ՀԱՄԲՈՆ ՉԻ ԳԻՏԵՐ, ՈՐ ԻՆՔ ՀԱԿԱՆԱՐԳԻՍԱԿԱՆ Է

Հա­մեստ­նե­րը կը գրեն ազ­գի ի­րաւ պատմու­թիւ­նը: Ա­նոնք կը պա­հեն ազ­գի առ­հաւա­կան ար­ժէք­նե­րը: Ի՜նչ փոյթ, որ ա­նոնք չու­նին տպա­ւո­րիչ վկա­յա­կան­ներ եւ կո­չում­ներ, չեն ար­ժա­նա­նար շքան­շաննե­րու, չու­նին հո­ղեր եւ շէն­քեր, ա­պա­հով հա­մա­րուած դրա­մա­տու­նե­րուն մէջ ան­տե­սա­նե­լի հաս­տու­թեամբ գու­մար­ներ չու­նին:

Հա­յը ե­րա­զած էր ա­զատ եւ ինք­նիշ­խան հայ­րե­նիք: Դեռ այդ ձե­ւա­կա­նու­թիւ­նը կրկնող­ներ չես գի­տեր ինչ ը­նե­լու հա­մար հայ­րե­նիք ու­զած էին:

Այդ ե­րա­զուած ա­զա­տու­թիւ­նը այ­սօր դար­ձած է հայ­րե­նալք­ման լաստ հե­ռու աշ­խարհ­նե­րու մէջ դրախտ­ներ ո­րո­նե­լու հա­մար, հոն վրան զար­նե­լու հա­մար, ինչ­պէս ը­րած էին Աւստ­րա­լիոյ նա­խաբնիկ ա­պո­րի­ժէն­նե­րը՝ եր­թա­լու հա­մար Զատկուան կղզին:

Ե­րէ­կի ե­րազ­նե­րու աշ­խար­հը դար­ձած է յանձ­նա­ռու­թիւն չպա­հան­ջող զբօ­սաշր­ջա­յին վայր, ուր կա­րե­լի է բնա­կա­րան ու­նե­նալ, եր­թալ եւ գալ, կա­ռու­ցել նոր Բագ­րա­տու­նի­նե­րու կամ Ա­մա­տու­նի­նե­րու գե­րար­դիա­կան ա­պա­րանք­ներ, ո­րոնք կը պատ­ճէ­նա­հա­նեն Հո­նո­լու­լուն, Ֆլո­րի­տան կամ Քափ­րին: Բայց չեն եր­գեր ի­տա­լացիին պէս, որ կ՚ը­սէ՝  «տես­նել Քափ­րին եւ մեռ­նիլ»:

Եր­թալ ու գալ նաեւ հայ­րե­նալ­քու­մէ ետք ալ: Ին­չո՞ւ…

Մեռ­նիլ Քափ­րիին հա­մար: Ոչ թէ զայն դարձ­նել մա­րած ե­րազ­նե­րու հա­մար հանգս­տեան տուն՝ ինք­նաշ­նոր­հե­լով բարե­րա­րի լու­սապ­սակ:

Ճո­խու­թեան ցու­ցադ­րու­թեամբ յատկան­շուող հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը հա­ւատ­քի եւ տի­րու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւն չէ: Հա­զիւ թէ հա­յա­սի­րու­թիւն է: Ինք­նա­հաս­տա­տում փնտռող­նե­րու եր­թե­ւե­կը, շռնթա­լից ժո­ղով­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան լու­սան­կար­նե­րը եւ նկա­րա­հա­նում­նե­րը աչ­քի խտիղ կը պատ­ճա­ռեն, յա­ճախ սոսկ մոռ­ցուե­լու դա­տա­պար­տուած պատ­կերներ, ե­սեր կը շո­յեն, բայց հո­գի­նե­րուն մէջ դա­ջուած ե­րազ­նե­րու հա­ւա­տար­մու­թիւն չեն:

Զգա­ցա­կան զե­ղում­ներ ու­նե­ցող­ներ եւ շա­հա­գոր­ծող հո­ղին տէ­րեր, ո­րոնց մէկ ոտքը դուրսն է՝ ան­հա­տա­կան եւ ե­սա­սի­րա­կան ա­պա­հո­վու­թեան ե­րա­զով:

Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղը խա­րիսխ նե­տած Համ­բո­յին ա­պա­հո­վու­թիւ­նը հա­րա­զա­տութեան մէջ է: Ինք­զինք գտնե­լու:

Համ­բոն ե­րի­տա­սարդ է: Ե­կած է մնա­լու:

Կոճ­ղի պէս Համ­բոն հո­գե­կան-ո­գե­կան տար­բեր դա­սա­կար­գի կը պատ­կա­նի: Ընտրա­նիին մաս չի կազ­մեր, ինչ­պէս Ե­րեւան կ՚ը­սեն, «է­լի­տար» շէն­քի մէջ չի բնա­կիր, իր բնա­կա­րա­նը պեր­ճան­քի պատ­կեր չէ: Օ­տար աշ­խար­հի իր ա­պա­հով աշ­խա­տան­քը, ծնող­քը եւ ըն­կեր­նե­րը ձգե­լով ե­կած է հայ­րե­նիք, ո­րուն ե­րա­զը վաղ ման­կու­թե­նէն ի վեր եր­գած էր, եր­գե­լով նաեւ իր ազ­գա­կից­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար զէնք վեր­ցու­ցած էր: Այդ­պէս սոր­վե­ցուցած էին: Ե­կած էր ա­ռանց սոր­վեց­նողնե­րուն:

Համ­բոն Հա­յաս­տան ե­կած է: Ե­րե­ւա­նի բնակ­չու­թիւ­նը չէ ա­ւել­ցու­ցած իր կնոջ եւ զա­ւա­կին հետ: Գիւ­ղին մէջ տուն ու­նի, պար­տէ­զով, բա­կի սար­փի­նա­յով, որ­մէ կախուած են ող­կոյզ­ներ, ծի­րա­նի ծառ, սա­լո­րե­նի, խնձո­րե­նի, դեղ­ձե­նի: Ե­կած է եւ հո­ղը կ՚ուռ­ճաց­նէ: Ա­ռուին սառ­նո­րակ ջու­րը կրնայ վա­զել նաեւ իր այ­գիին մէջ: Ըն­դո­ծին ողջմ­տու­թեամբ, ո­րո­շած է վերջ տալ հայ­րե­նա­հա­նուա­ծի ժա­ռան­գի իր աքսո­րին եւ տէր ըլ­լալ իր հո­ղին: Այդ աք­սո­րին վերջ տուած է ա­ռանց քա­ղա­քա­կան կամ գա­ղա­փա­րա­կան դարձ­դար­ձիկ վերլու­ծում­նե­րու, զորս կը կո­չենք ճառ: Ա­մէն անց­նող օր Համ­բոն իր տան մէջ քար կը դնէ, սանդ­խա­մատ կ՚ա­ւելց­նէ, գի­տէ, որ այդ քա­րին վրայ պի­տի կո­խեն ու ապ­րին իր որ­դին եւ թոռ­նե­րը: Հո­ղը պի­տի ապ­րի, եւ պի­տի ա­պա­հո­վուի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը:

Համ­բո­յի տան դի­մաց կը գտնուի դպրոցը, ուր կ՚եր­թայ իր որ­դին, թե­րեւս օր մը ա­նոր որ­դի­ներն ալ հոն պի­տի եր­թան:

Սար­փի­նա­յին տակ կը զրու­ցենք: «Ակումբ»ի տղայ ե­ղած է Համ­բոն: Գիւ­ղին ա­կում­բը գա­ցած է եւ հոն չէ գտած «իր» սփիւռ­քի ա­կում­բին պատ­կե­րը, ե­ղած են նար­տի խա­ղա­ցող­ներ, այդ­քա՛ն, ու­րիշ ոչ մէկ խօ­սակ­ցու­թիւն, եւ ե­րե­կո­յեան դռնե­րը փա­կուած են: «Իր» ա­կում­բը փեթակ էր: Կա­րօտ ու­նի, բայց ոտ­քը հո­ղին վրայ է, այդ իր կա­րօ­տին հա­մար բա­ւա­րար բա­լա­սան է:

Համ­բոն պատ­մու­թիւ­նը շա­րու­նա­կող է, ոչ բա­նիւ, շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ա­ւե­րող­ներ են տա­րաշ­խար­հիկ ա­նուն­նե­րով եր­կիր­ներու հա­յա­նուն բնա­կիչ­նե­րը, ա­նոնք, ո­րոնք հոն էին, հոն կը մնան, նո­րեր, ո­րոնք կ՚եր­թան, հոն տուն կ՚ըլ­լան, ա­ռանց  մտա­ծե­լու, թէ  ի­րենց հայ­րե­նի տան մէջ «վայ­րի հաւ­քեր» պի­տի գան եւ «բոյն պի­տի դնեն»:

Հա­մեստ Համ­բո­նե­րը թոյլ պի­տի չտան, որ այդ «վայ­րի հաւ­քե­րը» գան: Ոչ միայն մէկ Համ­բօ: Համ­բո­ներ բազ­մա­պատ­կել, նաեւ ճառ խօ­սող­նե­րով:

Համ­բո­յի տոհ­մա­ծա­ռը պի­տի վե­րա­ծաղ­կի: Տա­րաշ­խար­հիկ եր­կինք­նե­րու տակ տոհ­մա­ծառ չկայ:

Համ­բոն ոչ ո­քէ ակն­կա­լու­թիւն ու­նի: Ե­կած է: Աշ­խա­տանք պի­տի ստեղ­ծէ: Գի­տէ, որ աշ­խա­տան­քով կը ծաղ­կի հայ­րե­նի­քը: Ծրա­գիր­ներ ու­նի իր ու­ժե­րուն վստա­հե­լով եւ ոչ իր դրա­մագ­լու­խին, որ չու­նի:

Ե­թէ մեծ-մեծ ծրա­գիր­նե­րու հա­մար յատկա­ցուած գու­մար­նե­րէն բա­ժին հա­նեն Համ­բո­յին, Համ­բո­նե­րուն, որ­պէս­զի աշ­խա­տին, վե­րա­դառ­նան եւ պա­հեն հո­ղը…: Վե­րա­կանգ­նու­մը տի­րա­ցուա­կան հոլո­վու­մով չի յա­ջո­ղիր:

Վա­հագն Յով­նա­նեան Ե­րե­ւա­նի ծայ­րա­մա­սին կը կառու­ցէ թա­ղա­մաս մը, որ կ՚ապ­րի, ուր կա­րե­լի է ապ­րիլ ինչ­պէս կ՚ապ­րինք Քոթ տ՚Ա­զիւր կամ Պե­վըր­լի Հիլզ: Համ­բոն տուն ու­նի եւ պի­տի աշ­խա­տի, որ­պէս­զի ապ­րի ինք եւ ապ­րի հայ­րե­նի­քը:

Վա­հագն Յով­նա­նեան եւ Համ­բոն կ՚ը­սեն, ի­րենց գոր­ծով, որ խօս­քե­րը սին են, բե­մե­րու վրա­յէն թռչող խօս­քե­րը ինք­նա­հիա­ցում են, բե­մե­րուն վրայ մնա­ցող աղմ­կա­րա­րու­թիւն, բե­մէն վար չիջ­նող:

Ի­րենք ար­մատ կ՚ար­ձա­կեն: Այ­սինքն՝ կ՚ե­րաշ­խա­ւորեն վա­ղը:

Հա­յա­հոծ թա­ղե­րու կտրիճ Համ­բոն Հա­յաս­տա­նի գիւղի բնա­կիչ դար­ձած է ար­դէն եւ իր հա­մեստ ինք­նա­շար­ժին հա­մար եր­կու ան­գամ անտր­տունջ տու­գանք վճա­րեց: Եր­կու ան­գամ գնաց վճա­րե­լու, քա­նի որ ա­ռա­ջին ան­գամ երբ գնաց դա­դա­րի ժամ էր:

Համ­բո­ներ եւ Վա­հագն­ներ իս­կա­կան տէ­րերն են պատ­մու­թեան եւ հայ­րե­նի­քին, ո՛չ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը, ոչ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք Քոթ տ՚Ա­զիւր, Էյ­ֆէ­լի աշ­տարա­կին առ­ջեւ, Կլեն­տէյլ, Պե­վըր­լի Հիլզ կամ Րա­պի­յա եւ Պա­յա­տա նստած խելք բաժ­նե­լով մար­սո­ղու­թիւն կը դիւ­րաց­նեն:

Հրա­շէկ ա­րե­ւուն տակ Աշ­տա­րա­կէն վե­րա­դար­ձայ՝ անց­նե­լով Վա­հագ­նի թա­ղա­մա­սէն: Նոր վէպ ստեղ­ծողներ կան, լսած ըլ­լա­լով Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նի կտակ խօս­քը. «Գործն է միայն կեն­դա­նի»: Ի­մա­ցեալ հա­յա­սի­րու­թիւն, այ­սինքն՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն…

Յ. ՊԱ­ԼԵԱՆ

15 Օ­գոս­տոս 2015, Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015