Սեւակի Գիրքը Յանձնուեցաւ Գերմանախօս Ընթերցողի Դատին
«Ու ծակում հոգիս» խորագրի ներքոյ գերմանախօս ընթերցողի դատին յանձնուած են անմահ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւնները:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ իրականացած է Սեւակի 24 եւ 4 բանաստեղծութիւնները ամփոփող հայերէն-գերմաներէն գրքին շնորհանդէսը:
«Գերմանիոյ մէջ կը բնակիմ արդէն երեսուն տարիէ ի վեր։ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններու այս փոքրիկ գիրքը ստեղծուած է իմ եւ գրող Հայտէ Ռիքի շնորհիւ: Ընտրած ենք 24+4 բանաստեղծութիւններ. 24-ը կը խորհրդանշէ Ապրիլի 24-ը, 4-ը՝ չորրորդ ամիսը՝ Ապրիլը: Պարոյր Սեւակի բանաստեղծական բոլոր շերտերը գերմանացի ընթերցողին ներկայացնելու նպատակ ունինք», նշած է բանաստեղծ, գրքի թարգմանիչ Ագապի Մկրտչեան:
Ըստ Մկրտչեանի, նախապէս Գերմանիոյ մէջ հրատարակուած են Սեւակի բանաստեղծութիւնները ներառող ժողովածոներ: «Այս ժողովածոյի առաջին շնորհանդէսը իրականացուցինք Երեւանի մէջ, իսկ կը պատրաստուինք շնորհանդէս մը եւս ընել Նոյեմբերի 20-ին, Վիզպատենի մէջ: Գիրքը տպագրուած է հազար օրինակով Պերլինի «Hans Schiler» հրատարակչութենէն», ընդգծած է Ագապի Մկրտչեան՝ աւելցնելով, որ գերմանացի ընթերցողը լաւ կ՚ընդունի Սեւակը:
Իր կարգին, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան շեշտած է, որ բոլոր հայերը պէտք է իրենց ներդրումը ունենան հայ մշակոյթի տարածման գործին: «Ագապի Մկրտչեան թարգմանութիւններ կ՚ընէ, կը փորձէ հրատարակել հայ գրողներու գործերը տարբեր պարբերականներու մէջ: Այնպէս պէտք է շարժինք, որ մեր մշակոյթը լաւ ճանաչելի դառնայ: Պարոյր Սեւակի կենդանութեան օրօք անոր գործերը շարք մը լեզուներու թարգմանուեցան, օրինակ՝ ռուսերէն, բայց ոչ այնքան բարձր մակարդակով: Թարգմանելը քիչ է, պէտք է լաւ թարգմանել», շեշտած է ան:
Եդուարդ Միլիտոնեան իր ելոյթէն յետոյ Գրողներու միութեան վաստակի մետայլով պարգեւատրած է Ագապի Մկրտչանը՝ գրական արգասաբեր գործունէութեան համար: