Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՊԱՐՍ
Այսօր ինչպէս միշտ կրկին
անաղմուկ նայուածքով
անյագ ախորժակով
բառերուս պարը կը դիտեմ
երկար ու կարճ տողերուս վրայ։
Ու երազի մը գեղեցկութեան փնտռտուքով
անդադար կարօտի երեւակայութեամբ
հակառակ կեանքիս զանազան ցնցումներուն
բառերուս պարը կը դիտեմ
երկար ու կարճ տողերուս վրայ։
Եւ անկեղծօրէն չեմ գիտեր ինչ է
բայց գիտեմ նաեւ որ ինչ չէ
ու այդպէս խակ լաւատեսութեամբ
ազգային ալեկոծումներու երազանքով
բառերուս հետ միշտ պար կ՚ուզեմ բռնել
երկար ու անվերջ տողերուս վրայ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024