ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ՝ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ. 1910 ԹՈՒԱԿԱՆ

Այսօր մեծանուն հայ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան օրն է: 20-րդ դարու հռչակաւոր նկարիչներէն մէկը 143 տարեկան կը դառնայ այսօր: Անոր անունը, յաւերժ կապուած է հայ ժողովուրդի, Հայաստանի հետ, դէպի յաւերժութիւն իր մշտնջենական երթը կը շարունակէ:

92 տարի ապրած է Մարտիրոս Սարեան՝ ստեղծելով բազմաթիւ նկարներ եւ իր արուեստով, գործունէութեամբ նպաստելով հայ ժողովուրդի, Հայաստանի միջազգային ճանաչումին: Այսօր ալ, միջազգային ասպարէզին մէջ ամենէն ճանչցուած հայ նկարիչն է Սարեան, որու գործերը աստղաբաշխական գիներով ընդգրկուած են աճուրդներու մէջ, բայց միակ վայրը, ուր կը պահուի իր գործերու ամենէն մեծ հաւաքածոն, անշուշտ, իր այնքան սիրուած հայրենիքն է. ի նպաստ հայրենիքի աշխատելու համար ալ Սարեան 1921 թուականին իր ցանկութեամբ Նոր Նախիջեւանէն ընտանիքով փոխադրուած եւ մշտական բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ:

Սարեան իր ժողովուրդը կը նկատէր եւրոպական բարձր արժէքներ կրող եւ եւրոպական կեանքին արժանի ժողովուրդ մը, բայց եւ այնպէս, չէր հրաժարեր նաեւ Արեւելքի քաղաքակրթութեան մաս կազմելու գաղափարէն: Իր կեանքին կարեւոր մէկ շրջանին նկարիչը դիմած է Արեւելքի բացայայտման: Արեւելեան մշակոյթին հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը յատկանշական եղած է 20-րդ դարու եւրոպական եւ ռուսական գեղանկարչութեան համար: Սարեանի համար Արեւելքին դիմելը ինքնաճանաչման կարեւոր շրջան մըն էր: Թուրքիա (1910), Պարսկաստան (1913), Եգիպտոս (1911) իր ուղեւորութիւններուն ողջ ընթացքին նկարիչը առաջնորդած է արեւելեան աշխարհի ըմբռնումը եւ ինքզինքը իբրեւ այդ աշխարհին մէկ մասնիկը նկատելու ջանքը:

Սարեան իր արուեստին մէջ շատ գեղեցիկ պատկերած է Պոլիսը, ուր գտնուած է 1910 թուականին: Նկարիչը դէպի Պոլիս ուղեւորուած էր 1910 թուականի փետրուարին, հոն ապրած է երկու ամիս եւ ստեղծած իր առաջին արեւելեան շարքին գլուխ գործոցները: Ան Պոլիս գացած էր՝ իբրեւ ստեղծագործող, իր որոնումներու ճանապարհին կանգ առնելով հոն: Պոլսոյ մէջ նկարիչը կը փնտռէր հետքերը հին բիւզանդական արուեստին եւ Սարեան, անշուշտ կարողացաւ տեսնել արեւելեան իւրայատուկ ոգիով տոգորուած քաղաքը։ Հոն իրեն համար բացուեցաւ արեւի, լոյսի ու կարգ մը հակասական ստուերներու յարաբերութիւնը, որ իր արուեստը դարձուց շատ իւրայատուկ: Սարեան Պոլսոյ մէջ սենեակ մը վարձած էր եւ հնարաւորութիւն ունէր երթալու եւ տեղւոյն վրայ նկարելու: Ան Պոլսոյ կեանքը պատկերած է ապրող, շնչող կերպով: Ծանօթ են անոր նկարած շուներու խումբերը, որոնք կարծես այդ փառահեղ անցեալ ունեցող քաղաքին հինէն նորի անցումը ցոյց կու տային, եւ այդ շուները Սարեանի նկարներուն մէջ արեւի լոյսին տակ շատ հետաքրքրական ձեւեր ու անսպասելի գոյներ կ՚ընդունէին, կը կռուէին իրարու հետ: Պոլսոյ տեսարաններէն շատեր գնուեցան Մոսկուայի նշանաւոր Թրեթեաքով պետական պատկերասրահին կողմէ: Այդ մէկը առաջին դէպքն էր, երբ պատկերասրահը իր հաւաքածոն կը համալրէր երիտասարդ նորարարի նկարներով եւ ատիկա մեծ բան մըն էր նկարչին համար: Պոլսէն Մոսկուա վերադառնալէ ետք ան անմիջապէս ցուցահանդէսի մը կը հրաւիրուի, ուր կը ցուցադրէ պոլսական թարմ նկարները եւ մեծ գնահատանքի ու ուշադրութեան կ՚արժանանայ: Այդ նկարներէն այժմ կը ցուցադրուին Մոսկուայի մէջ:

Կան Պոլիսէն կարգ մը մատիտանկարներ, որոնք կը գտնուին Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ: Պոլիս կարենալ երթալու համար իրեն օգնած է իր Յովհաննէս եղբայրը։ Եւ երբ իր նկարները վաճառուեցան, ան առաջին անգամ պատմեց իր եղբօր մասին, ուրախանալով, որ տեղ մը հասած է:

Իր ինքնակենսագրական գրառումներուն մէջ Սարեան առանձնակի ջերմութեամբ անդրադարձած է Պոլսոյ շրջանին՝ մանրամասն պատմելով այն երկու ամիսներուն կեանքը, որ անցուցած է հոն: «Գրառումներ իմ կեանքէս» գիրքին մէջ զատ գլուխ մը նկարիչը նուիրուած է Պոլսոյ եւ զայն խորագրած՝ «Կոստանդնուպոլիս»:

Իր ծննդեան օրուան առթիւ կը ներկայացնենք այդ գրութենէն հատուածներ արեւմտահայերէնով, նկատի ունենալով նաեւ, որ համացանցային տարածքի վրայ այդ յուշերը առկայ չեն: Նշենք նաեւ, որ Սարեան Պոլիս կը գտնուէր երեսուն տարեկանին՝ լի աւիւնով, կենսունակութեամբ եւ ստեղծագործական լիցքերով եւ Պոլիս ճամբորդութիւնը իր կեանքի առաջին ծովով ճամբորդութիւնն էր: Յետագային, երբ Եգիպտոս կ՚ուղեւորուէր, նաւը կանգ կ՚առնէ Պոլիս եւ ան ափ կ՚իջնէ, առիթը կը գործածէ եւ կը հանդիպի իր պոլսահայ ծանօթին՝ Ստեփան Ներսիսեանին հետ: Ակնյայտ է, որ պոլսահայ այդ մարդը ազդեցութիւն ձգած է Սարեանին վրայ, որ ան, մէկ տարի ետք, իր ճանապարհին ուզած է տեսնել անոր (Իր յուշագրութեան մէջ Մարտիրոս Սարեան նոյն մարդուն մասին խօսելով, անոր անուն-մականունը կը գրէ Ներսէս Ստեփանեան, եւ այդպէս ալ պարզ չէ, թէ ո՞րն է ճիշդը):

ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼԻՍ

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ

1910 թուականի 26 փետրուարին Սեւասթոփոլէն դուրս եկայ դէպի Կոստանդնուպոլիս:

Եղանակը մառախլապատ էր, ծովը՝ յուզուած: Հակառակ որ որոշ ժամանակ անց երկինքը պարզ դարձաւ, արեւը դուրս ելաւ եւ կը ժպտար մեզի, այնուամենայնիւ օդը պաղ էր: Արեւելքէն քամին կը փչէր ամբողջ ուժով, ահռելի ալիքները փրփրակալած բաշերով կը յաջորդէին իրարու, շառագոյնով կը զարնուէին միմեանց, կը փշրուէին՝ վերածուելով ապակիի պէս շողացող կտորտանքներու:

«Օլեգ» շոգենաւին վրայ ես միակ մարդն էի, որ Կոստանդնուպոլիս կ՚երթար: Այս մէկը իմ կեանքիս մէջ առաջին ճամբորդութիւնն էր ծովով, այն ալ՝ փոթորիկի ժամանակ: Ամէն տեսակ ծովային հիւանդութիւններու մասին լսած պատմութիւնները տեսակ մը մտահոգած էին զիս, բայց ծովային վթարի, խորտակման եւ նման միտքերէ հեռու էի:

Ծովային ճամբորդութիւններու սովոր մարդիկ խորհուրդներ կու տային, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խուսափիլ հիւանդութիւններէն: Կը լսէի այդ խորհուրդները եւ, չեմ գիտեր ինչու, կը յիշէի նաւով ճանապարհուելու առաջին պահերուն մանրամասները: Բազմաթիւ կապոցներով ու արկղերով բեռնաւորուած «Օլեգ»ը թմրածի պէս կեցած էր նաւահանգիստը: Ամէնքս բարձրացանք, առաւօտեան ժամը մօտ 11-ն էր, երբ մեր նաւը լացակումած, խռպոտ սուլոցով շարժեցաւ: Ինծի, ցամաքի կայունութեան վարժ մարդուս, թուեցաւ, թէ Սեւասթոփոլը ետ կը նահանջէ մեզմէ, բայց շուտով չքացաւ այդ պատրանքը, երբ նաւը դուրս եկաւ բաց ծով: Ամէն բան սկսաւ ճօճուիլ՝ ե՛ւ ամպի քուլաներով երկինքը, ե՛ւ Սեւասթոփոլը ե՛ւ հորիզոնը: Այդ ճռճռան տհաճութիւնը երթալէն աւելի ու աւելի կ՚ուժգնանար: Իմ վիճակս լաւ չէր: Առաջարկեցին իջնել ներքեւ եւ անմիջապէս պառկիլ: Այդպէս ըրի ու վատ չէր: Բայց երբ ուզէի ոտքի կենալ, գլուխս կը դառնար: Վճռեցի այլեւս չելլել:

Ճաշին ժամն էր: Հազիւ հաւաքեցի ինքզինքս եւ գացի ճաշարան: Աղմուկ-աղաղակով եւ հայհոյելով՝ սեղաններուն շուրջը նստոտած էին նաւաստիները, անոնց հետ նաեւ՝ իրենց ուղեւորները:

Ախորժակ բոլորովին չունէի: Գոհացայ միայն պտուղով:

Ի վերջոյ, վարժուեցաւ օրօրոցին: Գիշերը լաւ մը քնացայ, բայց առաւօտեան վաղ արթնցայ նաւին խիստ ուժեղ ճօճումներէն: Նաւը կը ճռռար եւ կը թփռտար: Սպասադարանին ամանեղէնը կը թափէր յատակին: Նաւին մէջ գտնուող եւ ծովային հիւանդութենէն տառապող խեղճ կովերը կը բառաչէին բարձրաձայն:

Դրութիւնը մխիթարական չէր: Հիւանդութեան նշանները իմ քովս արդէն ակնյայտ էին: Բայց ի՞նչ կարող ես ընել, ստիպուած ես դիմանալ:

Վերջապէս նաւը դադրեցուց իր անմիտ պարը: Դիտելով կլոր լուսամուտներէն, ես տեսայ Վոսփորին հրաշագեղ ափերը: Արագ վեր թռչելով իմ տեղէս՝ բարձրացայ վերեւ՝ դիտելու համայնապատկերը: Նաւին հետ մրցելով կը սլանային դլփինները, երբեմն ջուրէն դուրս թռչելով: Զառիթափ իջնող ցամաքին ափերը ծածկուած էին գեղեցիկ այգիներով: Կ՚երեւնային զանազան պետութիւններու դեսպանութիւններուն ամարանոցները:

Վերջապէս նաւահանգիստն ենք: Անմիջապէս նաւ ելած են տեղացիներ: Իրենց ծառայութիւնը առաջարկող միջնորդներ էին, բոլորն ալ՝ յոյներ: Մէկուն հետ ծանօթացայ, եւ իջանք քաղաք: Թրքական մաքսատունին մէջ ինձմէ միայն անձնագիր հարցուցին: Իմ իրերս քիչ էին եւ չստուգեցին:

Նաւահանգիստէն ուղիղ Ղալաթիա գացինք: Փողոցով կը շարժուէր մարդկանց հոծ զանգուած: Դիմացէն կու գար ձիաքարշը, որուն առջեւէն կը վազէր եւ ճանապարհ կը բանար փողհարը: Բայց ամենէն զարմանալին, որ առաջին իսկ պահուն գրաւեց իմ ուշադրութիւնս, փողոցով մէկ վխտացող շուներու անhաշիւ թիւն էր: Ատոր կը միահիւսուէր փողոցին աղմուկ-աղաղակը, արագ եռուզեռը:

Կը քալէի Եուքսէք Քալտըրըմ փողոցէն, ուր կը գտնուէր «Իսմիթ օթելիէ»ն: Դժուարութեամբ կը ճեղքէի կարմիր թասակներով տղամարդոց եւ գլխաշորերով կիներու հոսանքով խեղդուած նեղլիկ փողոցները: Ոսկեայ ափէն եկող նաւերու սուլոցները իւրատեսակ երանգ կու տային փողոցի հրմշտոցին: Եւ ահա, վերջապէս, ճխլուելով, թեքուեցանք աջ եւ վերեւ բարձրացանք փոքրիկ աստիճաններ ունեցող նրբանցքով մը: Պանդոկին մուտքը կ՚անցնէր սրճարանին միջով: Պանդոկին տէրը շատ լաւ ընդունեց զիս: Կարծես վաղուց աղ ու հաց կ՚ուտէինք իրարու հետ: Չորրորդ յարկը սենեակ մը յատկացուց ինծի, որուն պատուհաններէն ներս կը թափանցէր փողոցի յոգնեցնող աղմուկը:

Բարեհոգի տէրը հիւրասէր եւ իր քաղաքավարութիւնը անընդհատ ցուցադրող մարդ մըն էր: Խօսիլ շատ կը սիրէր: Հայերէն վատ չէր գիտեր: Անընդհատ կ՚ըսէր, թէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայերը թիւով երրորդն են թուրքերէն եւ յոյներէն յետոյ:

…Գիշերը լաւ մը քնանալէ յետոյ յաջորդ օրը ուղեկցողին օգնութեամբ արդէն կը թափառէի Բիւզանդիայի հնամենի մայրաքաղաքին մէջ: Անշուշտ, ստիպուած էի վստահիլ իմ ուղեկցողիս ճաշակին՝ շրջագայութիւններուս համար տեսարժան վայրեր ընտրելու ժամանակ: Ընդհանուր տպաւորութեամբ, քաղաքի հետաքրքրական մասը Իսթանպուլն էր: Այստեղ էր կեդրոնական մեծ շուկան, Այա Սոֆիան՝ զբօսաշրջիկներու սիրած վայրը: Բայց ամենէն հետաքրքրականը թերեւս բոլոր զբօսաշրջիկներէն միայն ինծի համար, կոնստանդնուպոլիսեան փողոցն էր՝ նեղ, մարդաշատ, շուներով լի…

Ես նամակ ունէի յանձնելու մէկու մը: Դիւրութեամբ գտայ: Կը բնակէր Իսթանպուլ եւ «Պալըք փազար»ին մէջ առեւտուր կ՚ընէր: Ներսիսեան մականունով այդ իմ նոր ծանօթը իսկապէս հրաշալի մարդ մըն էր եւ ինծի մեծ ծառայութիւններ մատուցեց: Ամենէն առաջ ան օգնեց փոխելու դրամը: Բերայի մէջ ան զիս տեղաւորեց հրաշալի հայ ընտանիքի մը յարկին տակ: Արդէն շատ լաւ կը զգայի: Կը թափառէի ինծի համար, ճեպանկարներ կը կատարէի՝ յիշելու համար կամ վերադառնալով տուն՝ կը ջանայի ըստ ստացուած տպաւորութիւններու, գծագրել զայն, ինչ մնացած էր իմ յիշողութեանս մէջ: Պէտք է ըսել, որ աշխատանքի այդ միջոցը (անմիջապէս բնապատկերէն նկարելը) եւ այն, որ իմ մօտս թեքում կար դէպի պայմանանշաններու համակարգը եւ երեւակայապաշտութիւնը, ինծի շատ կ՚օգնէին: Ես կը պատկերէի ստացած տպաւորութեանս ամենագլխաւոր ու կարեւոր կողմերը, տիպականը՝ առանց մանրուքներու: Կը սիրէի մանաւանդ արեւը, շոգը, ամենէն աւելի չէի սիրեր քամին, որ փոշի կը բարձրացնէր եւ կը խանգարէր աշխատանքս:

Նկարչութեան համար ամէն ինչ կարեւոր է: Բայց ամենակարեւորներէն է գոյնը եւ գոյներու զուգորդումը: Երբ նկարիչը չ՚օգտուիր գոյներու ազատ ու անկաշկանդ գործածման հնարաւորութենէն, ապա կը զրկուի ամենաէականէն՝ հրճուանքէն:

…Կենդանիներու ուսումնասիրութեան առատ նիւթ կար: Շուները կը տեղաւորուէին հօտերով, աւելի ճիշդ՝ ընտանիքներով, որոշակի տեղերու վրայ եւ կը վարէին նստակեաց կեանք: Ամբողջ քաղաքին մէջ տեղ, անկիւն չկար, ուր շուն չ՚ըլլար: Անոնց կողքով, հանգիստ օրօրուելով, իւրայատուկ կշռոյթով կը քալէին լայն շալվարներով եւ կարմիր ֆէսերով տղամարդիկ, փայտեայ չուստերով, գլխաշորերով սեւ կամ շագանակագոյն գուլպաներ հագած սեւաչ թրքուհիներ, երեխաներ: Շուներուն ոչ ոք կը դպնար: Անոնց մօտ շունը կը նկատուէր սուրբ կենդանի: Բազմամարդ ամբոխը մեծագոյն հմտութեամբ կը հոսէր փողոցով, որպէս կղզեակներ ձգելով շուներու խումբերը…

Շուկաներու եւ առեւտրային վայրերու մէջ ճաշարաններ եւ սրճարաններ կային: Անգործ մարդիկ առաւօտուընէ մինչեւ իրիկուն կը նստէին ու նարտ կը շխռացնէին…

Աշխարհագրական նպաստաւոր պայմանները Կոստանդնուպոլիսը վաղուց արդէն դարձուցած էին առեւտրական աշխոյժ քաղաք մը: Այստեղ կը մրցէին բիւզանդական աշխարհի հնագոյն առեւտրականներու հետեւորդները՝ յոյները, հայերը, հրեաները:

…Բիւզանդական մշակոյթը կը սնէր Փոքր Ասիոյ եւ Պալքանեան թերակղզիի ժողովուրդները: Այդ արուեստը համադրական էր եւ միահիւսած էր Արեւմուտքին եւ Արեւելքին աւանդոյթները:

Իմ սենեակիս լուսամուտը կը բացուէր մեծ տան մը բակի վրայ: Դիմացի պատերով կը բարձրանար փաթթուող ծառ մը, որ որոշ ժամանակ անց ծածկուեցաւ լելակի նման հրաշալի, փարթամ ծաղիկներով: Ճենողկուզուկ էր:

Արեւուն ճառագայթներուն տակ շողացող այդ պատը գեղեցկագոյն նկար կը յիշեցնէր: Անոր դեղնաւուն ընդհանուր հարթութիւնը ամէնուր ծածկուած էր բնական արտասովոր ծաղկանախշով մը, որ մանիշակագոյն, վարդագոյն, երկնագոյն իր երանգներու գերակշռութեամբ, բազմաթիւ պաղ եւ տաք կիսաստուերներու ներդաշնակութեամբ, հեքիաթային գունանկարի մը տպաւորութիւն կը ստեղծէր: Շարունակ հիանալով այդ գունապատկերով, օր մըն ալ ցանկութիւն ունեցայ հաղորդելու, վերադրոշմելու իմ զգացածս ստուարաթուղթի վրայ, ներկախառնուրդով:

Այդ իմ աշխատանքիս բախտ վիճակուեցաւ ըլլալ իմ այն գործերուս շարքին մէջ, որոնք, առաջին անգամը կեանքիս մէջ, այդ նոյն 1910 թուականին գնուեցան Թրեթեաքով պատկերասրահին կողմէ:

Այդ քաղաքին մէջ տղամարդիկ եւ կիներ դէմ-դիմաց նայող պատուհաններէ համր միջոցներով կը խօսակցէին, կը պայմանաւորուէին իրարու հետ: Տարիներու ընթացքին մշակուած էին պայմանական նշաններ, որոնց օգնութեամբ կը հաղորդակցէին ե՛ւ սիրահարները ե՛ւ սիրաբանողները: Հետաքրքրական էր ամէն օր քաղաք դուրս գալէ առաջ դիտել այդ զաւեշտական ժապաւէնը եւ ապա սկսիլ հերթական թափառումը:

Վերադարձիս յաճախ տուն կը բերէի պանաններ, նարինջներ, ծաղիկներ, կուժեր, կճուճներ, փոքրիկ գորգեր, կը դասաւորէի եւ կը նկարէի բնապատկերներ:

Անգամ մըն ալ իմ նոր ընկերոջս՝ Ստեփան Ներսիսեանին հետ ուղեւորուեցայ զբօսանքի դէպի Չամլըճա: Շոգենաւով անցանք նեղուցը եւ իջանք Ասիական ափին՝ Սկիւտար: Այցելեցինք հայկական եկեղեցին եւ դպրոցը: Ինչպէս քաղաքին այդ մասը, այնպէս ալ Իսթանպուլի Գում-Գաբուն հայաբնակ եղած է հնագոյն ժամանակներէն: Գում-Գաբու կը գտնուէր հայ պատրիարքին աթոռանիստը, որ տաճկահայերու կեանքին մէջ մեծ դեր կատարած էր: Հայերը տաճկահայաստանի մէջ ունէին սահմանադրութիւն, ըստ որու տեղի հայերէն երեսփոխաններ կ՚ընտրուէին: Ատիկա, անշուշտ, զրուցարան դարձած էր, որմէ ժողովուրդին ոչ մէկ օգուտ կար, ինչպէս իրաւացիօրէն կ՚ըսէր իմ մեծ բարեկամս՝ Ներսիսեանը…

Մենք բարձրացանք Չամլըճա: Ատիկա փոքրիկ բլուր մըն էր՝ ծածկուած ծաղիկներով ու խոտերով:

Ես շատ ծաղիկներ հաւաքեցի եւ տուն դառնալով՝ նկարեցի ատոնք՝ կոչելով «Չամըլճայի ծաղիկները»:

Պոլիս ապրեցայ գրեթէ երկու ամիս եւ այդ ընթացքին բաւական աշխատեցայ: Գլխաւորապէս կը նկարէի ճերմակ, լաւ ստուարաթուղթի վրայ, որ կը գնէի տեղի խանութներէն:

…Կը մօտենար վերադարձիս ժամանակը: Դրամս ալ կը վերջանար: Հրաժեշտ տուի Ներսիսեանին, որ եկած էր զիս ճանապարհելու: Այդ՝ բարութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ լի մարդուն կերպարը առյաւէտ մնաց իմ հոգւոյս մէջ:

Վերադարձայ Տրապիզոն-Պաթում-Նովորոսիսք երթուղիով:

Այդ ճանապարհը կտրեցի ֆրանսական «Պակէ» ընկերութեան «Իոնիէ» շոգենաւով: «Իոնիէ»ի խլացնող շչակէն, ֆրանսական նաւաստիներու աւանդական բազմապիսի արարողութիւններէն յետոյ շոգենաւը ծանրօրէն շարժեցաւ: Սեւ ծովի հարաւով, Փոքր Ասիոյ լեռնոտ ափերով ընթացող ծովային ճանապարհը մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէր:

Եղանակը բարենպաստ էր, ծովը՝ խաղաղ: Սփռուելով ծովի մակերեւոյթին՝ արեւի ճառագայթները կը խաղային նուրբ ոսկեայ կապոյտ փիրուզեայ ջուրերուն մէջ: Շոգենաւին կ՚ուղեկցէին դլփիններու խումբերը, իսկ օդին մէջ կը ճախրէին ճայերը:

Հանդարտ եղանակին ծովագնացութեան հետ ոչինչ կարող է համեմատուիլ: Ես կը սիրէի կենալ նաւի առաջամասին մօտ եւ դիտել, թէ ինչպէ՛ս կտրելով թանձր կապտա-կանաչ հեղուկը, նաւը առաջ կ՚ընթանար՝ իր ետեւէն փրփրացող ջուրի երկար հետք ձգելով: Ձախէն տեսարան կը բացուէր դէպի ծովուն անափ հարթութիւնը՝ անոր մէջ արտացոլուած երկնակամարով: Այնպիսի տպաւորութիւն էր, թէ մեր շոգենաւը, կտրուելով ծովէն, կը թռչէր օդին մէջ: Աջէն ամբողջ ժամանակ կ՚երեւնային Փոքր Ասիոյ անտառապատ ափերը:

Երկու ամիս առաջ ինծի այնքան ցաւոտ ընդունած Սեւ ծովը հիմա կը գուրգուրար անխռով հանդարտութեամբ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023