Ալան Յովհաննէս (Չախմախճեան). Հայկական Երաժշտութեան Ամերիկեան Հնչեղութիւնը
Յունիս 21-ին, 16 տարի առաջ, Սիաթըլի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։
Հայ երաժշտական հանճարի մեծատաղանդ ներկայացուցիչներէն էր Ալան Յովհաննէս, որ չորս տարեկանէն գտաւ ինքնադրսեւորումը իր հնչեղէն ուղին եւ ամբողջ կեանք մը լեցուց արտասովոր երաժշտականութեամբ, աւանդականն ու արդիականը, հայկականն ու ամերիկեանը, արեւելեանն ու արեւմտեանը իւրայատուկ յուզականութեամբ, խոհականութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ համադրող բարձրարժէք արուեստ մը ստեղծելով եւ սերունդներուն կտակելով։
Միայն ծագումով հայ մը չեղաւ Ալան Յովհաննէս, այլեւ թէ՛ իր կեանքով, թէ՛ աւելի քան 70 սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններով՝ հաւատաւոր եւ հաւատարիմ մշակը հանդիսացաւ հայկական իր ժառանգութեան։ Եղաւ մանաւանդ հաւասարապէս թէ՛ հայ, թէ՛ ամերիկացի, սփիւռքահայու կրկնակ պատկանելութեան առաջին դրօշակիրներէն դառնալով։
«Ամերիկահայ»ու կրկնակ պատ-կանելութեան իր այդ կազմաւորումով ու համադրութեամբ՝ Ալան Յովհաննէս բնաւ անտարբեր չգտնուեցաւ աշխարհի ճակատագրին նկատմամբ, մօտէն հետեւեցաւ եւ դիրքորոշուեցաւ քաղաքական մեծ վերիվայրումներուն նկատմամբ ու նուաճեց արժանաւոր քաղաքացիի իր մնայուն տեղը 20-րդ դարու ամերիկեան իրականութեան մէջ։ Ամերիկահայ «Արարատ» հանդէսին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, տակաւին 1971-ին, մեծանուն երաժիշտը կատարեց մերկացումը ամերիկեան մեծապետական մոլորանքին՝ ինչպէս այդ օրերուն, նաեւ մեր ժամանակներուն համար ուղի լուսաւորող հետեւեալ պատգամը փոխանցելով.
«Թեւակոխած ենք շատ վտանգաւոր հանգրուան մը։ Ինքնակործանման վտանգին առջեւ ենք, ինչ որ մեծ վախով կը համակէ զիս։ Հին սերունդը ան-խըղճօրէն կը կառավարէ ու կ՚իշ-խէ։ Եւ ունիմ այն զգացումը, որ ատիկա մեծ սպառնալիք մըն է մեր քաղաքակրթութեան համար։ Հսկայական ընկերութեանց եւ կազմակերպութեանց ագահութիւնը կը հակակշռէ կեանքը տեսակ մը վայրագութեամբ։ Կացութիւնը հետզհետէ աւելի եւ աւելի վատթարացած է, որոշ իմաստով, որովհետեւ բնական գիտութիւնը մեզի տուած է աւելի ու աւելի մահացու զէնքեր եւ մարդկային ոգին կործանած է շատ մը պարագաներու… Ուստի՝ ի՜նչ օգուտ, որ ունինք աշխարհի ամենազօրաւոր երկիրը, երբ կործանած է հոգին։ Անօգո՜ւտ է»։
Մտաւորական այսօրինակ խոհական տարողութեամբ մեծութիւնն է Ալան Յովհաննէս, որ իր կեանքով, ստեղծագործական ժառանգութեամբ եւ գաղափարական պատգամով՝ ինքնատիպ հնչեղութիւն մը ներարկեց հայկական երաժշտութեան։
Ալան Յովհաննէս ծնած է 1911-ի Մարտ 8-ին, Մասաչուսեթց (Միացեալ Նահանգներ)։ Զաւակն էր Ատանա քաղաքէն Ամերիկա պանդուխտ գացած յայտնի քիմիագէտ Յարութիւն Վաննէս (Յովհաննէսի) Չախմախճեանի, որ դասախօս էր մեծահռչակ Թաֆթս համալսարանին մէջ։ Հայրը Թաֆթսի մէջ ծանօթացած ու ամուսնացած էր սկովտիացի Մատլէն Սքաթի հետ, որ մինչեւ 1931-ի իր մահը՝ ընդդիմացաւ զաւակը հայ մեծցնելու Վաննէս Չախմախճեանի հետեւողական ճիգերուն։
Կենսագիրները կը վկայեն, որ չորս տարեկանէն երաժշտութեան նուիրուած Ալանը, մօր ճնշումին եւ ազդեցութեան տակ, վաղ տարիքի իր ստեղծագործութիւնները կը ստորագրէր Ալան Սքաթ Վաննէս։
Ալան եօթ տարեկանին ի վիճակի եղաւ երաժշտութիւնը կարդալու եւ տասնչորս տարեկանին արդէն սիմֆոնիք գործեր կը յօրինէր։ Բայց ինչպէս որ հետագային ի՛նք վկայած է, ծնողքը դէմ էին երաժշտութիւն յօրինելու իր բուռն ցանկութեան։ «Հետեւաբար ստիպուած էի երաժշտական իմ յօրինումներս գրելու գիշերները, գաղտնի, բաղնիքի մէջ, եւ յետոյ զանոնք պահելու, որպէսզի ծնողքս չտեսնեն», խոստովանած է մեծ երաժիշտը։
Արլինկթըն գոլէճի աշակերտ էր Ալան, երբ արդէն գրեց իր առաջին երկու օփերաները, որոնք ներկայացուեցան գոլէճի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ։ Երգահանութեան նուիրուելու իր որոշումին մէջ, այդ տարիներուն, մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն հետ իր ծանօթացումին։ 1929-ին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ան ուսումը շարունակեց Նիու Ինկլընտի երաժշտանոցին մէջ։ Այդ շրջանին գրեց «Արեւածագ» սիմֆոնին, որուն համար արժանացաւ Samuel Endicott-ի մրցանակին:
Մինչեւ 1930-ականները եւ մօր մահը ստեղծած իր գործերը՝ Ալան Սքաթ Վաննէս որոշեց փճացնել եւ կը պատմէ, որ օրերով իր նոթաները այրեց։ Որոշեց իր հայկական պատկանելութեան լիարժէքօրէն տէր կանգնիլ՝ առաջին հերթին մեծհօր Յովհաննէս անունը ընտրելով իբրեւ ազգանուն։ Այդ մասին նաեւ առիթով մը խոստովանած է, որ ընտանեկան «Չախմախճեան» ազգանունը չընտրեց, որովհետեւ շրջապատին մէջ ոչ ոք ի վիճակի էր ճիշդ արտասանելու «զինագործ» բառին թրքացումով կնքուած իր հարազատ ազգանունը։
Այդ շրջանին սկսաւ իբրեւ երգեհոնահար նուագել Ուոթըրթաունի հայ առաքելական Ս. Ճէյմս եկեղեցւոյ մէջ՝ միաժամանակ թափով ստեղծագործական աշխատանքի նուիրուելով եւ Tanglewood երաժշտանոցին մէջ երգահանի մասնագիտական պատրաստութեան հետեւելով՝ 1942-ին արժանանալով գիտական կոչումի։ Ամերիկահայութիւնը անմիջապէս փարեցաւ իր երիտասարդ երգահանին եւ նիւթական անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցոյց տուաւ անոր, որպէսզի ամերիկեան մեծազդեցիկ Mercury ձայնասկաւառակի արձանագրութեան ընկերութիւնը իրարու ետեւէ հրապարակ հանէ Ալան Յովհաննէսի գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն ապահովեցին հայ երաժիշտին։
Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական կեանքին մէջ կարեւորագոյն դարձակէտ մը եղաւ անոր ծանօթացումը հայ երաժիշտ Ենովք Տէր¬Յակոբեանի հետ, որ հայկական եւ արեւելեան նուագարաններու օգտագործման հմուտ էր եւ Ալանի առջեւ լայն բացաւ ոչ միայն հայկական, քրդական, պարսկական ու արաբական, այլեւ՝ հնդկական, չինական եւ ճաբոնական աւանդական նուագարաններու եւ ազգային երաժշտութեանց անեզր աշխարհը։
Այդ ուղիով ալ ընթացաւ Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական բեղուն կեանքը։
1946-ին, երբ Պոսթընի երաժշտանոցին դասախօս էր, տեղւոյն հայ համայնքի մղումով ստեղծեց իր «Էջմիածին» օփերան։ 1952-ին ան փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք, ուր միացաւ «Ամերիկայի Ձայն»ի խմբագրութեան, երաժշտական բաժնի պատասխանատուութեամբ։ Շարունակեց ստեղծագործել եւ շուրջ կէս դար իր տիրական դրոշմը դրաւ ամերիկեան երաժշտական կեանքին վրայ՝ յատկապէս արեւելեան ու արեւմտեան երաժշտութիւնները ինքնուրոյն համադրութեամբ մշակելու իր մեծ տաղանդով։
Ալան Յովհաննէս, իր հօր օրինակին հետեւելով, իր կարգին ամուսնացաւ օտարի հետ՝ ծանօթ սոփրանօ Հինաքօ Ֆուճիարայի հետ։ Ունեցան դուստր մը, որ իր մօր հետ միասին հպարտութեամբ տէր կանգնեցաւ հայ մեծ երաժիշտի ազգային պատկանելութեան եւ երաժշտութեան՝ 2004-ին ձեռնամուխ ըլլալով Հայաստանի մէջ Ալան Յովհաննէսի տուն¬թանգարանի ստեղծումին։
Ա՛յդ էր կտակը Ալան Յովհաննէսի, որ իր կենդանութեան միայն մէկ անգամ՝ 1965-ին բախտը ունեցաւ հայրենիք այցելելու եւ «իր սիրտը լեռներում թողնելու»…
Վկայութեանց համաձայն՝ «Ալան Յովհաննէսը հայրենիք եկաւ 1965 թուականին: Հայրենիքի մասին առասպելները յօդս ցնդեցան այն պահան, երբ Երեւանի մէջտեսաւ Լենինի արձանը: Իր հայաստանեան շրջագայութեան մասին Վարպետը քիչ կը պատմէր: Միայն կը կրկնէր, որ այնտեղ Քրիստոսը դարձած է սատանայ, իսկ Լենինը՝ աստուած: Խորհրդային Հայաստանի մէջ Ալան Յովհաննէսն կ՚անկեղծանար միայն այն ժամանակ, երբ հեռու կը յայտնուէր մայրաքաղաքէն, կարմիր դրօշներէն ու կուսակցական «ընկերներէն»…
«Ալան Յովհաննէս հայրենիքի մէջ երկար չմնաց. ծանօթացաւ գործընկերներուն, նուիրեց իր ստեղծագործութիւնները Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին ու հեռացաւ: Անոր հայաստանեան շրջագայութեան մասին պետական արխիւներուն մէջ քիչ բան կայ:
«Երբ Խորհրդային Միութիւնը տապալեցաւ, եւ սկսաւ Արցախեան ազատամարտը, Վարպետը արդէն ծեր էր ու, չնայած ցանկութեանը, չէր կրնար գալ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ան հայրենիք վերադառնալու այլ ճանապարհ գտաւ. գրեց «Արցախ» սիմֆոնին՝ նուիրուած Արցախեան հերոսամարտի քաջերուն Ալան Յովհաննէս (Չախմախճեան) վախճանեցաւ 21 Յունիս 2000-ին եւ իր յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ սիւնակը կ՚արժէ եզրափակել «Ազգ» թերթի էջերուն, 2007-ին, Սառա Գասպարեանի հրատարակած հետեւեալ վկայութեամբ.¬
«Նիւ Եորքի դասական երաժշտութիւն սփռող ռատիօալիքներով յաճախակի կը հնչէ Ալան Յովհաննէս անունը: Աշխարհի մէջ թերեւս ոչ մէկ յօրինող այդքան խոր ու նրբօրէն զգաց արեւելեան ժողովուրդներու ազգային նուագարաններու արժէքը եւ վարպետօրէն հնչեցուց զանոնք սիմֆոնիկ երաժշտութեան մէջ, որքան՝ Ալան Յովհաննէսը: Իր երկար, բեղուն ստեղծագործական կեանքի ընթացքին ան խորապէս ուսումնասիրած է հնդկական ազգային երաժշտական գործիքները, քորէական Ah-Ak ոճը, ճաբոնական Պունրաքու եւ Կակաքու երաժշտական ոճերը: Սիմֆոնիի եւ արեւելեան մեղեդիներու հետաքրքրական համադրութեան միջոցով յօրինողը արտայայտած է փիլիսոփայական խոհեր՝ բնութեան, տիեզերքի, աշխարհարարման մասին: Ծառի ու սարի նկատմամբ տածած իր յատուկ պաշտամունքը ծնունդ տուած է համանուն բազմաթիւ սիմֆոնիներու:
«Պատահական չէ, որ զայն համարած են դասական երաժշտութեան «Սոկրատէս»ը»:
Իսկ Նուարդ Բորեան, դարձեալ «Ազգ»ի էջերէն, Ալան Յովհաննէսի ծննդեան 95-ամեակին առիթով դիտել կու տար, թէ «ցաւալի է, որ հանրահռչակ, քանքարաւոր մեծ հայուն հայրենիքի մէջ չեն գիտեր ոչ միայն շատերը, այլեւ նոյնիսկ՝ Երեւանի Պետական երաժշտանոցի ուսանողներու ու յատկապէս դասախօսներու գերակշիռ մասը»:
Աւելի քան տեղին է հետեւող կոչը՝ «Ժամանակն է, որ Թումանեանի, Իսահակեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Համաստեղի եւ այլոց թեքստերով գրուած անոր երգերն ու խմբերգները, հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը, «Լուսածագը», «Արթիկը», «Արեւագալը», «Ախթամարը», «Վանայ լիճը», միւսները դառնան հայ հանրութեան սեփականութիւնը եւ, որպէս ժամանակակից երաժշտարուեստի մեծարժէք գոհարներ, ամբողջացնեն հայ երաժշտութեան աստղաբոյլը»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Եռագոյն»