ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ (1883-1944)
Կը շարունակենք ներկայացնել Մերուժան Պարսամեան գրող, հրապարակախօսը:
«Շանթ»ի նոր շրջանի թիւ 2-ին մէջ ներկայացուցած է Ռուբէն Զարդարեանը (Ռուբէն Սեւակը): Անդրադառնալով անոր «Բժիշկին գիրքին փրցուած էջերուն» եւ անոր հետ վերջին հանդիպումին մասին՝ կը գրէ.
• Չիլինկիրեան Լոզանէն սկսաւ ղրկել շարքը Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջերուն, որոնք մեծ ուշադրութիւն գրաւեցին: Չիլինկիրեան գիտցա՛ծ էր հեռանալ առողջապահական տափակ նկարագրութիւններու սահմանէն: Ռուբէն Զարդարեան կը գրէր իրեն ակնարկելով Ազատամարտի մէջ լոյս տեսած այդ արձակներուն: - «Շնորհաւորութիւններս այն զմայլելի ձեւին համար, որով կը գրէք ձեր Բժիշկի էջերը: Չէք կարող երեւակայել թէ որպիսի՛ խանդավառ ընդունելութիւն գտած են անոնք ընթերցող հասարակութեան մէջ՝ թէ՛ հոս եւ թէ՛ արտասահման: Ասիկա նախ կ՚ապացուցանէ այն անտարակուսելի գրական ճշմարտութիւնը, որով կը գրէք ձեր յօդուածները՝ քերթուածի մը չափ թրթռուն, երկրորդ՝ մանկավարժական այն մէթոտը, որով հիւանդութեանց սարսափն ու գարշանքը կը ներշնչէք, առանց խրատի ու քարոզութեան հին պանաշ մէթոտին, եւ երրորդ՝ ա՛յն որ ափսո՜ս, ա՜յնքան տառապանք կայ մեր հասարակութեան ծոցն ալ, ու ա՜յնքան հիւանդ, ա՜յնքան վիրաւոր»:
Իրեն հետ կորսնցուցինք նաեւ այդ գրականութիւնն ալ:
Պոլսոյ մէջ իր արհեստին կիրարկումին հետ, Չիլինկիրեան շարունակեց բանախօսել եւ գրել:
«Ամէնուն տարեցոյցը»ի հեղինակը կը գրէր Չիլինկիրեանի մասին. «Աթենաս՝ իմաստութեան շիթը գրած է անոր ուղեղին մէջ, Եսկիւլապ՝ բժշկութեան խորհուրդը, Հերմէս ալ՝ կայծը պերճախօսութեան»:
Համբաւի խելայեղումի մը մէջ կը մոռնար Չիլինկիրեան իր ուսանողական տխուր ու պոհեմական գիշերները:
Առտու մը տեսայ զինքը, ձիու վրայ, զինուորական բժիշկի համազգեստով: Ձեռքս փունջ մը կար, զոր իրեն կը տանէի: Հարպիյէէն մինչեւ Սուրբ Յակոբ միասին քալեցինք, ան՝ ձիով, ես հետիոտն: Երբ տուն հասանք, յոխորտ ու գեղեցիկ աճապարանքով մը գրասեղանին առջեւ անցաւ: Իր անտիպ քերթուածներէն ու արձակներէն կարդաց: Ամէնքն ալ նո՛ր զգայութիւններ, արուեստի նո՛ր ճիգեր: Երբեմն մեզի կը մօտենար չարաճճի Լէոնը, իր կսկլոր մարմինով, թաւալելով կարծես գորգերուն վրայ, եւ իր կիսատ բարբառով կ՚երկրորդէր բանաստեղծ ու բժիշկ հայրիկին բացագանչութիւններուն: Մերթ Տիկին Չիլինկիրեանն էր որ իր բարձր ու շքեղ կիսաստուերը կը պտտցնէր սենեակին մէջ, տաքութիւն մը, երաժշտութիւնը մը հոսեցնելով մթնոլորտին մէջ:
Այդ օրը վերջին անգամ ըլլալով պիտի տեսնէի քեզ, իմ խեղճ սիրելի՛ բարեկամս («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 2, շաբաթ, 23 նոյեմբեր 1918, էջ 14-15):
***
Տիկին Հայկանոյշ Մառքի Կոմիտասի եւ մեր զոհերուն մասին կատարած մէկ ակնարկին մասին կը գրէ.
• Տիկին Հայկանոյշ Մառք «Նոր կեանք»ի մէջ հրատարակուած յօդուածի մը մէջ, որ «Մի՛ն եւս» վերնագիրը կը կրէր, կ՚ըսէ. «Գրիչս ձեռքերուս մէջ պիտի չդողար, երբ ըսէի թէ՝ ամբողջ մեր կորուստին առնուազն կէսը կ՚արժէր Կոմիտաս Վարդապետի մը առանձին անձը՝ որ հայ երաժշտութիւնը ծնոյց եւ զայն տարաւ քաղաքակիրթ ոստանին»:
Մենք Կոմիտաս Վարդապետի հզօր տաղանդը սկիզբէն գնահատողներէն եղած ենք: Բայց անհեթեթութիւն մըն է ընդունիլ, որ մեր կորուստին առնուազն կէսը կ՚արժէ անոր անձը: Մեր կորուստին կէ՜սը: Մեռելները իրարու հետ բաղդատել արդէն տգեղ սովորութիւն մըն է, մանաւանդ երբ այդ մեռելները՝ զոհ գացած են ընդհանուր եղեռնի մը: Տիկին Հայկանոյշ Մառքի ո՛չ միայն գրիչը, այլ ամբողջ անձը պէտք էր դողար, մեր կորուստին ահաւորութեան առջեւ: Այո՛, Կոմիտաս Վարդապետ եզական դէմք մըն է մեր կեանքին մէջ, ու իր ճակատագիրը կ՚ողբանք բացառիկ յուզումով մը: Բայց ամենէն անիրաւ, ամենէն սխալ դերին մէջ պիտի դնէինք ինքզինքնիս, եթէ, -պէ՛տք է կրկնել,- Հայ Երաժշտութեան Մարմնացումը բաղդատէինք մեր միւս զոհերուն հետ, որոնք իրենց կարգին ու իրենց ճիւղին, ինչպէս իրենց մահուան մէջ, մէյ մէկ հերոսներ էին… («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 3, շաբաթ, 30 նոյեմբեր 1918, էջ 36):
***
• ԱՐՇԱԿ ՏԱՐՏԱՂԱՆԵԱՆ
Ուսուցիչ Արշակ Տարտաղանեան, որ մեռաւ տասնը-հինգ օր առաջ, ծնած էր Խասգիւղ 1878-ին: 1884-ին մտած է Պալաթի Ազգային Խորէնեան երկսեռ վարժարանը եւ շրջանաւարտ ելած է հոնկէ: 1892-ին մտած է Կեդրոնական վարժարան, ուր չորս տարի դասընթացքը շարունակելէ ետք երբ շրջանաւարտ պիտի ելլէր, կը բանտարկուի իբրեւ յեղափոխական եւ կեդրոնական բանտին մէջ չորս տարի մնալով շղթայակապ կ՚աքսորուի Աքեայի բանտը: Երեք տարի կը մնայ հոն եւ անկից կը փոխադրուի Սինոպի բանտը, ուրկէ ազատ կ՚արձակուի Ազատութեան վաղորդայնին: Խմբագիր՝ Հուքուքը-Ումումիէ օրաթերթին: Վերջին տարիներուն ալ տնօրէն եւ ուսուցչական միութեան անդամ եղաւ: Պալաթի դպրոցին յառաջդիմութեան մեծապէս նպաստեց: Դեռ շատ երիտասարդ՝ փակեց իր աչքերը («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 4, շաբաթ, 7 ժեկտեմբեր 1918, էջ 48):
***
Հայաստանի առաջին անկախութեան մասին, «1375-1918» խորագրեալ վերնագիրը կրող խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
• Մեծ Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակեց։
Մօտաւորապէս հինգ ու կէս դարէ ի վեր հայ սիրտերուն մէջ ոգեւորող երազը իրականացաւ:
Այլեւս մեր հոգիներէն պիտի չանցնի արհաւիրքին ուրուականը։ (…) Մեր բռունցքին, մեր ուժին մէջ պիտի փնտռենք մեր հաւատքը, մեր գոյութեան պահպանումը:
Մեր արիւնին մէջէն ծլարձակուող ծաղիկները այլեւս պիտի չի խամրին ու Աշտիշատի աւերակներուն վրայ մեր աստուածները պիտի սարսռան հայուն երջանկութեան զգայութենէն:
Ո՛վ իմ տառապած ու վիրաւոր հայրենիքս, արդարութիւնը այլեւս քեզի՛ կ՚ընծայէ իր յաղթանակի ժպիտը: Պիտի մեծնաս, մեծնա՜ս, Նեմէսիսի նայուածքներովը սպառազինուած մեր ուժին տակ, ու աշխարհի ամենէն դժբախտ երկրամասը, ուր քու դրօշդ պիտի ծածանի, քանի մը տարիներ վերջը աստուածաշնչական Եդեմի պիտի փոխակերպես:
Մեր կամքը պիտի տիրապետէ հոն, եւ հայրենի հովերուն ներդաշնակութենէն պիտի օրօրուի մեր խանդավառութիւնը։
Հայաստա՜ն, իմ մե՜ծ հայրենիքս, հայրենիքներու հայրենիքը, նախահայրերուս ու երազներուս անո՜ւշ երկիրը, այլեւս դուն մե՛րն ես, ինչպէս մենք՝ քուկդ. բա՛ց գիրկդ, որպէսզի գանք նետուինք թեւերուդ մէջ, գանք խմբո՛վին, գո՛ւնդ գունդ, մեր մեծ մեռելներուն սուգը աչքերնուս մէջ, բայց քու շունչիդ ու քու գուրգուրանքիդ տաքութենէն ոգեւորուած՝ Վերածնունդին նուիրուելու («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 7, շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 1918, էջ 77):
***
Ներկայիս, թերթերու եւ ամսագրերու խմբագիրները գրեթէ մուրալով գրութիւն կը փնտռեն, որպէսզի իրենց սիւնակները լեցնեն, որովհետեւ այսօրուան գրողները՝ կամ շա՜տ մեծ կարծիք ունին իրենք իրենց նկատմամբ եւ չե՛ն համաձայնիր իրենց գրութիւնները պատահական պարբերականի մը կամ թերթի մէջ տպելու: Միւս կողմէ, այսօր գաղտնիք չէ, որ գրող ալ չէ մնացած շատ: Պարսամեանի եւ իր ժամանակակիցներուն ժամանակ իրավիճակը կարծէք տարբեր եղած է: Պարսամեանի մէկ ակնարկը կը կարդանք.
• Նոր գրող մը, որ ամէն թերթի մէջ երեւնալու մոլութիւնը ունի, նոյն գրուածքը կը ղրկէ քանի մը թերթերու: Կը խորհի թէ անշուշտ այդ թերթերէն մէկուն մէջ հիւրընկալ անկիւն մը պիտի կրնայ գտնել անպայման: Եւ իրաւ ալ այդպէս կը պատահի: Իր մէկ բանաստեղծութիւնը՝ Արուեստագիտուհին, տպարան ղրկած էինք այս շաբթուան թիւին համար: Ստիպուեցանք ետ բերել տալ, որովհետեւ տպուած տեսանք Հայ-Աշխարհին մէջ: Պարզ զուգադիպութիւն մըն էր ատիկա, որովհետեւ կրնար պատահիլ որ չտեսնէինք: Այդ միեւնոյն գրողը ուրիշ անգամ ալ նոյն խաղը խաղաց, ուրիշ գրուածքի մը համար:
Պէտք է ուրեմն հետեւիլ բոլոր թերթերուն եւ կամ զգուշանալ… նորերէն («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 18, շաբաթ, 8 մարտ 1919, էջ 216):
***
Պարսամեան ակնարկով կը ներկայացնէ գաւառէն ստացած նամակ մը, ուր «Շանթ»ի բաժանորդներէն մէկը աքսորէն ու տառապանքէն ետք տուն կը վերադառնայ եւ կը ջանայ ունենալ «Շանթ»ի բաց թողած թիւերը եւս: Կը կարդանք.
• Գաւառէն կու գայ դարձեալ այն կենդանի, արեւոտ ձայնը, որ ցեղին հոգին կը բնորոշէ.
«Սիրով եւ ուրախութեամբ ստացայ ձեր թերթին նոր շրջանի վերջին երկու թիւերը. պիտի խնդրէի որ ամբողջ հաւաքածոն առաջին առիթով հաճէիք ինձ ղրկել: Ուրախ եմ արտայայտուելու որ առանց դիմումի կը փութաք մեզի ղրկել ձեր թերթը, որ գրական, գիտական վեհ գաղափարներ ու ազնիւ զգացումներ կը պարունակէ, որոնք դաժան աքսորի ու բռնութեան լուծին տակ ընկճուած ու թմրած մեր մտքերը պիտի զարգացնեն»:
Այսպէս կը գրէ մեզի Տարսոնէն «Շանթ»ի բարեկամ մը. հազիւ աքսորէ դարձած, հազիւ ազատած բռնութեան լուծէն, իր միտքին համար սնունդ կը փնտռէ, ուրախ կ՚ըլլայ որ չէ մոռցուած եւ կը փութայ իրեն ղրկուած թիւերուն նախորդներն ալ խնդրել: Բաղդատեցէ՛ք այդ տառապած գաւառացին, Պոլսոյ չտառապած հարուստներէն շատերուն հետ, որոնց անտարբերութիւնը, անզգայութիւնը՝ գիրքին ու գրականութեան հանդէպ, պարզապէս ընդվզեցուցիչ է եւ յուսահատական: Չէ՞ք ճանչնար այդ ոսկիէ գրպանով եւ խաւաքարտէ ուղեղով մարդոց անունները («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 29, շաբաթ, 17 մայիս 1919, էջ 340):
***
Փունջ մը մտածումներ Մերուժան Պարսամեանէն:
- Պէտք է ամէն հայ խորհի, թէ երբ տարիներէ ի վեր մեր բաղձացած ազատագրումը կը տրուի մեզի, պարտաւոր ենք այդ երջանկութեան բարձրութեան հաւասարեցնել մեր գործունէութիւնը: Մեզի տրուեցաւ, ինչ որ կ՚ուզէինք [1918-ի անկախութիւնը] եւ որուն համար խաչուեցանք. բայց այսօր պէտք է գիտնա՛նք այդ նուիրումին արժէքը եւ չսայթաքինք դէպի անհաւասարութիւններու, եղբայրական աններդաշնակութիւններու վիհերը:
Մեծ ու փոքր ազգերը, յաղթական կամ ազատագրուած, մեզի՛ կը նային: Մարդկութեան տանք, ինչ որ մեծ ազգերը տուած են, որպէսզի ճանչնան Տիգրանի սերունդին հոգիի մեծութիւնը:
Ու այս բոլորը իրագործելու համար պէտք է ամենէն առաջ կատարեալ քաղաքացիներ ըլլանք, սիրտով միացած եւ միտքով անբաժան:
Ամէ՛ն հայ միտքով ու սիրտով միացած ու անբաժան. ահա՛ մեր ապագայ յաջողութեան ուղեգիծը, եւ ահա թէ ինչ կը մաղթէ «Շանթ» հայ դարագլուխի այս պատմական արեւածագին («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 9-10, շաբաթ, 11 յունուար 1918, էջ 101):
- Վաղը՝ բոլո՛ր յեղաշրջականներունն է:
Ամէն անո՛նց որոնք պիտի կրնան հպարտօրէն ըսել.
-Մենք զաւակներն են այն սերունդին, որ տառապեցաւ, արհամարհուեցաւ, որ կռուեցաւ ու յաղթանակեց. մենք զաւակներն ենք այն սերունդին որ մեռաւ, մեզի ապրեցնելու համար:
Մենք պիտի աշխատինք այսպէս կարենալ ըսել, ամէն անո՛նց, որոնք մեր աչքերուն մէջ պիտի սեւեռեն իրենց նայուածքները, եղեռնին կարմիր շուքը փնտռելու համար հոն («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 13, շաբաթ, 1 փետրուար 1918, էջ 148):
- Յոբելեանները կը կազմուին մարդուն մէջ գրագէտները փառաւորելու համար, երբեք չեն մտածած գրագէտին մէջ մարդո՛ւն յոբելեանը տօնելու. չեն մտածած, որովհետեւ յաճախ դիակներ պիտի գտնէին հոն, ապականած եւ զզուելի դիակներ («Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 21, շաբաթ, 29 մարտ 1919, էջ 241):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարշապատ