ՄԱՐԴԱԿԵԴՐՈՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Շիշլիի քաղաքապետութիւնը հաստատեց Հասարակական հաւասարութեան միաւոր մը։ Քաղաքապետարանի համալիրէն ներս բացուած այս նոր բաժանմունքը նախընթաց երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ծանօթացուեցաւ հանրային կարծիքին։ Շիշլիի քաղաքապետութեան ընկերային օժանդակութեան գործոց տնօրէնութեան ենթակայութեամբ ստեղծուած է այս բաժանմունքը, որու հիմքին կը գտնուի մարդու իրաւանց նկատմամբ յարգանքի սկզբունքը։ Հաւասարութեան հետամուտ տեղական ինքնակառավարման մարմնի մը ճանապարհէն ընթանալով կատարուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու պտուղները Թուրքիոյ պայմաններով կը համարուին աննախընթաց։ Հարկ է նշել, որ այս բաժանմունքի հաստատման ուղղեալ աշխատանքներուն մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունեցած է իրաւապաշտպան Պոյսան Եաքար, որ դժբախտաբար մահացած ըլլալու բերումով չէ կրցած ականատես ըլլալ ծրագրի ի կատար ածուելուն։ Հետեւաբար, քաղաքապետարանի այս նոր միաւորի ծանօթացման հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ իր ոգեկոչման։
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ ծանօթացման հաւաքոյթին ընթացքին ընդգծեց, թէ մարդու, անհատի առանցքով տեղական ինքնակառավարում մը Շիշլի գաւառակի հիմնական կարիքն է։
Սէյհան Արմանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ այս երեկոյթին յայտագիրը, որու մասնակիցներու շարքին էին ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի աշխատակիցներէն Մելթէմ Աղտուկ, Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւսատոս Չարլզ Հանթըր, Գանատայի աւագ հիւպատոս Էնտրու Սմիթ, Իսրայէլի աւագ հիւպատոս Շաի Քոհէն, երեսփոխանի թեկնածուներ՝ Սելինա Տողան եւ Մելտա Օնուր, Թուրքիոյ Հրէից Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, ծանօթ դէմքեր եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Պոյսան Եաքարի ընտանիքի անդամներն ալ ներկայ գտնուեցան ծանօթացման հաւաքոյթին։