս 1-ին, Չորեքշաբթի իրիկուն ալ, իր եռեակով ան պիտի բարձրանայ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ»ի բեմին վրայ։ Այս համերգի առանցքին պիտի ըլլայ Ռոթերտամի աշխարհահռչակ «Նորտ Սի» ճազի փառատօնին «Փոլ Աքըթ» մրցանակին արժանացած «Մոքրութ» ալպոմը, որու մեղեդիներն ու նորարար հնչիւնները պէտք է անպայման ունկնդրուին երաժշտասէրներուն կողմէ։ Ճազի սիրահարներուն համար հետեւեալ կերպով կրնամ համառօտել կացութիւնը. այդ գիշեր բեմին վրայ պիտի ըլլայ Տիգրան Համասեան, որուն Հարպի Հանքոք ըսած է, թէ «Ա՛լ ուսուցիչս դուն ես», Պրէտ Մեհտաու եւ Չիք Քորէայի նման առասպելական անուններն ալ արժանացուցած են մեծ գնահատանքներու։
Այսինքն ունիք երկու համերգներ, զորս անպայման պէտք է արձանագրէք ձեր ժամանակացոյցին վրայ։
Սակայն մենք վերադառնանք Վանի, Աղթամար կղզիի համերգին։
Կղզի հասանք իրիկնային ժամերուն՝ ջերմօրէն դիմաւորուելէ, կապոյտ եւ դեղին աչքեր ունեցող փիսիկները սիրելէ, Հիւսրեւ փաշայի համալիրին մէջ ցերեկային ճաշով մը մենք մեզ շփացնելէ ետք։
Բարեբախտաբար չզգացինք 30 աստիճանի հասնող ջերմութիւնը, Կին արուեստագէտներու միութեան նախագահ Տենկպէժ Կազինի եւ «Տենկէ Մէյման Էրպանէ» համոյթի երիտասարդ անդամներու հետ մեր ունեցած զուարճալի զրոյցին շնորհիւ։
«Անատոլու քիւլթիւր»ի նախագծի համակարգող Թամար Նալճը, որ այս համերգներու Թուրքիոյ փուլին կ՚օժանդակէ Համասեանին, խանդավառութեամբ կը պատմէր Անիի համերգը. «Հայոց Անիի մէջ ունեցած անցեալին տեսակէտէն շատ կարեւոր եւ զգացումներով բեռնաւոր համերգ մըն էր։ Մէկ կողմէ ալ այս համերգաշարին վաւերագրականը կը նկարահանուի, ինչ որ դարձեալ խանդավառիչ է»։
Երբ արեւը թեթեւօրէն կը մարէր, լսուեցան առաջին ձայնանիշները։ Համասեան, որ շատ անգամ ինքզինք կը յանձնէր երգչախումբին, կատարողականութեան ընթացքին երբեմն կը շրջի Քէթ Ճերըթի մեղեդիներուն, երբեմն ալ տափսթէփի հարուածներուն վրայ։ Արդէն իր արուեստի ընդգրկուն բնոյթին պատճառով է, որ Համասեան կը նկատուի մեր ժամանակներու կարեւորագոյն ճազի դաշնակահարներէն մէկը։ 1987-ին ծնած երաժիշտը իր մանկութեան մտիկ ըրած է «Լետ Զեփելին», «Պլէք Սապատ», «Տիփ Փէօրփըլ», «Քուին», «Նազարէթ»ի նման երաժշտախումբեր, ներշնչուած է 19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայ եւ ռուս բանաստեղծներէն, ինչպէս նաեւ իր յօրինումները կատարելու ժամանակ օգտնուած է հայկական երաժշտութեան լեզուէն։ Այս բոլորը գիտնալ անշուշտ գաղափար մը կու տայ իր ընդգրկուն արուեստին հանգամանքներուն մասին։ Եթէ այս մէկը բաւ չէ, փոխանցեմ Համասեանի հետեւեալ խօսքը. «Ամենամեծ երազանքս է որպէս կիթառահար մաս կազմել թրաշմեթալի խումբի մը։ Եթէ գիտնամ, որ քանի մը տարուան ընթացքին պիտի դառնամ կատարեալ կիթառահար մը, այս պահուն իսկ կը ձգէի դաշնամուրը եւ կը սկսէի կիթառ սորվելու»։ Պահ մը երբ աւանդական երաժշտութեան մէջ տեղադրեց «Պլէք Սապատ»ի մեղեդիները, հասկցայ, որ այդ խօսքերը չէ արտասանած կատակի համար։
Երբ արեւը դէպի մայրամուտ կը յառաջանար, կը խորանային նաեւ մեր ապրումները։ Ճազի փառատօնի վարիչ Փելին Օփճին իր գլխու տատանումներով կը հետեւէր երգչախումբի աւանդական երաժշտութեան, ոտքերովն ալ՝ Համասեանի թէ՛ մեղմ, թէ անկիւնաւոր ռիթմերուն։ Եկեղեցւոյ բակը պատած էր մարդու ընկալումը նախ զատորոշող ապա միացնող երաժշտութիւն մը։ Դարձեալ արուեստն էր, որ իրականութեան կը վերածէր դժուարինը։ Զատորոշումները կը յստականային, այսպէսով կը դիւրանար նաեւ միացումները։ Ինչքան որ ալ ոմանք ուզեն կամ չուզեն…
Համերգի աւարտին ճեպազրոյց մը ունեցանք Տիգրան Համասեանի հետ։ Հանդարտ, նոյնիսկ գրեթէ ամչկոտ նախադասութիւններ կը կազմէր անձը, որ քիչ առաջ դեռ համարձակ ստեղծումներ կը կատարէր դաշնամուրին վրայ։ Զրուցելու ընթացքին մեր քովէն անցաւ քիւրտ մօրաքոյր մը, որ պահք կը բռնէր եւ իր գլուխը ծածկած էր՝ ըսելով, թէ այս մէկն ալ անոնց սրբութիւնն է, պէտք է յարգալից ըլլալ։
Իրարու աչքերու մէջ նայեցանք, երբ Աղթամար կղզին կը թողէինք մեր ետին։ Մեր շուքերը ինկան լիճին վրայ։ Յայտնի չէր, թէ ո՛ր մէկ շուքը ո՛ր մէկ ժողովուրդին կը պատկանէր։ Անոնք իրարու ձուլուեցան ջուրին մէջ։
Այդ կամուրջը ստեղծուեցաւ։ Արուեստով։
Ուզեն կամ չուզեն…