ԳԵՐՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
Օրերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձի մամլոյ ասուլիսը: Քանի մը ժամ տեւած հարց ու պատասխանի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը հնարաւորութիւն ունեցաւ իր մէջ կուտակած ամբողջ թոյնն ու մաղձը, ատելութիւնը, նողկանքն ու թշնամական վերաբերմունքը արտայայտելու Արցախի ու արցախահայոց մասին: Ըստ իս, այս մէկը ունէր մէկ միտում՝ ա՛լ աւելի խորացնել պառակտումը հայոց միջեւ:
Հրաւիրելով բաց ու թափանցիկ մամլոյ ասուլիս մը, Փաշինեան լաւագոյնս կը կանխագուշակէր իրեն տրուելիք հարցերը: Վստահաբար ան նախապէս, իր մտքին մէջ գրի առած էր այդ հարցերու պատասխանները:
Այլեւս 228 օր է. Արցախը կը գտնուի շրջափակումի մէջ: Շուրջ ամիս մըն է արցախահայութիւնը մատնուած է սովի: Կեանքի ճանապարհը ամբողջութեամբ գոց է: Այս անթաքոյց փաստը օրէ օր կը գրաւէ շատերու ուշադրութիւնը: Զօր օրինակ, օրական քանի մը անտարբեր կը խորհի արցախահայոց մասին: Նոյնիսկ նիկոլականներու ականջներուն մէջ կը թմբկահարէ այս նիւթը, այլեւս բազմաթիւներ սկսան խորհելու: Այսինքն, եթէ որեւէ քայլ չձեռնարկես, հնարաւոր չէ որ ժողովուրդը սթափի: Իսկ ժողովուրդի սթափութիւնը պիտի նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան դաւաճանական իշխանութեան մահ, ոչնչացում, խարազանում: Նշածս սահմռկեցուցիչ դէպքերէն խուսափելու համար, Փաշինեան որոշեց ժամանակին կանխել չարիքը:
Փաշինեան կ՚ատէ Արցախն ու արցախահայերը, ո՞վ ըսաւ, ինչպէ՞ս կրնանք ապացուցել... Ապացոյցը անոր անտարբեր ու գռեհիկ խօսքն ու վերաբերմունքն է այս նեղ օրերուն: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ան գէթ անգամ մը կարեկցանքի, սփոփանքի խօսք չարտասանեց Արցախի ու արցախահայոց մասին:
Կը յիշեմ պատերազմի առաջին կամ երկրորդ օրն էր: Ես ու Արին գացինք խանութ առեւտուրի. մերոնց համար առեւտուր կ՚ընէինք, որպէսզի ուղարկենք Արցախ: Երկու վաճառողուհիներ իրարու հետ կը զրուցէին. «Մեր տղամարդիկ, կ՚երթան իրենց համար կը զոհուին, իսկ արցախցի տղամարդիկ կը փախչին պատերազմէն: Իրաւ կ՚ըսեմ, ես իմ ականջներով լսեցի, թէ ինչպէս տղամարդ մը նոր կը խօսէր արցախեան բարբառով»:
Այս անգիր առած-խօսքերը Հայաստանի մէջ կարելի է լսել իւրաքանչիւր երրորդի կամ չորրորդի բերնէն: Եկէք միասին փորձենք այս ամէնը վերածել փաստերու, վիճակագրութեան: Ինչպէս վերը նշեցի, Հայաստանի բնակիչներէն ամէն երրորդը կամ չորրորդը կը վկայէ, թէ պատերազմի ժամանակ իր աչքերով Երեւանի փողոցներուն կամ սրճարաններուն մէջ հանդիպած է արցախցի տղամարդոց:
2021 թուականին տեղի ունեցած ընտրութիւններու ընթացքին Փաշինեան հաւաքեց քուէարկողներու 630 հազար ձայն: Այդ թիւը նոյնպէս պատրաստ է երդուել, թէ արցախցի տղամարդիկ փախած են պատերազմէն, եւ որ իրենք իրենց սեփական աչքերով տեսած են պատերազմէն փախչած արցախցի տղամարդիկը:
Ի գիտութիւն՝ մինչեւ 2020 թուականի չարաբաստիկ պատերազմը, Արցախի բնակչութիւնը կը կազմէր 150 հազար: Եթէ այս թիւէն հանենք երեխաները, կիները, ծերերը, հաշմանդամները, ապա մնացորդը պիտի կազմէ առաւելագոյնը 30 հազար: Իսկ 5-6 հարիւր հազար հայաստանցի կ՚ըսէ, թէ տեսած է պատերազմէն խուսափող մեծաթիւ արցախցի տղամարդիկ: Առանց հետաքրքրուելու, թէ այդ արցախցի տղամարդը քանի՞ տարեկան է, առողջական ինչպիսի, վիճակի մէջ կը գտնուի եւ վերջապէս՝ այդ օրհասական պահուն ի՞նչ գործ ունի Երեւանի կամ Հայաստանի մէկ այլ բնակավայրի մէջ, մարդիկ կը շտապեն կարծիք կազմել: Այդ օրերուն շատեր իրենց ընտանիքները, իրենց զաւակները հասցուցած են Հայաստան ու վերադարձած ռազմի դաշտ: Բացառութիւններ նոյնպէս հնարաւոր են, ոչ մէկը կրնայ հերքել: Այս բնական ու ամօթալի փաստ մըն է: Սակայն այդ բացառութիւնները չնչին են՝ աննշան:
Այսինքն 2 միլիոննոց Հայաստանի քառորդը կը ճանչնայ պատերազմէն ճողոպրած արցախցի տղամարդ մը, իսկ մենք՝ արցախցիներս այդպիսիներուն չենք հանդիպած, մեր շրջապատի, մեր ընկերներու, բարեկամներու, ծանօթներու, նոյնիսկ անծանօթներու շրջանակին մէջ այդպիսիք չկան: Այսպէս ինչպէ՞ս կրնայ ստացուիլ... Այս բոլորի զուգահեռ, անոնք կը խուսափին խօսիլ արցախահայոց չարչարանքներու, զոհաբերութիւններու, զոհերու, հերոսութիւններու մասին: Այլեւս արցախցին ինչ-որ բան չ՚ըներ ի ցոյց աշխարհի:
Երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, իրեն ուղղուած հարցումին պատասխանելու ժամանակ, նոյնպէս ցեխ նետեց արցախցիներու ուղղութեամբ. «Պատերազմի երկրորդ օրը՝ սեպտեմբերի 28-ին Ստեփանակերտ-Երեւան ճանապարհին մեծ երթեւեկ կար... Երեւանի սրճարանները լեցուն էին արցախցի տղամարդոցմով...»: Ահաւասիկ՝ ձուկը գլուխէն կը հոտի: Այլեւս յայտնի է, թէ պատեարզմի առաջին իսկ օրէն ուրկէ սկիզբ առած են այս պառակտիչ ու թշնամութիւն պարունակող խօսակցութիւնները: Այսօրուան իշխանութիւնը աւելորդ կը համարէ խօսիլ այն մասին, թէ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ արցախահայութիւնը աւելի քան ութ հարիւր զոհ ունեցաւ, որ կը կազմէ ընդհանուր բնակչութեան 0.53 տոկոսը:
Վերջին պատերազմի հոլովոյթին զոհուած ու անյայտ կորսուած է 18-էն 63 տարեկան արցախահայոց տղամարդոց մօտաւորապէս երկու տոկոսը: Գրեթէ իւրաքանչիւր յիսուներորդը: Իսկ եթէ հաշուենք մարտունակութեան տեսանկիւնէն՝ հանելով հաշմանդամութիւն ու հիւանդութիւն ունեցողները, ակնյայտ ծերերն ու անպիտանիները, այս թիւը աւելին պիտի կազմէ:
Երկրորդ ռումբը պայթեցուց լրագրողի հետեւեալ հարցումին պատասխանելով. «Ինչո՞ւ համար վարչապետի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան օրերս դիմատետրի իր պատին կը զետեղէ իրենց ընտանիքի օրուան ուտելիքներու պատկերը, երբ արցախահայութիւնը մատնուած է սովի, քաղցածութենէն, թերսնուցումէն Արցախի մէջ կը մահանան երեխաներ, յղիները կը վիժեն, մարդիկ ճանապարհներուն կ՚ուշաթափին»: Ան պատասխանեց. «Ես իմ տիկնոջ այդ արարքի մէջ ոչ մէկ վատ բան կը տեսնեմ: Բաց աստի, իմ տիկինը զետեղեց մեր այգիի մէջ աճեցուցած ուտելիքներու պատկերները: Այնտեղ կար պամիա, սմբուկ, լոլիկ: Ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել, թէ Արցախի մէջ չեն կրնա՞ր սմբուկ աճեցնել: Սմբուկը ամէն տեղ կ՚աճի»: Ապիկար վարչապետի տողատակերով այս նախադասութիւնը եթէ թարգմանէք հասկնալի հայերէնով, որ լաւագոյնս, ուղիղ հասկցան նիկոլապաշտները, անտարբեր հատուածի մէկ մասը կը նշանակէ. «Արցախցիները ծոյլ են ու ձրիակեր: Ճանապարհը փակուելուն պէս մատնուեցան սովի: Այնքան ծոյլ ու անբան են, որ սմբուկ անգամ չեն կրնար աճեցնել...»:
Իմ ու գիտակից հատուածի պատասխանը Փաշինեանին հետեւեալն է. առաջին՝ դուն յանձնեցիր Արցախի տարածքի ութսուն տոկոսը: Վարելահողերու մեծ մասը անցաւ հակառակորդին ձեռքը: Երկրորդ՝ մնացեալ Արցախի տարածքին մէջ գտնուող վարելահողերը կը գտնուին հակառակորդի նշանառութեան տակ: Մարդիկ չեն կրնար այդ հողերը մշակել: Երրորդ՝ եթէ նոյնիսկ կը գտնուին այնպիսիք, որոնք անտեսելով վտանգը կը մշակեն իրենց հողը, կամ գիւղերու մէջ այգի ունեցողները կը մշակեն իրենց այգին, ապա վառելիքի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ, անկարող են բերքը հասցնել քաղաք: Չորրորդ՝ Ստեփանակերտի եւ միւս քաղաքներու բնակիչները անկարող են իրենց բազմաբնակարան շէնքերու մէջ աճեցնել բանջարեղէն, իսկ կպրուղիի վրայ ոչ մէկ բան կրնաս աճեցնել:
Երկու օր առաջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին վարչապետը բազմիցս զառանցեց, կմկմաց, աչքի ինկաւ նեարդային շարժումներով: Ես առանձնացուցի կարեւորագոյնները, որոնք խիստ պայթիւնավտանգ են ու պառակտիչ ու իրենց մէջ չեն կրեր ճշմարտութեան նշոյլ մը:
Աստուած օգնական ու պահապան Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024