ՄԱՀ՝ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Պէյ­րու­թի մէջ մա­հա­ցած է լի­բա­նա­նահայ գրող, ու­սու­ցիչ, լրագ­րող, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Պէ­պօ Սի­մո­նեան (Պետ­րոս Գա­լայ­ճեան):

Պէ­պօ Սի­մո­նեան ծնած է 1937-ին, Ա­ղեք­սանդ­րիա: Եր­կու տա­րի ետք ըն­տա­նի­քով տե­ղա­փո­խուած է Պէյ­րութ: Նախ­նա­կան կրըթու­թիւ­նը ստա­ցած է Նշան Փա­լան­ճեան ճե­մա­րա­նին եւ Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քին մէջ: Այ­նու­հե­տեւ ա­ւար­տած է «Սէն Ժո­զէֆ» ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ա­րե­ւե­լեան դպրու­թեան կա­ճա­ռի հա­յա­գի­տա­կան ճիւ­ղը: Ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն տա­րի զբա­ղած է ման­կա­վար­ժու­թեամբ, զու­գա­հե­ռա­բար նաեւ լրագ­րու­թեամբ: Ան­դամ է Լի­բա­նա­նա­հայ Գրող­նե­րու հա­մախմ­բու­մի եւ քար­տու­ղա­րու­թեան, ան­դամ է «Կա­մար»ի եւ «Շի­րակ» գրա­կան հան­դէս­նե­րու խմբագ­րա­կան կազ­մե­րուն։

Պէ­պօ Սի­մո­նեան հե­ղի­նակ էր բազ­մա­թիւ չա­փա­ծոյ, ար­ձակ, գրաքննա­դա­տա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան ժո­ղո­վա­ծո­նե­րու: Ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան գիր­քե­րէն յի­շա­տա­կե­լի են «Նա­խեր­գանք» (1968), «Կա­նաչ­նե­րու ա­ռաս­պե­լը» (1977), «Մար­դե­ղու­թիւն» (1981), «Ծա­ռին ճի­չը» (1991), «Մի­ջերկ­րա­կա­նի լոյ­սե­րուն դի­մաց» (2004) ժո­ղո­վա­ծո­նե­րը: Ար­ձակ գոր­ծե­րէն յի­շենք «Ծուէն-ծուէն» (1981), «Մայ­րի­նե­րու ար­մատ­նե­րը» (1986), «Ակն­թարթ­ներ մար­դու եւ կեան­քի ա­ռօ­րեա­յէն» (2012) գիր­քե­րը: Ա­նոր գրա­կա­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ամ­փո­փուած են 2012-ին լոյս ըն­ծա­յուած «Է­ջեր եւ նիւ­թեր գրա­կա­նու­թեան» եր­կու հա­տոր­նե­րու մէջ:

Պէ­պօ Սի­մո­նեան պար­գե­ւատ­րուած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ՝ «Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նով, իսկ 2012-ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ ար­ժա­նա­ցած է «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» մե­տայ­լի:

Ե­րախ­տա­շատ գրո­ղը ե­ղած է նաեւ հայ­րե­նա­նուէր մտա­ւո­րա­կան մը։ Իր վաս­տա­կը ա­մուր եւ ան­խոր­տակ կա­մուրջ մը ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ան ապ­րած ու գոր­ծած է հա­մա­պա­տաս­խան խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու ե­ռան­դով։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015