ՄԻ՛ ԾԵՐԱՆԱՔ
Բոլորին մօտ ալ այսպէս կրնայ պատահիլ: Այնքան զարմանալի, նոյնքան իրական:
Այսպէս, առաւօտ մը երբ կ՚արթննաս ու կը կարծես որ սանկ դուն-քեզ «լաւ» չես զգար: Սովորականէն տարբեր: Անմիջապէս հայելիին առջեւ ինքզինքդ կը նետես, տեսնելու թէ իրապէս ի՞նչն է սխալը: Դուն-քեզ երկար կը դիտես եւ մտքէդ զանազան ենթադրութիւններ կ՚ընես: Ճիշդ է, որ լաւ չես: Լա՛ւ չես զգար: Հաւանաբար «ծուռ» քնացած ես, կամ գերյոգնածութիւն: Ու մտովի «թերեւս»ներու շարք մը կը յիշես՝ անզգալաբար: Ու իրարու ետեւէ կը շարես ցաւերուդ «աղբիւրները». սիրտ, թոք, երիկամ ու ո՛չ մէկ լուծում կամ պատասխան, իսկ է՜ն վերջը. տակաւին ցաւդ տեղն է, ոչ մէկ փոփոխութիւն...:
Եւ մտովի շարունակելով այդ երկար ցանկը, յանկարծ քու անօրինակ տեսքէդ մեկնելով, տնեցիք անմիջապէս կը կռահեն, թէ «այսօր, իրապէ՛ս որ դուն նոյնը չես...»: Եւ ահա հարցումներու եւ խրատականներու շարքերու ծնունդը: Ամէն մարդ իրար կ՚անցնի: Քեզի տեսակաւոր դեղերու անուններուն առջեւ կը նետեն: Հազարաւոր միտքեր: Իւրաքանչիւրը ինքզինք բժիշկ կարծելով, կը խրատէ.
-«Թանսիոնդ է..., նայա՞ծ ես... դեղերդ ճիշդ ժամուն առի՞ր... ծո՛յլ ես, ա՛ռ... ասփիրինը լա՛ւ է..., այդ մէկը փորձա՞ծ ես...., խմէ՛... կլլէ՛..., ցաւը ուրտե՞ղդ է... պաղ առած ես... հա՛... նայէ՛, թոքերէդ է... տաքութիւն ունի՞ս... դո՛ւն գիտես...., ա՛յ մարդ, ինչ յամառ ես եղեր... թոռներուդ չափ ալ չիկաս...»:
Եւ երբ այս բոլոր առաջարկները մերժած ես. անկէ ետք առանց կու կամքիդ եւ արտօնութեանդ, արդէն բժիշկէդ ժամադրութիւն մը առնուած կ՚ըլլայ: Իսկ վերջը առանձնութեանդ մէջ, ի տես այս մեծ հոգածութեան, գուրգուրանքին, սիրոյն եւ անսահման ու լուրջ մտահոգութեան՝ կը յուզուիս:
Ապա վերջապէս, որոշուած թուականին, բժիշկիդ կ՚երթաս: Կը մտնես շէնք եւ ուղղակի սպասման սենեակ-սրահ: Խճողում: Մէկ խօսքով, գիտցած մարդկային պազարը: Հազար տեսակ մարդ եւ հազար տեսակ հիւանդ: Ուզես կամ ո՛չ, կարգիդ պիտի սպասես: Նախ բժշկաառողջապահական ապահովագրութեանդ «քարթդ» կը պահանջեն, «այ տիյի»իդ հետ միատեղ: Կը յանձնես՝ սիրով: Ապա անկիւն մը կ՚անցնիս, աթոռ մը գրաւելով կը նստիս: Ժամ մը եւ աւելի քեզ կը սպասցնեն: Յանկարծ «ներս» կը կանչուիս: Տուեալ փաստաթուղթերդ կը վերադարձնեն: Յետոյ կը չափեն ծանրութիւնդ եւ արեան ճնշումդ, յետոյ քեզ ուրիշ սենեակ կ՚առաջնորդեն ու հոն կրկին անհամբեր՝ կը սպասես «մարդուն»:
Եւ չես գետեր, ե՛րբ եւ ո՛ր ժամուն պիտի յայտնուի այդ մէկը: Ու ժամանակ մը ետք, ճերմակ շապիկ մը հագած, սիրտ քննող ընկալուչ մը վիզին փաթթած եւ շինծու ժպիտ մը գծած դէմքին ներս կը մտնէ սպասած «մարդդ»՝ բժիշկդ:
Հարցում եւ պատասխանի բաժինը սկսած է արդէն:
-Ի՞նչ բանէ կը գանգատիս... ինչո՞ւ եկած ես... խէր է այս անգամ... մէյ մը շունչ մը ա՛ռ տեսնեմ... շունչ տո՛ւր... քիչ մը խորը հազա՛... քալէ՛... նստի՛ր... ոտքի ե՛լ..., ի՞նչ կերած ես... հարբուխ եղա՞ր... խօսէ՛ տեսնենք ի՞նչ ունիս...:
Քաղաքավար եւ նոյնքան արագ կը պատասխանես: Արդէն ինք քու պատասխանիդ սպասողը չէ: Անմիջապէս այս հարցաքննութիւններէն ետք, ներս կը կանչէ օգնական հիւանդապահուհին: Ինք դուրս կու գայ: Պաշտօնեան շապիկդ հանել կու տայ, կուրծքիդ վրայ ելեկտրական թելեր կը փակցնէ եւ ապա կը հրաւիրէ, որ պատին անկիւնը դրուած յատուկ մեքենային վրայ ելլելով, «քալես»: Կը քալես՝ հնազանդ: Բայց անպիտան մեքենան ոտքիդ տակ, քեզմէ արագ կը քալէ: Դուն պէտք է հետեւիս, այլապէս՝ կ՚իյնաս: Ամբողջ ուժովդ կը փորձես շարունակել քալելու այդ գործողութիւնդ: Պէտք է, որ շարունակես այդ «տեղքայլ արշաւդ»: Յանկարծ մեքենան կ՚արագանայ: Կողմի բազրիքները այս անգամ աւելի ամուր կը բռնես: Արդէն սկսած ես քրտնիլ: Դուն ալ կը փորձես աւելի արագ քալել: Կը յոգնիս: Իսկապէս արդէն յոգնած ես: Գրեթէ ուժասպառ: Շունչդ դժուար կ՚առնես: Ուստի մեքենան կանգ կ՚առնէ: Կ՚իջնես ցած: Սրտիդ զարկերը դեղին-ճերմակ եւ երկար-բարակ թուղթի մը վրայ արձանագրուած են: Քրտինքիդ հոսքը շատցած է: Թուղթէ անձեռոցով կը սրբուիս: Ի՛նք դուրս ելլելով, իր հետ կը տանի սրտի զարկերուդ այդ «վիճակացոյցը», քեզի «հագուիլ եւ միւս սենեակը անցնիլ», թելադրելով: Այս բոլոր խօսքերը, հնազանդ տղու նման, մտիկ կ՚ընես: Հրահանգ է, թելադրանքէ աւելի: Շուտով եւ հապճեպ, կը հագուիս եւ կ՚երթաս նոր սենեակը: Բժիշկդ արդէն սեղանին ետեւը նստած, ձեռքին այդ «թուղթը» բռնած, երկար-բարակ նայելով զբաղուած է: Կը նստիս այդ նոր սենեակին չորցած աթոռներէն մէկուն վրայ: Ինք՝ «քննիչդ» դէմդ է. սրտիդ զարկերուն գծաւոր ելեւէջները ստուգելով զբաղուած: Անխօս: Իր լռութիւնը քեզ դէպի նոր կասկածանքներու կ՚առաջնորդէ:
Թէեւ ժպիտով մը ներս մտած ես, սակայն նոյն այս ժպիտդ ի տես սենեակի մթնոլորտին, կնճիռիդ տակ արդէն շատոնց կորսուած է, նոյնիսկ «չորցած»: Կը սպասես անոր ձայնին: Տակաւին միտքիդ մէջ ոչ մէկ լուսաւոր բոց: Իսկ ինք, հետապնդող աչքերովը այդ «վիճակացոյցին» վրայ, մէյ մը դէպի աջ, մէյ մըն ալ դէպի ձախ եւ ապա արագ մըն ալ քեզի կը նայի: Երանի միայն թուղթին նայի, կ՚ըսես մտովի, այդ ձեւով քիչ մը պակսած կ՚ըլլայ մտահոգութեանդ աստիճանաչափը: Խակ տրամաբանութիւն:
Բայց քեզի այնպէս կը թուի, թէ իր ստուգումը սկսած է ժամեր տեւել: Կը մտահոգուիս: Տակաւին կը շարունակուի մէկ տողէն միւսը, աչքերու իր անկանոն վազքը: Բաներ մը կը գրէ նոյն այդ թուղթի երկայնքին շարուած շիտակ ու կոր գիծերուն վրայ: Կարմիր մատիտով նշաններ կը դնէ: Այս բոլորը կը տեսնես: Իր մատներու շարժումներուն հեւքով կը հետեւիս: Ինք, երբեմն գլուխը ձախ-աջ կը շարժէ: Կարծես քիչ մը շատ երկար մտածել կը փորձէ, միաժամանակ հոգեկան փոթորիկներ ստեղծելով մէջդ: Կարծես «հարցդ շատ լուրջ է» ըսել կ՚ուզէ: Ու դուն տակաւին կը սպասես իր «ձայնին»: Ուրիշ ընելիք չունիս: Միտքդ արդէն իր կեդրոնացումը շատոնց կորսնցուցած է, որովհետեւ «մարդուն» ձայնը բաւական ուշացած է:
Վերջապէս կը լսես: Կը կապուիս ձայնին: Մանուկի նման կը հետեւիս բառերու շարադրանքին եւ անոնց հնչիւններուն: Ձայնի ելեւէջներուն: Ոճին: Ու դուն կը վերլուծես, թէ «մարդը» լուրջ եւ մտահոգիչ կասկածներ ունի: Կը սկսիս լսել նոյնիսկ վախկոտ սրտիդ անկանոն զարկերուն արձագանգը: Իր ձայնին վրայ, մտքիդ փլուզումը արդէն սկսած է: Կ՚ուզես որոնել ինքնութիւնդ, որովհետեւ տեսանելի է, թէ ինչպէս իր դէմքին վրայ ստուերներ նստած են: Կրկնակի կը կասկածիս եւ նոյն այդ կասկածը քեզ կը ցնցէ ու ամբողջ մարմինովդ կը սկսիս դողալ: Անստոյգ վիճակ: Առագաստը պատռած նաւակի մը նման, միտքերովդ կը տատանիս ու անհամբեր կը սպասես անօրինակ «ալիքին» հանդարտութեան:
-«Նայէ՛, պարոն, վերջապէս կը լսես քեզ զգաստութեան հրաւիրող ու կապարի նման ծանր ձայնով,- անկեղծ ըսեմ... կը կասկածիմ... պէտք է մօտէն ստուգել... հաւանաբար երակներդ մէկ-երկուքը ըլլան եւ կամ արդէն իսկ... փակ են, խցուած են... կը ծխե՞ս... կը խմե՞ս... իւղոտ կ՚ուտե՞ս...»:
Ու ճիշդ այդ վայրկեանին, արդէն իսկ ինկած ես յոյսի եւ յուսահատութեան գիրկը: Այս ի՞նչ տեսակ բժիշկ է, կը կրկնես մտովի, կարծես առաջին անգամն է, որ իրեն կը հանդիպիս կամ հանդիպած ըլլաս եւ ահա քեզի տեսակ մը «նորութիւն»: Տարիներու բժիշկդ է ու այդ վայրկեանին կրկին հին ու մաշած հարցումներովը քեզ նոր խոստովանանքի մը կը հրաւիրէ:
Երբ բոլոր հարցումներուն ժխտական կը պատասխանես, ինք կը շեշտէ. «պէտք է գտնել... պէտք է տեսնել... մօտէն նկարել... այլ խօսքով... գործողութիւնը կարեւոր է...» ու տակաւին շատ ուրիշ բաներ: Չես ուզեր լսել: Արդէն «գործողութիւն» բառը ամէն բան ըսել կ՚ուզէ: Մնացեալները աւելորդ բառեր են, շինծու նախադասութիւններով:
Ու յանկարծ կ՚իջնէ անորոշ լռութիւն մը: Ժպիտդ շատոնց նահանջած է, տեղը տալով ներքին յուզումի մը, որ վախէդ ծնունդ առած է: Քու կողմէդ՝ անբնական կացութիւն:
Նոր մտածումներ եւ միտքեր մագլցած են միտքդ: Յոռի եւ անպաշտպան: Հապա՞ եթէ գործողութիւնը ձախողի... ու եթէ... մեղա՜յ... մեղա՜յ... սատանային ականջը խուլ...: Ինք տակաւին իր օգնականին հետ կը խօսի փսփսուքներով: Դուն սկսած ես վախնալ բոլոր բառերէն: Լուռ ես: Կարծես սուգի մէջ նստած ըլլաս: Միայն լացդ պակաս է:
Այդ վայրկեանին հանդարտութիւնդ արտաքին երեւոյթ է: Տեսողութեան խաբկանք: Իրապէս հոգեկան տառապանք: Այնպէս կ՚երեւի, թէ այսքան տարի ետք, սիրտդ սկսած է քեզ դաւաճանել եւ դուն տեղեակ չես:
Գործողութիւն: Այդ բառէն շատ վախցած ես: Նոյնիսկ սարսափած: Իսկ ինք, տակաւին կը շարունակէ իր համոզիչ խօսքերը. «շատ պարզ է... գաւաթ մը ջուր խմելու նման պարզ...»:
Ուզես կամ ոչ, քե՛զ կը համոզէ: Իր գործն է: Իր պաշտօնը: «Առաքելութիւնն սրբազան», ինչպէս սովոր է ըսել:
Ու դարձեալ որոշուած օր մը եւ առաւօտ կանուխ, շուրջիններուդ աղօթքներով, ձկնորսի նման կը նետես յոյսի «ուռկանդ» եւ կը մտնես գործողութեան սենեակ: Ժամ մը երկու եւ արդէն վերջ: Ապա զեկուցում.- Մեծ ու փոքր երակներդ նկարուած են: Տեսնուած է քանի մը վտանգաւոր երակներ: Առանց խուճապի, բացած է ու անոնց պատերը «ամրացուցած»: Սովորական գործ:
Ջուրի ծորակ ըլլար կարծես, երակներէդ հինգ-վեց հատը «բացուած» է: Կը զարմանաս եւ փառք կու տաս գիտութեան: Իսկ հիմա, իբրեւ արդիւնք՝ արեանդ հոսքը դիւրացուած է: Խուճապը, մտքի եւ հոգիի այդ սարսափելի խուճապը, ա՜լ շոգիացած է:
Աչքդ լոյս եւ անշուշտ հազար շնորհակալութիւններ եւ «վարձքդ կատար»ներ նուիրելով, տուն կը դառնաս:
Ու անկէ ետք կեանքդ, իբրեւ «նոր» կեանք, տարբեր կը կարծես: Երկար ապրելու կարօտը, նոր գոյներ հագած կ՚ըլլայ: Կեանքի նոր շրջագիծ: Հեռու կանոններու կախարդանքներէն:
Շուրջդ ամէն մարդ ուրախ է: Ուխտ եւ մոմ: Աղօթք եւ փառք՝ Ամենակալին: Իսկ քու մօտդ ուրախութենէդ կախուած յուզում մը քեզ մատնած է արդէն: Խակ լաւատեսութիւնդ ցնդած:
Անկէ ետք սակայն, երբ ամէն անգամ բժիշկիդ վախազդու եւ կամ «մահ սփռող» բացատրութիւնները յիշես, անպայման անակնկալ երկիւղ մը կը փորձէ չորցնել ուղեղդ, ու բոլորին իբրեւ դեղատոմս ձրիաբար կը թելադրես... մի՛ ծերանաք...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ