ԻՆԿՄԱՐ ՊԵՐԿՄԱՆ. 20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԱՄԵՆԱԱԶԴԵՑԻԿ ԲԵՄԱԴՐԻՉԸ

Շարժանկարի սիրահարներու գրեթէ բոլորին ծանօթ տաղանդաշատ ու հանճարեղ բեմադրիչ Ինկմար Պերկման, անգնահատելի հետք թողած է շարժանկարի ոլորտէն ներս եւ կը համարուի «գոյապաշտ շարժանկար»ի հիմնադիրը։ Իր թէ՛ գործունէութիւնը եւ թէ անձնական կեանքը յաճախ կ՚ուսումնասիրուի ո՛չ միայն շարժանկարի ոլորտի ծառայողներու, այլ նաեւ հոգեբաններու, հոգեվերլուծաբաններու կողմէ։ Ինկմար Պերկմանի մասին կը նշուի՝ որպէս Շուէտի ամենամեծ պարգեւներէն մին աշխարհին։ 

Ինչո՞ւ Ինկմար Պերկման կը համարուի 20-րդ դարու շարժանկարի ամենաազդեցիկ բեմադրիչը… Ո՞ր հանգամանքները կ՚առանձնացնեն իր տաղանդն ու ձեռքբերումները։

Քերկեկորի, Նիցչէի, Սարթրի, Քամիւի եւ Հէիտեկերինկմարի նման գոյապաշտներու, Էրիք Էրիքսոնի նման հասարակագէտներու, Սիկմոնտ Ֆրոյտի եւ Քարլ Կիւսթաւ Ժունկի նման հոգեվերլուծաբաններու ազդեցութեան տակ մնալով՝ Պերկման ստեղծեց իր շարժանկարները, որոնց հիմքերը «կառուցեց» նաեւ իր սեփական կեանքի ապրումներու հիման վրայ։ Հակառակ որ Պերկմանի շարժանկարները յայտնի են իրենց մռայլութեամբ եւ անկանխատեսելիութեամբ, կը վերաբերին մասնաւորապէս մարդկային յոյզերու։ Ոչ մէկ բեմադրիչ իրեն նման մանրակրկիտ եւ անկեղծօրէն ուսումնասիրած է մարդկային հոգին եւ զգացումները. հաւատքը, սէրը, վախը, ատելութիւնը, ինքնութեան խառնաշփոթը, գոյութենական ցաւերը…

Մարդիկ, որոնք ժամանակ կը յատկացնեն Պերկմանի շարժանկարներուն, անպայման կ՚անդրադառնան անոր տաղանդին, առանձնայատկութիւններուն եւ կը հասկնան, թէ ան պարզապէս բեմադրիչ մը ըլլալէ աւելին է։ Պերկման կարիքն ունեցած է հասկնալ իր տեղը տիեզերքի մէջ եւ անհրաժեշտութիւնը զգացած՝ իր ժապաւէններու միջոցաւ ուրիշներուն արտայայտել իր այս ձգտումը։ Պերկմանը աւելի լաւ հասկնալու համար հնարաւոր է աւելի մանրամասն ուսումնասիրել անոր մանկութեան, պատանեկութեան, ընտանեկան յարաբերութիւնները եւ անձնական կեանքը։ Իր շարժանկարներու նիւթերու աղբիւրն ու հերոսներու հոգեվիճակը իր կեանքէն ներշնչուած են։ Այս բանի հիմնական պատճառը եղած է իր մանկութեան եւ վաղ պատանեկութեան տարիները։ Հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ան չի կրնար դիտել իր իսկ շարժանկարները, որովհետեւ անոնք բաւական  ողբերգական եւ «ճնշուած» են։ Ինչպէս բազմաթիւ անգամներ նշած է, Պերկման իր ստեղծագործութիւնները կ՚օգտագործէ՝ որպէս զինք «հալածող» հոգեկան, ջղային խանգարումներու դէմ պայքարի միջոց։ Պերկմանը ինքնասպանութենէ քայլ մը հեռու պահած է լաւագոյնը արտադրելու եւ այս միջոցով հոգեկան «թոյներ»էն ձերբազատուելու ջանքն ու եռանդը։ Մենք կը խօսինք միայնակ եւ սիրազուրկ մարդու մը մասին, այս պատճառով իր յօրինած պատմութիւնները հայելին դարձած են իր կեանքին։

Պերկման գրեթէ բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ յստակօրէն նկարագրած է իր մանկութեան դժուարին տարիներու հետքերը: Պերկման դաստիարակուած է խիստ կարգապահութեան ներքեւ՝ որպէս լուտերական կոշտ քահանայի մը որդի։ Մանկութեան տարիներուն հօրը կողմէ իրեն կիրառուած խիստ պատիժներն ու բռնութիւնները պատճառ դարձան փոքր տարիքին իր հոգեվիճակի վատթարացման եւ կրօնքէն հեռանալուն։ Մանկութեան տարիներու փորձութիւնները կարեւոր դեր խաղացած են իր բոլոր թատերական եւ բեմադրական աշխատանքներուն մէջ։ Այս պատճառով է, որ Պերկմանի կերպարները կը դժուարանան յարաբերութիւններ հաստատել ուրիշներու հետ, իմաստ մը վերագրել իրենց ապրած կեանքին, կը տառապին սիրոյ եւ հաղորդակցութեան բացակայութեան պատճառով։ 

Պերկման շատ երիտասարդ տարիքին կ՚ընկալէ երեւակայութեան եւ իրողութեան միացման կէտը։

Ըստ Պերկմանի, բեմադրութիւնը կը նշանակէ հասնիլ իր ներաշխարհի ամենախորը թաքնուած արմատներուն եւ վերադառնալ մանկութեան աշխարհ։ Հօր պատճառով քահանայի կերպարը յաճախ կը յայտնուի իր ստեղծագործութիւններու մէջ։ «Det regnar pa var karlek» եւ «Sommarnattens leende»ին մէջ քահանայի կերպարը ակնյայտօրէն վանող է: Իսկ «Det sjunde inseglet»ին մէջ կը տեսնենք միայն քահանաներ, որոնք կը քարոզեն՝ վախցնելու համար մարդիկը իրենց «վախճան»ի մասին։ 

Ընտանիքի հետ ապրած տարիները վերջ կը գտնեն, երբ հայրը կ՚ապտակէ զինք։ Պերկման հետեւեալ ձեւով կը պատմէ այդ օրերու իր յիշողութիւնները. «Եղբայրս ինքնասպանութեան փորձ ըրած էր։ Ընտանիքի արժանապատուութիւնը պահելու համար քոյրս ստիպուած էր վիժում (abortion) ընելու։ Ես ալ տունէն փախայ։ Ամէնուն աչքի առջեւ, քահանայի մաքուր տունի լուսաւորուած «բեմ»ին վրայ խաղաց մեր ողբերգութիւնը»։ 

20-րդ դարու, մանաւանդ՝ երկրորդ կէսին, հոգեբանութեան ու մտածելակերպի դառն իրողութիւններէն է, որ մարդիկ սկսած են առաւելապէս առաջնորդուիլ օգուտի ու նպատակայարմարութեան գիտակցութեամբ: Մինչդեռ Պերկմանի արուեստը ներթափանցած է արժէքներու գիտակցութեամբ: Այստեղ է անոր վէճն ու պայքարը իր ժամանակի հետ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020