«ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՔԱՆԴԱԿ…»

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Քա­ղա­քա­յին քան­դակ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զա­նա­զան քան­դա­կա­գործ­նե­րու ա­ւե­լի քան յի­սուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցուած են այս շրջագ­ծով։ Այդ բո­լո­րը ներ­կա­յա­ցուած են, որ­պէս­զի տե­ղադ­րուին մայ­րա­քա­ղա­քի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րը։ Քսան­վեց քան­դա­կա­գործ­նե­րու այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ար­ժա­նա­ցան գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչն էր՝ քան­դա­կա­գործ Նու­նէ Թու­մա­նեան, որ հե­ղի­նա­կած է «Ե­րա­զան­քի ծա­ռը» կո­չուած քան­դա­կը։ Ան ը­սաւ. «Կա­րե­ւո­րը ե­րա­զանք մը ու­նե­նալն է ու քայ­լեր կա­տա­րե­լը՝ զայն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Ե­թէ քայլ մը չես կա­տա­րած դէ­պի քու ե­րա­զան­քի ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ինչ­պէս կրնաս հասկ­նալ՝ կ՚ի­րա­կա­նաց­նե՞ս, թէ ոչ։ Իսկ այս ցու­ցա­հան­դէ­սով յոյս կը յա­ռա­ջա­նայ, որ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ հաս­նիլ թէ՛ իմ ե­րա­զան­քի, թէ՛ իմ գոր­ծըն­կեր այլ քան­դա­կա­գործ­նե­րու՝ ի նպաստ քա­ղա­քին»։

­Քան­դա­կա­գործ Ե­դուարդ Շա­խի­կեան, որ ցու­ցա­հան­դէ­սին տրա­մադ­րած է «Թատ­րոն» ա­նուն քան­դա­կը՝ Տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նին դի­մաց տե­ղադ­րե­լու փա­փա­քով, ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ժա­մա­նակ ը­սաւ. «Ինչ­պէս կ՚ը­սեն, թատ­րո­նը կը սկսի կա­խի­չէն, այն­պէս ալ իմ քան­դա­կի հիմքն է կա­խի­չը, որ­մէ կա­խուած են հա­գուստն ու դի­մակ­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, նման ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ե­րե­ւոյ­թը շատ կա­րե­ւոր է միայն մէկ պայ­մա­նի պա­րա­գա­յին՝ երբ գո­վա­սա­նագ­րի փո­խա­րէն ներ­կա­յա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րու շար­քէն ընտ­րուի մին ու կանգ­նե­ցուի քա­ղա­քին մէջ»։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր նաեւ Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Տիգ­րան Բար­սե­ղեան, ո­րու խօս­քե­րով ներ­կա­յա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նէին քա­ղա­քին մէջ ի­րենց իս­կա­կան չա­փե­րով զե­տե­ղ-ւե­լու բա­րե­գործ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ «Մենք ա­մէն ինչ կ՚ը­նենք՝ գո­վազ­դէ սկսեալ մին­չեւ կա­նաչ խո­տա­ծած­կեր, որ­պէս­զի քա­ղա­քը յար­մար ու հա­րա­զատ ըլ­լայ բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար։ Եւ այս­տեղ շատ մեծ դեր մը ու­նի քան­դա­կը։ Այս ե­րե­ւոյ­թը կը հա­մա­րեմ սպա­սուած, ո­րով­հե­տեւ մենք մեր քան­դա­կա­գործ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րով կը զգանք այս աշ­խա­տանք­նե­րուն ծա­ւա­լը, որ­պէս­զի ի­րենք հե­տա­գա­յին ի­րենց տե­ղը կա­րե­նան գտնել», ը­սաւ Տիգ­րան Բար­սե­ղեան։ 

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Կա­րէն Ա­ղա­մեան։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015