ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ ԾԱՐԱՒ ՄԱՐԴԸ
Ծարաւ, բայց նաեւ՝ անօթի մարդու մը մասին պատմութիւնը մեր մեծերէն Ռուբէն Սեւակ գրած է իր արձակ էջերուն մէջ: Տարօրինակ պատմութիւն մըն է՝ պոլսահայ մարդու մը կեանքէն, որուն ան հանդիպած է իբրեւ բժիշկ: Մարդը անօթի եւ ծարաւ է ո՛չ թէ աղքատութենէն, այլեւ՝ կայ ուրիշ պատճառ մը, զոր կը նկարագրէ բժիշկը:
Որքա՜ն հարուստ օրեր ունեցած է բժիշկ Ռուբէն Սեւակը եւ հարուստ օրերուն պատահածները իբրեւ արձակ գրութիւններ աւանդած է մեզի: Ռուբէն Սեւակի արձակն ալ ապրեցնող է՝ որքան բժիշկի իր մասնագիտութիւնը: Ան բժիշկ-մարդասէրի, հոգեբանի ոգիով շարադրած է ատոնք եւ զանազան տարիներու տպագրած մամուլին մէջ: «Ծարաւ մարդը» ատոնցմէ մէկն է՝ տպագրուած «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» հատորին մէջ:
ԾԱՐԱՒ ՄԱՐԴԸ
ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ
Շատեր տեսայ, շատեր տեսայ արտասահմանի տիպարներուն մէջ, բայց այս մէկին նման հատ մըն ալ չեմ կարծեր որ գտնուի։
Առաջին անգամէն արդէն ամբողջ ուշադրութիւնս իր վրայ խտացաւ։
Լա Փէ գարեջրատան մէջ նստեր էի գիշեր մը։ Երաժշտութեան, ծուխի ու բաժակներու ծովուն վրայ ծփացող նայուածքս յանկարծ՝ հարիւրաւոր դէմքերու մէջէն՝ իր դէմքին վրայ կանգ առաւ։
Զոյգ մը խոժոռ պեխերու ետին պահուըտած ճերմկոտիկ ու բարակուկ դէմք մը… երկու սպառնական նիզակներու ետին ապաստանած հիւանդագին սուլթանի մը պէս հալումաշ։
Գաւաթ մը գարեջուրի առջեւ ժամերով նստեցաւ։ Նստեցաւ միսմինակ, շի՛փ-շիտակ, փայտ կլլած մարդու մը պէս։ Պեխին մէ՛կ մազը, ձեռքին մէ՛կ մատը տեղէն չերերաց։ Իր գաւաթ մը գարեջուրին մէջ նայեցաւ, նայեցաւ, նայեցաւ, ծովերուն խորութիւնը հաշուող մարդ մը պէս։ Ու յետոյ, առա՛նց կաթիլ մ՚անգամ տանելու իր շրթներուն, - թերեւս իր պեխերուն զինուորական շարքը չաւրելու համար,- ելաւ գնաց։
Եթէ այսքանն արդէն չի՛ զարմացներ քեզ, պատճառն այն է որ դուք ձե՛ր աչքով չտեսաք զինքը։ Ամէն պարագային ես այդ գիշեր այդ մարդէն բոլորովին մագնիսացայ։ Անիկա հեռուէն ծծուն թուղթի մը պէս քաշեց, ծծեց իմ աչերուս ամբողջ ուշադրութիւնը՝ առա՛նց որ ինք անգամ մը իմ կողմս նայէր։
Միւս գիշեր քիչ մը աւելի կանուխէն գացի նոյն գարեջրատունը։ Նոյն մարդը նորէն հոն էր, նոյն աթոռին վրայ նստած ու նոյն խոժոռ պեխերուն ետին ապաստանած։ Նորէն իր բաժակ մը գարեջուրին նայեցաւ, նայեցաւ, նայեցաւ։ Ու յետոյ, երբոր բոլոր պղպջակները մէկիկ-մէկիկ ֆշրտացին ու սմքեցան, եւ երբ բաժակին պաղ-պաղ քրտինքները տաքցան ու հալեցան, նոր բաժակ մըն ալ ապսպրեց, նայեցաւ, նայեցաւ, նայեցաւ, ու ելաւ գնաց։
Միւս օր ու միւս օրերը աւելի ու աւելի կանուխ գացի հոն, աւելի մօտիկ նստելու համար այս հիւանդոտ սփինքսին։ Բայց միշտ նոյն բանը միայն տեսայ։
Իր որոշ ժամուն գարեջրատունէն ներս կը մտնէր. դուռին ու պատուհանին միջեւ զգուշաւոր հեռաւորութիւն մը կ՚ընտրէր՝ օդի հոսանքներուն չենթարկուելու համար. առանձին սեղան մը կը զատէր հոն, ու… չլը՜խկ… աթոռին վրայ կը նստէր տոպրակ մը ոսկորի պէս։
Վերարկուն բնաւ չէր զատեր կռնակէն, թերեւս իր նստատեղիին ոսկորները չցաւցնելու համար։ Բայց ինչո՞ւ իր գլխարկն ալ չէր հաներ բնաւ, ու ինչո՞ւ մանաւանդ այս հաստ կաշիէ ձեռնոցները այս ամառ օդերուն… Անոնք այնպէս անխախտ կերպով փակցուած, կոճկուած էին իր ձեռքերուն վրայ՝ որ կարծես ա՜լ իր մարդակազմութեան մաս կը կազմէին։ Ինչո՞ւ բնաւ չէր հաներ զանոնք. բորո՞տ էր արդեօք…
Այսպէս կը նստէր ան մի՛սմինակ, շի՛փշիտակ, բացարձակօրէն անշարժ, երբեմն-երբեմն ջղային աչք մը քթթելով իր առջեւի գարեջուրին։
Ու յետոյ, առանց ժամացոյցը հանելու, բայց միշտ ու ճիշդ նոյն վայրկեանին, կարծես զսպանակէ մը մղուելով, կ՚ելլէր կ՚երթար։
Հետաքրքրութիւնս երթալով այնքան աւելցաւ այդ խորհրդաւոր ձեռնոցներուն, գլխարկին ու գարեջուրներուն շուրջ, որ օր մը որոշում տուի անպատճառ գիշերն իրեն քով երթալ ու որեւէ պատրուակով մը հետը խօսիլ։
Սակայն այդ գիշերն իսկ, այդ զարմանալի մարդը՝ կարծես թէ գուշակելով իմ որոշումս՝ գարեջրատուն ոտք չկոխեց։
Ու այսպէս շաբաթ մը, երկու շաբաթ, երեք շաբաթ անցաւ։ Մտածեցի թէ անշուշտ օտարական ճամբորդ մըն էր ան՝ որ մեկնեցաւ մեր քաղաքէն՝ քիչ մըն ալ ուրիշ տեղ ապսպրելու համար իր դիւթական գարեջուրները։
Բայց ահա օր մը, բնա՛ւ չսպասած մէկ վայրկեանիս - բժշկութեան մէջ երբեմն կը պատահին այս անակնկալները - զիս հրաւիրեցին մասնաւոր դարմանատուն մը՝ հայ հիւանդի մը համար։ Ու ի՜նչ մեծ եղաւ զարմանքս երբ ինքզինքս յանկարծ դէմ դէմի գտայ այս կենդանի սփինքսին հետ…
Վերջապէ՜ս պիտի կարենայի մօտէն դիտել այս վագրին գլուխը։
Վագրին գլո՞ւխը։ Գլխարկ չունէր հիմա, ու վեց թել մազեր՝ իր շլինքէն, ականջներէն, ու թեւերուն տակէն երկնցնելով բերեր, դարձուցեր, փակցուցեր էր ճակտին չորս կողմը, ու այդպէսով բարակ կեղծամ մը ձեւացուցեր էր, որուն տակէն դեղինէն կանաչի զարնող գանկ մը պահել կը ջանար իր անկիւնաւոր ու ողորկ գծագրութիւնը…
Մինչեւ հիմա այս մարդը հետաքրքրութիւնս կը շարժէր միայն, իսկ հիմա մէկէն ի մէկ գութս շարժեց։
Երեսունհինգին մօտերը երիտասարդ մըն էր ան, բայց եօթանասուննոց պառաւի մը պէս հիւծած։ Երբ այս արագ ծերութեան պատճառը հարցուցի իրեն.
-Տասը տարիէ ի վեր անօթի եմ…,- ըսաւ։
Ու յետոյ, չորցած բերան մը բանալով.
-Անօթութիւնը հոգս չէ, բայց ծարաւէս կը մեռնիմ…,- աւելցուց։
Պոլսեցի ընտանիքի մը միակ զաւակն էր ան։ Իր ծնողքը հարուստ էին, շատ հարուստ, չափազանց հարուստ։ Տղան քսանհինգին մօտերը աղիքներու խանգարում մ՚ունեցաւ՝ որ տասը տարիէ ի վեր կը տեւէր ահա։ Եթէ օրապահիկը շահելու համար աշխատելու ստիպուած մէկը ըլլար, ոեւէ խղճամիտ բժիշկ մը բաւական պիտի ըլլար մոռցնելու այդ հիւանդութիւնը։ Բայց հարուստ էին ու չգիտցան որ բժիշկները գումարելով՝ չարիքը կը բազմապատկէին…
Ոմանք յանցանքը ստամոքսին գտան, միւսները աղիքները դատապարտեցին, աւելի վարպետներ լատիներէն անուններ մռլտացին։ Ու իւրաքանչիւրն ալ իր դեղը գովեց, իր արգելքները դրաւ սնունդներուն վրայ։
Երբ հինգ-տասը գիտնականներ այսպէս իրար հրմշտկելով ինկան մինչեւ այն ատեն մոռացութեան ու տգիտութեան մէջ գործող ստամոքսի մը վրայ, հետեւանքն այն եղաւ, որ այդ համեստ գործարանը՝ յանկարծ բեմին առաջին դերակատարութեան հրաւիրուելով՝ նախ շուարեցաւ, շփոթեցաւ, յետոյ շփացաւ, չարացաւ, իր կարեւորութիւնը չափազանցեց, խստապահանջ ու զայրացկոտ եղաւ։
Այդ շուարած ու սանձակոտոր ստամոքսը զսպելու համար դեղ չմնաց, ծոմապահութիւն չմնաց որ չփորձէին…
Սնունդներուն քանակը այնքան իջեցուցեր, այնքան քիչցուցեր էին, որ ստամոքսը երթալով ինքզինքը կերեր, հալեր, մաշեր էր, ու աղիքները բարակցե՜ր, բարակցե՜ր էին, երախայի աղիքներու պէս…
Խեղճ երիտասարդը՝ տասը տարի համբերելէ վերջ այս տաժանակիր անսուաղութեան՝ մահը աչքն առնելով ինքզինքը մինչեւ Եւրոպաները, մինչեւ Լօզան նետեր էր։ Բայց հիմա շատ ուշ էր արդէն, ու մարսողական գործարաններն այնքան ծիւրեր էին՝ որ յաճախ պատառ մը սնունդ բաւ էր զինքը շաբաթներով փորահարելու…
Տարիներ ամբողջ դատապարտուած էր մանուկի մը պէս գրեթէ միայն կաթով սնանելու։ Այնպէս որ իր խոժոռ պեխերուն ետեւ պահուըտած շրթունքները չես գիտեր ի՜նչ մ՚ունէին մանկական ու անմեղ։
Արդէն հազիւ թէ խօսելու համար բերանը բանար՝ իսկոյն կը փոխուէր իր դէմքին կնճռոտ գծագրութիւնը։
Տղու խաղալիքներուն մէջ փայտէ մարդեր կան՝ որոնց չուանը բռնելուդ պէս կը սկսին ոգեւորուիլ, շարժտկիլ, խանդավառուիլ, խնդացնել, բայց չուանը թողելուդ պէս կ՚ըլլան նոյն փայտէ մարդը, անշարժ ու շիփ-շիտակ գետին պառկած։
Այդպէս ալ՝ երբեմն առտուընէ մինչեւ իրիկուն փայտէ մարդու մը պէս շիփ-շիտակ պառկող այս մարդը, իր ձեռքը սեղմելուս պէս կը դառնար ամենէն անուշիկ, ամենէն ճռուողուն, ամենէն քաղաքավար մարդը, որ հաճելի ըլլալու համար հազարումէկ կտոր կ՚ըլլար, կ՚ոգեւորուէր, միամիտ ու մանկական բաներ կ՚ընէր իր յուզումէն շուարելով.
-Ճա՛թ… ճա՛թ… ճա՛թ… ճաթելիք բան է այս մենութիւնը, Տոքթէօր։ Ճը՛գ… ճը՛գ… ճը՛գ… ճգնաւորները աղէկ են, գոնէ երբեմն մարապետի երես կը տեսնեն…։
Այս ճը՛գ… ճը՛գ… ճգնաւորին բաղդատութիւնը յաճախ կու գար լեզուին ծայրը։ Որովհետեւ տունը մնացած աղջիկներուն պէս՝ կոյս մնացած մարդերուն ալ միակ ցաւը այդ աւելորդ առաքինութիւնն է։ Մնաց որ իր առաքինութեան միակ պատճառը իր ծայրայեղ վախկոտութիւնն էր միայն։
Վախկոտութի՜ւն մը, վախկոտութի՜ւն մը, որուն նմանը ես չտեսայ դեռ։
Երեւակայեցէք որ իր հաստ կաշիէ ձեռնոցները՝ որ ձեռքէն երբեք չէին ելլար՝ պարզապէս միքրոպներու վախէն կը պաշտպանէին զինքը։
-Շատ-շատ,- կ՚ըսէր,- եթէ չգիտցած մէկ մարդուս ձեռքը սեղմեմ, այս ձեռնոցները նետելով ուրիշ զոյգ մը կը գնեմ…
Յետո՛յ միայն սորվեցայ որ սրճարանին մէջ՝ իր վերարկուն ու գլխանոցն ալ չհանելուն պատճառը՝ պարզապէս զանոնք կասկածելի գամէ մը չկախելու համար էր…
Օր մը իր գլխարկը պատահմամբ գետին իյնալով՝ մուշտակապատ մատներուն ծայրովը զայն բռնեց ու մուկ մը բռնած տղու մը պէս նողկալով՝ դեղարան գնաց, գլխարկը հականեխել տուաւ, վճարեց, չհաւնեցաւ, նետեց, նոր մը գնեց…
Ու երբ այս ծայրայեղ զգուշութեան վրայ խնդալ սկսայ, բժշկութեանս վրայ կասկածելու չափ առաջ գնաց։
-Երեւակայեցէք որ, -ըսաւ,- եթէ այդ հողին վրայ օրեր առաջ թոքախտաւոր մը թքած ըլլար, ի՜նչ կ՚ըլլար իմ վիճակս…
Եւ այս բծախնդրութեանս շնորհիւ է որ մինչեւ այս հասակս «կնկայ հիւանդութիւն» մը չեմ առած…
Այսքա՜ն միամտութիւն, այսքա՜ն մանկութիւն, անշուշտ անհաւատալի կը թուի ձեզի, այնպէս չէ՞։
Բայց դուք որ այսպէս կը խորհիք՝ արեւուն ծագելէն մինչեւ մարը մտնելը քանի մը պնակ կերակուր կը մարսէք դուք։ Իսկ այդ մարդը ձեզի պէս չէ։ Դուք ի՜նչ կը խաբուիք անոր խոժոռ պեխերէն. երեւակայեցէք որ երեսունհինգ տարու այդ մարդը միմիայն կաթով կ՚ապրի, ծծմօր երախայի մը պէս։ Երեւակայեցէք նաեւ որ այդ երեսունհինգ տարու մարդը գաւաթ մը ջուր չի կրնար խմել՝ առանց տասն անգամ պէտքարան վազելու…
Ու այն ատեն պիտի զգաք - եթէ քիչ մը սիրտ ունիք - որ այս խեղճ մարդը որքա՛ն ալ շուարած, վախկոտ, ծիծաղելի ըլլայ՝ իրաւո՛ւնք ունի։ Ան ծաղրանքէ աւելի գութի արժանի է։
Դժբախտութիւն մը իրական ըլլալու համար պէտք չունի անպատճառ սեւերով ու արցունքով ներկայանալու։ Թշուառութիւն մը գութ շարժելու համար պէտք չունի իր պայմանադրական ցնցոտիներուն… ինչպէս որ գրականութիւն մը տխուր ըլլալու համար պէտք չունի անպատճառ լալկան ըլլալու։ Հին ու ծթռած գաղափարներ են ասոնք։
Գոնէ ես աւելի՛ դժբախտ մէկը չտեսայ այս դժբախտութեան հովտին մէջ, քան այս զարմանալի հիւանդը, որուն ճը՜գ… ճը՜գ… ճգնաւորները զիս կը զուարճացնէին… Ես աւելի՛ անկեղծօրէն աղքատ մարդ մը չգտայ դեռ աշխարհիս երեսին, քան այս հարուստ, մեծահարուստ երիտասարդը, որ բաժակ մը գարեջուրի առջեւ ծարաւէն կը հիւծէր…
Սա արեւուն, փողոցները սլքտացող մուրացկանը վստահ է, որ գոնէ կուշտ ու կուռ ջուր մը պիտի խմէ դէմի աղբիւրին ծորակէն՝ բերնին աւելցուքներն ալ կուրծքին մազերուն մէջ կաթկթեցնելով արծաթի կայլակներու պէս…
-«ՈՍԿԻ՜…», - կը համերգեն նորերը իբրեւ միակ երջանկութիւն հռչակելով այդ դժբախտութեան մետաղը։
Սո՜ւտ խօսք։ Եթէ երջանկութիւնը ոսկիներով դատուէր, այս մարդուն նախանձող ուրիշ երջանիկ մըն ալ պիտի գտնուէ՞ր արդեօք…
-Կին, խաղ, գինի…, - ըսեր են հիները՝ կեանքի գլխաւոր հաճոյքները դասաւորելու համար։
Կինը, տեսանք, որ միայն միքրոպներու ամպի մը ետեւէն երեւցաւ իրեն։
Խաղերուն ուրիշ տեսակը ան չճանչցաւ՝ բայց միայն իր աղիքներուն խաղը։
Իսկ գինիին ո՛չ թէ միայն ջրախառնովը պիտի գոհանար, այլ մի՛միայն ջուրովն ալ… բայց…
-Օր մը սափրիչին գացեր էի ածիլուելու, -կ՚ըսէր,- երբ ան ոսկեգոյն կոնքին մէջ պաղպաջուն ջուրը վզիս բռնեց ու շրթներուս այնքա՜ն մօտ բերաւ, որ եթէ չխպնէի՝ անասունի մը պէս պիտի ծծէի այդ ամբողջ ջուրը…
Հաճոյքներու ա՛յսքան ամուրի կեանքէ մը վերջ, հիմա որ ա՜լ մահուան մօտիկութիւնը կը զգար, մէ՛կ փափաք ունէր՝ հայրենի՜ք դառնալ։
-Եթէ վաղը յանկարծ մեռնիմ, - կ՚ըսէր, - մա՛րդ մը չկայ, մատո՛ւռ մը չկայ, լացող մը չկայ, շան դիակ մը ինձմէ աւելի բախտաւոր է…
Ու յետոյ, իր վախերը աւելի ճշդելով՝ յուզումէն կը թոթովէր.
-Ճեմ… ճեմ… ճեմ… ճեմիշի մէջ հոգիս պիտի փչեմ…
Որովհետեւ հիմա ալ սկսեր էր կարմիր փորահարել, ու անգամ մը այդ արիւնին տեսքէն կէս ժամ նուաղուն մնացեր էր նստած տեղը…
Այս վիճակին մէջ ինչպէ՜ս կրնայի արտօնել այդքան մեծ ճամբորդութիւն մը։
Բայց ան անպատճառ պնդեց որ երթայ ու գնաց ալ։
Իր մեկնելէն ի վեր յաճախ գացի այն սրճարանը, ուր առաջին անգամ տեսեր էի զինքը։ Ու իւրաքանչիւր գարեջուրիս մտքիս առջեւ կը պատկերանար այդ ճերմկոտիկ ու բարակուկ երիտասարդը, որ իր լեցուն բաժակին կը նայէր, կը նայէր, կը նայէր ու կ՚երթար…։
Ի՜նչ ճակատագիր այս տղուն ճակատագիրը…։
Իր հայրը ամբողջ կեանքով աշխատեր, աջէն ու ձախէն փրցուցեր, աղքատներուն ակռայէն եւ բանուորներուն ձեռքէն խլեր էր, դիզեր ու դիզեր, որպէսզի օր մը իր տղան ու իր տղուն տղաքները առանց աշխատելու հա՜ց ունենան տասը, յիսուն, հարիւր տարի…
Եւ սակայն - դուք ի՜նչ կ ՚ուզէք ըսէք, ես կը հաւատամ գերագոյն արդարութեան մը - իր տղուն տղաքները երբեք պիտի չծնէին, ու իր տղան պիտի մեռնէր անօթի…
Իր ոսկիներու դէզին մէջ ան պիտի մեռնէր անսուաղ, այո՛, - ու մամիկի հեքիաթ մը չէ ասիկա։
Ամբողջ տասը տարի առանց հացի ու ջուրի ապրելէ վերջ, ան պիտի մեռնէր աւելի չուառական, քան դաշտերուն յետին աստանդականը, որ խոտերուն մէջ՝ արեւուն տակ կը փռէ իր դիակը…
Ան պիտի մեռնէր դեռ հայրենիք չհասած, մի՛սմինակ, պատն երեսին, շոգենաւի մը ճեմիշին մէջ։
Ճանչցող մը, լացող մը պիտի չունենար։
Ո՛չ իսկ գերեզման մը։
Ժանտախտի մը վախէն զինքը ծովը պիտի նետէին։
Ա՛ռ քեզի ջուր, ծարա՜ւ մարդ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024