ՍՓՈՓԱՆՔՍ ՄԵԾ…

Այդ օրերուն, որպէսզի երազներդ ապրէին,
Եւ կեանքի գիրքդ առ յաւէտ չփակուէր,
Երկիւղած ձայներէս հիւսուած բառերով,
Տառապանքդ փարատող մաղթանքներով,
Խեղճ եղբայրս.- Ամենակալէն, ե՛ւ ամէն օր,
Քեզի համար մեծ յոյսեր մուրացի ժամերով։
Բայց ափսոս…

Եւ որպէսզի դարձեալ առողջ ապրէիր,
Ու ալ պատեհութեան զոհ չդառնայիր,
Զիրար չկորսնցնէինք, իրարմով ջերմանայինք,
Ամէն արեւածագին եւ աղաչական աղօթքներով,
Այն մեծ յոյսին սպասեցինք բոլորով։
Սակայն օրհնեալ յոյսը այդ սպասուած.
Աւա՜ղ եւ ափսո՜ս… չյայտնուեցաւ ամենեւին…։

Ըսէ՛… վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէր այս…
Արդեօ՞ք ճակատագիրդ այսպէս էր գրուած,
Ու հակառակ օրերուս պղտորած ժամերուն,
Ընտանիքով, բարեկամներով եւ ընկերներով,
Մեր լեզուի ծայրերէն կախուած անէծք-աղօթքներով,
Կեանքին դատարկ սնանկութիւնը պոռալով,
Քեզի համար փրկութիւն խնդրեցինք մեր խոնաւ աչքերով։

Իսկ հիմա, յաւէտ բաժանումէդ ետք, տխուր ե՛ւ սգաւոր,
Ե՛ւ շուարած ու նոյնքան ալ անհուն կարօտով,
Աղուոր եղբայրս, ճակատագրէդ թափած յոյսերդ հաւաքելով,
Ես, կրկնակի քեզմով որբացած, ուղեղէս արձագանգող բառերով,
Ինծի ժառանգ ձգած կեանքիդ բոլոր յիշատակներով,
Իբրեւ սփոփանքս մեծ, ամէն առիթով, անմխիթար կ՚երգեմ
Վշտի երգերս բոլոր, անձայն եւ արցունքոտ տողերով։

​ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

*

Գէորգ Պետիկեան այս բանաստեղծութիւնը գրի առած է ի յիշատակ իր նորոգ հանգուցեալ եղբօր՝ Երուանդ Պետիկեանի, որու կորուստին թէեւ խոր ցաւով, սակայն, որոշ յապաղումով վերահասու դարձանք։ Այս առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք համայն Պետիկեան ընտանիքին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024