ՎԱՀԱՆ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ (1878-…)
Վահան Եարճանեան հայ գրականութեան մեծերէն Սիամանթոյի եղբայրն է: Ծնած է Ակնի մէջ, 1878 թուականին: Իր մասին շատ տեղեկութիւններ չկրցանք գտնել: Մեծ արհաւիրքէն ետք Վահան մեկնած է Ֆրանսա, ուր մահացած է:
Շատերուն համար թերեւս ծանօթ չէ Վահան Եարճանեանը, իր մասին բաւական տեղեկութիւններ չըլլալուն պատճառով: Ան եւս բանաստեղծ եղած է եւ իր գրիչին կը պատկանին շարք մը բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են Պարսամեան եղբայրներու հրատարակած ու խմբագրած «Շանթ»ին մէջ:
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք այդ բանաստեղծութիւններէն փունջ մը, փորձելով լոյսի շող մը նետել Եարճանեան Վահանի բանաստեղծութիւններուն վրայ:
«Շանթ»ի խմբագրութիւնը հետեւեալ երկտողը դրած է Վահան Եարճանեանի առաջին բանաստեղծութիւնը հրապարակելուն առիթով.
Սիամանթոն է որ կը դիւցազներգէ…: Անոր վժացող արիւնը, անոր ըմբոստ Հոգին է որ առհաւօրէն կ՚եռայ, կը փրփրի նաեւ կրտսեր եղբօրը մէջ: Սիամանթոյի ուրուականը կարծես կ՚անցնի, տեսիլքի մը պէս, այս զարհուրանքի մրրկավազ փոթորիկներուն մէջէն, ուր գիշերուան դէմ ծառացած, արիւնաներկ արշալոյսի առաջին լոյսին կը սպասէ, նոր կեանքին երջանկութիւնը սաղմոսերգելու համար:
ԶԱՐՀՈՒՐԱՆՔԻ ՓՈԹՈՐԻԿՆԵՐ
***
ԱՐԻՒՆԱՆԵՐԿ ԱՐՇԱԼՈՅՍ
Ո՜վ դուք՝ անծանօթ բարեկամներս ու գաղափարի ջահակիրներ,
Դուք զաւակներդ անպարտելի՝ Արեւմտեան աշխարհի…
Դուք յաւերժական եղբայրներ, շտեմարան անսպառ գութի ու անչափելի վրէժի…
Դուք հսկաներ, դուք արդարացան մշակներ, դուք անխոցելի զինուորներ,
Դուք ահեղաբիբ հերոսներ, Գարուններու աւետաբեր հրեշտակներ,
Աշխարհի չորս ծագերէն՝ պողպատեայ կամքով ու անընկճելի յոյսով սուրացող, Դուք արդարախօս պատգամաբերներ, եւ դուք քաղցրալեզու բերաններ,
Եկէք այսօր որ տեսնեմ ձեզ վերջապէս, սա աչքերովս արիւնաքամ,
Եկէք այլեւս բանալու ադամանդեայ ծորակները Ազատութեան աղբիւրներուն,
Ու պեղելու դամբանները Ոճիրներու՝ եւ կանգնելու Պալատները Ոսկեղէն Արդարութեան,
Բարձրացէ՛ք վեր հաստատաքայլ, սա՛ դաւադիր ու ոճրապարտ Քաղաքին…
Արիւնախում պողոտաներու երկայնքէն…:
Ես գիտեմ որ դուք ալ յոգնած էք ու պարտասած,
Անկարելի մարտնչումներու զարհուրանքէն.
Ես գիտեմ որ ձեր ալ հաւատարիմ ոտքերուն տակ անբուժելի վէրքեր կան…
Ու ձեր արդարակշիռ ձեռքերուն մէջ մխուած գնդակներ…
Ես գիտեմ որ ձեր ալ ականջները մեր զարհուրելի ողբերէն խլացան
Ու մաշեցան ձեր ակռաները ձեր բերնին մէջ՝ կրճտալէն…
Ես գիտեմ որ ձեր ալ երգերը ձեր կոկորդներուն մէջ,
Ինչպէս իմ համբոյրս՝ իմ շրթունքներուս վրայ՝
Ու ձեր աղերսները իմինիս հետ՝ մեռան,
Անագորոյն թշնամիին քրքիչներուն տարափին տակ…
Ու ձեր ժպիտը ձեր լուսավառ այտերուն վրայ քարացաւ
Ինչպէս իմ գինովութիւնս թունաւոր բաժակներուն խորը…
Ահաւասիկ իմ միտքս որ ձերն էր՝ խաւարէ խաւար աքսորեցին.
Ու մահացաւ վրէժս, անողորմ ու անկարելի հարուածներէն…
Ահաւասիկ իմ բիբերս իմ գրիչովս փորեցին,
Ու ձեր գրքերուն բոցէն դեռ իմ ուղեղս կ՚այրի…
Ու խաչս անզօր՝ մահացու դաշոյն թշնամիին ձեռքին մէջ՝
Տեսէ՛ք, սրտիս վրայ, իր անհամար վէրքերը կը հաշուէ…:
Օ՜հ եկէ՛ք, եկէ՛ք որ վերջապէս ձեզ սրտիս վրայ հանգչեցունեմ
Եւ ձեր ճակատները ճանչնան համբոյրները օրհնութեան
Ու դողդոջուն ձեռքերս ձեր անկաշառ ձեռքերուն մէջ՝
Թոյլ տուէք որ մեր երախտիքի աղբիւրներուն ջրվէժին տանիմ ձեզ,
Եւ ձեր ականջները վերջին անգամ մ՚ալ երգերուն երգէն սգաւորուին,
Զոր այսօր մենք բոլորս՝ ձեր փառքին համար պիտի երգենք,
Հայրենիքիս արմատախիլ անտառներուն ու կիսակործան տաճարներուն մէջ ծնկաչոք…
Աճապարեցէք որ կարենամ այլեւս համբուրել ձեր սուրերը արդարաբաշխ,
Սա պապակած ու ծարաւի շրթունքներովս,
Որ արդարութեան ու վրէժի բուրումներուն կարօտէն կ՚այրի…
Ու կիսակործան տնակիս հիմերը թող ճռնչեն…
Տարիներէ ի վեր սպասուած, ձեր քայլերէն արդարահնչիւն…
Եկէք բանալու լուսամուտիս փեղկերը այլեւս անգիշեր Արեւին…
Ահաւասիկ բուխերիկս այսօր իր երջանկութիւնը կը մխայ,
Ու աքաղաղս կիսամեռ, պարտէզիս փլատակուած պատին վրայ թառած,
Արշալոյսներու զարթնումը կ՚երգէ, անհնարին յուզումով…:
(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր շրջան, թիւ 2, շաբաթ, 23 նոյեմբեր 1918, էջ 23):
ՍՊԱՍՈՒՄ
I.
Խաւարեցաւ տնակս, եւ երկինքը կը գոռայ՝ իմ հինաւուրց ցաւերս այս գիշեր,
Զարհուրանքի անձրեւը կը հոսի, դժոխային ամպերէն այրացաւեր տանիքին վրայ խրճիթիս…
Սարսափելով կ՚ունկնդրեմ ջուրերու շառաչին, որ փակ փեղկերը պատուհանիս կ՚ապտակէ,
Մռնչող կոյր հովին հետ՝ որ կը սարսէ արմատներէն՝ տերեւաթափ ծառերը հնօրեայ պարտէզիս…:
II.
Կատաղութեամբ ու ահեղաձայն կ՚անձրեւէ, անպատսպարու անպաշտպան հոգիիս մէջ այս գիշեր…
Ու կը մռնչէ քամին մահերգեր՝ խաւարեալ ու անխօս անտառին մէջ ցաւերուս…
Ալեկոծեալ գանկիս մէջ կը հրդեհուին, կը բազմանան սարսափները փոթորիկին,
Ու սրտիս անհամար ճամբաներուն մէջ՝ տառապանքը խենթի մը պէս կը ճեմէ…:
III.
Խաւարին մէջ ու փոթորիկին դէմ, միայնա՜կ եմ թեւերուն մէջ այս ամեհի գիշերին…
Օ՜, հասէ՛ք, կը խեղդեն զիս անկարեկիր ու անխոնջ ձեռքերը մահուան սարսափին…
Միս մինա՜կ եմ, ահաւասիկ ինծի կը սուրայ կատաղութիւնը մռնչող հովերուն,
Ու կը դողա՜մ ու կը մսի՜մ այս գիշեր, ցաւերուս հետ՝ ու փոթորիկին դէմ առանձի՜ն…:
IV.
Ու փաթտուած իմ վշտիս՝ խաւարին մէջ ու յոյսերուս հետ որբի մը պէս կ՚արտասուեմ,
Անթարթ աչքերս յառած՝ Կեանքի արիւնաներկ ճամբաներուն, քեզ կը հառաչեմ, քեզ կ՚երազեմ…
Օ՜, ե՞րբ, ե՞րբ պիտի հասնին Եղբայր իմ, քու ձեռքերդ գորովի ու քաղցրութիւնը աչքերուդ լճակին,
Որոնց մէջը ես հոսէի այս Գիշեր, ո՜վ յոյսս, անձրեւները հոգիիս անսպառ Փոթորիկին…:
(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր շրջան, թիւ 5, շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 1918, էջ 52):
ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ԿԱՐԱՒԱՆ
***
Ա.
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Ո՜հ, ի՞նչպէս ես ի քեզ մօտենամ, քո՛ւ Անունիդ, քո՛ւ Գահիդ,
Ո՜վ մեծ եղբայրակից, ով հսկա՜յ, ով ուղե՜ղ լուսեղէն.
Ի՞նչպէս ես ի քեզ առաջանամ, չը խնկուած Գաղափարիդ կրակէն…
Ի՞նչպէս ես ի քեզ ծնրադրեմ, չը թրծուած քու Հաւատքիդ արեւէն…
Ո՜հ, ի՞նչպէս ես քեզ համբուրեմ չը հաղորդուած քո՛ւ Հոգիիդ մասունքէն…:
Աւա՜ղ, խաւարակուռ պահու մը՝ արհաւիրքի կոյրձեռքերը բարձրացան,
Քեզ ալ կեանքէն ի մահ տանելու, ո՜վ բանաստեղծ, ո՜վ հոգի քրմական, ո՜վ մտքի արծիւ.
Զիս իմ Արեւէս, կինդ իր Լուսնակէն ու երկու զաւակներդ չքնաղ՝ իրենց Աստղէն խաւարելու…
Աստուածները թող կարմրին ըսելու, թէ շունչ տուին հրէշներու բանակին,
Անհամար հանճարները Հայրենիքիս - Անմահներո՜ւ Կարաւան - մէկ օրուան մէջ հնձելու…:
Ու քո՛ւ բիբերդ անշուշտ - զարհուրանքի՜ ծորակներ - մահուընէդ վերջը երկինքներու յառած մնացին…
Ու քու բազուկներդ մարմարեայ, դէպի Անհունը իրենց վրէժն ու սարսափը ժայթքեցին,
Ու եթէ մեռաւ քու մարմինդ արդար, սուգի ու տառապանքի հրաշէ՜կ ու անե՜զր անապատ…
Եթէ մեռաւ քո՛ւ շունչդ, եթէ մեռաւ քո՛ւ միտքդ լուսապայծառ՝ զեփի՜ւռ հանճարեղ,
Բայց քու երդումդ, քու ուխտդ նուիրական ու աղաղակդ վրէժի՝ ահա իմ մէջս կ՚ապրի…:
Ահա՛ ես ի քե՛զ կու գամ այսօր, քու անարժան ու կրտսեր եղբայրդ սգաւոր,
Ահա ես ի քե՛զ կու գամ, ո՜վ սիրտ հրաթեւ, ո՜վ Դանիէլ, ո՜վ Մարգարէ,
Ահա ես ի քե՛զ կու գամ՝ քու Հեթանոս Երգերէդ գինով, քու ձեւերէդ խելայեղ, քու խօսքերէդ զրահուած,
Ահա ես ի քե՛զ կու գամ այսօր, քու Սրբազան Ոսկորներդ իմ արցունքովս օծելու,
Քու Վրէժիդ, քու Ուխտիդ, քու Ոգեվարի հռնդիւնիդ արձագանգը սրտիս մէջը պեղելու…:
Ահաւասիկ, այս Նուիրումի ու Վրէժի Օրերուն՝
Նշխարներուդ գանձին առջեւ կ՚ուխտեմ ես քեզի.
Որ պիտի խմեմ այս աչքերովս անյագուրդ, Դահիճներուդ գլորումը ցեխէն ի մահ…
Ու պիտի ըմպեմ արբշռութեամբ մը գերմարդկային, անոնց ոռնումը հոգեվարքի…
-Անարժաննե՜ր գերեզմանի, քանզի հողը սուրբ է, եւ նուիրական ու արդար-,
Ու զանոնք այրելէն, զզուանքը իրենց աճիւնին՝ պիտի թափեմ հողաթափին վրայ Արարչին…:
(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր շրջան, թիւ 6, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 1918, էջ 67):
Բ.
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
Ցեղիդ հոգեվարքի իրիկունը մահագուժող ահազանգերուն ողբին հետ
Քու Սեւ հաւդ ալ կանչեց, անընկճելի ուսիդ թառած, եղերական ճիչերով…
Կանչեց եւ քե՛զ Ռուբէն, ու դուն գլխահակ, մտածկոտ ու շուարուն՝
Հետեւեցար դաւադիր Ձայնին ու հեռացար Ցայգալոյսիդ լոյսերուն հետ…:
Բայց քանի՜ քանի՜ Առաւօտներ ծնան, ու ես կը սպասեմ դեռ քեզի…
Կը սպասեմ քու Ոսկի Խօսքիդ, քու Պատգամիդ, քու Մարտական Հրաւէրիդ,
Ու անսպառ Սպասումս անսահմանօրէն կ՚երկարի՝ անկարեկիր Լռութեանդ հետ,
Գերեզմանելով ժամերս, օրերս ու տարիներս եւ խամրած ծաղիկները Յոյսիս…:
Ձայն տո՛ւր, Ռուբէն, ոտքի կանգնէ՛, բարձրացուր Գլուխդ մեծապայծառ
Ու թաթխէ Գրիչդ վերջին անգամ մ՚ալ Հայ արիւնին մէջ հրավառ…
Երգէ՛ ինծի, երգէ՛ Ռազմիկ, երգէ՛ Վարպետ, ծարաւի եմ քու ձայնիդ,
Երգէ՛ Ազատամարտին արծաթ շեփորներուն հետ՝ որոնք ահա՛ կը հնչեն…:
Ոտքի կանգնէ՛, Ռուբէ՛ն, Դուն մեծ եղբայրը՝ մեր մեծ Կամքին,
Լուսաւորէ՛ մեր ճակատները մթաստուեր, քու հուր աչքերուդ բոցերով…
Մենք՝ աշակերտներդ պէտք ունինք քու հնչեղ Մուրճիդ եւ Բազուկներուդ հանճարեղ,
Ազատութեան արձանները Ցեղիս՝ քու Հոգիիդ ու մեր Կամքին ձեւերովը կերտելու…:
Տե՛ս, Արեւմուտքէն Արեւելք , բոլոր ընկերներդ պայքարի՝ քե՛զ կ՚արտասուեն…
Ո՞ւր ես, Ռուբէ՛ն, մեռա՞ր, մեռա՞ր. ձայն տո՛ւր, ո՜վ Սիրտ Հայկական,
Մտիկ ըրէ՛, մտիկ ըրէ՛, վրիժառու ողբերուն Զաւակներուդ թափառիկ,
Որոնք Երեւանի պարիսպներու կատարէն, հայրի՜կ, հայրի՜կ կը գոչեն…:
(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր շրջան, թիւ 8, շաբաթ, 4 յունուար 1918, էջ 94):
Գ.
ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ
Ահաւասիկ ու վերջապէս քու ձայնդ բիւրեղային, արթնցուց բոլոր խիղճերը քնացող,
Ահաւասիկ Նոր Արշալոյսները ծնան քու աչքերէդ լուսատու, քու ուղեղէդ լուսավառ,
Ահաւասիկ հայ արիւնին պողպատէն հրաշակերտ ու քու քայլերէդ արդարաբոյր
Աւերակեալ ու անպարտելի Հայաստանին Ոսկի Քաղաքները անմահօրէն կը վերածնին…
Օրհնեալ ըլլայ քու մայրդ մահացեալ, որ օր մը բերկրանքի ու երջանկութեան
Ծնաւ քեզ արշակոյսի մը քաղցրութեանը պէս, քու ցեղիդ անկորնչելի փառքին ի նուէր…
Ծնաւ քեզ, դուն անվերջալոյս ադամանդը մեր այլեւս անմահ ճակատներուն.
Ծնաւ քեզ, Սիրտ հրավառ, Միտք հանճարեղ, Դուն խարիսխը մեր անմեռ մարմինին…
Հօրդ աճիւնը այսօր իր Սուգերուն ու Գերեզմանին խաւարներուն հետ
Իմ երազներուս ու յոյսերուս գոհարներուն ցոլքերուն հետ ծաղկելով կը ժպտի,
Ու իր հոգին առ յաւէտ երջանիկ կու գայ իր աննիւթ ու անբասիր ձեռքերով
Օրհնութեան ու երախտիքի լուսապսակներով քու մաքուր ճակատդ զարդարել...
Հանգչեցուր այլեւս, Առաքեալ, քու ուղեղիդ, քու աչքիդ, քու սրտիդ խոնջէնքը զարհուրելի
Սա դափնեպսակներու դէզին վրայ, որ մեր սրտերէն դէպի քեզ, դէպի քու ոտքերդ կ՚արշաւեն,
Նահատակներէն նուէր քեզի, իրենց արիւնովը ոռոգուած սա ծաղիկները կարմրաներկ,
Ու ապրողներս քեզի ընծայ, ընծայ կը բերենք մեր բռունցքները ու վրէժները անսանձ…
Հայաստանը քեզ կը սպասէ, իր աւերակներու ու շիրիմներու անսահմանին հետ
Քեզ կ՚աղերսեն բոլոր մեր ցաւերը անշէջ, բոլոր մեր յոյսերը անգիշեր…
Քու սրտիդ, քու կամքիդ անընկճելի ու արեւաբաշխ հայրական բազուկիդ,
Եւ քու ցնցուղիդ ոսկի, ոռոգելու վարդաստանները Արարատեան Գարունին…
Իշխա՛ն, ահաւասիկ ես ակռաներովս քու Սուրդ արդարակշիռ այսօր դարբնեցի
Ու տարիներով արցունքներովս եմ թրջեր կանանչները Ձիթենիի ոստերուն…
Ահաւասիկ սուրէս վրէժ միայն կը հոսի եւ Ձիթենիէս խաղաղութեան աղօթքներ,
Յառաջացի՛ր, Առաքեա՛լ, երկուքն ալ քու պատգամիդ ու մեր արիւնին կը սպասեն…:
(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր շրջան, թիւ 14, շաբաթ, 8 փետրուար 1919, էջ 161):
Դ.
ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ստոյիկեան ժպիտովդ կ՚ուզէի արբենալ այս իրիկուն, քեզ երգելէ առաջ,
Եւ սգաւորի մը լրջութեամբ մերձենալով հակելու քու Գերեզմանիդ վրայ,
Որուն Սրբութեանը՝ աւա՜ղ, երբեք պիտի չը կարենամ հասնիլ,
Որպէս զի անոր վրայ ցօղէի եղբայրօրէն՝ արիւն արցունքէս երկու կաթիլ…:
Օ՜, որքա՜ն կ՚ուզէի դեռ խմել մտքիդ ու սրտիդ իմաստահոս ջրվէժներէն
Բուռ մը հեգնանք ու քանքար ու իշխանական բարութիւն…
Օ՜, որքա՜ն կ'ուզէի դեռ ըմպել քու աստուածավայել աչքերուդ ակերէն
Ճշմարտութիւն, զոհաբերում ու գեղատեսիլ ու անսահման սէր…:
Ո՜վ մեծանուն նահատակ, ո՜վ Արտաշէս, ո՜վ եղբայրս չարչարեալ,
Չը գիտեմ, քու վերջին նայուածքդ հօրդ ազնուական կերպարանքին վրա՞յ փակեցիր,
Թէ դահիճներուդ անողոք աչքերը՝ բարութեան ժպիտովդ մկրտեցիր,
Տիեզերքին ու Չարիքին ունայնութիւնը հերոսի մը պէս երգելէ վերջ:
Մտի՛կ ըրէ, Արտաշէս, երկու Վահաններ կ՚ապրին գաղափարիդ առընթեր,
Երկու Վահաններ՝ Յոյսին Աղբիւրներուն քով, ջահերովդ զրահաւոր,
Ուրկէ քու իմաստութեանդ անապակ ջուրերէն ու առատօրէն՝
Եւ սափոր առ սափոր պիտի մատուցանեն Յիշատակարանիդ Ուխտաւորներուն…:
Բայց լսէ՛, ես դեռ չը փակած իմ յուսածոր աչքերս խաւարին…
Եւ դեռ յաղթանակին փառքը չերգած ու չը համուրած ազատութեան դիցուհին,
Պիտի գամ, կարմիր քղամիդներովս ու երգերովս պճնուած, վրիժածաղկին Սուրբ Սերմերը
Քու յիշատակիդ, ու մեր Ցեղին փառքին ի նուէր, գերեզմանիդ վրայ ցանելու…:
(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր շրջան, թիւ 38, շաբաթ, 19 յուլիս 1919, էջ 437):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ