ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔՆԵՐԸ ՍԵՓԱԿԱՆԱՑՆԵԼ. ՈՒԷՆՏԻԻ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇ
Ուէնտիի համախտանիշը, որ անուանուած է սկովտացի գրող Ճէյմս Մեթհիու Պերիի «Փիթըր Փեն» վէպի Ուէնտի Տարլինկկերպարի հիման վրայ, դարձած է հանրաճանաչ հոգեբանական սահմանում մը, որ կ՚օգտագործուի նկարագրելու համար չափահաս մը, որ կարեկցող, հասկացողութեան տէր եւ նոյնիսկ ինքնավստահ ու զոհաբերող անձ մըն է:
Սոյն սահմանումը առաջին անգամ օգտագործուած է Տէն Քիլիի կողմէ՝ իր «Ուէնտիի երկընտրանք. երբ կիներ կը դադրին մայրանալ իրենց տղամարդոց հանդէպ» գիրքին մէջ։ Յիշեցնենք, որ արկածախնդիր, զուարճալի եւ չարաճճի Փիթըր Փեն Ուէնտիէն կը խնդրէ մայր ըլլալ իր եւ «Նեւըրլենտ»ի մէջ ապրող կորսուած երեխաներու համար: Ուէնտի ինքզինք կը գտնէ զանազան իրադարձութիւններու մէջ, որ նաեւ կ՚առանձնանայ՝ որպէս ամբողջ պատմութեան ամենապատասխանատու կերպարը։ Այս առումով ան լիովին կը հակադրուի Փիթըր Փենին, բայց նաեւ փոխլրացնող դեր կ՚ունենայ։
Ուէնտի սկիզբին չ՚ուզեր մեծնալ, բայց երբ կ՚երթայ «Նեւըրլենտ», կը հասկնայ, որ այս փորձառութիւնը կը բացայայտէ իր աւելի չափահաս կողմը: Ուէնտիի համախտանիշով մարդիկ ուրիշներու կարիքները կը գերադասեն իրենցմէ, իրենք իրենց կը համոզեն, որ ուրիշներու համար գործելը իրենց նպատակն է, կը վախնան առանձին մնալէ, կը խուսափին խնդիրներէ եւ իրենց կարծիքը ազատ արտայայտելէ, չափազանց շատ աշխատանք իրենց պատասխանատուութեան տակ կ՚առնեն, վերահսկող են, բայց, միեւնոյն ժամանակ՝ կախեալ: Արդիւնքին՝ ուրիշներու կարիքները իրենցմէ առաջ դասելու եւ սեփական կարիքները ճնշելու այս իրավիճակը կը յանգեցնէ անոնց ինքնավստահութեան կորուստի։
Կ՚ենթադրուի, որ Ուէնտիի համախտանիշի ծագումը կը բխի տուեալ անձի ընտանիքէն: Անոնք, հաւանական է, որ իրենց մանկութեան տարիներուն խոցելի զգացած են, ուստի կրնան գերպաշտպանութիւն փնտռել: Իրականութեան մէջ անոնք կը ստանձնեն այն դերը, որ պէտք է որդեգրէին իրենց ծնողները։ Այս մարդիկ յաճախ չեն գիտակցիր, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ են: Թէեւ ուրիշներու նկատմամբ հոգատարութիւնը զանոնք կ՚երջանկացնէ, բայց կու գայ պահ մը, երբ անոնք կը հասկնան, որ ուրիշները կը շահարկեն զիրենք կամ բաւարարուած չեն որպէս անհատ: Որոշ իրավիճակներու մէջ անոնք կրնան հասկնալ, որ իրենք շատ բանի համար զիջումներու գացած են: Այս առումով անոնք կրնան նաեւ հիասթափուած եւ անարժէք զգալ: Արդարեւ, անոնք պէտք է զգոյշ ըլլան, որպէսզի չիյնան ճնշուածութեան մէջ։
Մեր բոլոր անձնական յարաբերութիւններու մէջ պէտք է հաւասարակշռութիւնը վերականգնենք։ Պէտք չէ մոռնալ անձնական զարգացման աջակցելու կարեւորութիւնը, անոնք պէտք է պաշտպանեն իրենց արժէքները եւ ուշադրութիւն դարձնեն իրենց ինքնագնահատականին:
Հետազօտութիւն մը պարզած է, որ ինչպէս թոյլատու, այնպէս ալ գերպաշտպանական դաստիարակութեան ոճերը կրնան յառաջացնել Փիթըր Փենի կամ Ուէնտիի համախտանիշը: Չափազանց թոյլատու դաստիարակութեան պարագային երեխան կրնայ դժուարութեամբ սորվիլ յարաբերութիւններու մէջ առողջ սահմաններու կարեւորութիւնը: Սահմանները իսկապէս կարեւոր են, երբ մենք ստանձնենք պարտականութիւններ: Չափազանց պաշտպանող դաստիարակութիւնը թէեւ լաւ մտադրութիւն ունի, բայց կրնայ պատճառ դառնալ, որ երեխան որոշ ոլորտներու մէջ դժուարութիւններ ունենայ իր մասին հոգալու հարցով:
Վերոյիշեալ համախտանիշները յառաջացնող այլ գործօններ կրնան ներառել մանկական վնասուածքները: Թէեւ Փիթըր Փենի համախտանիշի ուղին բոլորի համար տարբեր կը թուի, սակայն ընկերային ճնշումները եւ ազատութեան սահմանափակումը յաճախ ծնունդ կու տան նման վարքագծերու ձեւաւորման: Երբ երեխաները մեծնան դժուարին պայմաններու ներքեւ, երբեմն կարելի է յառաջանան չափահաս տարիքին մանկութիւնը վերապրելու անհրաժեշտութիւն կամ փափաք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024