ՄԱԷՍԹՐՕ ԽԱՉԻԿ ԵԸԼՄԱԶԵԱՆ ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

Մար­սէյ­լի մէջ, Շրջա­նա­յին խոր­հուր­դի ամ­փի­թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ վեր­ջերս բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ տեղ­ւոյն Սա­հակ-Մես­րոպ երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Խա­չիկ Եըլ­մա­զեան։ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ձօ­նուած այս ֆրան­սե­րէն ե­լոյ­թին մէջ ան տուաւ շա­հե­կան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ եւ ար­հես­տա­վարժ տե­սան­կիւ­նով մեկ­նա­բա­նեց Կո­մի­տա­ս Վարդապետի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ձեռ­նար­կը ար­ժա­նա­ցաւ հե­տաքր­քիր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Դա­սա­խօ­սու­թեան զու­գա­հեռ գոր­ծադ­րուե­ցաւ նաեւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր, ո­րու կա­տա­րող­ներն էին թե­նոր Անդ­րա­նիկ Մի­նա­սեան, տու­տու­կա­հար Մի­քա­յէլ Վէ­մեան եւ շուիա­հար Հայկ Գոր­թեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015