ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Պատերազմի հետեւանքներու կարեւորագոյններէն մին է անոր ազդեցութիւնը խաղաղ բնակչութեան հոգեկան առողջութեան վրայ։ Ընդհանուր բնակչութեան վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան հոգեկան հիւանդութիւններու զգալի աճը։ Կիներ աւելի շատ կը տուժեն այս պայմաններէն՝ քան տղամարդիկ: Պաշտպանութեան կարիք ունեցող միւս խումբերն են երեխաները, տարեցները եւ հաշմանդամները: Հոգեկան հիւանդութեան դէպքերու մակարդակը կապուած է թրաւմայի աստիճանի եւ ֆիզիքական ու հոգեբանական աջակցութեան գոյութեան հետ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան նաեւ, թէ մշակութային եւ կրօնական հարցերու յաղթահարման մեթոտները տարածուած են զարգացած երկիրներու մէջ:

Պատերազմները հոգեբուժական պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունին քանի մը ձեւերով: Համաշխարհային պատերազմներու հոգեբանական ազդեցութիւնն էր պատերազմական ճնշուածութիւնը, որ հիմք հանդիսացաւ հոգեբանական միջամտութեան արդիւնաւէտութեան՝ 20-րդ դարու առաջին կէսին: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ զինուորական ծառայութեան համար անհամապատասխանութեան բարձր ցուցանիշը յանգեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հոգեկան առողջութեան ազգային կաճառի ստեղծման: Սպաներու եւ զինուորներու մօտ հոգեկան ախտանիշներու դրսեւորման տարբերութիւնները նոր ուղիներ բացած են ճնշուածութեան հոգեբանական արձագանգը հասկնալու համար։

Թէեւ Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ նոր համաշխարհային պատերազմ մը չէ եղած, սակայն վերջին 60 տարիներուն աշխարհ կը գտնուի պատերազմական վիճակներու եւ հակամարտութիւններու մէջ: Օրինակ, Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան (ՀԱԿ) տուեալներով՝ Արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանի 22 երկիրներու բնակչութեան 80 տոկոսը կա՛մ հակամարտութեան մէջ է, կա՛մ նման իրավիճակ կ՚ապրի վերջին քառորդ դարու ընթացքին:

ՀԱԿ-ի կողմէ պատերազմի հոգեբանական հետեւանքներուն դիմակայելու կարեւորութիւնը ընդգծուեցաւ 2005 թուականի մայիսին ընդունուած բանաձեւով, որ կը խրախուսէ անդամ երկրները՝ «ուժեղացնել երեխաները հակամարտութիւններէն պաշտպանելու գործողութիւնները»: Նմանապէս, ՀԱԿ-ի խորհուրդի 2005 թուականի յունուարին ընդունած բանաձեւը ընդգծեց «պատերազմի, հակամարտութիւններու եւ բնական աղէտներու հոգեբանական վնասը վերականգնելու ծրագրերու իրականացման աջակցելու» հարցը:

ՀԱԿ-ի գնահատականներու համաձայն՝ ամբողջ աշխարհի հակամարտութիւններու իրավիճակներու մէջ «թրաւմաթիք իրադարձութիւններ ապրող մարդոց 10 տոկոսը ունի հոգեկան առողջութեան լուրջ խնդիրներ, իսկ ուրիշ 10 տոկոսը կը զարգացնէ վարքագիծ մը, որ կը խոչընդոտէ արդիւնաւէտ գործելու անոնց կարողութիւնը»։ Ամենատարածուած պայմաններն են ճնշուածութիւնը, անհանգստութիւնն ու անքնութիւնը կամ այլ խնդիրներ, որոնք կ՚ազդեն մարմնի բնականոն դրութեան վրայ:

Տարբեր հոգեբանական ախտանիշներու ի յայտ գալը հակամարտութիւններու մէջ ներգրաւուած հաւաքանութիւններէ ներս կը բացայայտուի ընթացիկ ուսումնասիրութեամբ: Սակայն հետազօտութիւնը նաեւ կը վկայէ պատերազմական իրավիճակներու ներքեւ վատթարագոյն թրաւմաներու պարագային բնակչութեան կէսէն աւելիի ճկունութեան մասին: Անկասկած, պատերազմական եւ հակամարտութիւններու իրավիճակներու ներքեւ գտնուող բնակչութիւնը պէտք է ստանայ հոգեկան առողջութեան աջակցութիւն՝ որպէս լիարժէք վերականգնման, բնականոն կեանքի վերադառնալու գործընթացի մաս: Երբ պատերազմը մեծ հարուած կը հասցնէ հոգեկան առողջութեան վրայ, ներկայ դարու պատերազմներու հոգեբանական հետեւանքներու ուսումնասիրութիւնը կրնայ նոր ըմբռնումներ եւ լուծումներ բերել ընդհանուր բնակչութեան հոգեկան առողջութեան խնդիրներուն:

Այստեղ քանի մը հարցում կը ծագի հոգեկան առողջութեան վրայ պատերազմի եւ հակամարտութիւններու ազդեցութեան վերաբերեալ: Արդեօք հոգեբանական ազդեցութիւնները եւ անոնց դրսեւորումները համամարդկայի՞ն են: Ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ միջամտութիւն պահանջող իրավիճակի սահմանումը: Ինչպէ՞ս կարելի է չափել հոգեբանական ազդեցութիւնը: Ո՞րն է սթրեսի հետեւանքով յառաջացած ախտանիշներու երկարատեւ ընթացքը։ Այս բոլոր հարցումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին ապագայ ուսումնասիրութիւններով:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023