ԱՂՋԿԱՅ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Պատերազմ էր...
Կը յիշեմ, որ իմ հայրը ինքզինք զոհեց, որպէսզի ես ու իմ մայրիկը մնանք ողջ:
Յետոյ սպաննեցին իմ եղբայրը:
Սպաննեցինը ո՞րն է...
Ողջ-ողջ անոր մորթը քերեցին, տանջամահ ըրին:
Եւ վերջը՝ իմ մայրիկը զիս ամուր սեղմած իր կուրծքին թաքստոցի մէջ մնաց այնքան, որքան ի վերջոյ իմանանք՝ յաղթած ենք:
Այդ ժամանակ իմ մայրը մնաց մինակ:
Ու մնացի ես անհայր, անեղբայր, պզտիկ ու անպաշտպան...
Մեծցայ... ձեւով մը մայրս զիս մեծցուց:
Այսօր ամուսնացայ...
Էի... ամուսնացած էի...
Նորէն եկաւ պատերազմը:
Եւ հիմա իր գրողի տարած բացակայութեան համար ես ալ վճարեցի գին մը:
Խաղաղութեան փոխարէն պատերազմը իր հետ տարաւ իմ ամուսինը,
Եւ իմ փոքրիկը, որ տակաւին նոր լոյս աշխարհ պիտի գար: Անհայր մնալու ցաւէն ծնաւ աւելի վաղ, ու տեղւոյն մահացաւ:
Մանչուկ մըն էր... իմ չապրած երեխան նոյնպէս մանչ էր:
Ու ես անոնց բոլորին համար միայն մէկ տեղ կ՚երթամ ու կը հանդիպիմ:
Իմ հայրենիքի մէջ:
Հայրենիք, որ զիս ծունկի բերած է իր փորձութիւններով, իր ցաւով ու վիշտով:
Հայրենիք, ուր ապրիլը արդէն իսկ ուժեղ մարդու ընտրութիւն է:
Այսօր այդ հայրենիքի մէջ ոչինչ կայ նիւթական արժէքէն:
Չկայ սնունդ:
Չկայ դեղօրայք:
Չկայ լոյս կամ բնական կազ:
Չկայ երթեւեկութեան միջոց:
Չկայ ոչ մէկ նիւթական անհրաժեշտ բան:
Սակայն փոխարէնը կայ ցաւ, որ ամուր կը կապէ իմ հոգին իրեն:
Կայ սէր, որ ծանրն ու ամենաիրականն է:
Իմ ընտանիքը հիմա կը ննջէ այստեղ:
Իմ սիրտը հիմա կը քնանայ իմ հայրենիքի ոտքերուն տակ:
Իմ երեխան կը քնանայ իր հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր ու մեծ հօր կողքին:
Մուշ-մուշ...
Մուշ-մուշ...
Աչքերը գոցած ու հրեշտակի մը պէս քնացած է...
Ես ինչպէ՞ս անոնք ձգեմ այստեղ ու հրաժարիմ իմ ապրելու կամքէն:
Ինչպէ՞ս չապրիմ... եթէ անոնք ննջեցին իմ ապրելու համար:
Իմ հայրենիքը գրկած է անոնք...
Իմ հայրենիքը գրկած է անոնք...
Իսկ ես կը գրկեմ անոնք այնքան, որքան տակաւին կամ ու կ՚ապրիմ իմ հայրենիքի մէջ:
Եւ եթէ ես տարած եմ հոգեւոր փորձութիւնները,
Այս նիւթական բարդութիւնները ոչինչ են...
Ոչինչ են...
Ես ապրած եմ ու պիտի ապրիմ իմ հողին մէջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024