ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 14.1-8:
Եսայիի մարգարէութենէն 33.22-34.1:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 1.18-24:

Մատթէոսի Աւետարանի վերոնշեալ հատուածին մէջ կը կարդանք.

«Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, Արեւելքէն Արեւմուտք։ Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ։

Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին։ Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն՝ Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով։ Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։

Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ։ Երբ տեսնէք, որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ՚արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք, թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ։ Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք պիտի պատահին։ Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան։

Սակայն ո՛չ ոք գիտէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը»։

Աւետարանական այս հատուածը կը խօսի նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մասին, որ մարդիկ պիտի դիմագրաւեն՝ յատկապէս վերջին ժամանակներուն: Նկատի ունենալով որ այս նիւթը՝ վերջին ժամանակները մարդոց հետաքրքրութեան կեդրոնն են միշտ, այսօրուան մեր այս սիւնակով մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի այս հատուածին մասին կատարած մեկնութիւնը, որպէսզի աւելի յստակ ու հասկնալի դառնայ մեզի, թէ ի՛նչ կը նշանակեն այդ բոլոր նշանները:

Լուսահոգի Սրբազանը այսպէս կը մեկնէ.

*«Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, Արեւելքէն Արեւմուտք: Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ», կ՚ըսէ:

Չ'ըսեր՝ «պիտի երեւի» կամ «ներկայութիւն պիտի ըլլայ», այլ «պիտի գայ կայծակի նման», եւ ամէն մարդ պիտի տեսնէ զայն, որովհետեւ ամբողջ երկնակամարը՝ Արեւելքէն Արեւմուտք պիտի լուսաւորէ: Հետեւաբար, Մարդու Որդիին գալուստը յանկարծական պիտի ըլլայ, սակայն երբ գայ՝ ամէն կողմէ պիտի տեսնուի: Ուստի, սխալ է փորձը բոլոր անոնց, որոնք Մարդու Որդիին գալստեան տարի, ամիս եւ օր կը ճշդեն:

Վերջին նախադասութեան անգղներուն օրինակով ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Յիսուս:

Նախ՝ անգղներուն դիակի վրայ հաւաքուիլը յանկարծ կ՚ըլլայ, ուստի՝ այս փոխաբերութեամբ Մարդու Որդիին գալստեան յանկարծականութիւնը կը նշէ Յիսուս: Երկրորդ, որովհետեւ անոնք երկինքին մէջ ամէն կողմէ կը տեսնուին, ապա՝ Մարդու Որդիին գալստեան ամէն կողմէ տեսանելի ըլլալը կը կանխայայտնէ: Երրորդ, կ՚ակնարկէ Եզեկիէլի մարգարէութեան 39.17-ին («Տէր Եահուան այսպէս կ՚ըսէ. Ամէն տեսակ թեւաւոր թռչունի ու դաշտի բոլոր գազաններուն ըսէ՛. “Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք. ձեզի համար կատարած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ կատարուելու մեծ զոհին: Ամէն կողմէ մօտեցէ՛ք, որպէսզի միս ուտէք ու արիւն խմէք”»), որուն շրջագիծը կը խօսի Չարին խորհրդանիշ Գոգին եւ անոր հետեւորդներու պարտութեան, Աստուծոյ սարքելիք զոհագործական տօնախմբութեան եւ Անոր ժողովուրդին վերահաստատութեան մասին:

Այս նախադասութեամբ՝ Յիսուս Մարդու Որդիին գալուստը կը կապէ այն ժամանակին, երբ Չարը վերջնականապէս պիտի պարտուի:

***

Մարդու Որդիի գալստեան վերաբերող յայտնութենական ճառին երկրորդ բաժինի առաջին մասն է ասիկա:

Տեսանք, որ Յիսուսի յայտնութենական խօսքերը միաժամանակ ակնարկութիւն էին թէ՛ անցեալ իրողութիւններու, թէ՛ մօտիկ ապագային պատահելիքներու եւ թէ աշխարհի վախճանին տեղի ունենալիք աղէտներուն:

Նման անցեալի մարգարէներուն, Յիսուս աշխարհի վախճանին տեղի ունենալիք աղէտներուն մէկ պատկերն է, որ կու տայ 29-րդ համարով: Մինչեւ 28-րդ համարը՝ Մարդու Որդիին գալուստը կանխող մի քանի նշաններ թուած էր արդէն. այն նշաններն էին՝ պատերազմներ, սով, համաճարակ եւ երկրաշարժներ, եկեղեցիէն ներս՝ խռովութիւնները, խաբեբայ քրիստոսներու եւ սուտ մարգարէներու երեւնալը: Այս բոլորը երկրի վրայ ըլլալիք նշաններ էին: Եւ ահա յայտնութենական այս մասով՝ Յիսուս կու գայ երկնային աղէտներու կանխասացութիւնը կատարելու:

Հարցումը որ մենք կը դնենք այստեղ սա է:

Երկնային աղէտներու կանխասացութիւնը նիւթակա՞ն նշանակութեամբ պէտք է հասկնալ, թէ որպէս այլաբանութիւն: Յիսուսի խօսքը այլաբանութիւն չէ: Իրապէս երկնային աղէտներ պիտի պատահին:

Հետեւելով Յայտնութեան գիրքին, որուն մէջ սուածները եւս Յիսուսի խօսքերն են, աշխարհի վախճանին ահաւոր ու ծանր աղէտներ պիտի ըլլան, այնքան ահաւոր ու ծանր, որ աշխարհը անճանաչելիօրէն պիտի այլափոխուի: Ո՛չ թէ պիտի բնաջնջուի, այլ պիտի պահէ իր գոյութիւնը, բայց պիտի վերանորոգուի կամ պիտի վերագտնէ այն նախկին անապական վիճակը, որ Արարիչին ստեղծածն էր:

«Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքին մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով»: Այս համարը բաւական լայն միտքերու կծիկ մը ունի: Սակայն մենք պիտի չմտնենք այն միտքերուն մէջ, այլ միայն պիտի գոհանանք մի քանի հիմնական սեւեռումներով:

Ի՞նչ է Մարդու Որդիին նշանը:

Յիսուս չի բացատրեր նշանը: Ոմանք կրնան ըսել, որովհետեւ այդպէս է, հետեւաբար պէտքը չկայ այժմէն գիտնալ, թէ ի՞նչ է այդ նշանը, այլ սպասել մինչեւ անոր երեւիլը: Ոմանք փորձած են նշանը բացատրել որպէս Մարդու Որդին իսկ: Ասիկա բռնազբօսիկ կր թուի: Եթէ Մարդու Որդին Ինք պիտի ըլլայ նշանը, ապա ինչո՞ւ Յիսուս չ՚ըսեր, թէ Մարդու Որդին է նշանը եւ կ՚ըսէ՝ Մարդու Որդիին նշանը:

Հայրաբանական մեկնութիւններուն եւ ժամանակակից որոշ մեկնութիւններու մէջ, այդ նշանը Քրիստոսի խաչն է: Ուստի, խաչին նշանն է, որ պիտի երեւի երկինքին վրայ եւ ծանուցէ գալուստը Մարդու Որդիին:

Ինչո՞ւ կ՚ըսուի. «Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին»: Եզեկիէլի մարգարէութենէն առնուած այս խօսքը մեզի ցոյց կու տայ վիճակը այն մարդոց, որոնք Մարդու Որդիին գալուստը սպասելու վրայ պիտի չըլլան, կամ զայն փափաքողները պիտի չըլլան եւ հետեւաբար պատրաստուած պիտի չըլլան անոր: Անոնց համար Մարդու Որդիին գալուստը ողբալու առիթ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոնք պիտի դատուին իրենց ընթացքին համար, եւ կարելիութիւնը պիտի չունենան Արքայութեան դռնէն ներս մտնելու:

Ընտրեալներուն մասին թէեւ անմիջապէս որեւէ բան չ՚ըսեր Յիսուս, սակայն աւելի անդին տրուած խոստումով եւ թէ այս գլխու վերջաւորութեան տրուած պատկերով կը հասկնանք, թէ անոնք պիտի փրկուին եւ Տէրը զանոնք «Իր բոլոր ստացուածքներուն վերակացու պիտի կարգէ» (Մտ 46-47):

«…Կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով»: Ասիկա առնուած է Դանիէլի մարգարէութենէն (7.13): Ինչո՞ւ համար Յիսուս Դանիէլի պատկերացումը օգտագործած է եւ ինչո՞ւ նոյն բացատրութիւնը պիտի տար ատեանին առջեւ:

Նախ՝ ըսելու համար, թէ Դանիէլի մարգարէութիւնը պիտի իրականանայ, եւ ապա Իր ինքնութիւնը յայտնելու համար: Հին կտակարանին մէջ աստուածային բոլոր երեւումները կապուած են ամպի կամ ամպերու: Մարդկային աչքը չի կրնար զԱստուած տեսնել: Այդ պատճառով ալ Աստուած Ինքզինք յայտնած է եւ կր յայտնէ բնական երեւոյթներով, որոնցմէ ամենէն յատկանշականը ամպով յայտնութիւնն է: Եբրայական միտքին համար, ամպերու վրայ երեւումը նշանակ էր աստուածային յայտնութեան: Արդ, Յիսուս յիշեցնելով Դանիէլի մարգարէութիւնը՝ Իր աստուածային ինքնութիւնը կը յայտնէ եւ ըսել կ՚ուզէ, թէ Ինք այն նախապատմուած Մարդու Որդին է:

Մարդու Որդիին գալուստը պիտի ըլլայ գերազանց զօրութեամբ եւ փառքով, ինչպէս վայել է աստուածայինին:

«Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, Ան Իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն Իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը»: Ելքի գիրքին մէջ կը կարդանք, որ Տէրը Մովսէսին կ՚ըսէ, թէ ժողովուրդի աչքին առջեւ Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ, եւ երբ «փողին ձայնը» երկար հնչէ՝ ժողովուրդը լեռ պիտի ելլէ (տե՛ս Ելք 19-11, 13): Դրուագին շարունակութեան մէջ կ՚ըսուի. «Առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ՚ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերան վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրհեցաւ»: Ապա Մովսէս, Տիրոջ պատուէրին համաձայն, ժողովուրդը Անոր առջեւ կը հանէ (նոյն, 16-17). ինչպէս կը տեսնուի, փողի ձայնը կապուած է ժողովուրդի աչքին առջեւ Աստուծոյ իջնելուն: Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած առաջին նամակին մէջ եւս կը հանդիպինք նոյն փողին մասին ակնարկութեան (Ա. Թս 4.16): Փողին ձայնը կամ հնչումը ազդարարիչ նշան է Աստուծոյ գալուստին:

«...Ան Իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն Իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը»: Ասիկա խոստում է, որ մարգարէական գրականութեան մէջ ալ յաճախ տրուած է: Յիսուս Ի՛նքն ալ մարգարէներուն պէս կը քաջալերէ Աստուծոյ ժողովուրդը կամ Իրեն հաւատարիմները, որպէսզի Իր սպասումին եւ յոյսին մէջ հաստատ մնան: Անոնք պիտի ժողովուին եւ դադրին կոտորակուած եկեղեցիներ ըլլալէ, այլ ըլլան մէկ ամբողջութիւն, մէկ հօտ մէկ հովիւով:

«Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ՚արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ»: Հասկնալի է, որ Յիսուս թզենիին սաղարդաւորումը առած է որպէս խորհրդանշանը Իր խօսքերու կատարումին: Եբրայական խորհրդանշաններուն մէջ, թզենին իմաստութիւն կը նշանակէ: Արդ, Յիսուս բնական երեւոյթ օգտագործելէ անդին, ուզած է ըսել՝ թէ Մարդու Որդին պիտի գայ այն ատեն, երբ աստուածային իմաստութիւնը եւ ծրագիրը իրենց վախճանական կատարումին հասնին:

«Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան»: Յիսուս այս արտայայտութեամբ կը կնքէ Մարդու Որդիի գալստեան մասին Իր ճառը: Ան կը վստահեցնէ, թէ Իր խօսքերը պիտի պատահին «այս սերունդը չանցած»: «Այս սերունդ»ով կարելի է հասկնալ թէ՛ Իրեն ժամանակակից հրեայ ժողովուրդն ու մարդկութիւնը եւ թէ բոլոր անոնք, որոնք պիտի գան մինչեւ վախճանական ժամանակը:

Յիսուս կը շեշտէ, թէ Իր խօսքերը պիտի մնան, նոյնիսկ երբ երկինքն ու երկիրը անհետանան, որովհետեւ անոնք աստուածային իմաստութիւնն են:

***

Յիսուս Մարդու Որդիին գալուստը հաստատելէ ետք՝ շփոթեցուցիչ յայտարարութեամբ կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք գիտէ, թէ ե՞րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը»:

Առաջին հարցումը որ այստեղ կը դնեմ սա է. արդեօք ինչո՞ւ Աստուած չուզեց, որ մարդիկ գիտնան, թէ ե՞րբ պիտի գայ Մարդու Որդին:

Բ. Օրէնքի գիրքին մէջ մարդուն ըսուած է. «Նայէ՛, Ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի: Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որ քու Տէր Աստուածդ սիրես, Անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու Անոր պատուիրանները, կանոններն ու օրէնքները պահես, որպէսզի ապրիս ու շատնաս եւ քու Տէր Աստուածդ քեզ օրհնէ» (Բ. Օր 30-15-16): Հետեւաբար, ինչ որ մարդոց պէտք է՝ Աստուած յայտնած է: Աստուած Մարդու Որդիին գալուստի օրը կամ ժամը չէ յայտնած, որպէսզի մարդիկ անհարկի կերպով խուճապի չմատնուին: Նոյնպէս ալ՝ Յիսուս չյայտնեց: Ոչ թէ Ինք չէր գիտեր օրը կամ ժամը. Ինք որ Հօրմէ էր՝ գիտէր, սակայն չյայտնեց, որպէսզի մարդիկ իրար չանցնին: «Ոչ ոք գիտէ»ն՝ Իրեն չի վերաբերիր, այլ մարդոց: Աստուած եւ Ինք չյայտնեցին Մարդու Որդիին գալուստի օրն ու ժամը, որպէսզի մարդիկ յարատեւեն իրենց հաւատքի ճիգին մէջ եւ իրենց անձերը Աստուծոյ համար աւելի պատրաստ ընծայեն:

Հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր՝ մարդիկ բազմաթիւ փորձեր ըրած են գիտնալու համար, թէ ե՞րբ պիտի ըլլայ Մարդու Որդիին գալուստը, սակայն միշտ ալ ձախողած են իրենց գուշակութիւններուն մէջ եւ պիտի ձախողին: Յիսուս Իր աշակերտներուն ընդմէջէն բոլոր մարդոց յստակ ըսած է. «Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը Իր իշխանութեամբ որոշած է» (Գրծ 1.7): Մարդկային բոլոր հաշուումները դատապարտուած են սխալ ըլլալու: Ինչ որ Աստուած չէ ուզած որ մենք գիտնանք՝ չենք կրնար գիտնալ:

«...Ո՛չ ոք գիտէ, թէ ե՞րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը - ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին»: Այս հաստատումին վերջին նախադասութիւնը հինէն ասդին շփոթութեան պատճառ եղած է: Անիկա նաեւ դարձած է զէնքը բոլոր այն մարդոց, որոնք Յիսուսի Աստուածութիւնը կ՚ուզեն ուրանալ կամ մերժել, եւ զայն միայն ու միայն ընդունիլ լոկ որպէս մարդ, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է փրկութեան առաքելութիւն կատարելու: Անոնք կը յայտարարեն. «Տեսէ՛ք, Ինքն ալ կ՚ըսէ, թէ աշխարհի վախճանին գաղտնիքը չի գիտեր: Հետեւաբար, Ինք Աստուած չէր»:

Մենք, սակայն, կը հաւատանք որ Քրիստոս՝ Որդին Աստուած՝ Ինքն է թէ՛ Հին եւ թէ ալ Նոր կտակարաններուն յայտնութիւններ տուողը, ուստի՝ անկասկած գիտէր ակնարկեալ գաղտնիքը: Վերջ ի վերջոյ, այն օրը եւ ժամը Իր գալուստով պիտի ըլլայ:

Յիսուսի արտայայտութիւնները երբեմն կը վերաբերին Իր մարդկային լինելութեան, այսինքն՝ մարդ ըլլալու սահմանափակութեան: Որդին որպէս մարդ չէր կրնար գիտնալ աշխարհի վախճանին օրն ու ժամը, սակայն որպէս Աստուած՝ զանոնք գիտէր:

Յիսուս կամաւորաբար յանձն առաւ խոնարհիլ Իր Աստուածութենէն եւ մարմնանալ ու մարդանալ: Իսկ այստեղ Ան կամաւորաբար «կ՚անգիտանայ» աշխարհի վախճանին օրն ու ժամը: Այս «անգիտացում»ը՝ որովհետեւ չ՚ուզեր յայտնել, որպէսզի Իր աշակերտները խուճապի մատնուելով չկորսուին, ինչպէս ըսի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 հոկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023