ՀԱՃԵԼԻՆ ԵՒ ԱՆՀԱՃՈՆ

-Ո՞ւր ես, հինգ ժա­մէ ի վեր քե­զի կը սպա­սեմ,- ը­սի այս ան­գամ քիչ մը ա­ւե­լի պա­հանջ­կոտ ձայ­նով: Կը զգա­յի, որ ըն­կա­լու­չին մէ­ջէն ձայնս սկսած էր դողդ­ղա­լու:

-Թ­րա­ֆի­քի՝ խճո­ղու­մի մէջ եմ, համ­բե­րէ՛, կու գամ կոր,- պա­տաս­խա­նեց եղ­բայրս:

Տիթ­րո­յի­թի օ­դա­կա­յա­նի ել­քե­րէն մէ­կուն դրան մուտ­քին, գիր­քե­րով լե­ցուն պա­յու­սակ­նե­րուս քով կե­ցած, այս եր­րորդ ան­գամս է, որ հոս բնա­կող եղ­բօրս՝ Ե­րո­ւան­դին կը հե­ռա­ձայ­նեմ, որ գայ ու զիս վերց­նէ: Բայց կ՚ու­շա­նար:

Այդ­պէս պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած էինք նա­խա­պէս: Եւ երբ ու­շա­ցաւ, մտա­հո­գու­թիւ­նը պա­տեց միտքս:

Ա­մի­սը ար­դէն կի­սո­ւած էր, երբ աշ­նա­նա­յին ե­րե­կոյ մը հա­սած էի այս քա­ղա­քը՝ յա­տուկ հրա­ւէ­րո­վը տեղ­ւոյն ՀՕՄ-ին, իբ­րեւ զե­կու­ցա­բեր միօ­րեայ ու­սուց­չու­հի­նե­րու սե­մի­նա­րին:

Է՜հ, վեր­ջա­պէս ես ալ տա­րի­ներ ա­ռաջ, հոս՝ այս քա­ղա­քին մէջ, ըն­տա­նի­քովս ոչ միայն ապ­րած, այ­լեւ իբ­րեւ հա­յոց լե­զ-ւի ու­սու­ցիչ ալ պաշ­տօ­նա­վա­րած էի ա­նոր ա­մէ­նօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նէն ներս, որ հի­մա այ­լեւս իր դռնե­րը շա­տոնց փա­կած էր դժբախ­տա­բար:

Դուր­սը, այս աղմ­կոտ փո­ղո­ցին մէջ, ուր ե­րե­կոն ար­դէն նստած էր, թէեւ ծոյլ քա­մի մը կար, սա­կայն ես սկսած էի «սա­ռե­լու», իսկ սպա­սումս ալ՝ կա­մաց-կա­մաց պրկում դառ­նա­լու: Վեր­ջա­պէս պէտք էր գիտ­նա­յի, որ հոս տաք Գա­լի­ֆոր­նիան չէր:

Յան­կարծ յի­շե­ցի: Այս առ­տու կա­նուխ էր, երբ տնե­ցի­նե­րուս հրա­ժեշտ տա­լով՝ դէ­պի Լոս Ան­ճե­լը­սի օ­դա­կա­յա­նը կը մեկ­նէի, չեմ գի­տեր՝ ինչ­պէ՛ս հան­դի­պե­ցայ ծուռ ե­րես «չին-չին» չին դրա­ցիիս: Միտքս ինք­նա­ծին խան­գա­րո­ւե­ցաւ: Կար­ծես ա­նի­մաստ կամ ալ շփոթ բա­նե­րով պա­րու­րո­ւե­ցաւ:

Ե­րեսս խա­չակն­քե­լով, «Աս­տո­ւած չար փոր­ձանք­նե­րէ զիս հե­ռու պա­հէ» մը ը­սած էի մտո­վի, ո­րով­հե­տեւ այս մար­դուն ներ­կա­յու­թեան խառ­նակ, ան­ծա­նօթ եւ մտա­հո­գու­թեան տա­նող միտ­քեր լուռ երկ­չո­տու­թեամբ մը պա­տած էին զիս ու մա­նա­ւանդ՝ հո­գիս: Ա­հա հի­մա ալ՝ այս ու­շա­ցու­մը:

Նա­խա­պա­շա­րու­մի թէ՛ կը հա­ւա­տա­յի եւ թէ՛ չէի հա­ւա­տար: Իս­կա­պէս շփո­թած էի:

Հա­պա՞ տա­կա­ւին չորս եւ ա­ւե­լի ժա­մեր ա­ռաջ այդ ա­նի­ծեալ օ­դա­նա­ւին մէջ մօտս նստած աչ­քե­րը գծած ու ե­ղունգ­նե­րը ներ­կած ե­րի­տա­սարդ տղան: Ա­սո՞ր ինչ կ՚ը­սէք: Ո՛չ ձգեց, որ հան­գիստ մրա­փեմ եւ ո՛չ ալ ինք հան­գիստ նստաւ: Ա­մէն վայր­կեան ինձ­մով զբա­ղե­ցաւ: Խօ­սե­ցաւ ու շա­տա­խօ­սեց:

-Ջուր կ՚ու­զե՞ս, «քո՞ք», սուրճ բե­րե՞մ, սան­տո­ւիչ մը գնե՞մ, կօ­շիկդ շատ սի­րե­ցի. ճա­շա­կա­ւոր կ՚ե­րե­ւիս. հե­ռա­ձայ­նի թիւդ ի՞նչ է, ո՞ւր կ՚եր­թաս, ին­չո՞ւ:

Այս­պէս, մէկ խօս­քով՝ բա­ռե­րու հե­ղեղ մը, որ ին­ծի հա­մար հա­ճե­լի չէր: Ի­րա­պէ՛ս յոգ­նե­ցայ: Ար­դէն այդ օ­դա­նա­ւին մէջ միայն հո­գա­տար մը ու­նե­նալս պա­կաս էր: Ի­րեն ի՞նչ, կ՚ը­սէի մտո­վի, թէ ես ո՞վ էի, ի՞նչ կ՚ու­զէի: Ինք ո՛չ կինս էր եւ ո՛չ ալ  ըն­կե­րա­կից կամ սի­րա­հար: Մե­ղա՜յ, մե­ղա՜յ: Նոյ­նիսկ հասկ­նա­լի կոպ­տու­թեամբ ու­զե­ցի հասկց­նել, որ ես իր գիտ­ցած­նե­րէն չէի: Կի՛ն, զա­ւակ­ներ ու­նէի: Ա­պո՛ւշ: Թոռ­նի՛կ ու­նէի: Յի­մա՛ր:

Ու այս­պէս, ներ­քին խու­ճապս շալ­կած, քա­նի մը ան­գամ իս­կա­պէս ո­րո­շե­ցի տեղս փո­խել: Չորս կողմս, ե­տեւ-առ­ջեւ նա­յե­ցայ: Զննե­ցի: Օ­դա­նա­ւը բեր­նէ բե­րան լե­ցուն էր: Ա­նոր հա­մար տեղս մնա­ցի, ո­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք՝ ժա­մերս ա­նա­խորժ շա­րու­նա­կու­թեամբ վատ­նը-ւե­ցան: Բո­լոր լաւ տրա­մադ­րու­թիւն­ներս սպան­նո­ւած էին ար­դէն: Ու հա­զիւ ո­րո­շած էի ա­նո­րո­շը ա­նի­ծել, երբ յան­կարծ միտքս ին­կաւ այս ա­ռա­ւօտ կա­նուխ դէմս ե­լած դրա­ցի «չին-չին»ս՝ իր քա­շուած աչ­քե­րուն տակ քա­նի մը ակ­ռա­նե­րով ցու­ցադ­րած կի­սատ ժպի­տո­վը: Ու­ղուր­սուզ մարդ:

Ա­պա հի­մա, ժա­մեր ետք, հո՛ս, օ­դա­կա­յա­նի պա­տին տակ, աչ­քերս գա­մած դէ­պի մե­զի մօ­տե­ցող իւ­րա­քան­չիւր մակ­նի­շի ինք­նա­շարժ­նե­րուն, ինչ­պէս կը սի­րէ գոր­ծա­ծել ե­րե­ւան­ցի միւս դրա­ցիս, մտո­վի «Աս­տո­ւած ու­րիշ փոր­ձան­քէ պա­հէ» մը կ՚ը­սէի՝ մտած­կոտ ու նոյն­քան վա­խէս ծնած բա­ռե­րովս: Ե­կո՛ւր եւ հա­ւա­տայ՝ թրա­ֆիք. ին­չու հոս Կլեն­տէ՞յլ էր, կամ Հո­լի­վո՞ւտ:

Յան­կարծ ինք­նա­շարժ մը կանգ ա­ռաւ ճիշդ դի­մացս, մայ­թին ծայ­րը: Ծռե­ցայ ու փոր­ձե­ցի ինք­նա­շար­ժին մութ ա­պա­կիով պա­տու­հա­նէն ներս նա­յիլ: Ինքն էր, եղ­բայրս:

-Վեր­ջա­պէ՜ս,- ը­սի ու պա­յու­սակ­ներս քշե­լով դէ­պի ինք­նա­շարժ յա­ռա­ջա­ցայ: Իր կար­գին ինքն ալ ինք­նա­շար­ժի ե­տե­ւի սնտու­կին կա­փա­րիչն ալ բա­ցաւ: Բայց դուրս չե­լաւ:

Ա՛ռ քե­զի հիւ­րա­սի­րու­թիւն: Մա՛րդ Աս­տու­ծոյ, մէյ մը դուրս ել, ձեռ­նո­ւինք, համ­բու­րո­ւինք: Եր­կար ա­տե­նէ ի վեր զի­րար չենք տե­սած: Է՜հ, աշ­խա՛րհ: Պա­րապ տե­ղը մեր մե­ծե­րը չեն ը­սած՝ «Աչ­քէ հե­ռու, սիր­տէ հե­ռու»: Ճիշդ են ե­ղեր:

Ա­ռանց ժա­մա­նակ կորսնց­նե­լու՝ դժուա­րու­թեամբ եր­կու ծանր պա­յու­սակ­ներս տե­ղա­ւո­րե­ցի այդ խո­րունկ սնտու­կին մէջ, ո­րուն պա­կաժ ա­նունն ալ կու տանք, եւ ուժ­գին փա­կե­լով՝ ա­ռաջ ե­կայ ու իր մօտ նստայ: Նոյն ձե­ւով ալ դուռս գո­ցե­ցի ու ա­թո­ռին ա­պա­հո­վու­թեան գօ­տին կա­պե­լէս ետք ը­սի.

-Բա­րե՛ւ, ա­ղա՛,- իս­կա­պէս որ բար­կա­ցած էի, իր այս ան­տար­բեր կե­ցո­ւած­քին հա­մար: Դէմ­քին չնա­յե­ցայ: Սպա­սե­ցի, որ ինք փո­խա­դար­ձէ, խօ­սի: Սա­կայն՝ ոչ մէկ բառ, ոչ մէկ շար­ժում:

-Հայ­տէ՛, հի­մա քա­լէ՛,- ը­սի ա­րագ մը, վեր­ջը հա­շիւ­նիս կը մաք­րենք:

Իս­կա­պէս որ յու­զո­ւած էի յու­սա­խա­բու­թե­նէս:

-Ո­ւա՞թ, ի՞նչ,- յան­կարծ լսե­ցի ձայն մը:

-Քա­լէ՛,- կրկնե­ցի ա­րագ մը:

-Ո­ւա՞թ,- կրկնեց ձայ­նը,- հո՞ւ ար եու, ո՞վ ես դուն,- ա­կան­ջիս հա­սաւ նոյն ձայ­նը գրե­թէ բար­կաց­կոտ:

Զար­մա­ցայ: Մէյ մը ձախ դառ­նա­լով՝ իր կողմ նա­յե­ցայ: Մե­ղա՜յ, ին­քը չէր, եղ­բայրս չէր: Օ­տար մըն էր: Բայց որ­քա՜ն ի­րեն կը նմա­նէր: Այս ի՛նչ ա­մօթ բան: Շո­ւա­րած էի:

-Կե՛թ աութ ֆրամ մայ քար, դուրս ել ինք­նա­շար­ժէս,- պո­ռաց հայ­հո­յանք­նե­րով եւ տմար­դի բա­ռե­րով հիւ­սո­ւած, ո­րոնք ո՛չ սահ­ման ու­նէին եւ ո՛չ ալ ժա­մա­նակ: Կը զգա­յի, որ իր մար­մի­նը հրա­բուխ լե­րան մը պէս կը դո­ղար ու հայ­հո­յանք­նե­րը կատ­ղած լա­ւա­յի նման բեր­նէն դուրս կը թա­փէին: Անն­կա­րագ­րե­լի խայ­թոց­ներ: Կար­ծես աչ­քին մէջ յան­կար­ծա­կան հրդեհ մը բռնկած էր:

Անդ­րա­դար­ձայ: Սխալ ինք­նա­շարժ մտած էի ու «մեր մար­դը» ինք­զինք չեմ գի­տեր ինչ զգա­լով՝ սկսած էր վրաս գո­ռա­լու: Վէրք ստա­ցած ա­նա­սու­նի մը նման կը ճչար: Այն­քան նո­ւաս­տա­ցած էր: Տե­սա­րա­նը բե­մա­կան էր եւ խոր ի­րա­կա­նու­թիւն:

Ա­րագ դու­ռը բա­ցի ու դուրս ե­լայ: Իսկ ինք շու­տով բա­ցաւ ե­տե­ւի այդ ա­նի­ծեալ պա­կա­ժը: Ան­մի­ջա­պէս ան­ցայ ինք­նա­շար­ժին ե­տե­ւը ու նոյն ա­րա­գու­թեամբ ալ պա­յու­սակ­ներս մէ­ջէն հա­նե­լով՝ փոր­ձե­ցի պա­տին տակ նախ­կին տեղս գրա­ւել: Աչ­քիս տա­կէն նկա­տե­ցի, որ մար­դը գի­շա­տիչ աչ­քե­րով զիս կը դի­տէր: Իս­կա­պէս որ բե­րա­նէն թա­փած բա­ռե­րը մերկ էին եւ դա­ւադ­րա­բար չար: Իսկ ես ալ եր­կիւ­ղը զիս բռնած՝ խու­ճա­պի մատ­նո­ւած էի:

Մար­դը ի­րա­ւունք ու­նէր: Բայց ես ալ մարդ էի, վերջ ի վեր­ջոյ ես ալ կրնա­յի շո­ւա­րիլ, սխա­լիլ: Ի՞նչ կ՚ըլ­լայ: Աշ­խա՞ր­հը փլաւ: Հա՞յ­րը սպան­նած էի, թէ՞ մայ­րը: Մե­ղա՜յ:

Յան­կարծ տե­սայ, որ ինքն ալ դուրս ե­լաւ: Ա­հա քե­զի նոր «Ա­ւա­րայր» մը, ը­սի կրկին մտո­վի ու հե­տե­ւե­ցայ իր շար­ժում­նե­րուն: Այն­պէս կը կար­ծէի, որ մար­դը չէր գո­հա­ցած հայ­հո­յանք­նե­րու իր հե­ղե­ղո­վը ու հի­մա հետս կռո­ւի պի­տի բռնո­ւէր: Կաս­կա­ծի ու տա­րա­կու­սան­քի նա­յո­ւած­քիս մէջ տե­սայ, որ ան ինք­նա­շար­ժէն ցած ի­ջած էր: Նախ իր դու­ռը ա­մուր մը գո­ցեց: Ա­պա ան­ցաւ ինք­նա­շար­ժին ե­տեւ եւ ա­նոր սնտու­կին կա­փա­րի­չը աղ­մու­կով մը գո­ցե­լէ ետք ին­ծի նա­յե­ցաւ:

Ար­տա­սա­նած նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի լայն­ցած էին: Կա­տա­ղու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը հո­սէր իր դէմ­քէն: Ես որ նման տե­սա­րան­նե­րէ միշտ խու­սա­փած էի, հի­մա կար­ծես ես էի ա­նոնց հե­ղի­նա­կը: Մար­դուն ե­րե­սին վրայ տա­կա­ւին դա­ժան գա­ղա­փա­րի մը լոյ­սը կար: Ա­հա՛ քե­զի պատ­մու­թիւն:

-Սո­րի, նե­րո­ղու­թիւն,- բա­ցա­գան­չու­թեան մը նման բա­ռը փրթաւ բեր­նէս ճա­կա­տա­մար­տը կորսնց­նող եւ մեղ­քի զգա­ցու­մը ապ­րող հա­ւա­տա­ցեա­լի մը նման: Միայն ճեր­մակ դրօ­շակ պար­զելս պա­կաս էր:

Նա­յե­ցաւ: Ա­ւե­լի ճիշդ ի­րար նա­յե­ցանք, եր­կար ու ան­խօս: Հի­մա այ­լեւս նշմա­րե­լի էր իր շրթնե­րուն վրա­յի զսպո­ւած հեգ­նան­քը, որ պղտո­րած էր ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուս հոս­քը: Ո­րո­շե­ցի ո՛չ նա­յիլ եւ ո՛չ ալ հա­կա­դար­ձել: Օ­տար քա­ղաք էի: Մտքիս մէջ շա­րո­ւած էին՝ վէճ, վի­ճա­բա­նու­թիւն, կռիւ, ծեծ, ապ­տակ, պոքս, քաշ-քը­շուք, ոս­տի­կան եւ ա­հա՛ քե­զի մեծ խայ­տա­ռա­կու­թիւն: Ա­հա՛ քե­զի այ­ցե­լու­թիւն: Կցկտուր խո­հեր:

Բա­րե­բախ­տա­բար յան­կարծ լսե­ցի եղ­բօրս ձայ­նը, որ ին­ծի կը մօ­տե­նար:

-Ի՞նչ է, ա­կանջդ ծան­րա­ցա՞ծ է, զիս չես լսեր, տա­սը վայր­կեա­նէ ի վեր քեզ կը կան­չեմ:

Ոչ մէկ բառ փո­խա­նա­կե­ցի: Այս ան­գամ ինքն էր, որ զիս կ՚այ­պա­նէր իմ ան­տար­բեր եւ ան­կա­րօտ վե­րա­բեր­մուն­քիս հա­մար: Մինչ երբ ես ամչ­կոտ նա­յո­ւած­քով կրկին կը յի­շէի այս ա­ռա­ւօտ դրա­ցի «չին-չին»իս թա­փած ակ­ռա­նե­րուն տա­կէն գծած կեղծ խնդու­քը, եղ­բայրս ար­դէն սկսած էր իր կշտամ­բան­քին: Ան­ժա­մա­նակ ի­րո­ղու­թիւն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015