ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ «ԱՆԱՀԻՏ» ՀԱՆԴԷՍԻՆ

Հայաստանի գիտական շրջանակներէն ներս հայ մամուլին նուիրուած քանի մը գիտաժողովներ եղած են: Զանազան տարիներու Երեւանի մէջ գիտաժողովներ իրականացուած են՝ նուիրուած հայ առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, Մխիթարեան Միաբանութեան «Բազմավէպ»ին եւ աւանդական մամուլի այլ անուններու: Բայց առաջին անգամ ըլլալով հայ ակադեմական արուեստագիտութիւնը կ՚անդրադառնայ հայ պարբերական մամուլին՝ «Անահիտ» հանդէսի օրինակով։

Անցնող օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Արուեստի հարցերը Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ» հանդէսի մէջ» խորագրով միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպած էին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արուեստի կաճառը:

Կազմակերպիչները բացառիկ նկատած են «Անահիտ» գրական-գեղարուեստական հանդէսի դերը՝ հայ արուեստի պատմութեան մէջ եւ երկօրեայ գիտաժողովի ընթացքին լոյսին տակ առած՝ արուեստին վերաբերող այն նիւթերը, որոնք արծարծուած են Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ»ի էջերուն մէջ եւ որոնք այսօր ալ հետազօտութեան նիւթ են պատմաբաններու, արուեստաբաններու եւ այլ մասնագէտներու համար:

Անահիտ հանդէսը հրատարակուած է Փարիզի մէջ՝ 1898-1911 եւ 1929-1949 թուականներուն (ընդմիջումներով): Առաջին շրջանին իսկ՝ 1911-ին, հանդէսը իր շուրջ կը խմբէ արեւմտահայ ու արեւելահայ գրագէտ ու արուեստագէտ բազմաթիւ կարեւոր դէմքեր։ Արշակ Չօպանեան կը հրատարակէ գրական լուրջ վերլուծումներ հայ հին եւ նոր գրական դէմքերու մասին (Գրիգոր Նարեկացի, Քուչակ, Խաչատուր Աբովեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Կոմիտաս եւ այլն)։ Երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ»ը երկրորդ շրջան մը կ՚ունենայ 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։ Ամսագիրը լայնօրէն լուսաբանելով հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը, քաղաքական հարցեր, նոյնքան մեծ տեղ տուած է արուեստին:

Գիտաժողովի մասնակիցները ակադեմիոյ յարկին տակ համախմբուած էին՝ հանդէսի անցած ճանապարհի մասին կատարուած վերլուծութիւններով եւ ուսումնասիրութիւններով: Միջոցառման մասնակիցները ողջունելով՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան մասնաւորապէս ըսած է. «Այս միջոցառումը իւրօրինակ է՝ նկատի առնելով «Անահիտ» հանդէսի վիթխարի դերակատարութիւնը հայ մշակոյթի զարգացման ընթացքի լուսաբանման եւ հանրահռչակման գործին մէջ: Ասիկա միջգիտակարգային գիտաժողով է, քանի որ հանդէսը ունէր գրական, գեղարուեստական եւ հասարակական ուղղուածութիւն։ Հանդէսի կողմնորոշիչները մնայուն արժէքներն են՝ հայ մտաւոր մշակոյթը, ազգային խնդիրները եւ եկեղեցւոյ դերը մշակոյթի զարգացման եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Այս կողմնորոշիչները ապահոված են հանդէսի խոշոր ներդրումը մեր մտաւոր մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ նաեւ մեզի որոշ դասեր ձգած են: Երբ մենք տակաւին չունէինք պետականութիւն՝ Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Անահիտ» հանդէսը, իր առաջին շրջանին՝ 1898-1911 թուականներուն, կը կարեւորէր հայերէնը որպէս գիտական լեզու եւ կը նպաստէր անոր զարգացման, ինչ որ հարկ է անպայմանօրէն շարունակել նաեւ այժմ»:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արուեստի կաճառի տնօրէն, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Աննա Ասատրեան պարբերական մամուլի ուսումնասիրութիւնը կը նկատէ արուեստագիտութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը եւ այդ առումով յատկանշական կը բնորոշէ մամուլին նուիրուած գիտաժողովի մը իրականացումը։ «Ծանօթ է, թէ ի՛նչ մեծ նշանակութիւն եւ դեր ունի հայ պարբերական մամուլը արուեստագիտութեան, արուեստի քննադատութեան ձեւաւորման, կայացման եւ զարգացման գործին մէջ։

«19-րդ դարէն սկսած արեւմտահայ եւ արեւելահայ մամուլը բազմիցս անդրադարձած է արուեստի եւ գրականութեան հարցերուն, եւ շատ յաճախ այդ հրապարակումները հետազօտողներու համար կը ստանան սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն», ըսած է Արուեստի կաճառի տնօրէն Աննա Ասատրեան։

Ան իր խօսքին մէջ շեշտած է կարեւորութիւնը արուեստի քննադատութեան, որուն ժամանակին մեծ կարեւորութիւն տուած է Արշակ Չօպանեան իր հանդէսի էջերուն մէջ: «Ներկայիս մեր գիտնականները հեռացած են արուեստի քննադատութենէն, եւ ասիկա ցաւոտ հարց է։ Կը կարծեմ, որ այս գիտաժողովը խթան կը հանդիսանայ, որ մեր գիտնականները գիտական հետազօտութիւններուն զուգահեռ զբաղուին նաեւ երաժշտական, թատերական եւ գեղարուեստական քննադատութեամբ։ Այս առումով գիտաժողովը ունի նաեւ կիրառական նշանակութիւն», հաւաստիացուցած է Աննա Ասատրեան։

Ակադեմիոյ յարկին տակ տեղի ունեցած այս գիտաժողովի ժամանակ զեկուցումներով հանդէս եկան առաջատար գիտնականներ ու երիտասարդ հետազօտողներ Հայաստանէն եւ արտերկրէն՝ բացայայտելով «Անահիտ» հանդէսի ներդրումը հայ արուեստագիտութեան՝ երաժշտագիտութեան, արուեստաբանութեան, թատերագիտութեան եւ ճարտարապետագիտութեան, ինչպէս նաեւ՝ գրականագիտութեան ասպարէզներուն մէջ:

Նշենք, որ «Անահիտ» հանդէսը, այսօր ըլլալով հետազօտութեան հարուստ եւ բազմազան աղբիւր, օրին նոյնպէս ընթերցուած ամսագիր եղած է: Հանդէսին նուիրուած գիտաժողովը գումարուած է «Հայ գեղարուեստական եւ երաժշտական քննադատութիւնը 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարասկզբին (ձեւավորումն ու զարգացման միտումները)» գիտական ծրագրի շրջանակներէն ներս:

ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ

Գիտաժողովի մասնակիցները անդրադարձան այն ժամանակաշրջանին, որու ընթացքին՝ 125 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պոլսահայ գրող, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեան հիմնեց «Անահիտ»վը՝ հայ մամուլի պատմութեան մէջ իր նշանակալի տեղը գրաւող եւ արդէն պատմական դարձած հանդէսը:

Հանդէսի հրատարակութիւնը, ինչպէս յայտնի է՝ սկսած է 1898 թուականին եւ երկար ու համեմատաբար կարճատեւ ընդհատումներով շարունակուած է մինչեւ 1949 թուականը:

Վերջին թիւը կ՚ընդգրկէ 1949 թուականի առաջին կիսամեակը: Մինչեւ «Անահիտ»ի հրատարակութիւնը՝ 1890-ական թուականներուն սկիզբները, Արշակ Չօպանեան գրական-հրապարակախօսական կարճ, բայց հարուստ ու բեղմնաւոր գործունէութիւն ունեցաւ Պոլիս, եւ այդ գործունէութեան պսակը եղաւ 1895-ին անոր խմբագրած «Ծաղիկ» գրական-գեղարուեստական հանդէսը: Պարզ է, որ «Ծաղիկ»ը ձեւով մը կանխորոշած է ապագայ «Անահիտ»ին բնոյթն ու գրական բովանդակութիւնը: «Անահիտ» հանդէսը ծնունդն էր իր անմահ խմբագրին՝ Արշակ Չօպանեանին ունեցած բարձր ու եզակի նուիրումին առ արուեստը, գրականութիւնը:

Ամսագիրը առաջին օրէն հրատարակած է ուսումնասիրութիւններ հայ գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի վերաբերեալ, միջնադարեան տաղեր, բանահիւսական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ ընթերցողը ամսագիրին միջոցով ծանօթացած է համաշխարհային գրականութեան, քանի որ «Անահիտ»ը մեծ տեղ տուած է թարգմանութիւններուն:

Հանդէսին առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ լայն կերպով կը լուսաբանէր հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը, կը նպաստէր հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման։ Փարիզեան այս հայկական ամսագրին աշխատակցած են հայ գրականութեան եւ հրապարակախօսութեան դէմքեր՝ Աւետիք Իսահակեանը, Սիամանթոն, Դանիէլ Վարուժանը, Գրիգոր Զօհրապը, Շիրվանզատէն, Յովհաննէս Թումանեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Կոստան Զարեանը, Կոմիտասը, Թորոս Թորամանեանը, Զապէլ Եսայեանը, Վահան Թէքէեանը եւ շատ ուրիշներ: Այսպիսով հանդէսը գրական տաղանդի բացայայտման, կատարելագործման եւ զայն հանրութեան ներկայացնելու դպրոց էր, որ յաջողութեամբ կը վարէր խմբագիրը՝ մեծանուն Արշակ Չօպանեան:

Ուսումնասիրողները «Անահիտ»ի ամենամեծ ծառայութիւնը կը նկատեն Կոմիտասի «յայտնագործութիւնը»՝ հանդէսի էջերուն մէջ: 1901 թուականին «Անահիտ»ի մէջ տպագրուած «Կոմիտաս Վարդապետը» յօդուածը ըստ էութեան հայ մամուլին մէջ հրատարակուած առաջին լուրջ եւ խոր վերլուծականն էր՝ մեծ երաժիշտին մասին։ Չօպանեան այդ ժամանակ գնահատականներ տուած էր Կոմիտասին ու անոր արուեստին, եւ այդ գնահատականները դարձան դասական ու գործածուեցան Կոմիտասին նուիրուած բոլոր ուսումնասիրութիւններուն մէջ:

Մէկ այլ առանձնայատկութիւն էր սուր քննադատական լեզուն, որ կը գործածուէր ամսագիրին մէջ. Չօպանեան չէր վարաներ քննադատել թէ՛ ազգային մեծերը, թէ՛ քաղաքական հակառակորդները:

Հանդէսը, սակայն, բաւական գովերգուած եւ ընդունուած ըլլալով, ունեցած է նաեւ քննադատողներ. զոր օրինակ, Յակոբ Օշականը, որ իր «Անահիտ» յօդուածով կատարած է այդ մէկը: Ընդհանրապէս հանդէսին եւ անոր խմբագրին մասին նիւթերը եղած են դրական:

Շաւարշ Միսաքեանի մէկ խմբագրականը նուիրուած է խմբագիր Արշակ Չօպանեանին (գրուած Չօպանեանի մահուան առթիւ, 1954-ին): Չօպանեան մահացած է ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով՝ 1954-ին, Փարիզ: Շաւարշ Միսաքեան կ՚արժեւորէ «Անահիտ» հանդէսի հիմնադիր խմբագիրը, որպէս հայ մտաւորականութեան ամենաերեւելի դէմքերէն մէկը:

ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ ԱՐԽԻՒԻ ՀԱՄԱԼՐՈՒՄՆԵՐ

Ինչպէս յայտնի է՝ պոլսահայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանի (1872-1954թթ.) արխիւը իր մահէն ետք՝ 1956 թուականին տեղափոխուած է Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան: Այդ արխիւը ժամանակ առ ժամանակ համալրուած է: Վերջին տարիներուն նոյնպէս կարեւոր համալրումներ կատարուած են: Այսպէս. Փարիզի «Արշակ Չօպանեան» կեդրոնի տնօրէն Վարուժան Սրապեան «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին յանձնած է Չօպանեանի ձեռագիրը, որ ձեռք բերած է աճուրդէ եւ չօպանեանագէտ Էտմոն Խայաճեանի կողմէ ղրկուած ինքնագիր էջերը։

Մէկ այլ համալրում կատարած է իրաւաբան Նարեկ Վան Աշուղաթոյեան, որ թանգարանին նուիրած է Արշակ Չօպանեանի մէկ արժէքաւոր ձեռագիրը՝ գրուած 1921 թուականին՝ Պէյրութ։ Այդ ձեռագիր նամակի բովանդակութիւնը հետեւեալն է.

Յարգելի տիկին Կիւլպէնկեան,

Շնորհակալ եմ, որ Ձեր եղբօրը հատորէն օրինակ մը տուիք ինծի։ Մեծ ուրախութեամբ հոն գտայ նոր, ինքնատիպ, զմայլելի հայ բանաստեղծի մը յայտնութիւնը։ Ամբողջ հոգի, ամբողջ երգ, ամբողջ շնորհ է այդ հատորը։ Մեր քերթողական երկնքին մէջ ամենաքաղցր լոյսով աստղ մըն է որ կը ծագի։

Կը խնդրեմ, որ հաճիք, յայտնել Ձեր եղբօրը իմ սրտագին շնորհաւորութիւններս։

Ա․ Չօպանեան
Պէյրութ, 8 յունիս, 1921

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ

Վաստակաւոր մը, բառին բովանդակ իմաստով։

Տեսակ մը զինուորեալ, որ կը հաւատար իրեն սահմանուած դերին, պատանութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն։

Եւ կ՚ուզէր տակաւին գործել, հակառակ իր ուժասպառ վիճակին։

Յաճախ կը հանդիպինք փողոցը։ Նկուն եւ երերուն, գիսախռիւ դէմքով, ձեռքերը ետին։

Ո՞ւր կ՚երթար այսպէս մտացրիւ։

Ամէն ուր որ հայկական հանդէս մը, դասախօսութիւն մը կամ տօնակատարութիւն մը կար։

Երբեմն խմբագրատուն կը հանդիպէր, ստուգելու համար իր կատարելիք դասախօսութեան օրն ու ժամը։

Հասած էր այն տարիքին, ուր մարդկային բոլոր ուժերը տեղի կու տան հետզհետէ, բեղուն անցեալի մը ստուերին վերածելով ներկան։

Իր արդար իրաւունքն էր սենեակ մը Հանգստեան տան մէջ։

Ինք չփնտռեց այդ հանգիստը։ Եւ կը պատահէր որ տպարան ալ հանդիպի, հայերէն կամ ֆրանսերէն յօդուածի մը փորձը կարդալու համար։

Եւ ահաւասիկ դժբախտ, կսկծալի արկած մը, իբրեւ հետեւանք իր թարթափուն կացութեան։

Շատ աւելի տխուր է այս եղերական վախճանը, քան եթէ յանկարծամահ ըլլար, կքած՝ տարիքի եւ տառապանքի ծանրութեան տակ։

Պաշտամունք ունէր հայկական մշակոյթին հանդէպ, եւ դարձաւ մարմնացեալ տքնութիւն, ծառայելու համար անոր զարգացման։

Առաջին օրէն իսկ, դեռ դպրոցական, երբ կը խայտար «արշալոյսի ձայներ»ով եւ «թուղթի փառք»երով, իր գլխաւոր արժանիքն եղաւ անխոնջ պրպտումը։

Ոչ միայն կ՚արտագրէր, ներկայ կամ բացակայ դէմքերու կեանքն ու գործը կ՚ուսումնասիրէր քննական վերլուծումներով, այլեւ նիւթեր կը հաւաքէր օտար անդաստաններէ եւ հայրենի պահեստի գանձարանէն։

Իր անխոնջ պրպտումներուն կը պարտինք շարք մը թանկագին յայտնութիւններ՝ սկսելով Նահապետ Քուչակի Դիւանէն եւ ուրիշ գիւտերէ։

Ո՛ւր որ կը հանդիպէր, Վենետիկ, Վիեննա, Թիֆլիզ, Էջմիածին, Երուսաղէմ, Կիլիկիա, կը մաղէր մատենադարաններու, թանգարաններու դեղնած թուղթերն ու փոշիները, լոյս աշխարհ հանելով այլազան գոհարներ։

Իր միւս արժանիքը եղաւ օտարին ծանօթացնել հայկական մշակոյթին փառքերը։

Իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք, ոչ մէկը այնքան գուրգուրանքով փարած էր այս աշխատանքին՝ թարգմանել, վերլուծել, տարածել։

Միայն ֆրանսերէն «Վարդենիք Հայաստան»ին փառապսակ մը պիտի կազմէր ոեւէ մէկուն համար, իր հինգ հատորներով։

Դեռ չենք հաշուեր իր ցիրուցան ուսումնասիրութիւնները փարիզեան առաջնակարգ հանդէսներու մէջ, հայկական մատենագրութեան եւ ականաւոր դէմքերու մասին (Նարեկացի եւ այլն)։

Կարելի է վերապահումներ ունենալ իր գրական տեսութեանց մասին, մանաւանդ առաջին Մեծ Պատերազմէն ասդին։

Բայց, ապերախտութիւն պիտի ըլլար թերագնահատել իր փարթամ վաստակը, հակառակ չափազանց շեշտուած «Ես»ի մը։

Այլապէս շահեկան գլուխ մը կը կազմէ իր ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը։

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024