ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ
Անցեալ դարու սկիզբը բազմաթիւ հայեր, Օսմանեան կայսրութենէն տեղափոխուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ իրենց հարազատներուն հետ կապը, նաեւ՝ իրարու հետ կապը, կը պահէին նամակներով: Չկային արագ հաղորդակցման այսօրուան միջոցները եւ նամակը միակ ձեւն էր, որ 1910-ականներու այս տարիներուն հայերը կը կապէր իրարու:
Հայերը կը գրէին բազմաթիւ նամակներ, որոնց բովանդակութիւնը շատ բան կ՚ըսէր իրենց ապրած կեանքի, նոր երկրի մը մէջ սկսած իրենց ճանապարհի մասին: Այդ նամակներէն շատեր, յետագային իբրեւ ձեւանմոյշներ մշակուեցան եւ Պոսթընի մէջ 1914-ին լոյս տեսան «Ամերիկահայ նամականի» խորագրով: Գիրքը կազմողները նպատակ ունէին նաեւ այդ նմոյշներու միջոցով պատշաճ նամակ գրելու ձեւերը սորվեցնել նոր սերունդին: Գիրքին մէջ անոնք զետեղած են բարեկամական, ընտանեկան, յորդորական, շնորհաւորական, ցաւակցական, հարսանեկան, սիրային եւ առեւտրական նամակներ: Յառաջաբանին մէջ գրուած է. «Մենք մեր երկրի մէջ թողած ենք մեր ծնողքը, եղբայրները, քոյրերը, ազգականները եւ բարեկամները, որոնց կարօտը կը քաշենք եւ որոնց հետ կ՚ուզենք գոնէ նամակներով խօսիլ եւ մեր կարօտակէզ սրտին մասամբ զովութիւն տալ: Մենք ստիպուած ենք Ամերիկայի զանազան անկիւնները գործի պատեհութեանց մասին տեղեկութիւններ հաւաքել եւ վերջապէս մեր գործատէրերուն մեր գոյութիւնը տեղեկացնել եւ մեր կարողութիւնները բացատրել անոնց»:
Տեղ խնայելու համար գիրքին մէջ չեն զետեղուած անունները, հասցէները, թուականը: Կարդալով այս նամակները՝ անցեալ դարու հայերու կեանքէն կը գիտնանք հետաքրքրական մանրամասնութիւններ:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սիրելի..
Առաջ քեզի գրած էի, թէ Ամերիկան սոսկալի նիւթապաշտ երկիր մըն է, ուր ամբողջ եռուզեռը, վազվռտուքը եւ այլն, միայն մէկ նպատակ ունին, այն է՝ ամենակարող տոլարներու թիւը բարդել: Ասիկա մեծ մասով ճշմարիտ է: Ամերիկայի ժողովուրդը դրամ վաստկելու ետեւէ է մեծ եռանդով, բայց այդ ժողովուրդը կեանքը վայելել ալ գիտէ, եւ գործի երթալ գալու վազվզուքէն զատ՝ միեւնոյն աշխուժութիւնը ցոյց կու տայ ուրիշ ուղղութեամբ ալ: Տեսնելու բան է, թէ ինչպէս գեղեցիկ հագուած օրիորդներ, կիներ եւ երիտասարդներ կը լեցնեն թատրոնները, որոնք կախարդական մէյ մէկ աշխարհներ են՝ իրենց ներքին գեղեցկութիւնով եւ մեծութիւնով: Այդ երեւոյթը սովորական է: Այս ժողովուրդը դրամէն աւելի պաշտող է նաեւ մարդկային ֆիզիքական կարողութիւններու եւ միշտ սիրահար ողիմպիական, պէյզպոլ եւ այլն խաղերու: Օրաթերթերը ամէն օր երեսներ կը լեցնեն զանազան տեղեր կատարուած խաղերու նկարագրութեամբ: Երբ միջքոլէճական պէյզպոլի եղանակը բացուի, այլեւս ոգեւորութեան չափ ու սահման չկայ: Թերթ ծախող տղաները միշտ կը պոռան խաղի արդիւնքի մասին, որու մանրամասնութիւններով լեցուն են թերթերը:
Հարվըրտ համալսարանը մեծ դաշտ մը ունի այդ կարգի խաղերուն համար, եւ աշնան ու գարնան մէջ, ամէն շաբաթ կէսօրէ ետք, մէկ կամ միւս քոլէճի ուսանողներուն հետ կը խաղան:
Դաշտի մէջ մեծ ամփիթատրոն մը կայ, որ 40 հազար հոգի կ՚առնէ: Երբեմն ամբողջովին կը լեցուի այն: Տարուան մէջ օր մը յատկացուած է Հարվըրտ եւ Եէյլ համալսարաններու ուսանողներու միջեւ կատարուած խաղին: Այդ օրը կարծես տօնի օր մըն է ամբողջ երկրին համար: Մասնաւոր կառախումբեր ժողովուրդը Պոսթըն կը թափեն Նիւ Եորքէն եւ ուրիշ բազմաթիւ մեծ ու պզտիկ քաղաքներէն՝ խաղին ներկայ ըլլալու համար: Իւրաքանչիւր տոմսի գինը երկու տոլար է, բայց մեզի պէս մահկանացուները չեն կրնար գնել, որովհետեւ եթէ ամէն ուզողին ծախել հարկ ըլլար, դաշտի մէջ կենալիք տեղ չպիտի մնար: Ուսանողները միայն չափաւոր թիւով կրնան գնել, իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն տալու:
Հակառակ տոմսակ ստանալու դժուարութեան, երջանիկ ստացողներու աննման բազմութիւնը շարան շարան կ՚երթայ դէպի խաղի թատերավայրը. կ՚երթան ելեկտրակառքերով, օթոմոպիլներով, ոտքով եւ հեծանիւներով: Տեսնելու բան է բոլոր այդ մարդկային բազմութիւնը հոյակապ եւ շնորհալի հագուստներով: Ուսանողները թափօրներ կը կազմեն երաժշտական խումբերով եւ կը պտտին: Ոգեւորութիւնը ուսանողներու մէջ շաբաթներ առաջ կը սկսի, եւ երբ խաղի օրը մօտենայ, գիշերները թափօր կը կազմեն եւ անհամար ջահերով, զանազան տարազներով կը պտտին փողոցներու մէջ, երգելով ու զուարթ բացագանչութիւններով:
Ժողովուրդ մը, որ բարոյական դաստիարակութեան հետ այնքան ուշադրութիւն կու տայ ֆիզիքական դաստիարակութեան, հիացումի արժանի չէ՞: Որքա՜ն միօրինակ եւ տխուր է մեր դպրոցական կեանքը եւ որքա՜ն վառվռուն ու երջանիկ ասոնցը:
ՆԱՄԱԿ ԳՈՐԾԷՆ ԳՈՀ ԱՆՁԷ ՄԸ
Սիրելի…
Սան Ֆրանսիսքօ երթալէդ ի վեր միայն քարտ մը ստացած եմ քեզմնէ եւ ուրիշ ոչինչ: Ո՞ւր ես եւ ի՞նչ կ՚ընես: Ինչո՞ւ լուր մը չես հաղորդեր:
Գիտես, որ ես մեքենագիտութեան որչափ սիրահար էի: Արհեստը սորվելու համար կանոնաւոր դպրոց չէի կրնար երթալ, որովհետեւ ո՛չ մուտքի քննութիւնները տալու ի վիճակի էի, եւ ո՛չ ալ՝ ծախքերը հոգալու: Այստեղ մասնաւոր խանութներ կան, որ իբր դպրոց գործնականօրէն արհեստը կը սորվեցնեն հարիւր տոլարով: Ուստի ճար ճարակ ըրի այդ գումարը պատրաստեցի եւ քիչ մըն ալ պարտք ըրի՝ քանի մը շաբաթ ապրելու եւ գացի արհեստը սորվելու: Ինծի մասնագիտութիւն ըրի օթոմոպիլի նորոգումը: Երկու ամիս չտեւեց, արհեստը ըստ բաւականին սորվեցայ, վկայական մը ստանալու եւ նահանգային քննութենէն անցնելու չափ, եւ հիմա երեք շաբաթէ ի վեր մեքենական խանութի մը մէջ կը գործեմ: Շաբաթական 15 տոլարով սկսայ, գալ շաբաթ 18-ի պիտի բարձրացնեն, իսկ տարեգլխին՝ 25-ի: Ուրեմն, ես իմ գործէս գոհ եմ:
Մենք՝ հայերս, երբ Ամերիկա կու գանք, աչքերնիս չենք բանար, մեր մէկ ծանօթը գործարանի մը մէջ կը տեսնենք եւ մեզի նպատակակէտ կ՚ընենք նոյն գործարանին մէջ գործ մը հայթայթել՝ շաբաթական 7 կամ 8 տոլարով, իսկ երբեմն ալ՝ աւելի վար: Կը կարծենք, որ ամբողջ Ամերիկան այդ գործարանին մէջ է: Կ՚աշխատինք տարիներ եւ ոչ մէկ արդիւնք ձեռք կը բերենք, գործի տեսակէտէ միշտ անապահով եւ միշտ դժգոհ: Կամաց-կամաց դառն զգացումները մեզ կը պաշարեն, ատելութեամբ կը լեցուինք ամէն բանի դէմ, կ՚անիծենք մեր այս բախտը, կ՚ատենք պոսերը, գործարանատէրը եւ այլն եւ այլն: Որչափ մեր ատելութիւնը աճի եւ դառնութիւնը սաստկանայ, նոյնքան ետ կ՚երթանք եւ անընդունակ կը դառնանք առաջիմութեան, ոչ միայն օտարները չեն ուզեր մեր թթու երեսը նայիլ, այլ մեր բարեկամներն անգամ մեզմէ կը պաղին: Ամբողջ աշխարհի դէմ կը սրդողինք եւ բնականաբար այդ տրամադրութեան տակ մենք մեզ կը սահմանափակենք գործարանի մը եւ մեր սենեակին: Այսպէսով աւելի ու աւելի կախում կ՚ունենանք այն գործէն ու պոսէն, որ կ՚ատենք ամբողջ հոգիով: Ոմանք այս դժգոհութիւնը դասակարգային գիտակցութիւն կը կարծեն, մինչդեռ ոչ միայն դասակարգային գիտութիւն չէ այդ, այլ նոյնիսկ անձին գիտակցութիւնը չէ: Մարդ մը որ իր դառն զգացումներէն կուրնալով իր ուժերը չի կրնար չափել եւ չի կրնար հասկնալ իր ընդունակութիւնները, բնականաբար, չի կրնար յաջողիլ: Յաջողութեան գաղտնիքը, ըստ իս, կը կայանայ զուարթ անտարբերութեան մը մէջ դէպի դժուարութիւնները: Ինչեւէ, կը վախնամ քեզի երկար քարոզ մը տալէ: Գրէ ինծի շուտով եւ քու մասին տեղեկութիւն տուր, երկրէն լուր կ՚առնե՞ս: Հիմա ի վիճակի եմ իմ արհեստս բարեկամի մը սորվեցնելու: Երանի թէ այստեղ ըլլայիր, եթէ լաւ գործ չունիս, անմիջապէս եկուր, այստեղ քեզի գործի կրնամ առնել, եթէ լաւ գործ ունիս՝ գրէ, որ հայու մը պատեհութինը տամ: Բարեկամդ:
ԱՆԳՈՐԾ ՄՆԱՑՈՂԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ
Սիրելի…
Օրերը կ՚անցնին, շաբաթները իրարու կը յաջորդեն եւ ահա վեց ամիսներ կը համրեմ այս տարօրինակ աշխարհին մէջ: Միլիոնաւոր բազմութեան մէջ ես միակն եմ եւ կ՚ապրիմ անմխիթար: Գործ չկայ, ապրուստի յոյս չկայ: Լեզուն մի քիչ սորվեցայ, սխալ ուղիղ միտքս կը բացատրեմ: Թշուառութիւնը զիս աներես եւ ճարպիկ ըրաւ, կ՚երթամ զանազան տեղեր գործ ուզելու, բայց ապարդիւն: Չխնդաս վրաս, երբ ըսեմ որ գործ գտնել կը յաջողիմ, երբ ձիւն գայ: Տուներու առջեւ դիզուած ձիւնը կը մաքրեմ եւ ժամը քսան սէնթ վարձք կը ստանամ: Բայց դժբախտաբար ամէն օր ձիւն չի գար… Ծայրայեղ աղքատութեան եւ ծայրայեղ հարստութեան հակադրութիւնը որքա՜ն ահաւոր է այս երկրի մէջ: Երբ քաղաքին փողոցները պտտիմ, կը տեսնեմ վիթխարի ապարանքներ, որոնք հպարտօրէն կանգնած վեր կը բռնեն իրենց հսկայ ճակատը, կարծես երկինքի ամպերուն հասնիլ ուզէին: Կը սկսիմ մեքենաբար համրել ապարանքներուն յարկերը՝ մէկ, երկու, երեք, չորս, հինգ, վեց եւ՝ տասին չհասած՝ կը շուարիմ: Տասը յարկանի շէնքերը գրեթէ սովորական են: Ուրիշ քաղաքներու մէջ կրկնակի բարձրութեան շէնքեր անսովոր չեն:
Անգամ մը աննպատակ քալելով արուարձաններէն մէկուն մէջ, գացի դէպի մօտակայ բլուր մը, ուր առաջին անգամ ըլլալով լայնատարած հորիզոնը դիտեցի: Քաղաքը եւ արուարձանները անսահման տարածութեան մը վրայ կը սփռուէին առջեւս: Անյագաբար դիտեցի մարդկային աշխատութեան հրաշակերտերը, որ լուռ կը տարածուէին: Կը տեսնէի անհամար ծխնելոյզներ, որոնք իրենց գագաթը տնկած երկինքին մէջ՝ բարդ-բարդ ծուխի ամպեր կը դիզէին, ամպեր, որոնք հետզհետէ կը լուծուէին մթնոլորտի ընդարձակութեան մէջ եւ կ՚անհետանային: Նուրբ, մշուշանման քօղ մը կը ծածկէր ամբողջ քաղաքը: Նշան էր որ քաղաքակրթութեան կրակը կը վառէր հոն, քաղաքի մէջ, մեքենաներ կը դարձնէր, հազարաւոր բազուկներ՝ հարկադրուած ունակութեամբ մը՝ մեքենաներու հետ զուգընթաց կը շարժէին, կ՚արտադրէին: Բայց բոլոր այս եռուզեռի մէջ ինծի ոչ տեղ կար, ոչ բաժին: Գլխիկոր դիտեցի այդ տեսարանը ամբողջ ժամեր: Մտածել, խորհիլ կը փորձէի, բայց չէի յաջողեր: Կարծես երազի մը մէջ կ՚ապրէի: Այն օր վրաս տիրող լքումը աւելի զօրաւոր էր: Վերադարձայ այնպիսի դառնութեամբ մը, որ չեմ կրնար նկարագրել: Ճամբան կը տեսնէի մարդիկ, որ օթոմոպիլներով արագ կ՚անցնէին։ Որչա՜փ ինքզինքս պզտիկցած կը գտնէի այնտեղ, կարծես անպէտ գոյութիւն մըն էի եւ ինկած այս կողմեր կը քաշքշուէի:
Կը վախնամ նամակս չափազանց անձնասէրի մը կնիք մը կրէ: Փոխանակ քեզի տեղեկութիւն տալու, իմ ցաւերս բացատրեցի: Բայց ներէ ինծի, սիրելիս, սիրտս լեցուած է ու նամակս գրած ատեն կը կարծեմ քեզի հետ կը խօսիմ, ու քիչ մը թեթեւութիւն կը զգամ: Գրէ ինծի աւելի յաճախ. այս միայնութիւնս քու նամակներով միայն կը փարատեմ:
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՆԱՄԱԿ
Իր քրոջը
Սիրելի քոյրս, Վարդուհի: Այսօր առաջին անգամն է, որ բոլորովին օտար աշխարհէ մը կը գրեմ քեզի: Ինծի բոլորովին տարօրինակ կը թուի առանց հօր, մօր կամ քրոջ գտնուիլ: Այնտեղ եղած ատենս, միշտ կը փափաքէինք մեր քեռին տեսնել: Հիմա ես այդ փափաքիս գոհացում գտած եմ, բայց որչա՜փ երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ ամէնքս մէկտեղ ըլլայինք եւ մեր իրիկունները ընտանեկան քաղցր զուարճութեամբ անցընէինք:
Երբ ընտանեկան յարկի տակ էի, չէի կրնար երեւակայել, թէ որչա՜փ դժուար էր քրոջմէ զուրկ ապրիլ: Շատ բաներ ունիմ քեզի ըսելիք, շատ բաներ քեզի պատմելիք իմ տեսածներէս, բայց քովս չես եւ չեմ կրնար անոնք գրի առնել: Անմիջապէս որ քիչ մը վարժուիմ այս նոր կեանքին, քեզի երկար նամակներ պիտի գրեմ:
Այս նամակը գրած ատենս սենեակի մէջ բոլորովին մինակ եմ, քեռին գործի գացած է: Սենեակի մէջ կը պտտիմ, տունէն քիչ մը դուրս կ՚ելլեմ, բայց հեռուն երթալու կը վախնամ ու նորէն կու գամ սենեակ: Գոնէ շարունակ քեռիիս հետ ըլլայի, այնքան միայնակ չպիտի զգայի: Երբ ես ալ գործել սկսիմ՝ այս ձանձրոյթէն եւ միայնութեան առթած մելամաղձոտութենէն կ՚ազատիմ: Իմ երջանկութիւնս պիտի ըլլայ միշտ քու եւ ամբողջ ընտանիքի մասին խորհիլ: Գրէ ինծի շուտով: Երկար նամակներ կը սպասեմ քեզմէ: Ես ալ կը խոստանամ երկար գրել: Մնամ միշտ կարօտով՝ եղբայրդ:
ՀՕՐԸ ԴՐԱՄ ԿԸ ՂՐԿԷ
Սիրելի Հայրիկ,
Ամերիկա գալէս ի վեր այսօր ամենէն աւելի երջանիկ կը զգամ, որովհետեւ այսօր պատեհութիւնը ունիմ որդիական սիրոյս մէկ պզտիկ հաւաստիքը ցոյց տալ ձեզի: Այսօր չորս շաբաթէ ի վեր կը գործեմ եւ իմ խնայողութեանս առաջին արդիւնքը, երկու անգլիական ոսկի, ձեզի կը ղրկեմ ներփակ փոխ-գիրով մը, որ կրնաք գանձել Օսմ. Պանքայէն:
Գործս այնքան դժուար չէ. միայն թէ շարունակ ոտքի վրայ ըլլալով՝ քիչ մը կը յոգնիմ եւ ոտքերս կը ցաւին: Եթէ քալել ըլլար, մինչեւ իրիկուն աւելի կրնայի դիմանալ, ինչ ալ ըլլայ, հիմա բաւական վարժուած եմ: Քեռիս կ՚ըսէ, որ երկու ամիս չանցած բոլորովին կը վարժուիմ: Առայժմ շաբաթական երկու տոլարէն քիչ մը աւելի կրնամ խնայել: Կը յուսամ որ գործը լաւ սորվելով շաբաթական վաստակս կրկին չափով կ՚աւելցնեմ: Գործին վարժուելէ ետքը իրիկունները դպրոց պիտի երթամ անգլերէնս սորվելու համար: Քեռիս չ՚ուզեր, որ հիմա երթամ, քանի որ դեռ գործին յոգնութիւնը կը զգամ եւ ոտքիս ցաւը չէ փարատած: Սիրալիր բարեւներս ամբողջ ազգականներուն:
Ձեր երախտագէտ զաւակը:
ՔՈՅՐԸ ԱՄԵՐԻԿԱ ԲԵՐԵԼ ՏԱԼՈՒ ՆԱՄԱԿ
Սիրելի հայր իմ եւ մայր իմ,
Այս նամակով ներփակ ձեզի կը ղրկեմ եօթանասուն անգլիական ոսկիի փոխ-գիր մը եւ ձեզի կը ներկայացնեմ առաջարկ մը, որ եթէ յարմար դատէք, կը գործադրէք, իսկ եթէ յարմար չդատէք՝ խնդիրը կը փակենք:
Այստեղ իմ գործս ապահովուած է եւ կրնամ՝ տարիներ շարունակել առանց կորսնցնելու վտանգին: Այս դիւրութիւնը գտնելէ ետք միտքս աւելի կ՚անդրադառնայ առանձնութեանս վրայ, ձանձրոյթէն չեմ կրնար ազատիլ: Քոյրս՝ Եւգինէ, հիմա տասնութ տարեկան է, դպրոցին շրջանը արդէն աւարտած՝ գիրքով եւ գրիչով հետաքրքրուող օրիորդ մը եղած է. իր գողտրիկ նամակները ցոյց կու տայ, թէ որչափ մտացի աղջիկ մըն է, որքան կարդամ իր հին ու նոր նամակները, այնքան կարօտը կը քաշեմ: Ուստի կը մտածեմ զինքը այստեղ բերել տալ, քանի որ գործս ապահով է եւ դեռ քանի մը տարի հոս մնալ ստիպուած եմ: Իր գալը թէ՛ իրեն օգտակար է եւ թէ՛ ինծի: Նոր երկիր մը կը տեսնէ, իր մտքի հորիզոնը կ՚ընդլայնի եւ թերեւս դպրոց մը երթայ իր ուսումը շարունակելու եւ կամ նոյնիսկ մասնագիտութիւն մը սորվելու: Եւ քրոջ մը ներկայութիւնը ոչ միայն իմ առանձնութիւնը կը փարատէ, այլ նաեւ ինծի զօրավիգ կ՚ըլլայ եւ քաջութիւն կը ներշնչէ ապրելու լաւագոյն կեանք մը եւ գրաւելու բարձրագոյն դիրք մը: Երկու պզտիկ եղբայրներս եւ միւս քոյրս Հռիփսիմէ կը մնան ձեզի հետ, մինչեւ կամ մենք կը վերադառնանք ձեզի միանալու եւ կամ դուք կու գաք մեզի այստեղ հաստատուելու համար, թէեւ ես այս վերջին գաղափարին հակառակ եմ, որովհետեւ մենք աւելի երջանիկ կ՚ըլլանք մեր երկրին մէջ, եթէ տնտեսական եւ քաղաքական պայմանները բարեփոխուին: Առայժմ պէտք է աշխատինք այս երկրին մեզի պարգեւած բարիքներէն օգտուիլ եւ վստահ եմ, որ Եւգինէն բաւական ուշիմ է լիուլի օգտուելու համար: Ես իրեն պիտի օգնեմ ոչ միայն իբրեւ եղբայր, այլ նաեւ իբրեւ իրեն պարտական՝ ի փոխարէն իր ներկայութեամբ ինծի տալիք երջանկութեան:
Գիտեմ, որ իր բացակայութիւնը ձեզի դժուար պիտի գայ, բայց այն տեսակէտը թէ ինք եւ ես այստեղ երջանիկ պիտի ըլլանք՝ պիտի մխիթարէ ձեզ: Անկէ զատ Հռիփսիմէ իր աշխուժութեամբ եւ զուարթութեամբ իր քրոջ տեղը պիտի գրաւէ: Արդ, եթէ զօրաւոր պատճառներ իր գալը առարկելի չդարձնեն, եւ եթէ դուք համաձայնիք ընտանիքի այսպէս առժամանակեայ բաժանումին, ղրկեցէք զինքը առաջիկայ գարնան մէջ: Ես իր ճամբորդութեան համար հարկ եղած դիւրութիւնները պիտի հայթայթեմ: Այս եօթանասուն ոսկիին երեսուն կամ երեսուն հինգը աւելի քան բաւական է երկրորդ աստիճանով գալու համար: Սպասելով ձեր պատասխանին կը մնամ ջերմ բարեւներով՝ Ձեր զաւակը:
ՍԻՐԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿ
Յարգելի օրիորդ,
Կը ներէ՞ք այս համարձակութիւնը անծանօթ անձնաւորութեան մը, որ խորին յարգանքով կը փափաքի ծանօթութիւն մշակել ձեզի հետ: Ձեր հօրեղբօր հետ իմ ունեցած երկար մտերմութիւնս եւ սենեկակցութիւնս, եւ այդ առիթով ձեր հօր հետ իմ փոխանակած քանի մը նօթերը ինծի այն փաղաքշող կարծիքը կու տան, թէ իմ անունս բոլորովին նոր չէ ձեզի համար:
Յարգելի օրիորդ, առանց գիտնալու պանդուխտի մը կեանքը՝ օտար երկրի մը մէջ, չէք կրնար չմտածել իբրեւ տարօրինակ երեւոյթ մը այս իմ փորձի նկատմամբ: Ես կանուխէն որբ մնացած եմ եւ չեմ գիտեր մօր մը գգուանքը եւ քրոջ մը գուրգուրանքը: Կ՚երեւակայեմ, թէ որչափ երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ թղթատարութիւնը ինծի ալ պարբերաբար նամակներ բերէր մօր մը կամ քրոջ մը կողմէն, ու ես փոխադարձաբար գրի առնէի եւ ղրկէի իմ լաւագոյն խորհուրդներս եւ զգացումներս: Կը զգամ, բայց չեմ կրնար արտայայտուիլ: Սրտիս մէջ կը զգամ այն պարապը, որ մայր մը կամ քոյր մը կրնայ լեցնել: Ձեր ազնիւ նկարագրի եւ բարձր մտայնութեան մասին յաճախ լսած եմ ձեր հօրեղբօր կողմէն եւ ձեր լուսանկարը իր սենեակին մէջ ինծի կը ներշնչէ միեւնոյն գաղափարը: Ուստի ձեր բարեկամութիւնը շահելու փափաքը անդիմադրելիօրէն աճած է իմ մէջ, եւ ահա տեղի տալով այդ փափաքին կը գրեմ ձեզի: Կը խոստավանիմ, որ այս առաջին նամակն է կը գրեմ օրիորդի մը եւ կը զգամ, որ կեանքի ամենագեղեցիկ մենաշնորհներէն մէկն է այն: Այն պարապը, որ սրտիս մէջ կը տիրէ, պիտի լեցուի այսպիսի բարեկամութեան մը մշակումով:
Թերեւս այս իմ համարձակութիւնս իմ կարծածէս շատ աւելի մեծ յանդգնութիւն մըն է, եւ կը յուսամ՝ դուք պիտի ներէք ինծի՝ վստահ ըլլալով լաւագոյն դիտաւորութեանս մասին: Ընդունեցէք ազնիւ օրիորդ, իմ խորին յարգանքի հաւաստիքը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Յարգելի պարոն,
Ձեր Հոկ. 6 թուակիր նամակը ինծի հասած է գրեթէ շաբաթ մը առաջ: Հօրեղբօրս նամակներուն մէջ ձեր անունին արդէն հանդիպած էի: Այն իրողութիւնը, որ հօրեղբայրս ձեր մէջ այնքան գնահատուած բարեկամութիւն մը գտած է՝ ապացոյց մըն է ինծի համար ձեր ազնիւ եւ շիտակ նկարագրին: Ձեր նամակը ինծի պատիւ մը կը սեպեմ, եւ որուն համար ձեզի իմ անկեղծ շնորհակալիքս կը յայտնեմ: Եթէ իմ թղթակցութիւնս կրնայ արժէք մը ունենալ եւ կամ ձեզի օգտակար ըլլալ՝ չեմ ուզեր այդպիսի թեթեւ ծառայութիւն մը մերժել: Միայն թէ իբրեւ անփորձ աղջիկ մը ծնողացս կարծիքը հարցուցի, որոնք առարկելի չգտան այսպիսի թղթակցութիւն մը, մանաւանդ քանի որ հօրեղբայրս ձեզ այնքան լաւ կերպով յանձնարարած էր իրենց:
Դժբախտաբար ես ո՛չ լաւ գրող եմ եւ ոչ ալ լաւ դիտող: Ինծի կը թուի, թէ մեր քաղաքին մէջ հետաքրքրական ոչինչ կայ գրելու, թերեւս կայ եւ ես չեմ տեսներ: Դիտելու ընդունակութիւն չունիմ թերեւս, եթէ նոյնիսկ ունեցած ըլլայի, չէի կրնար զարգացնել՝ հայ աղջիկներու սահմանուած նեղ միջավայրի հետեւանքով: Դուք անշուշտ այդ տարօրինակ աշխարհի մէջ շատ բաներ կը տեսնէք, կը լսէք եւ կը կարդաք։ Եւ հետեւապէս դուք շատ աւելի բաներ պիտի ունենաք ինծի գրելու:
Այս նամակը կը ղրկեմ հօրեղբօրս գրած նամակին մէջ ներփակ: Մեր ընտանեկան լուրերը գրած եմ իրեն, անշուշտ, ան ձեզի կը պատմէ, եթէ հետաքրքրուիք այդպիսի աննշան պարագաներով: Յաջողութիւն մաղթելով ձեզ՝ կը մնամ, խորին յարգանքով…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024