ԵՂԻԱԶԱՐ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (1841- 1891)
Այսօրուան մեր գրութեամբ կու գանք իր աւարտին հասցնելու Եղիազար Մուրատեանի մասին կատարած մեր ուսումնասիրութիւնը, ուր ներկայացուցինք անոր կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք անոր գրիչին արգասիքը: Այսօր եւս մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք անոր հեղինակած գործերէն հատուածներ:
Եղիազար Մուրատեանի աշխատասիրութիւններուն մէջ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ անոր՝ «Քննական պատմութիւն Արշակ երկրորդի եւ անոր Պապ որդւոյ» երկասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է Աղեքսանդրիոյ մէջ, 1900 թուականին:
Այստեղ կը զետեղենք այս երկասիրութեան յառաջաբանը ամբողջութեամբ:
Մուրատեան կը գրէ.
* Պատմական անձինք ընդհանուր մարդկութեան սեփականութիւնն են, պատմական ճշմարտութիւնք ժողովրդաց իրաւունքն են: Հետեւաբար այս կամ այն պատմագրի, այս կամ այն ժողովուրդի մենաշնորհն չէ պատմութենէ հետեւութիւններ հանել ըստ հաճոյս, դատել, դատապարտել, պսակել կամ սուլել պատմական մեծ անձնաւորութիւններ՝ առանց վերաքննութեան՝ եւ բացարձակ վճռով: Քննադատութիւնը կու գայ վաղ կամ անագան՝ եւ Նեմեսիսի կշիռն ի ձեռին՝ կու տայ իւրաքանչիւրին ըստ արժանեաց:
Մեր ազգին պատմութիւնն երկար ատեն ի մթան թողուց շատ կարեւոր կէտեր՝ որ շահաւոր էին ընդհանուր քաղաքակրթութեան տեսակէտով: Մեր պատմութեան աղբիւրը բացող մեծ ծերունւոյն հեղինակութիւնը նուիրական ըրած էր անոր աշխատասիրութիւնն շատ եւրոպացի գիտնոց իսկ՝ որք անոր պատմութիւնն եւ ժամանակագրութիւնը նախապատիւ կը համարէին երբեմն պատմութեան հօր Հերոդոտի անմահ երկէն:
Սակայն վերջապէս գիտութիւնը՝ որ թէպէտ շատ նկատմամբ տակաւին մանուկ՝ այլ զարգացման անակնունելի քայլեր կ՚առնու՝ սկսաւ մարդկային կենաց պատմութիւնը ոչ միայն գրքերու՝ այլ երկրի խաւերուն մէջ իսկ թղթատել՝ ուր մարդկային կոյր կրից ազդեցութիւնը չի զօրեր:
Այսպէս ուրեմն հնախուզական գիտութիւնք օժանդակելով բանադատութեան՝ ի վեր հանեցին մասնաւորապէս Արեւելեան գրեթէ նոր պատմութիւն մը՝ ուր մեծն Շամիրամ եւ գոռ Նինոս՝ Արեւելեան վաղեմի տեարք՝ ոչ թագ ունին, ոչ գաւազան, ուր Սարդանաբաղներ եւ Զոպիւրոսներ երեւակայութեան մէջ եւեթ գոյութիւն ունեցած են, ուր Աժդահակներ եւ Տիգրան առաջիններ երազ կը թուին, ուր Մարաբաս ի զուր կ՚որոնէ հարիւրաւոր տարի առաջ հիմնայատակ Նինուէի գրատունը, եւ ուրիշ այսպիսի մտացածին վէպեր, Արեւելեան դից եւ դիցանոյշներու առասպելներ՝ որք երբեմն իրական պատմութեան տեղ անցած էին:
Ուրեմն գիտութեան անողոք հարուածին ներքեւ ինկաւ եւ մեր ազգին մեծ պատմագրին հսկայ շէնքը: Այսօր յայտնի եղած է՝ որ Խորենացւոյն պատմութիւնը մեծ մասամբ պատմական վէպերու (Romans Historiques) շարք մ՚է. օտարազգի հմուտ բանադատք՝ ընդ որս եւ մեր ազգային նշանաւոր գիտուններ՝ Մ. Էմին, Ա. Գարագաշ, Ք. Պատկանեան հաստատած են զայս:
Սակայն պէտք չէ կարծել, թէ Խորենացւոյ պատմութեան անկմամբը մեր ազգին վաղեմի փառքը նսեմացաւ, ոչ երբեք, երեւակայականին տեղ իրական փառք ստացանք. եւ ինչ որ անմահ ծերունին կ՚ըսէր իբր բովանդակութիւն մեր հին պատմութեան՝ այսօր օտարազգի գիտունք կը վկայեն անոր ճշմարտութիւնը. «Զի թէպէտ եւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ՝ եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոց յիշատակի»:
Մեր ազգին պատմութիւնն անսպառ հանք մ՚է որ մեծ երակներ արձակած է ամէն կողմ. ասոնց հետեւելով կրնան ի վեր հանուիլ Արեւելից պատմութեան շատ մթին գաղտնիքներ. զի մեր ազգը կարծուածէն աւելի գործօն դեր ունեցած է Արեւլեան մեծ դէպքերու մէջ: Ասիական աշխարհակալ ազգաց հետ շփուած, եւրոպական երկու մեծագոյն հին պետութեանց Հռովմայեցւոց եւ Յունաց երբեմն ոխերիմ երբեմն դաշնակից՝ միջին դարու կարեւորագոյն դէպքերէն՝ խաչակրաց աղիտաբեր արշաւանաց մասնակցած՝ մեր երկիրն եղած է միշտ մարդկային մեծ գաղթականութեանց ժամանակէն սկսեալ՝ ժամադրութեան տեղի նշանաւոր անցից:
Ուստի իրաւամբ է որ եւրոպացի արդի գիտունք խիստ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն մեր պատմութեան ուսման:
Բարեկամներէս նշանաւոր ազգային բժիշկ մեծ. Մ. Խ. էֆէնտի կ՚ըսէր ինձ օր մը, թէ իւր ծանօթներէն գերմանացի գիտնական մը հայերէն ուսած էր՝ մասնաւորապէս հայ պատմագիրներն ուսումնասիրելու նպատակաւ. զի «կը կարծէր թէ Արեւելքի պատմութիւնն՝ առանց հայ պատմագրաց օժանդակութեան անհնարին է լուսաբանել որպէս արժան է»:
Մեր անմահ Շահնազարեան անմոռանալի ծառայութիւններ մատոյց պատմական գիտութեան եւ ազգին՝ հրատարակելով մեկնաբանութեամք մեր պատմագրաց անգին երկասիրութիւններ՝ որ Էջմիածնի գրատան մէջ մուկերուն, ցեցերուն եւ փոշոյ կեր պիտի ըլլային անվրէպ:
Արդ՝ փափաքելով դոյզն ծառայութիւն մը մատուցանել գիտութեան՝ մանաւանդ հայրենասիրական քաղցր պարտականութիւն մը կատարելու համոզմամբ՝ գրեցի Արշակ Բ.-ի եւ անոր Պապ որդւոյն ճշգրիտ պատմութիւնը՝ անոր շուրջ պատած առասպելախառն զրոյցներ, չարախօսութիւնք, վատահամբաւիչ կարկատուն վէպերն դուրս թօթափելով, եւ այսպէս ի վեր հանելով՝ հազար հինգ հարիւր տարուան անարգեալ յիշատակէ մը՝ երկու մեծ անձեր՝ որոց վրայ ազգը ստուգիւ պարծելու տեղի ունի: Քառասուն դարուց կենաց շրջանի մը մէջ՝ զոր բոլորած է մեր ազգը՝ դուն ուրեք կը պատահինք այս երկու արքայից նման պատմական մեծ անձնաւորութիւններու որոց կեանք եւ արարքը բոլորովին խեղաթիւրուած են՝ ի վնաս գիտութեան եւ ի նախատինս մեր ազգին հայրենասիրութեան: Եւ մինչդեռ ժամանակակից օտարք գովեստով եւ ակնածութեամբ խօսած են այս երկու անուանի արքայից վրայ՝ հայը անօրինակ ապերախտութեամբ նզովիւք եւեթ յիշատակած է անոնց անունը:
Ժամ է արդ քաւելու այս ոճիրը (էջ Է-ԺԱ):
Այս աշխատասիրութեան վերջաւորութեան հետեւեալը կը կարդանք.
* Արշակ Բ.-ի եւ անոր Պապ որդւոյն պատմութիւնը մեր ազգային հին կենաց բովանդակութիւնն է. արքայական իշխանութիւնը, եկեղեցին, նախարարական կազմակերպութիւնը, զինուոր եւ ժողովուրդ իրենց բոլոր երեւոյթներով հոն կը տեսնուին՝ իբրեւ մանրանկարի մը մէջ, այնպէս որ՝ այս երկու իշխանաց պատմութեան ուսումնասիրութիւնը լիովին ի վեր կը հանէ մեր ազգին անկման պատճառները:
Արքայ, նախարար, կաթողիկոս՝ ազգին այս երեք շարժիչ զօրութիւնները շատ անգամ իրարու հետ անմիաբան (incohérent) եւ հակառակամարտ տարրեր կը տեսնենք. չկայ ժողորդական բարձրագոյն նկատում եւ սէր հայրենեաց ի մեզ ինչպէս ունէին յոյնք եւ հռովմայեցիք: Մեր զինուորներ թէպէտ առիւծի պէս քաջ են՝ սակայն կարգապահութիւն, հլութիւն եւ յարատեւութեան ոգի չունին՝ որով շատ անգամ իրենց յաղթութիւնն ապարդիւն՝ եւ պարտութիւնն անդարմանելի կ՚ըլլայ: Ահա մեր ժողովրդեան եւ զինուորի վերոյիշեալ աղիտաբեր թերութեանց զոհ գացին Արշակայ եւ Պապի նման մեծ իշխաններ:
Ժամանակը որ ամէն բան կը հինցնէ կը կործանէ՝ շատ ստութիւններ ալ կը ջնջէ, նորանոր ճշմարտութիւններ երեւան կը հանէ. ստութիւնը մահկանացու է. միայն ճշմարտութիւնն է անմահ:
Այս երկու թագաւորներ ճշմարտութեան եւ հայրենեաց զոհ գացած են. հարկ էր որ իրենց յիշատակը ճշմարտութեամբ բարձրանար, հազար հինգ հարիւր տարուան անիրաւ անկմանէ վերջ:
Եւ ամէն անգամ որ անիրաւութիւն ըլլայ այս մեծ մարդոց դէմ՝ մին արիւաթաթաւ դանակն՝ միւսն՝ մահաբոյր սուրն յերկին ամբարձած պիտի գոչեն. վա՜յ ապերախտին (էջ 182-183):
Մարկոս Աղաբէկեան Մուրատեանի այս աշխատասիրութեան մասին այսպէս գրած է «Արեւելք»ի մէջ, 30 յունիս 1889-ին:
* Այդ ամէնը մեծ ուշադրութեամբ կարդացի, իր հայեացքէն տարբեր եղած կէտերն ամենէն առաջ ցոյց տուի: Իսկ ամբողջութեանը մէջ, հեղինակը ցոյց է տալիս, ճշմարիտն ըսելով, բաւական բարձր աստիճանի խորատեսութիւն պատմական ուսման մէջ եւ յաջող գրիչ՝ պատմական ուսման վարդապետ լինելու: Հեղինակին այդ ձեռնարկութիւնը պատիւ կը բերէ իրեն եւ այն ազգին, որուն կը պատկանի պատմութիւնը, եւ ինձ համար, ճշմարիտն կ՚ըսեմ, մեծ հրճուանք է տեսնել մեր գրական մարդկանց դասը, որ իրենց ազգի եւ աշխարհի պատմական գրականական եւ եկեղեցական ուսմանց եւ գիտութեանց հետ կը պարապին եւ այդպիսի օգտակար եւ լուսատու գրական գործեր կ՚ընծայեն ազգին, ինչպէս որ Արշակ Բ.-ի եւ անոր Պապ որդւոյն քննական պատմութեան հեղինակն էր եղած, որ ամէն կերպով քաջալերութեան եւ վարձատրութեան արժանի է: Յարգոյ հեղինակը մի քանի գործ միանգամայն կատարած է իր այդ ձեռնարկութեամբ. նախ՝ Հայոց պատմութեան ուսումնասիրութիւնը արծարծուելուն գրգիռ կ՚ըլլայ եւ կ՚ըլլայ մեր ազգայնոց մէջ. երկրորդ՝ արդեան գրականութեան պատմական մասին մեծ ծառայութիւն մատուցանած է եւ կը մատուցանէ, մեր նախնեաց հիանալի պատմութեան գրականութիւնը պրպտելով: Երրորդ, եւ որ նոր յարգոյ հեղինակին նպատակն է եւ որ նոր գլխաւոր բանն էր, երկու պարթեւ թագաւորներ, Արշակ Բ. եւ Պապ, որոնք ինձ կ՚երեւայ որ կուսակցութեան հոգւով մոլուած մի քանի պատմագրերու զրոյցներով սեւ սեւ ամպերով ծածկուած են Սանդարամետի դեւերու նման, նա՛ այդ երկու թագաւորները դուրս հանելու ջանք ըրած է այդ ամպերու մէջէն լոյս աշխարհ եւ մեզ ցոյց տուած է զանոնք, իբրեւ օրինաւոր եւ շնորհքով թագաւորներ, որոնցմէ առաջինն հայրասպան կը կարծուի եւ երկրորդը սրբասպան» (էջ 185-186):
***
«Պարսկական նամականի» (Դ., առ ժողովուրդն - տպուած Կոստանդնուպոլիս, 1880), ուր կը խօսի սահմանադրութեան մասին, քննարկելով սահմանդրութեան անօգտակարութիւնը, ի շարս այլ փաստարկներու, հետեւեալը եւս կը գրէ.
* Սահմանադրութիւն խմբագրելն դիւրին է. այսօր մեր վարժարաններէն ելլող տղաք մինչեւ իրիկուն մէյմէկ սահմանադրութիւն կրնան խմբագրել: Խնդիրը զայն գործադրելի ընելն է: Օրէնքը այն ժամանակ պիտանի կ՚ըլլայ՝ երբ բարուց մէջ կ՚անցնի, կամ բարքն այն ժամանակ կ՚ընդունին օրէնք՝ երբ յայն պատրաստուած են: Արդ մեր մեծահանճար մարդիկ ի՞նչ ըրին: Կտոր մը թուղթ սեւցուցին եւ ազգին երեսին նետեցին. «Գնա՛, առ զայս եւ խաղա, ասով՝ մինչեւ որ քենէ յետնեալ ժողովուրդներն գան, անցնին եւ ապա դու նոցա ետեւէն վազէ հեւալով»: Եւ յիրաւի այսպէս եղաւ: Այս մարդիկ զագն չպատրաստեցին մինչ առիթ կար. օձին գլուխն նորա քնացած ժամանակը պէտք էր ջախջախել՝ այժմ շատ ուշ է: Եւ ինչո՞ւ այսպէս չըրին, չուզեցի՞ն՝ թէ չգիտցան, ես չեմ կարող ասոնցմէ մին կամ միւսն վճռել, սակայն հաստատապէս կրնամ ըսել, թէ արդի ընկերութիւններն հիմնող երիտասարդներուն գործնական հանճարն չունէին այդ մարդիկ: Եզները սայլին ետեւէն լծեցին, ինչպէս կ՚ըսէ Գաղիական առածը:
Այո՛, չջանացին ժողովուրդին բարք տալ, եւ այս ողորմելի ազգն շուարած, խելացնոր ամէն նոր եկողին կը պշնու՝ ձեռուըները կապած կը սպասէ օր մը պէյի մը, միւս օր էֆէնտիի մը, երբեմն եպիսկոպոսի մը եւ այլն:
Այսօր ազգ մեծ մարդ մ՚ունի պատրիարք, Ամենապատիւ Ներսէս Վարժապետեան. ստուգիւ մեծ իբր գրագէտ, մեծ եւ իբր հայրենասէր եւ մարդասէր՝ եւ սակայն թող լինի այն մեծ իբր Ուաշինկթըն՝ զոր աստուածային Պայրըն՝ մարդոց ամենալաւն, առաջինն, վերջինն, միակն կոչած է՝ թող մեր այս պատրիարքն լինի մեծ սորա չափ՝ եւ սակայն դարձեալ մեծ գործ չէ կարող տեսնել՝ երբ ժողովուրդն չէ պատրաստուած: Մեծ մարդ մը երբեմն ամբողջ ազգ մը կը փրկէ՝ սակայն այնպիսի ազգ՝ որ զայդ չի սպասեր մէկ անձէ՝ այլ ինքն իւր կարողութեան վրայ կը յենու, այո՛, այն ժամանակ նմա չեն պակասիր մեծ մարդիկ: Ազգաց պատմութիւնն սորա անթիւ օրինակներն կը ցուցնէ մեզ:
Այսօր ամէն ոք ազգին մէջ այս մեծ անձին՝ պատրիարքին է յառած՝ եթէ յաջողի պիտի պաշտեն զինքն, իսկ եթէ ոչ՝ պիտի քարկոծեն. եւ ի՞նչ իրաւամբ: Ո՞ւր էր խելքերնիս մինչեւ ցարդ, ինչո՞ւ քնացանք եւ բժժալից աչերնիս հիմա բացեր ու խտղտեցուցիչ լուսին չեմք կարող նայիլ (էջ 12-13):
***
«Նոր ճաշակ դպրութեան կամ համառօտ ճարտասանութիւն» աշխատասիրութեան մէջ, որ տպուած է Երուսաղէմի մէջ, 1868-ին, Մուրատեան հարցնելով, թէ ի՞նչ է ճարտասանութիւնը, այսպէս կը պատասխանէ.
* 1.- Ճարտասանութիւն կ՚ըսուի այն գրուածը որ բնութեամբ ճարտարախօսին միտքը կ՚ուղղէ եւ համոզելու կանոններ կու տայ:
2.- Բնութեամբ ճարտարախօս ըսի. քանզի ճարտասանութիւնը արհեստ չէ, այլ բնատուր ձիրք: Եթէ անիկա արհեստ մը ըլլար, հարկ էր որ ուզողը ճարտարախօս ըլլար: Արդ՝ քանի որ այսպէս չէ, ուրեմն կրնանք ըսել, որ ճարտասանութիւնը կ՚օգնէ ճարտարախօսին եւ անոր գործնական կրթութիւն մը կու տայ:
3. Բայց իր աւանդած դասերը կրնան միօրինակ օգտակար ըլլալ անոնց ալ՝ որոնք վայելուչ եւ ազդու բան մը գրել կ՚ուզեն (էջ 9):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 4 եւ վերջ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024