ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ 110-ԱՄԵԱԿԸ. ԳՐՈՂԸ, ԵՐԱԺԻՇՏԸ, ԵՐԳԻԾԱԲԱՆԸ, ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ…

Հայ գրող, թատերագիր, երաժիշտ, փաստաբան Պարոյր Մասիկեանի մասին տեղեկութիւնները կը պակսին, բայց կան իր գիրքերը (լոյս տեսած Գահիրէ), որոնք առանձնայատուկ գոյն եւ հմայք կու տան սփիւռքահայ գրականութեան:

Այս տարի կը լրանայ մտաւորականին 110-ամեակը:

Պարոյր Մասիկեան ծնած է Ատանա՝ 1914 թուականին, ուսանած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ Փարիզ եւ Պրիւքսէլ՝ համալսարաններու մէջ։

1936 թուականին Մասիկեան հաստատուելով Գահիրէ, աշխատած է որպէս փաստաբան, եղած է նաեւ արհեստավարժ ջութակահար:

Ան աշխատակցած է եգիպտահայ մամուլին («Յուսաբեր», «Արեւ», «Ջահակիր»), ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Սփիւռք» պարբերականին:

Հրատարակած է պատմուածքներու ու կատակերգութիւններու «Մեր կեանքը» (1946) «Կոտրած խաչեր» (1959), «Տեղատարափ» (1962) եւ «Թռիչքներ» ժողովածուները: Գրած է նաեւ թատերայուշեր:

Իր հեղինակած «Խաչը», «Թոռնիկս», «Միլիոնը», «Աղջիկտես» կատակերգութիւնները ներկայացուած են սփիւռքի բեմերուն վրայ։

Մասիկեանը գրած է նաեւ «Էրզրումի կլոր պարը» կարճ թատրերգութիւնը, որ բեմադրուած է Գահիրէ, Նիւ Եորք եւ այլ շրջաններու մէջ: Մտաւորականը մահացած է Գահիրէ՝ 1989 թուականին:

Եգիպտահայ «Ջահակիր»ը 1975 թուականին իր մասին կը գրէ. «Պարոյր Զ. Մասիկեան սփիւռքահայ այժմու սակաւաթիւ երգիծագիրներէն ամենաարժէքաւորներէն մին է, ու թէեւ մեծ ճանաչումի չէ արժանացած ցարդ, իբր արդիւնք այն համեստութեան որ շեշտուած կերպով կը նշմարուի իր նկարագրին մէջ եւ սակայն ա՛ն է ու կը մնայ՝ ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի Հայ Մարդուն կեանքի տարօրինակութիւնները ի յայտ բերող մեծ երգիծագիրը:

«Եթէ Ուիլիամ Սարոյեան մեծ գրողը մարդն ու մարդկութիւնը կը ներկայացնէ վիպական (ռոմանթիք) մտածելակերպով, Մասիկեան իր երգիծական գրիչով իրապաշտօրէն եւ ցայտուն կը խոցէ՝ խոցելին եւ կը ներբողէ՝ ներբողելին, իր գրութիւնները համեմելով «հիւմուր»ով մը, որ մասիկեանական է եւ ունի ինքնուրոյն ոճ, յստակ ու մեկին արտայայտելով զգացումներն ու դատողութիւնները:

«Պարոյր Զ. Մասիկեան եթէ մասնագիտութեամբ փաստաբան է (Մեթր Պարոյր) եւ սակայն արուեստով արժէքաւոր է որպէս երգիծագիր:

«Մասիկեան իր գրածը չի ծախեր եւ ոչ ալ՝ ծախուած գրիչ է. անոր նպատակն է երգիծագրութեամբ ծառայել ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ի յայտ բերել կեանքին տարօրինակութիւնները՝ լաւն ու վատը, որպէս բարոյախօսական դաս՝ մարդուն եւ մարդկութեանը»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պարոյր Մասիկեանէն յօդուածներ։

Կ՚ՈՒԶԷ՞Ք ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԴԱՌՆԱԼ, ԼՍԵՑԷՔ…

Ազգային բարերար ըլլալու շատ կերպեր եղած են: Հիմնել հիւանդանոց մը՝ Խազէզ Ամիրայի նման կամ կառուցանել եկեղեցի մը՝ Աբիկ Ունճեանի նման:

Այսօր, փարաւոններու երկրին մէջ, բոլորովին տարբեր միջոց մը կայ Աբիկ կամ Խազէզ մը դառնալու համար: Շատ դիւրին միջոց մը:

Ազգային բարերար ըլլալու համար կը բաւէ ամսական 150 դահեկան ունենալ տրամադրելի: Այդ գումարէն 5 դահեկան առէք եւ ուղղակի ներկայացէք եպիսկոպոսին, ուր ձրի սուրճ մըն ալ Ազգային սնտուկէն ձեզի պիտի հրամցուի: Ըսէք թէ կ՚ուզէք նուիրատուութիւն մը ընել Ազգային վերելքի, գաղութի կարօտեալներուն եւ սփիւռքի որբերուն ի նպաստ: Ձեզ պիտի առաջնորդեն Աղքատախնամի քարտուղարին: Հոն վճարեցէք 5 դահեկանը, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «5 դահ. նուիրատուութիւն Տիար Այսինչեանի կողմէ»:

10 դահեկանով՝ արձանագրութիւնը «Տիար»ին վրայ «մեծայարգ»ը պիտի աւելցնէ: Կէս ոսկիով «մեծապատիւ»ը դիւրութեամբ պիտի գայ: «Ազնուաշուք»ը մեծ շուքով ու լորձնաշուրթն պիտի վազէ ոսկինոցին ետեւէն, անպայման, անկասկած:

Բայց դուք գոհացէք օրական 5 դահեկանով ու «Տիար»ով:

Անմիջապէս որ այս վճարումը ըրիք, Աղքատախնամին գրասենեակին քարտուղարը պիտի ընէ հետեւեալ կտրուկ շարժումները, անխուսափելիօրէն: Գրիչ մը պիտի առնէ, խոշոր տետրակ մը պիտի բանայ, մէջը բաներ պիտի արձանագրէ: Ապա պիտի առնէ թուղթ մը ու դրոշմաթուղթեր, պիտի գրէ քանի մը նամակներ ուղղուած հայ թերթերուն, հետեւեալ պարունակութեամբ.

«Աղքատախնամը շնորհակալութեամբ ստացաւ Տիար Այսինչեանին 5 դահեկանը ի նպաստ Ազգային վերելքին, գաղութիս կարօտեալներուն եւ սփիւռքի որբերուն»:

Այս գործողութիւնները տեղի պիտի ունենան գրասենեակին մէջ: Դուք այլես դուրս ելէք այդ գրասենեակէն. ձեր գործը վերջացած է 5 դահեկանի վճարումով:

Ահա թէ ի՛նչ գործողութիւններ տեղի պիտի ունենան գրասենեակէն դուրս.

Եգիպտոսի կառավարութեան նամակաբեր պաշտօնեաները անմիջապէս գործի պիտի անցնին: Քարտուղարին այդ նամակները տուփին մէջէն պիտի առնեն: Քաղաքը պիտի դառնան ու գան յանձնեն գաղութիս հայ մեծ լրագիրներուն: Հոս պիտի վերջանայ նամակաբեր պաշտօնեաներուն գործը, որովհետեւ նամակները պիտի մտնեն խմբագրատուներէն ներս: Սանդուխներէն պիտի բարձրանան, պիտի գան խմբագրապետներուն, խմբագիրներուն, որոնք իրենց կարգին պիտի ղրկեն գրաշարապետներուն: Գրաշարները գործի պիտի անցնին: Գիրերը պիտի փնտռեն «Ստացանք շնորհակալութեամբ 5 դահեկան եւ այլն…», հսկայ մեքենաները պիտի իւղոտին, պիտի շարժին, երթան-գան, մելանը պիտի սպառի, թուղթերը սեւնան: Քիչ յետոյ տպագրուած թուղթը դարձել սանդուխներէն վեր պիտի ելլէ, խմբագրին պիտի հանդիպի ու սանդուխէն վար պիտի իջնէ դարձեալ գրաշարին: Մեքենաները վերստին պիտի շարժին, երթան-գան:

Հոս պիտի վերջանայ քարտուղարին, նամակաբերին, խմբագրին, գրաշարին ու տպարանին գործը: Այս ամբողջ ժամանակամիջոցին դուք որեւէ մտահոգութիւն մի ունենաք, գացէք պտտեցէք, ձերին գլանիկը ծխեցէք, սրճարաննիդ գացէք կամ գործերնուդ նայեցէք: Անհոգ եղէք, 5 դահեկանը ճամբան տակաւին պիտի շարունակէ:

Ան դուրս պիտի ելլէ տպարանէն: Ցրուիչները պիտի սկսին աշխատիլ, վազվզել, տուներէն վեր բարձրանալ, սանդուխներէն վար իջնել, թերթերը ծախել: Թերթերը պիտի մեկնին արտասահման՝ Հալէպ, Պաղտատ, Կովկաս, Զանզիպար… 5 դահեկանը այս ամբողջ ճամբան պիտի ընէ:

Ու գիշերը կամ քանի մը օրէն, գաղութին ազգայինները՝ Մարկոսը, Թորոսը, Ղուկասը, արտասահմանի հայութիւնը-նորջուղացին, հինջուղացին, հալէպցին, զանզիպարցին, արաբկիրցին, կեսարացին պիտի կարդան հայ թերթերէն միոյն մէջ անխուսափելիօրէն հետեւեալը.

«Աղքատախնամը շնորհակալութեամբ ստացած է Տիար Այսինչեանէն 5 դահեկան ի նպաստ Ազգային վերելքին, գաղութի կարօտեալներուն եւ սփիւռքի որբերուն»:

Ամէն ոք ձեր անունը պիտի կարդայ եւ ամէն ոք ձեր մասին պիտի խօսի: Բայց ուրախութենէն մի շուարիք. յաջորդ առաւօտ ու ամիս մը շարունակաբար մի մոռնաք դարձեալ Աղքատախնամի գրասենեակը երթալու: Հոն գտէք քարտուղարը ու վճարեցէք 5 դահեկանը: Քարտուղարը պարտականութիւն ունի շարժման մէջ դնելու նամակաբե՛րը, տպագրի՛չը, գրաշա՛րը, խմբագի՛րը, սանդուխնե՛րը, ցրուի՛չը, Պաղտա՛տը, Հալէ՛պը, Զանզիպա՛րը, Նոր Ջուղա՛ն, Հին Ջուղա՛ն, Արաբկիրցի՛ն, Կեսարացի՛ն, Մարկո՛սը, Թորո՛սը, Կիրակո՛սը ու ամբողջ սփի՛ւռքը… 5 դահեկանով:

Շարունակեցէք այսպէս ամէն օր, միայն ու միայն 5 դահեկանով, ամսական 150 դահեկան ու այսպէս կը դառնաք… Աբիկին եւ Խազէզին նման, եգիպտահայ բարերար, որուն օր մը եպիսկոպոսական հոգեհանգիստը կը յաջորդէ անպայման…

Բարերարութիւնն ալ արդիականացած է:

ՅԱՂԱԳՍ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Աղջիկտեսի օրն է:

Տքթ. Ղազարոս Մարկոսեան Նուարդ Պախալեանը պիտի տեսնէ: Եթէ հաւնի՝ պիտի ամուսնանայ: Պախալեան ընտանիքը պատրաստութիւններ տեսած է Մարկոսեան ընտանիքը ընդունելու համար: Առանց ուրիշ մանրամասնութիւններ յիշելու՝ ըսենք որ այդ պատրաստութեան մէջ կը մտնէ նաեւ յիսուն ոսկիի վճարումը քահանայի մը:

Կիրակի կէսօրէ վերջ:

Վիլլան լոյսերու մէջ կը շողշողայ: Այս լոյսերը՝ հնդկահաւերուն, հաւերուն եւ ըմպելիներուն հետ կը կազմեն այն թմրեցուցիչը, որ Պախալեան ընտանիքը Մարկոսեան ընտանիքին քթին պիտի տայ, Նուարդը տալէն առաջ.

Հիւրերը կու գան: Ազգականներ այս աղջիկտեսի օրուան առթիւ կը բերեն նուէրները:

Ահա՜ եւ Մարկոսեան ընտանիքը՝ տէր եւ տիկին Մարկոսեան, ընկերակցութեամբ իրենց զաւկին:

Նուարդի մայրը կը նետուի առաջ:

Կը ներկայացնեն տքթ. Ղազարոսը.

-Հաասակ՝ 1.50, ծանրութիւն՝ 50, վկայեալ Պէյրութի ատամնաբուժական համալսարանէն, խլելով «Իմաստութեան Հաստ Ակռային» մրցանակը՝ ակռայ քաշելու աքցան: Անոր մանկութեանը մէջ ի յայտ եկած է ապագայ ախոյեանը եւ աքցանը խլողը: Ութ տարեկանին ինք իր ակռաները կը քաշէր՝ ծառերէն չուաններ կապելով:

Աղջիկտեսի ժամանակ, եթէ կ՚ուզէք գիտնալ, թէ ո՛րն է ապագայ հարսը, ուղղակի անցէք հիւրասրահ: Սպասեցէ՛ք կէս ժամ, խօսակցութեան միակ ու միակ նիւթ ունենալով՝ մենք աստեղացի ենք, անոնք անտեղացի են, դո՞ւք ուրտեղացի էք:

Երբ որ տեղերը որոշուին, դրան առջեւ պիտի երեւայ ապագայ հարսը: Մէկ ծունկը քիչ մը ծռած՝ ռէվէռա՜նս: Ձեռքերուն մէջ բռնած լիքէօրներու ափսէն: Աչքերը սիրոյ զգացումներով եւ ներկի գոյներով թաթաւուն:

Կը տիրէ լռութիւն: Այս այն պահն է, ուր ապագայ փեսացուն բերնէն կը հանէ գլանիկի հսկայ մուխ մը ու անոր ետին նայուածքներէ պատսպարուած՝ յանցաւորի, գողի, ոճրագործի նման փախուստ տուող ակնարկ մը կը նետէ:

Այս պահուն տեւողութիւնը 1 երկվայրկեան է, որուն ընթացքին սիրտը կը նետէ 150: Ակնարկը պատկեր կ՚առնէ ու անմիջապէս կը տանի գանկին, ուր սիրտէն ջիղ մը իր զգացողական տեղակագիրը կու տայ՝ հիմնուած գեղեցկութեան եւ հասակին վրայ: Քանի մը շաբաթ առաջ քահանան նիւթական տեղեկագիրը ներկայացուցած է արդէն:

Երիտասարդը լիքէօրը օդին մէջ բարձրացնելով կ՚ըսէ.

-Կենացնուդ:

Ինչ որ կը նշանակէ՝ «Քահանան կանչեցէք»:

Կը ներկայացնեն Նուարդը.

-Նուարդ Պախալեան: Գիտէ գրել-կարդալ, ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէնին քովէն կ՚անցնի, հասակ՝ 1.25 մէջքի հաստութիւն՝ 1.25: Կը նուագէ Շոփէն, կը կշռէ 70 օխա, ունի երկար մազեր:

Նուարդ կը համբուրէ տղուն մօր ձեռքերը:

Խօսք կ՚առնէ տղուն հայրը, ուղղելով զայն աղջկան հօրը.

-Տղաս՝ տքթ. Ղազարոսը, կը նմանի այն արեւածաղիկին, որ կը դառնայ իր նունուֆարի սիրոյ արեւին: Աղջիկդ կը նմանի այն նունուֆարին, որ իր արմատը կը թողու խորունկ ջուրերու մէջ:

Սալ-մանժէն մեր վրայ, սալ-ա-քուշէն ձեր վրայ:

Յանկարծ՝

-Խմբագրութիւնս այս ուրախ առթիւ իր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ Մարկոսեան եւ Պախալեան բարեհամբաւ ընտանիքներուն, երջանիկ ու անամպ, բեղուն կեանքի մը մաղթանքները ուղղելով ապագապսակ զոյգին:

Տքթ. Ղազարոս բաժանորդ կը գրուի թերթին:

Հիւրերէն մին խանդավառուած ջերմ մթնոլորտէն, կ՚առաջարկէ, որ Նուարդի ու Ղազարոսի անունները կրճատեն ու դարձնեն աւելի մտերմիկ եւ կ՚որոշուի Նուարդը կանչել Նինի, իսկ տքթ. Ղազարոսն ալ՝ Ղազ:

Տոքթորը, շփոթած… այս մտերմական մթնոլորտէն եւ տաք ընդունելութենէն, կ՚ուղղուի դէպի պարտէզ: Նինին՝ ետեւէն:

Կը սկսի սիրահարութիւնը.

Ո՜հ գարնան ծաղիկները ու մայիսի գիշերը:

Որքա՜ն քաղցր է երեկոյեան տրտմութիւնը, որ կը կաթկթի ծառերու ծիլերէն Ղազին հոգւոյն վրայ:

Սիրահարները կը նստին ծաղկած նշենիին տակ:

Ո՜հ գարնան ծաղիկները ու մայիսի գիշերը:

Սէրը՝ նշենիներու ծաղի՜կ,

Սէ՞րը՝ Մարկոսեանին հաշուետետրակ:

Սէ՜րը, որ ներս կը մտցնէ երջանկութիւնը ու դուրս կը հանէ զոքանչը:

Սէրը, որ կը սպասէ գարնան եւ Պախալեանի մահուան…

Տքթ. Ղազարոս կ՚ըսէ.

-Աչքերդ նման մելամաղձոտ շուքերուն, որոնք երեկոյեան տրտմութիւնը լիճերու հոգիներուն մէջ կը թօթափին: Ո՜վ իմ կուսածաղիկ մանիշա՜կս, խօսէ:

-Լահանայէ տօլմա եփած ենք, երթանք ճաշենք:

Ճաշասեղան:

Նուարդ յուզուած է: Սիրտը կը տրոփէ:

-Տքթ. Ղազարոս, ղազէն կերէ՛ք:

Կ՚առաջարկեն, որ տքթ. Ղազարոս ճառ մը խօսի: Ու ան կ՚ըսէ.

-Սէրը մարմնի զօրաւորագոյն հոգեղէն ուժն է: Ան այնքան զօրաւոր է, որքան իմաստութեան ակռան: Հաստ ակռան երկու մասէ կը բաղկանայ՝ արմատը, որ ծնօտին գուբին մէջ կը պահուըտի, ու ակռապարկը: Երեք տեսակ ակռաներ կան՝ շնատամ, աղօրիք եւ հերձատամ: Ակռայի ցաւերը մեծապէս կ՚ազդեն ստամոքսի եւ ջղային… Պատիւ ունիմ այսօր ձեր աղջկան ձեռքը խնդրելու…

ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏԸ

Ինքնակենսագրական մը։

Հայ գրագէտ ըլլալու համար, տարինե՜ր, տարինե՜ր առաջ մտած եմ հին Յունաստան։

Մտած՝ առանց ոտքս հողին դպցնելու… օդին մէջէն, Մուսայի ճամբով։

Հոն հանդիպած եմ Աքիլլէսին, Հեքտորին, Պարիսին (Պարիսին կնիկին չեմ հանդիպած, բարեբախտաբար), Ոդիսեւսին։ Հարցուցած եմ անոնց՝

-Դի քանիս

-Քալա,- պատասխանած են ինծի Արիստոֆան ու Հոմերոս։

Առանց անցագրի մտած եմ Անգլիա։

Հակառակ որ աղքատի զաւակ եղած եմ, շա՜տ մտերմացած եմ հոն լորտի մը հետ (Պայրըն)։

Առանց Կիպրոս երթալու հանդիպեցայ Օթելլոյին, որուն թաշկինակ մը տուի, որպէսզի իր խնդիրները վերջ գտնեն։

Հակառակ որ հայերուն մէջ հողմաղացքներու վրայ քալող Տոն Քիշոթներ շա՜տ ու շա՜տ կան, գացած եմ Սպանիա, Սանչօ-Փանչօն գտնելու եւ հասկնալու, թէ Տոն Քիշոթը ծագումով սպանացի՞ էր, թէ՞ հայ։

Ես Ռոմանոֆներ չեմ սիրեր. հայրը տղան կը սպաննէ (Մեծն Պետրոս՝ իր զաւակը), տղան՝ հայրը (Մեծն Աղեքսանդր՝ իր հայրը)։ Սակայն հետաքրքիր եմ Չեխովի տունին կեռասի ծառերով։ Ուզած եմ ճանչնալ Տիմիթրին (անկիւնի նպարավաճառը չէ, այլ՝ Տիմիթրի Քարամազովը)։ Աննան (Զապէլին աղջիկը չէ, այլ՝ Քարենինան) դրացուհիս եղած է, սակայն ես իշխան չեմ եղած։

Ամբողջ մանկութի՜ւնս, պատանեկութի՜ւնս, երիտասարդութի՜ւնս Ֆրանսայի մէջ անցուցած եմ, առանց հոն ապրելու եւ առանց ոտքս հոն դրած ըլլալու։

Մայրենի լեզուիս քով, հայրենի լեզուս ֆրանսերէնը եղած է. զարմացած եմ, շատ պրպտած եմ, «Չոր պլղուր» գիւղէն ենք. ֆրանսացի նախահայր չունինք։

Հայ գրագէտի մը ինքնակենսագրականն է վերիվերոյ։

Եւ այսպէս, հայը՝ որպէսզի հայ գրող դառնայ, կը կարդայ յոյնը, անգլիացին, սպանացին, ռուսը, ֆրանսացին…։

…Եւ միայն կը կառչի Մեսրոպ Մաշտոցին… հոգ չէ թէ իյնայ թշուառութեան մէջ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024