ՄԵԾ ՀԱՅԵԼԻ
«Հայելի վարուց» կամ «Մեծ հայելի» միջնադարեան զրոյցներու ժողովածոն թերեւս Աստուածաշունչէն յետոյ ամենէն շատ հռչակուած եւ տարածուած գիրքերէն մէկն է՝ իր բարոյախրատական իմաստով եւ հոգեւոր պատուէրներով: Գիրքը ձեւով մը կը նկատեն նաեւ «Միջնադարի Աստուածաշունչ»ը։ Անոր բնօրինակը ստեղծուած է 1480 թուականին եւ հրատարակուած 1481 թուականին՝ «Հայելի օրինակաց» խորագրով։ Ժողովածոն ընդարձակած, լրացուցած եւ վերամշակած է պելժիացի մատենագիր Յովհաննէս Մայոր եւ զայն կոչած «Մեծ հայելի»։ 14-16-րդ դարերուն ստեղծուած միջնադարեան արձակի այս իւրատեսակ լատիներէն շտեմարանը կը պարունակէ բազմաթիւ հեղինակներու զրոյց-պատումներ եւ զանազան հաւաքածոներու նիւթեր եւ խորապէս կ՚արտացոլէ միջնադարեան մարդու աշխարհընկալումը, անոր մտածելակերպն ու հաւատալիքները, ըմբռնումներն ու մտապատկերները։ «Մեծ հայելի»ն լայն ճանաչում կը ստանայ սկսեալ 17-18-րդ դարերէն, կը թարգմանուի զանազան լեզուներու, այդ կարգին՝ հայերէնի: Զայն հայերէնի թարգմանուած է լեհերէնէ, թարգմանիչը Ստեփանոս Լեհացին է, որ թարգմանած է 1651-ին եւ հրատարակած 1702-ին՝ «Գիրք հայելի վարուց որ ասի հարանց վարք» խորագրով: Յատկանշական է, որ հայերէն խորագրին մէջ ան վերականգնած է լատինական նախօրինակի խորագիրը՝ «Հայելի վարուց»։
Լատինական եւ լեհական 2000 զրոյցներէն Ստեփանոս Լեհացի թարգմանած է ընդամէնը 247-ը։ Թարգմանութեան նիւթերէն իւրաքանչիւրը զատ գլուխ մըն է (ընդամէնը 71), որոնց մէջ զետեղուած են աստուածաշնչեան տասը պատուիրանները բովանդակող, միմեանց յարակցող զրոյցներ։ Ձեռնարկելով կաթողիկէ միջավայրին մէջ ստեղծուած երկին թարգմանութիւնը՝ Ստեփանոս Լեհացին հայերէն թարգմանութեան մէջ ջանացած է ձերբազատուիլ կաթոլիկական միտումներէ, զրոյցներու խիստ ընտրութիւն կատարած է, չէ ընդգրկած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յայտնի դէմքերը, հրաժարած է տեղանուններէն, թուականներէն, կաթոլիկական բնոյթը բացայայտող մեծաթիւ արտայայտութիւններէ, կատարած է բառափոխութիւններ։ Ըստ էութեան Ստեփանոս Լեհացին տեղայնացուցած է զրոյցները՝ հասկնալի դարձնելով հայ ընթերցողին, պարզաբանած է ոչ միայն իր վերաբերմունքը ժամանակի յուզող հարցերուն նկատմամբ, այլեւ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքի դիրքորոշումը, հայերու կրօնական պատկերացումները, բարոյականութեան առանձնայատկութիւնները։ 17-րդ դարու մշակութային զարթօնքի շրջանին «Հայելի վարուց»ի բարոյախրատական զրոյցները համահունչ եղած են հայ մշակոյթի, եկեղեցւոյ յառաջադէմ գործիչներու գաղափարներուն։
Իսկ ո՞վ էր Ստեփանոս Լեհացին, որ միջնադարեան արձակի այս անկրկնելի նմոյշը հայացուցած է, հասանելի դարձուցած հայ ընթերցողին եւ անոր թարգմանութեան հիման վրայ հայ մասնագէտները ուսումնասիրած են «Հայելի վարուց»ը:
Ստեփանոս Լեհացին (յայտնի եղած է նաեւ Լվովցի, Իլովացի անուններով) հայ թարգմանիչ, փիլիսոփայ, աստուածաբան է, որու ծննդեան թուականը անյայտ է, բայց յայտնի է, որ ան մահացած է 1689 թուականին՝ Էջմիածնի մէջ։ Կրթութիւն ստացած է Լվովի մէջ, հմտօրէն տիրապետած է լատիներէնի, լեհերէնի: Տեղափոխուած է Էջմիածին, դարձած միաբանութեան անդամ, ձեռնադրուած վարդապետ։ Կատարելագործած է հայերէնի իր իմացութիւնը եւ եռանդագին մասնակցած մտաւոր գրական շարժման՝ վաստակելով «քաջ հռետոր»ի, «անյաղթ փիլիսոփայ»ի եւ «ներհուն թարգմանիչ»ի համբաւ ու տիտղոս: Բնականաբար, բազում օտար երկեր ալ թարգմանած է հայերէնի:
Անոր թարգմանած «Հայելի վարուց»ը 2007 թուականին արդի հայերէնի փոխադրած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ Տ. Իսահակ Աբեղայ Պօղոսեան եւ Տ. Ռուբէն Աբեղայ Զարգարեան՝ Քնարիկ Տէր-Դաւթեանի նոյնանուն աշխատասիրութեան հիման վրայ: Այսօր ալ արդիական են միջնադարեան այդ երկի բոլոր զրոյցները, այն առումով, որ մենք, միշտ, մեծ հայելիին առջեւ կանգնելու պարտադրանքը ունինք: Արեւելահայերէն թարգմանութենէն կը ներկայացնենք քանի մը զրոյց, արեւմտահայերէնի փոխադրելով։
ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ
Սատանան գեղեցիկ երիտասարդի մը կերպարանքով կը ծառայէր զօրականի մը, երբ իր գեղեցիկ հասակի ու խօսուածքի համար վերջինիս հաճելի եղաւ, սկսաւ ա՛լ աւելի յօժարակամ, երկիւղածութեամբ ու մտերմութեամբ ծառայել, իր տիրոջ զարմանքը յարուցանելու աստիճան: Ամէն անգամ, երբ զօրականը ձի կը նստէր կամ ձիէն կ՚իջնէր, ճիշդ ժամանակին կու գար ու պատրաստ կը կանգնէր եւ միշտ պատկառանքով, խոնարհութեամբ եւ խոհեմութեամբ կը սպասաւորէր:
Օր մը, մինչ անոնք երկուքով կ՚երթային եւ մօտեցան ընդարձակ գետի մը, զօրականը, յետ նայելով, տեսաւ թշնամիներու մեծ բազմութիւն, որ զինք կը հալածէր: Եւ ծառային ըսաւ.
-Ահաւասիկ կործանուեցանք, քանի որ թշնամիներս հասան ինծի, իսկ մեր առջեւը անեզր գետն է, փախուստի տեղ չկայ. կա՛մ կը սպաննեն ինծի, կա՛մ կը բռնեն: Ի՞նչ ընեմ:
Ծառան ըսաւ.
-Տէ՛ր, մի՛ երկնչիր, որովհետեւ այս գետը անցնելու տեղը քաջ գիտեմ: Եկո՛ւր իմ ետեւէն, եւ կը փախչինք:
-Այս գետը ոչ ոք կարող է անցնիլ, կ՚ըսէ տէրը:
Սակայն փախչելու յոյսով գնաց ծառայի ետեւէն եւ անվնաս անցաւ:
Արդ, երբ դէմ յանդիման կեցան ասոնք գետին միւս կողմը, անոնք ալ՝ միւս, թշնամիները զարմացած ըսին.
-Ո՞վ լսած է երբեւէ, թէ այս գետը մէկը անցնի, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ այն, որ սատանան անոր անցուց:
Եւ այսպէս տուն վերադարձան:
Ատկէ ետք զօրականին կինը խիստ հիւանդացաւ, այնպէս որ բժիշկներուն բոլոր դեղերը անզօր էին: Դեւն իր տիրոջը ըսաւ.
-Եթէ տիկինը առիւծի կաթով օծուի, զայն օգուտ պիտի ըլլայ անոր եւ կ՚ապաքինի:
-Ուրկէ՞ կարող ենք գտնել զայն, հարցուց տէրը:
-Ես կը բերեմ, պատասխանեց դեւը:
Այդ ըսելէն յետո գնաց եւ մէկ ժամ յետոյ եկաւ՝ կաթով լի աման մը բերելով, որով երբ կինը օծուեցաւ, անմիջապէս թեթեւութիւն զգաց եւ առողջանալու սկսաւ:
Տէրը հարցուց.
-Ուրկէ՞ բերիր այս կաթը այսքան արագ:
-Արաբիօ լեռներէն, պատասխանեց, քանզի այստեղէն Արաբիա գացի, առիւծը քարայրին մէջ բռնեցի, ձագը հեռու վանեցի, մայը կթեցի եւ քու քովդ դարձայ:
Այս լսելով՝ տէրը զարմացաւ եւ ըսաւ.
-Ո՞վ ես դուն:
-Մի՛տրտմիր այս բանին համար, քու ծառադ եմ, պատասխան տուաւ ան:
Սակայն երբ ստիպեց, յայտնեց՝ անոր ըսելով.
-Ես սատանայ եմ, մէկը անոնցմէ, որ Բելիարի հետ երկինքէն ինկան:
Այն ժամանակ տէրը ա՛լ աւելի սարսափեցաւ.
-Եթէ դուն ի բնէ սատանայ ես, ինչո՞ւ մարդուն այսքան մտերմաբար կը ծառայես:
-Ինծի համար մեծ մխիթարութիւն է ըլլալ մարդու որդիներուն հետ, պատասխանեց դեւը:
Եւ տէրը ըսաւ.
-Այլեւս չեմ համարձակիր արտօնել, որպէսզի ծառայես ինծի:
-Ստոյգ գիտցիր ասիկա, ըսաւ դեւը,որ եթէ զիս քու քովդ պահես, իմ կողմէս կամ իմ պատճառով երբեք չարիք պիտի չպատահի քեզի:
Զօրականը ըսաւ.
-Չեմ համարձակիր, բայց ինչ որ խնդրես քու ծառայութեանդ դիմաց, քեզի կու տամ, մինչեւ իսկ իմ ունեցուածքիս կէսը յօժար կամքով քեզի կը բաշխեմ, քանի որ երբեք մարդը մարդուն այսքան հաւատարիմ չէ ծառայած եւ օգտակար եղած, ինչպէս դուն՝ ինծի, որովհետեւ քեզմով փրկուեցայ մահէն, եւ քեզմով իմ կինս առողջացաւ:
Այնժամ դեւը ըսաւ.
-Քանի որ քեզի հետ այլեւս չեմ կրնար ապրիլ, իմ վաստակիս փոխարէն քեզմէ ոչինչ կ՚ուզեմ, բայց միայն՝ հինգ ոսկի:
Եւ զայն առնելով՝ վերադարձուց տիրոջը.
-Կը խնդրեմ քեզմէ, որ ասով զանգակ գնես եւ հրամայես կախել աղքատ ու անխնամ այն եկեղեցւոյ տանիքէն, որպէսզի անոր միջոցով թերեւս կիրակի օրերուն քրիստոնեաները հաւաքուին աստուածային պաշտամունքի:
Այս ըսելով՝ անյայտացաւ:
Արդ, սատանան այս խնդրանքը ներկայացուց անոր հետեւեալ պատճառով. մարդիկ մինչ այդ առաւօտ կանուխ կու գային եկեղեցի եւ կ՚աղօթէին՝ սպասելով Սուրբ Պատարագին, քանզի կը վախնային, թէ մի գուցէ քնացած մնան եւ պատարագէն զրկուին եւ այժմ զանգակի ձայնը լսելէն յետոյ կու գային եկեղեցի եւ կը ծուլանային աղօթքի մէջ:
*
Սրբասէր ու աստուածահաճոյ քարոզիչ մը էշով այս ու այն կողմ կ՚երթար՝ կենաց խօսքը սերմանելու: Արդ, օր մը աղօթելու համար եկեղեցի մտնելով՝ էշը ձգեց դուռին քով եւ մինչեւ «Հայր մեր»ը ըսաւ, քանիցս տարուեցաւ միտքերով՝ խորհելով էշին մասին, թէ մի գուցէ մէկը զայն գողնայ, եւ այսպիսի ուրիշ միտքեր ալ կը խափանէին անոր աղօթքը: Այս տեսնելով՝ անմիջապէս ելաւ եկեղեցիէն՝ աժան գինով վաճառեց էշը՝ չկամենալով, որ այսուհետ աղօթքի ժամանակ միտքը զբաղի եւ հեռանայ Աստուծմէ:
ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կուսակրօն ու առաքինասէր քահանայ մը, աղօթելու ընթացքին մտայափշտակութեան մէջ յայտնուելով՝ հոգիով տեղափոխուեցաւ մեծ, լայնատարած ու յորդահոս գետի մը մօտ: Ան, նայելով գետը անցնող մարդոց՝ տեսաւ բեռնակիր եղբայրներ, որոնք գետը կը մտնէին եւ յորդահոս ջուրերուն մէջ անմիջապէս կը խեղդուէին ու կը կորսուէին: Ոմանք կը հասնէին մինչեւ գետին սկզբնամասը ու կորստեան կը մատնուէին, ոմանք՝ մինչեւ կէսը, ոմանք ալ՝ մինչեւ եզրը: Անոնք ամէնքն ալ իրենց զանազան բեռներու պատճառով է, որ կը խեղդուէին գետին մէջ, առանց մէկու մը օգնութեան:
Արդ, կրօնաւորը, այսպիսի վտանգ տեսնելով, խիստ կը ցաւէր անոնց համար: Ապա կ՚երեւային այլ եղբայրներ՝ առանց բեռի, որոնց վրայ միայն սուրբ աղքատութիւն կը տեսնուէր, որոնք, գետը մտնելով, անվնաս ու անվտանգ կ՚անցնէին:
Վանահայրը հոգիով գիտնալով, թէ ի՛նչ տեսած էր կրօնաւորը, ան գալուն պէս կանչեց իր քովը ու հարցուց.
-Ըսէ ինծի, ի՞նչ տեսած ես:
Ան ալ ամէն ինչ կարգով պատմեց:
Հայրը անոր ըսաւ.
-Ինչ որ տեսած ես, ճշմարտապէս այդպէս է: Գետը այս աշխարհն է, գետին կուլ գացած մարդիկ անոնք են, որոնք Աւետարանի խոստովանութեան ու կամաւոր աղքատութեան չեն հետեւիր: Իսկ անոնք, որոնք գետը անվնաս կ՚անցնին, հոգեընկալ կրօնաւորներ են, որոնք երկրաւոր ու մարմնաւոր բաներ չեն սիրեր, ո՛չ կը փնտռեն, ո՛չ ալ ունին, այլ սակաւ կերակուրով ու հագուստով կը գոհանան, խաչին վրայ մերկացեալ Քրիստոսի ետեւէն կ՚ընթանան, Անոր խաչին եւ հնազանդութեան թեթեւ ու քաղցր լուծին հանապազ կը համբերեն, որու շնորհիւ ալ երկրաւորներու մէջէն դիւրութեամբ երկնաւորներուն մէջ կը փոխադրուին եւ անվնաս երկինք կը հասնին:
ԱՉՔԻ ՆԱՅՈՒԱԾՔԻ ՄԱՍԻՆ
Կուսակրօն քահանայ մը մեծ զգուշութեամբ իր աչքերը հեռու կը պահէր հայեացքներէն, մինչեւ իսկ չէր կամենար նայիլ իր ազգակիցներուն, որոնց հետ հարկ եղած պարագային կը խօսէր, ինչի համար ալ խոստովանահայրը, որ գիտէր անոր միտքին բոլոր գաղտնիքները, կը հարցնէ.
-Ինչո՞ւ դուն, որ սրբութեան ու կուսութեան այսպիսի շնորհ ունիս, քու երեսդ կը դարձնես պատուաւոր ու համեստ կիներու տեսքէն:
Աստուծոյ մարդը կը պատասխանէ.
-Աստուածային լոյսով լուսաւորուելով, հա՛յր, եթէ մարդը կ՚ընէ այն, ինչ անհրաժեշտ է, եւ իր կարողութիւնը կը զօրացնէ ու կը խորշի մեղանչելու պատճառէն, այնժամ եւ Աստուած փոխարէնը կ՚ընէ այն, ինչ իր կողմէն է, եւ մարդուն կ՚օգնէ ու անվնաս կը պահէ: Իսկ երբ մարդը իր անձը լրբաբար վտանգի կը մատնէ, այնժամ ալ Աստուած իրաւացիօրէն կ՚անտեսէ անոր եւ բռնած ձեռքը կը ձգէ եւ այնպէս կ՚ըլլայ, որ մեր ապականացու բնութեան պատճառով դիւրութեամբ մեծամեծ մեղքերու մէջ կ՚իյնայ:
ԿԱՄԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մարդ մը իր կնոջ հետ արտերուն քովէն անցնելու ընթացքին անոր ըսաւ.
-Կը տեսնե՞ս, ինչպէս արտերը գեղեցկապէս ու պատշաճաբար հնձած են:
-Հնձած չէ, այլ խուզած, հակառակեցաւ կինը ամուսինի խօսքին:
Եւ այսպէս ամուսինը կ՚ըսէր, թէ հնձած է, կինը կը պնդէր, թէ խուզած է:
Ամուսինը, բարկանալով, զայն ջուրը նետեց:
Արդ, երբ կինը այլեւս ունակ չէր խօսիլ, հանեց ձեռքը ջուրէն, մատներով մկրատի ձեւով նշան տուաւ՝ ցոյց տալով մինչեւ ի մահ, թէ արտը խուզուած է:
*
Դարձեալ, ուրիշ մարդ մը խիստ ինքնահաւան ու կամապաշտ կին ունէր: Երբ ան ինկաւ գետը ու խեղդուեցաւ, եւ ամուսինը կը փնտռէր ան՝ ջուրին ընդառաջ գալով, մարդիկ հարցուցին.
-Ինչո՞ւ ջուրին ընդառաջ կը փնտռես:
Ան պատասխանեց.
-Իմ կինս մշտապէս ինծի կը հակառակէր խօսքով ու գործով. արդ, ինչպէս որ կենդանութեան ժամանակ կ՚ընէր, կը կարծեմ, որ նոյնը մահէն յետոյ ալ պիտի ընէ եւ այնպէս մը կը հաւատամ, որ ընդդէմ ջուրի գացած է:
ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏԻ ՄԱՍԻՆ
Մեծահարուստ մը ունէր մեծ ու ընդարձակ տուն՝ կից շինական աղքատի մը տան: Օր մը անկողինին մէջ պառկած՝ կը վշտանար եւ չէր կրնար ննջել ՝ ինչքեր ձեռք ձգելու խորամանկութեան եւ առաւել ագահութեան համար: Եւ կը լսէր, որ աղքատը, թոնիրին մօտ նստած, իր որդիներուն հետ կ՚ուրախանար, իսկ գիշերուայ մնացած մասն ալ անուշ քունով կ՚անցընէր, առաւօտեան ալ կինը դժուարաւ կ՚արթնցնէր, որպէսզի վեր կենայ եւ գործի երթայ: Մեծահարուստը, այս լսելով եւ նախանձելով անոր ուրախութեանը, մտածեց անոր իր տրտմութեան ու տառապանքներուն հաղորդակից դարձնել: Գիշերը վեր կենալով եւ աղքատի տունին դուռը բանալով՝ դուռէն դրամով լի քսակ կախեց, ինչը առաւօտեան աղքատը գտնելով, չկամեցաւ սովորական ձեւով դրամ վաստկելու երթալ, վախնալով, թէ մի գուցէ մէկը գողնայ այդ դրամը: Եւ միտքին մէջ կը վարանէր, որ դրացիները կամ կինը չգիտնան դրամը գտնելու մասին: Ապա դրամը դրաւ խոտին տակ, ուր կը ննջէր, եւ պատճառաբանելով, թէ հիւանդ է, պառկեցաւ դրամին վրայ, մինչեւ որ դրամի ինչ ընելը որոշէ:
Եւ երբ բազում օրեր այսպիսի վիշտի մէջ էր, չէր ուրախանար եւ դադրած էր երգելէ, գիշերը անոր մօտ եկաւ մեծահարուստը եւ անոր մասին հարցուց: Կինը պատասխանեց.
-Հիւանդացաւ:
-Ես իսկոյն զինք կը բժշկեմ, ըսաւ մեծահարուստը:
Եւ գալով անոր քով՝ ծածուկ ըսաւ.
-Վերադարձրո՛ւր իմ դրամս, որ վերցուցած ես այս ինչ տեղէն, ապա թէ ոչ՝ քեզ կախել կու տամ:
Աղքատն ալ, վախնալով, վերադարձուց դրամը եւ նախկին ուրախութիւնը ձեռք ձգեց:
ՊԱՏՈՒԻ ՄԱՍԻՆ
Գաւառներէն մէկուն թագաւորը վախճանած էր, եւ երբ իշխաններն ու նախարարները նոր թագաւոր ընտրելու համար չէին կամենար միաբանիլ, շինականի մը որդին իրենց թագաւոր կարգեցին: Իսկ անոր հայրը, գալով եւ իր որդին թագաւորական հանդերձանքով տեսնելով, անոր ըսաւ.
-Որդեա՛կ, զիս կը ճանչնա՞ս:
-Ինչպէ՞ս կարող եմ ճանչնալ, քանի որ զիս չեմ ճանչնար, պատասխանեց ան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024