ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՎԵՐԵԼՔ
Ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան տեղ գտաւ «Forbes»ի կողմէ հրապարակուած Ռուսաստանի «Կալուածներու թագաւորներու» ցուցակին վրայ։ Յիշեալ ամսագրի ռուսական տարբերակը հրապարակեց Ռուսաստանի տարածքէն ներս առեւտրական կալուածներու ամենահարուստ սեփականատէրերու վերջին աղիւսակը։ Այն գործարարները, որոնք այդ ցուցակին վրայ ընդգրկուած են, ուրիշներու բաղդատմամբ աւելի մեծ յաջողութեամբ վարձու կու տան իրենց կալուածները։
Սամուէլ Կարապետեան այդ ցանկի երրորդ հորիզոնականին վրայ կը գտնուի։ Իր հիմնական կալուածներն են Տիմիթրովեան խճուղիին վրայ գտնուող «Ռիօ» առեւտրազուարճանքային կեդրոնը եւ Novotel Moscow City-ին։ Ընդհանուր եկամուտը կը կազմէ 650 միլիոն ամերիկեան տոլար։
Այս ցուցակին վրայ թէեւ տեղի ունեցած են կարգ մը փոփոխութիւններ, սակայն յառաջատարներու քառեակը մնացած է անփոփոխ։
«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան «Կալուածներու թագաւորներու» ցանկին վրայ կ՚ընդգրկուի այդ ցուցակի առաջին անգամ հրապարակուելէն ի վեր։ Ըստ հանդէսին, իր եկամուտը վարձակալութիւններէն 2011-ին կազմած էր 565 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Յաջորդող տարիներուն այդ եկամուտը ունեցած էր կայուն աճ, 2014 թուականին գերազանցելով 1 միլիառ տոլարի մակարդակը։ Վերջին երկու տարիներուն Սամուէլ Կարապետեանի կալուածներու վարձակալութեան հասոյթը 600 միլիոն ամերիկեան տոլարի սահմաններուն կը տատանուի։
Միւս կողմէ, ինչպէս հաղորդած էինք, Սամուէլ Կարապետեան նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ կազմակերպուած հանդիպման։ Սամուէլ Կարապետեան, որ համաշխարհային գործարար ընտրանիի ամենաազդեցիկ հայերէն մին է, կը պատրաստուի ներդրումային մեծ ծրագրեր իրականացնել Հայաստանի մարզերէն ներս։ Ըստ կարգ մը կանխատեսումներու, այդ ներդրումներուն չափը կրնայ հասնիլ 300 միլիոն ամերիկեան տոլարի։ Սամուէլ Կարապետեան խոստացած է այդ ծրագրերուն մասին մանրամասնութիւններ հաղորդել աւելի ուշ։
Ընկերամշակութային
- 03/01/2025