ՍՓԻՒՌՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԴԱՇՆԱԿԻՑ
Արդէն մէկ տարիէ ի վեր՝ Հայաստանի մէջ կը գործէ Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկը, որ կը զբաղի ներքին ու արտաքին քաղաքական հարցերու վերլուծութիւններով, հանրութիւնը հետաքրքրող զանազան հարցերու շուրջ կը կազմակերպէ բանավէճեր, «կլոր սեղան» ձեւաչափի հանդիպումներ, ասուլիսներ, մամուլին մէջ կը հրատարակէ յօդուածներ: Հիմնարկին մէջ ներգրաւուած են փորձագէտներ, վերլուծաբաններ, որոնք Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական հարցերու, տնտեսական վիճակի մասին ժամանակ առ ժամանակ հանդէս կու գան հրապարակային վերլուծութիւններով: Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկը հիմնած է եւ կը ղեկավարէ անկախ վերլուծաբան, քաղաքագէտ Ստեփան Սաֆարեան, որու հետ ալ ԺԱՄԱՆԱԿ ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը՝ հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ: Ստեփան Սաֆարեան մինչ այս հիմնարկի աշխատանքներուն ձեռնարկելը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երեսփոխան էր։ Ան ունի քաղաքական նկատելի գործունէութիւն՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն ներս: Ազգային ժողովի մէջ ան նախ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան քարտուղարը, իսկ այնուհետեւ՝ ղեկավարն էր: Մեզի հետ զրոյցէն առաջ ան ըսաւ, որ կուսակցական գործունէութեամբ այլեւս չի զբաղիր, բայց քաղաքականութենէ չէ հեռացած, քանի որ քաղաքականութիւնը ճանապարհ մըն է երկրի զարգացման գործընթացներուն մասնակցելու համար, իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ղեկավարած «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն իր հեռացումը Ստեփան Սաֆարեան բացատրեց կուսակցութեան մէջ տիրող ներքին խնդիրներով:
Ստեփան Սաֆարեան աւելի քան յիսուն գիտական հրապարակախօսական յօդուածներու, վերլուծութիւններու, երեք մենագրութիւններու հեղինակ է եւ չորս ժողովածոներու համահեղինակ, պետական ծառայող է:
Մեր զրոյցի օրը Հայաստանի մէջ արդէն սկսած էին ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման առընչուող բողոքի գործողութիւնները, որուն ձեռնարկած էր հանրութիւնը: Ելեկտրականութեան ըս-պասուող յաւելումը հարց մըն է, զոր իր մորթին վրայ կը զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան ամէն մէկ քաղաքացի: Ինչպէս ըսաւ Ստեփան Սաֆարեան, Հայաստանի քաղաքացիները օրէ օր կ՚առընչուին կամայականութիւններու, պայքար կը մղեն իրենց առօրեայ կեանքին վրայ ուղղակիօրէն ազդող եւ ծանրացած ընկերային խնդիրներու դէմ եւ երկրի դիմագրաւած արտաքին ու ներքին քաղաքական հարցերուն մասնակից ըլլալու համար ժամանակ չեն ունենար: Մինչդեռ, մեր զրուցակիցը շատ կարեւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան ամէն մէկ քաղաքացիի անմիջական մասնակցութիւնը՝ քաղաքական հարցերուն, ներքին ու արտաքին վտանգներու դէմ պայքարին, որոնցով կը վճռուի երկրի անվտանգութիւնը:
-Պարոն Սաֆարեան, ի՞նչ խնդիր կը յուզէ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան պարզ քաղաքացին:
-Հայաստանի քաղաքացին այսօր կը յուզէ աշխատանք ունենալու խնդիրը, իր երկրին մէջ մնալու, չարտագաղթելու հարցը, երկրին մէջ օրինականութեան եւ արդարութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը, կը յուզէ արդարադատութեան առընչուող խնդիրները, հանրային ծառայութիւններու՝ մարդակեդրոն ըլլալու հարցերը: Մէկ խօսքով Հայաստանի մէջ բնակող մարդու օրակարգը ամբողջովին կ՚արտացոլէ այն մարտահրաւէրները, զորս ունի Հայաստանի պետութիւնը՝ կապուած տնտեսական աշխուժութեան, արտագաղթի, կապուած լաւ կառավարման եւ այլ խնդիրներու հետ: Այդ հարցերը այնքան ծանրացած են հայ մարդու առօրեային վրայ, որ ան ժամանակ չունի արտաքին քաղաքական հարցերու անդրադառնալու եւ մասնակից ըլլալու աւելի լայն նիւթերու քննարկման, որոնք պակաս կարեւոր չեն Հայաստանի համար: Հասարակութիւնը երբեմն նոյնիսկ չի պատկերացներ, թէ արտաքին քաղաքական խնդիրները ինչպէս կը սպասարկեն ներքին հարցերուն, ինչպէս իրարու համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն:
Այդ հարցերէն են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, Հայաստանի անդամակցութիւնը՝ Եւրոպական տնտեսական միութեան եւայլն: Շատ քիչ է գիտակցութիւնը, որ ներքին հարցերը կը բխին արտաքին չլուծուած խնդիրներէ։ Հայաստանցին այսօր իր մորթին վրայ կը զգայ Արեւմուտքի պատժամիջոցները, որոնք կը կիրառուին մեր երկրի դէմ՝ այդ անդամակցութենէն ետք: Մենք այսօր օրակարգի վրայ ունինք հայ-թրքական յարաբերութիւն, որու կարգաւորումը աւելի կարեւոր է մեզի, քան՝ Թուրքիոյ համար, քանի որ այդ մէկը մեզի համար կը նշանակէ նոր ճանապարհ դէպի աշխարհ: Մեծ աշխատանք կայ կատարուելիք թէ՛ հասարակութիւններու եւ թէ պետութիւններու մակարդակով: Եթէ երկու երկիրներու հասարակութիւնները տարբեր մակարդակներու վրայ երկխօսութեան քայլեր կ՚առնեն, ապա կառավարական երկխօսութեան համար բաւարար պայմաններ այս պահուն կրնամ ըսել, որ չկան:
Առիթը ունեցայ այս տարուան Փետրուարին Անգլիոյ մէջ ուսանած տասը շրջանաւարտներու խումբին հետ այցելելու Իսթանպուլ, եւ ունենալու զանազան հանդիպումներ: Այս մէկուն նախորդած էր նոյնատիպ խումբի մը այցելութիւնը՝ Հայաստան: Անշուշտ, մենք մեր առջեւ խնդիր չէինք դրած պատմական հարցեր քննարկելու, այլ նպատակ ունէինք զիրար ճանչնալու, գիտնալու իրարու մասին, հետագային զիրար դիտարկելու որպէս գործընկերներ: Մեր հանդիպումներու ընթացքին, զորս մենք ունեցանք Թուրքիոյ մէջ՝ մտաւորականներու, գիտնականներու, հասարակական գործիչներու հետ, այցելութիւններ կատարեցինք զանազան համալսարաններ, նկատելի էր, որ թրքական հասարակութեան բացուիլը այլեւս ոչինչ կրնայ արգելակել, իրավիճակը նոյնը չէ, ինչ որ էր տարիներ առաջ: Նոյն բացխօսութիւնը թերեւս կայ նաեւ հայաստանեան կողմէ, բայց անշուշտ այս հարցին մէջ կարեւոր է պետական քաղաքականութիւնը:
-Վերջերս կայ այնպիսի տպաւորութիւն մը, թէ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Հայաստանի վրայ, եւ այդ ամէնը ոգեւորիչ դաշտ մը ստեղծած է հայ հանրութեան մէջ՝ Հայաստանի ապագայի առումով: Արդեօք պատրա՞նք է ատիկա, թէ այնուամենայնիւ, լաւատեսական ակնկալիքներ կան այդ ուշադրութենէն:
-Աշխարհ չափազանց բուռն արձագանգեց Հայաստանի 2015-ի օրակարգի հարցերուն եւ միանշանակ ըսել, թէ այդ մէկը ամբողջութեամբ պայմանաւորուած էր մարդասիրական կամ բարոյական մօտեցումներով, սխալ կ՚ըլլայ, որովհետեւ այդ իւրաքանչիւրը ունի իր շահերն ու քաղաքական դրդապատճառները մեր հարցերուն անդրադառնալու: Ինչ կը վերաբերի օրինակ Հռոմի Պապի մատուցած պատարագին կամ հանրային դէմք նկատուող մարդոց այցելութիւններուն Հայաստան, ինչպէս՝ Քիմ Քարտաշեանը, անոնք բոլորն ալ աւելի բարձրացուցին Հայաստանի հանդէպ աշխարհի իրազեկուածութիւնը: Անոնք այնպիսի գործողութիւններ էին, որոնց բոլորը պարարտ հող ստեղծեցին հետագայի համար։ Բայց այդ ամէն ինչէն աւելին ակնկալել, սխալ կ՚ըլլայ, քանի որ Հայաստան ինք արդէն այդ պարարտ հողի վրայ պիտի կառուցէ իր տնտեսական զարգացումն ալ, ապագայ ծրագրերն ալ: Տնտեսական զարգացման համար այդ այցելութիւնները բաւարար չեն, ակնկալել, որ անմիջապէս զբօսաշրջիկներով կը լեցուի մեր երկիրը, միամտութիւն կ՚ըլլայ: Երկիրը այնքան գրաւիչ պիտի դառնայ, որ թէ՛ զբօսաշրջութիւնը զարգանայ եւ թէ օտարերկրեայ ներդրումները աւելնան, մինչդեռ այսօր այդ ներդրումները կը պակսին: Օրինականութեան չափը, պետական համակարգի փտածութիւնը տակաւին հեռու են գրաւիչ միջավայրի ստեղծման համար: Օտարերկրեայ ներդրողը պէտք է վստահ ըլլայ, որ իր կատարած ներդրումը Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ է, պաշտպանուած է՝ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առումներով եւ հետեւաբար՝ նպատակայարմար է: Այս կտրուածքով Հայաստան, ի հարկէ, ընելիքներ ունի։
-Ինչպէ՞ս կը գործածուի Սփիւռքի ներուժը՝ տնտեսական զարգացման համար:
-Քանի մը գործօններ ստիպած են Սփիւռքը քիչ մը ետ կանգնիլ այդ մասնակցութենէն, բայց ըսել, թէ Սփիւռքի ներուժը ի սպառ կը բացակայի, սխալ կ՚ըլլայ: Ես միշտ կատակով կ՚ըսեմ, որ պէտք չէ այս կամ այն երկիրը նկատել իբրեւ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը։ Իրականութեան մէջ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը իր Սփիւռքն է եւ սփիւռքահայերն են: Մենք թերեւս պէտք է շատ ամուր բռնենք այդ ձեռքը, Հայաստանը շատ աւելին պիտի ընէ իր Սփիւռքի համար, բայց ատիկա անշուշտ, հաշուապահութիւն չէ, որ հաշուենք, թէ ո՛վ աւելին կու տայ միւսին՝ Հայաստանը Սփիւռքի՞ն, թէ Սփիւռքը Հայաստանին: Ամէն մէկ կողմ առաւելագոյնը պիտի տայ եւ այս երկկողմանի երթեւեկութեան մէջ հաշիւներ պէտք չէ որ ըլլան, խռովածի կամ վրդովածի դերեր ոչ մէկը պէտք է ստանձնէ: Միակողմանի սէրը ձանրաձուցիչ է եւ ի վերջոյ կը յոգնեցնէ: Պէտք է կարողանալ հասկնալ մէկը միւսին: Մենք, ըլլալով շատ նման իրարու, միեւնոյն ատեն մենք նաեւ շատ տարբեր ենք մտածողութեամբ: Պէտք է կարողանանք չմերժել իրարու տարբերութիւնները: Այս մեր ունեցած բազմազանութիւնը, որ Սփիւռքն է, Հայաստանի ամենամեծ հարստութիւնը կրնայ դառնալ: Ունենալ այսպիսի Սփիւռք, որով կը հպարտանանք աշխարհի վրայ ու շատ մը երկիրներու մէջ ալ գովասանքի խօսքեր կը լսենք մեր Սփիւռքի մասին, բայց միեւնոյն ժամանակ ունենալ չկարգաւորուած յարաբերութիւններ, անթոյլատրելի ճոխութիւն մըն է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի համար:
Մեր իրական դաշնակիցները մեր գաղթօճախներն են: Բայց այդ մէկը պէտք է գիտակցի նաեւ Սփիւռքը եւ ինքն ալ ձեւեր պէտք է գտնէ՝ հայրենիքի փոփոխութիւներուն մասնակից ըլլալու համար: Ուղղակի յոյսը դնել, թէ խումբ մը մարդիկ կամ ամբողջ հասարակութիւնը երկիրը պէտք է փոխէ, այդպէս չ՚ըլլար:
-Իսկ ի՞նչ ներքին քաղաքական խմորումներ կ՚ընթանան, ինչպէ՞ս կը բնորոշէք ներհայաստանեան քաղաքական կեանքը:
-Հայաստանեան քաղաքական զարգացումներու մէջ հետաքրքրական օրինաչափութիւն մը նկատելի է. կան չարձանագրուած, անտեսանելի շրջանակներ, որոնք քաղաքական կեանքին մէջ երբեք չեն տեսնուիր: Չեմ գիտեր՝ ի՞նչն է պատճառը՝ Հայաստանի անվտանգութեան պահպանման հա՞րցը, թէ Հայաստան տակաւին ոչ-ժողովրդավարական երկիր մըն է, ուր կրնան աւելի կտրուկ քայլեր կատարուիլ։ Սակայն այն, ինչ որ կրնայ տեղի ունենալ այլ երկիրներու մէջ, հաստատապէս Հայաստանի մէջ տեղի չ՚ունենար: Հայաստանի մէջ յեղափոխութեան պէտք է սպասել ոչ թէ փողոցէն, այլ ներքին փոփոխութիւններէ։ Երբ որեւէ շատ լուսաւոր իրադարձութեան մը առթիւ հասարակութիւնը անսպասելի կը փոխուի, դուն ալ ինքզինքդ յանկարծ բոլորովին այլ իրականութեան մէջ կը յայտնաբերես: Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքականութեան, ապա ուժերու վերադասաւորման շրջան է՝ լուռ, հանդարտ, քիչ մը անորոշ իրավիճակ կայ, բայց կարծեմ 2017 թուականի ընտրութիւններուն ընդառաջ, կեանքը կ՚աշխուժանայ, միապաղաղ չ՚ըլլար: Այսօր ելեկտրականութեան սակագինի փոփոխման հարցով հասարակութիւնը ուղղակի կ՚եռայ, նոյնիսկ անակնկալներ կրնան ըլլալ, բայց, անշուշտ, քաղաքական շարժում չէ այդ մէկը:
-Դուք յաճախ կ՚անդրադառնաք Մերձաւոր Արեւելքի հարցերուն: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք հայկական գաղութներու ապագան՝ այդ սրուող հարցերուն համընթաց:
-Վերջին մանաւանդ տասը տարիներուն ես ուշի ուշով կը հետեւիմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Բազմիցս ելոյթներով եւ յօդուածներով ահազանգած եմ, որ այդ տարածքաշրջանին մէջ տեղի ունեցող միտումները բացարձակապէս մեր օգտին չեն: Բայց Հայաստան ո՛չ միայն կանխատեսումներու, այլեւ մեր հայրենակիցներու սատարելու, աջակցելու, տէր կանգնելու ծրագրեր պէտք էր ունենար, զոր չունէր: Նախանձելի է այս առումով Իսրայէլի օրինակը: Վերջերս յօդուած մը կը կարդայի, թէ ինչպէ՛ս իրենք կը պատրաստուին եւ ի՛նչ ծրագրեր ունին օրհասական իրավիճակներու մէջ իրենց քաղաքացիները տարհանելու առումով: Ես կ՚ուզէի, որ Հայաստանն ալ այդպէս ըլլար, ձեռքերը չթափահարէր, Իրաքի մէջ, Քեսապի մէջ կատարուածէն ետք չհայցէինք օտարներուն օգնութինը: Եւ եթէ նոյնիսկ չըլլային Մերձաւոր Արեւելքի այս ճգնաժամերը, մեր համայնքները այնտեղ արդէն կը պակսէին, արտագաղթը շատ տեսանելի էր: Եւ նորէն կը յանգինք նոյն խնդրին՝ Հայաստանը գրաւիչ երկիր չդարձաւ, որպէսզի այլ երկիրներու մէջ բնակող հայերը, իրենց երկիրներու ճգնաժամերու պահուն առաջին հերթին փափաքէին հոս փոխադրուիլ՝ Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա երթալէ առաջ: Այս առումով Հայաստանը բաւական թերացած է, ցաւօք անոնց մեծ մասը աւելի ազատ երկիրներ կը նախընտրէ: Թերեւս միայն այս փաստը բաւական է՝ հասկնալու համար, որ Հայաստանը այլ ճանապար չունի, քան՝ ազատ, զարգացող երկիր դառնալու ուղին բռնելն է:
-Կարծես յոռետեսական պատկեր մը եղաւ՝ տնտեսական զարգացման ծրագրեր չկան, երկիրը գրաւիչ միջավայր չէ, օրինականութեան պակասի հարցեր կան… Ամէն պարագայի, ինչպէ՞ս կը տեսնէք մօտ ապագան Հայաստանի համար:
-Ես չեմ ուզեր, որ սփիւռքահայը գայ եւ միամտօրէն դէմ յանդիման մնայ իրականութեան: Ամէն մարդ Հայաստան գալէ առաջ պէտք է գիտնայ ամէն թերացումները եւ սպասելիքները, որպէսզի հիասթափութիւններ չունենայ: Երկիրը ճանաչելի պիտի ըլլայ, սփիւռքահայն ալ պիտի գիտնայ, որ իր հայրենիքը կատարեալ չէ, եւ գալով, պիտի գիտակցի, որ իր գալը արդէն աղիւս մը դնել է շէնքին վրայ, զոր կ՚ուզենք շինել:
Իսկ թէ ինչպիսի ապագայ կ՚ունենանք՝ ամէն ինչ մեր ձեռքին մէջ է: Մեր ժողովուրդի գլուխէն բազմաթիւ արհաւիրքներ անցած են, ժողովուրդը ենթագիտակցական մեծ յիշողութիւն մը ունի, նաեւ՝ մեծ համբերութիւն, բայց նաեւ՝ ստեղծելու մեծ ներուժ։ Հետեւաբար ես Հայաստանի ապագային հանդէպ աւելի քան լաւատես եմ եւ կը կարեւորեմ դժուարութիւններու մասին խօսիլը։ Բայց նաեւ վստահ եմ, որ ի վերջոյ նախախնամութիւն մը կայ մեր ժողովուրդին հանդէպ: Այն, որ մենք վերստին պետականութիւն ունեցած ենք, փաստ է, որ այդ մէկը ինքնաբերաբար չէ տրուած մեզի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ