ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու ու քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (INALCO), Փարիզ, երդիքին տակ, յիշեալ բարձրագոյն կրթօճախի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Դաստիարակչական նորարարութիւններ՝ 21-րդ դարուն. արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» խորագրով խորհրդաժողովը, որ մաս կը կազմէր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայերը 2115-ին» շարքին։ Պէտք է նշել, որ երկօրեայ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պոլիսէն մանկավարժներ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր եւ Մխիթարեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան, Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ Գարակէօզեան վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, որոնք հանդէս եկան ելոյթներով։
21-րդ դարուն Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդելը կը նշանակէ թէ՛ տեսական, թէ գործնական զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել։ Հարցերը կը քննարկուին լեզուի իւրացման ու ուսուցման մասնագէտներուն կողմէ, սակայն այս մարզէն ներս գործող գլխաւոր դերակատարները (ուսուցիչ, տնօրէն) իրենց ամէնօրեայ պարտականութիւններով տարուած, առանձին կը մնան ու յաճախ չեն օգտուիր ի յայտ բերուած նորանոր մեթոտներէն։ Այս իրավիճակին պատճառներէն մէկն ալ յատկապէս հայերէնի իւրացման վերաբերող կիրառական հետազօտութիւններու պակասն է։ Այս գիտաժողովին նպատակն էր համախմբել մասնագէտները ու անոնց միջեւ երկխօսութիւն մը հրահրել, որպէսզի կարելի ըլլայ ի յայտ բերել արեւմտահայերէնի դասաւանդման համար այժ-մէական նախագիծի մը առաջնահերթութիւնները։
21-22 Սեպտեմբեր թուականներուն կայացած ժողովին բացման խօսքերը արտասանեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հոգաբարձու Մարթին Էսաեան եւ INALCO-ի նախագահ Մանիւէլ Ֆրանք։ Ապա «Ներածութիւն ու սահմանումներ» կոչուած առաջին բաժնի բանախօսութիւնը ընթերցեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքէն Անի Կարմիրեան։ «Tabula Rasa կամ վերամտածել հիմնադրոյթները» խորագրուած ծրագրային այս ելոյթը ուսուցողական ըլլալու առընթեր, յստակ գիծերով կը շրջանակէր այս ծիրը, որու սահմաններէն ներս թերեւս կարելի ըլլար մշակել հետագայի մանկավարժական սկզբունքները, ի մասնաւորի հայերէնի ուսուցման առումով։
Այուհետեւ INALCO-ի հայկական ծրագրի վարիչ ու Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Անահիտ Տօնապետեանի ատենապետութեամբ գումարուեցաւ «Լեզուաբանական կենսունակութիւնը հարցականի տակ․ տեսութիւն եւ կիրարկում» վերնագրուած առաջին նիստը, որու ընթացքին զեկուցեցին UCLA-էն Յակոբ Կիւլլիւճեան («Ժառանգական լեզու եւ լեզուական խորշաւորում արեւմտահայախօսներու մօտ»), INALCO-էն Անքը Պաթայնէ («Ինչո՞ւ հաղորդակցական մօտեցում մը՝ հայկական դպրոցներուն մէջ լեզուի ուսուցման համար») եւ դարձեալ UCLA-էն Շուշան Կարապետեան («Լեզուի բարոյական պարտականութիւնը»)։ «Հայկական դաստիարակութիւնը քննադատական մտածողութեան դիմաց» վերնագրուած երկրորդ նիստին, որու միակ զեկուցողն էր Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն Յակոբ Ա․ Եագուպեան, ատենապետեց նոյնպէս Հայկազեան համալսարանէն Շաղիկ Խիւտավերտեան։ Եագուպեանի զեկուցման նիւթն էր արժէքներու դաստիարակութիւնն ու քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ։ Իսկ երրորդ նիստը, որ կը կոչուէր «Արեւմտահայերէնի դասաւանդումը աշխարհի մէջ․ երկու աշխատասիրութիւններ», վարեց Շուշան Կարապետեան։ Այս նիստի ընթացքին զեկուցեցին Զալցպուրկի համալսարանէն Եասմին Տում-Թրակութ («Վանքի պատերուն ետին․ Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ բազմալեզու հայկական դպրոց մը») եւ INALCO-էն Փընար Քարաքըլչըք («Արեւմտահայերէնը իր երկրին մէջ․ հայերէնի դասաւանդումը Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ հաստատուած հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքներէն ներս)։ Առաջին օրուան նիտերը եզրափակուեցան կլոր սեղանով մը, որու ընթացքին Եասմին Տում-Թրակութի ատենապետութեամբ աշխարհի տարբեր անկիւններէն ուսուցիչներ փոխանցեցին իրենց փորձառութիւնը արեւմտահայերէնի դասաւանդման վերաբերեալ։ Նիստի մասնակիցներներն էին Արժանթինի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանէն Սօսի Հաճեան, Պուլկարիոյ Ս․ Ք․ Օհրիթսքի համալսարանէն Զարի Թանգարանեան, Ֆրանսայի Դպրոցասէր վարժարանէն Նորա Պարութճեան, Յունաստանի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն Արշալոյս Սափրիչեան եւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանէն Շաղիկ Խիւտավերտեան։
Գիտաժողովին երկրորդ օրուան աշխատանքները սկսան Պանք Սթրիթի կրթութեան գոլէճէն Կիլ Շմերլըրի «Դպրոցական համագործակցական մշակոյթներու ստեղծումը՝ լեզուագիտական եւ քաղաքական հորիզոնները ընդլայնելու միջո՞ց մը» բանախօսութեամբ։ Ապա սարքուեցաւ երկրորդ կլոր սեղանը, զոր վարեց Անի Կարմիրեան։ «Հայկական դպրոցը վերամտածել․ տարրական շրջանակ եւ ներգործական մանկավարժութիւն» խորագրով նիւթին շուրջ իրենց փորձառութիւնները փոխանցեցին Գարակէօզեան վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն Սեդա Պիպէռեան եւ Յակոբ Եագուպեան։ «Մանկավարժարական այլընտրանքներ» խորագրուած երրորդ կլոր սեղանին ատենապետեց Անահիտ Տօնապետեան։ «Մանկավարժական այլընտրանքներ» նիւթին շուրջ զրուցեցին Հայկական Համացանցային համալսարանէն Յասմիկ Խալափեան, «Նոր Յառաջ»ի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, Մոնրէալի Ս․ Յակոբ վարժարանէն Սոնիա Քիլեճեան, Էսաեան վարժարանէն Մարալ Էպէօղլու-Սաթար եւ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն Սօսէ Մնաքեան։ Չորրորդ կլոր սեղանին նիւթն էր «Մանկավարժական մօտեցումներ եւ դաստիարակչական մարտահրաւէրներ՝ հասարակաց փորձառութիւններ»։ Նիւթին շուրջ գաղափարներ արտայայտեցին «Մկնիկ» աշխատանոցէն եւ Դպրոցասէր վարժարանէն, բանաստեղծ Անահիտ Սարգիսեան, որու ունեցած տպաւորիչ, իւրայատուկ ելոյթը անմոռանալի պիտի մնայ վստահաբար բոլոր ներկաներու յիշողութեան մէջ, «Մկնիկ»ի նախկին սաներէն Կորիւն Խաչատուրեան, «Մկնիկ»էն եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամէն Սեւանայ Չաքըրեան, Ֆրանսայի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանէն Մելինէ Ղազարեան եւ Գանատայի Ս․ Սահակ-Ս․ Մեսրոպ վարժարանէն Արփի Փանոսեան-Մըթարթ։ Վերջին, հինգերորդ կլոր սեղանը նիւթ ունէր հայերէնի ուսուցումը չափահասներուն։ Զրուցավարն էր Յակոբ Կիւլլիւճեան, զեկուցումներ ներկայացուցին Մխիթարեան վարժարանէն Սեւան Տէյիրմենճեան, INALCO-էն Մելանի Քըլըճեան, Աթէնքէն յայտնի մտաւորական ու դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեան, Անգլիայէն՝ հայագիտական ուսմանց ծրագիրի վարիչ Գրիգոր Մոսկոֆեան։
Երկօրեայ խորհրդաժողովի փակման նիստը վարեցին Անի Կարմիրեան ու Անահիտ Տօնապետեան։ Մասնակիցներն էին Լիոն-2 համալսարանէն Քոլէթ Կրինվալթ, Սթրազպուրկի համալսարանէն Քրիստին Հելօ, Կիլ Շմերլըր, Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանէն Ռիմա Պահուս եւ INALCO-էն Ժիլ Ֆոռլօ։ Եզրափակիչ նկատողութիւնները կատարեց Ռազմիկ Փանոսեան՝ փակելով երկօրեայ ժողովը։
Ընդհանուր աշխատանքներուն կից տեղի ունեցան նաեւ այլ ձեռնարկներ եւս։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Ֆրանսայի պատուիրակութեան Փարիզի կեդրոնին մէջ կայացած հրապարակային դասախօսութեան ժամանակ Անահիտ Տօնապետեան ներկայացուց «Արեւմտահայերէնը Ֆրանսայի մէջ․ հանրային հարցախոյզի մը արդիւնքները․ ընկերութեան վերաբերեալ մարտահէրաւէրներ եւ գիտական մարտահրաւէրներ» խորագրով իր ուսումնասիրութիւնը, որմէ ետք Ռազմիկ Փանոսեանի գլխաւորութեամբ Սիլվա Գույումճեան, Յակոբ Եագուպեան, Անի Կարմիրեան եւ Յակոբ Կիւլլիւճեան քննարկեցին տարբեր գաղութներէ ներս տիրող իրավիճակը։
Փափաքողներ երկու օր տեւողութեամբ, իրիկնային ժամերուն, մասնակցեցան արուեստի ու մշակոյթի միջոցով լեզուի դասաւանդման ու իւրացման աշխատանոցի մը, զոր վարեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կրթական բաժնի մշակութային եւ գիտական ծրագիրէն երկու մասնագէտներ՝ Սոֆիա Քապրիթա եւ Մարիա Ժիլ։
Հիւրընկալները տարբեր գաղութներէ ժամանած ժողովականներուն համար պատրաստած էին նաեւ շրջապտոյտ մը, որու ընթացքին անոնք առիթն ունեցան անուանի պատմաբան Քլոտ Մութաֆեանի առաջնորդութեամբ ծանօթանալու Փարիզի հայկական հետքերուն՝ այցելելով Կիլիկիոյ Լեւոն Ե. թագաւորի շիրիմը՝ Ս․ Տէօնիի տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ տեսնելու Կոմիտասի արձանը, Հայ ուսանողաց տունը, Փանթէոնի հրապարակին վրայ գտնուող Սենթ Ժնեւիեւի գրադարանը, որու ճակտին փորագրեալ մտաւորականներու կարգին է նաեւ Գրիգոր Մագիստրոսի անունը։
Հիւրերը մասնակցեցան նաեւ «Քոլեքթիֆ մեծ պազար» խումբի խանդավառող համերգին, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի հայկական ջերմ անկիւններէն մին հանդիսացող «Անաքօ» տափանաւուն վրայ։